
ԳՈՅԺ
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Ազնիւ Տիկին Յասմիկ Մանտոսեան
Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա
Սիրելի սգակիր Յասմիկ Մանտոսեան,
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը խորունկ վիշտով իմացաւ Ձեր սիրեցեալ ամուսնոյն եւ մեր երկարամեայ գործակիցին` Գէորգ Մանտոսեանի մահուան գոյժը: Անոր կորուստը դաժան հարուած մըն է որքան իր ընտանեկան հարազատներուն, նոյնքան նաեւ մեր ազգային ու միութենական կեանքին:
Գէորգը, իր ուսման եւ ասպարէզի տարիներուն խորապէս նուիրուած էր մեր ազգային ու մշակութային կեանքին, սկսելով իր ծննդավայր Երուսաղէմէն ուր իր ազգային նուիրումի մկրտութիւնը ստացած էր տեղւոյն Հ.Ե.Մ.ի շարքերուն մէջ: Այնուհետեւ իր ազգային ծառայութեան յանձնառութիւնը աւելի խորացաւ եւ համապարփակ դարձաւ այն բոլոր համայնքներուն մէջ ուր ինք ապրեցաւ:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը եւ ազգային այլ հաստատութիւններ լիովին նպաստաւորուեցան անոր տաղանդէն եւ ծառայութեան ոգիէն:
Ան նաեւ գտնուեցաւ առաջնորդի դիրքերուն վրայ երբ Լոս Անճելըսի հայութիւնը որոշեց կառուցել Մոնթեպելլոյի Յուշարձանը ցեղասպանութեան զոհ մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին:
Գէորգի յիշատակին հանդէպ երախտագիտութեան անսահման պարտք մը ունին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Մշակութային Միութիւնը, որոնց ծառայեց երկար տարիներ` ղեկավար դիրքերու վրայ:
Ան յատկապէս նախաձեռնող դեր մը ունեցաւ հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կառոյցներու կայացման մէջ:
Կեդրոնական Վարչութիւնս երկար տարիներ վայելեց անոր գործակցութիւնն ու նախաձեռնութեան ոգին, սատարելով բազում կրթական ու մշակութային ծրագիրներու: Անոր անունն ու վաստակը առնչուած կը մնան յատկապէս Թ.Մ.Մ.ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի կայացման նախաձեռնութեան հետ, Հոլիվուտ քաղաքին մէջ: Գէորգ Մանտոսեանին նման նուիրեալ ազգայիններ միայն կրնան գիտակցիլ թէ ինչպիսի հզօր պատասխանատուութիւն է հայ դպրոց կառուցել ամերիկեան պայմաններու ներքեւ եւ զայն 34 տարիներ ամբողջ բարւոք կերպով առաջնորդել բազում մարտահրաւէրներու դիմաց:
Թ.Մ.Մ.ի մեր կազմին համար աննախընաց նախաձեռնութիւն մըն էր ստանձնել Տիգրանեան վարժարանի բեռը. սակայն, Գէորգին նկատմամբ բազմաթիւ բարերարներու վստահութիւնն ու համարումն են որոնք սատարեցին վարժարանի նիւթական կարիքներու ապահովման:
Վարժարանի բացման առիթով ողջունողներու եւ սատարողներու թիւը աւելի նուազ էր քան քննադատողներու թիւը անոր փակման առիթով, որ տեղի ունեցաւ անկարելի պայմաններու ներքեւ: Մանտոսեանի վաստակը այդ կրթական հաստատութեան հանդէպ գնահատել կրնան միայն անոնք որոնք գիտցած են դպրոց կառուցանել եւ զայն հերոսաբար ղեկավարել ամբողջ 34 տարիներ: Մեր գաղութահայ պատմութիւնն ու մեր Թէքէեանի կազմը երախտագիտութեամբ կը նշեն այդ նուիրական գործին սահմանուած Մանտոսեանի վաստակը:
Գէորգ Մանտոսեանը սակաւախօս այլ անդուլ գործող նուիրեալ մըն էր, յօրինակ այլոց որոնք անոր հակառակովը կը պայմանաւորեն իրենց կեանքը:
Մահկանացու մարդոց գործն է միայն անմահ. մենք կու գանք խոնարհիլ այդ գործին հանդէպ եւ յաւերժացնել իր յիշատակը:
Այս տխուր առիթով Կեդրոնական Վարչութիւնս կու գայ իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելու Ձեզի եւ Մանտոսեան սգակիր ընտանիքի բոլոր հարազատներուն:
Երկիւղած վշտակցութեամբ,
Ի դիմաց`
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Յակոբ Վարդիվառեան
Ատենադպիր
Երուանդ Ազատեան
Ատենապետ
Հոկտեմբեր 18, 2021