
“ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ” ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
10 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ
Նիւ Ճըրզիի միակ ամենօրեայ հայկական վարժարանը թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 45րդ տարեդարձը: Նոյեմբեր 20ին 600ի մօտ ազգայիններ (մեծաւ մասամբ երիտասարդներ) լեցուցած էին Փոմբթըն Փլէյնզի պատմական Legacy Castle հանդիսասրահը, ուր հրաւիրուած էր Արմենջիկ հայրենի ժողովրդային երգիչը մաս կազմելու յայտագրին:
Վստահաբար օրուան անակնկալը եղաւ 10 միլիոն տոլարի հանգանակութեան արշաւին արդիւնքը: Էտէլ Յովնանեանի կողմէ 5.5 միլիոն տոլարի նուէրը յայտարարուեցաւ ի յիշատակ Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամին: Հանդիսութեան նախագահ, ծանօթ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Հերի Թուֆայեաններ այս առթիւ վարժարանին նուիրեցին 1.3 միլիոն տոլար: Իր սրտի խօսքին մէջ Կրեկ Նարկիզեան բարերար ամոլին թոռը գնահատեց մեծ հօր ու մեծ մօր առատաձեռնութիւնը ազգային արժէքներուն նկատմամբ: Վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ յանձնուեցաւ Leaders of Legacy Award-ը: Այս առթիւ պատուուեցաւ վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհին` Տիկին Ազատ Գալայճեան իր տարիներու ուսուցչական վաստակին համար սկսած դեռ Լիբանանէն:
Հանդիսութիւնը կազմակերպած էր նահանգին ծանօթ ու յաջողած երկսեռ երիտասարդութիւնը, որ կը հաւատայ հայ դպրոցի առաքելութեան եւ անոր մէջ մեծ ներկայութիւն կը կազմէին վարժարանի շրջանաւարտներ: Հոգաբարձութեան ատենապետը` Նազար Ալթուն իր խօսքին մէջ յայտարարեց որ հայկական դպրոց պիտի չփակուի մինչեւ այն ատեն երբ գաղութը գիտէ անփոխարինելի յարգը այդ լուսաւոր դարբնոցին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ վարժարանին բարօրութեան:
Հակառակ Հայաստանի եւ աւանդական Հայ Սփիւռքին դիմակալած ալեկոծումներուն, հաստատ հաւատքով այդ երեկոյ ներկաները վերանորոգեցին իրենց խոստումը դառնալու օգտակար հայ վարժարանին:
Յ.Վ.
Ծ.Խ. Ոչ մէկ ամերիկահայ դպրոց յաջողած էր նախապէս ապահովել այսպիսի հսկայ գումար մը, մէկ ձեռնարկով: Յաջորդաբար փակուող վարժարաններուն ցաւը եւ ատով պարզուող ձուլման հեռանկարը հաւանաբար հանդիսացած են խթանիչ պատճառները, որ ամերիկահայութիւնը անդրադառնայ հայ դպրոցի դերին եւ այսքան փարի անոր փրկութեան գործին: