top of page
Baikar Blue logo.png

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ  ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆԱԼՈՒ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ

Երբ համաշխարհային քաղաքական պայմանները բնականոն վիճակի մէջ գտնուին, ինքնիշխան մէկ երկրի մը ուրիշ բարեկամ ինքնիշխան երկրի մը մօտ զինք ներկայացնող դեսպանութիւն հաստատելու որոշումը կարելի չէ այլ ձևով մեկնաբանել քան ողջունելով դիմաւորել:

Խօսքը այս անգամ վերնագրին մէջ յիշուած` մօտ շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանութիւն հաստատելու որոշման կը վերաբերի:

Նուազագոյնը անհաճոյ անակնկալ մըն էր Ռուսաստանի հակազդեցութիւնը այս լուրին եւ անոր տուած այնքան մեծ կարևորութեան: Այս անակնկալ սպառնալիքը կատարած է նոյն ինքն Երևանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանը: Արդարեւ, եթէ նոյնիսկ ներկայ քաղաքական դաժան մթնոլորտին մէջ ակնկալելի ըլլայ Ռուսաստանի անհանգստութիւնը Արևմուտքի որևէ նախաձեռնութեան նկատմամբ, այս պարագային իր սպառնական ճնշումը պէտք էր հասցէագրեր ուղղակի նոյն ինքն նախաձեռնող Գանատային եւ ոչ թէ ակնյայտօրէն իրմէ կախուածութիւն ունեցող կրտսեր դաշնակից Հայաստանին:

Կարևոր է այստեղ յիշեցնել թէ Հայաստանի մէջ Գանատական դեսպանատան հաստատուիլը, անկախաբար այսօրուան միջազգային քաղաքական ձգտուած վիճակէն, առաւելապէս արդիւնքն է բազմաթիւ տարիներու կառուցողական մեծ աշխատանքի մը:

Հայաստանի հանրապետութիւնը  ունի երեսուն տարիներէ ի վեր հաստատուած աշխոյժ դեսպանութիւն մը Գանատայի:

Մօտ երեք տարիներէ ի վեր, Գանատայի մօտ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիագօր Դեսպանն է յատկապէս նրբաճաշակ և հաղորդական անհատականութեամբ` վսեմաշուք տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը որ մշտապէս կառուցողական հարաբերութիւններ կը մշակէ Գանատայի համապատասխան շրջանակներուն հետ:

Ի դէպ, ինչպէս բոլորին համար յայտնի իրականութիւն է, Գանատայի մէջ` աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած է նոր սակայն բացառաբար աշխոյժ հայ գաղութ մը:

Բացի գաղութային կրթական, մշակութային, եկեղեցական, հայ քաղաքական  հարուստ կառոյցներու ցանց մը իրականացնելէ, գանատահայերը նաև լրջօրէն մասնակից են իրենց որդեգրած երկրին քաղաքական կեանքին և մշակած են անմիջական ու ջերմ յարաբերութիւններ քաղաքական բարձրազոյն շրջանակներու հետ:

Տուեալ եւ գիտցուած իրականութիւն է թէ Գանատահայ գաղութը տասնեակ տարիներէ ի վեր, պաշտօնապէս և բարեկամաբար, խնդրանք և պահանջ կը ներկայացնէր Գանատաի պետական բաձրագոյն շրջանակներուն մօտ, որպէսզի ան դեսպանութիւն հաստատէ Երևանի  մէջ:

Ստորեւ, տեղին ըլլալով, կը հրատարակենք գանատահայ գաղութի ծանօթ ղեկավար դէմքերէն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան նամակը այս նիւթին վերաբերեալ ուղղուած նոյնինքն Գանատայի Արտաքին Գործերու նախարար Մէլանի Ժոլիին, անոր յայտնելով նաեւ գանատահայութեան պատրաստակամութիւնը օգտակար հանդիսանալու Գանատա-Հայաստան կապերու սերտացման:

Եզրակացնելով, այս տեսակի սպառնալիքներու և ճնշման գործածութիւնը Ռուսաստանի կողմէ բոլորովին անտեղի եւ անընդունելի է հայ ժողովուրդին համար: Մենք ընդհակառակն կ՛ակնկալենք` որպէս դարաւոր գործակից եւ դաշնակից Ռուսիոյ, անոր առաւել բարեացակամ վերաբերմունքը եւ օժանդակութիւնը, այսօր նեղ դրութեան մատնուած բարեկամ երկիր Հայաստանին:

bottom of page