top of page
Baikar Blue logo.png

ՕՀԱՆ ՏՈՒՐԵԱՆԻ ՓԱՌՔՆ ՈՒ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

Այս օրերուն Երեւանի մէջ կը նշուի երաժիշտ, խմբավար մայեսթրօ Օհան Տուրեանի ծննդեան հարիւրամեակը, ժողովրդային զեղումներով ու պետական հովանաւորութեամբ: Տուրեանի վերադարձի նշումը հայրենիք անոր երաժշտական տաղանդին յաղթանակն է որ կը դիմանայ ժամանակներուն:

Անոր տաղանդի փառքին կը միանայ նաեւ անոր կեանքի մէկ ողբերգութիւնը, որ անհատական ըլլալէ աւելի ունի համազգային բնոյթ ու տարողութիւն:

Ատիկա ախտաբանական երեոյթ մըն է որ կը սկսի ամէն տաղանդի եւ հանճարի դրսեւորման պարագային: Կարծես Հայաստանի հողը շատ նեղ է մեծութիւններ շալկելու: Անմիջապէս որ յայտնուի այդ մեծութիւնը` խլուրդներ կը սկսին փորել հողը այդ մեծութեան ոտքերուն տակ, մինչեւ որ տապալեն զայն, որպէսզի ասպարէզը մնայ խլուրդներուն:

Դժբախտաբար եզակի չէ Տուրեանի ճակատագրուած անարդարութիւնը եւ այս երեւոյթը յատուկ չէ սովետական շրջանին. այն կը թուի ըլլալ հայու ախտաբանական մէկ վրիպումը, որ կը յայտնուի սովետի փլուզումէն ետք ալ նոյնիսկ անկախութեան շրջանին:

Այսպէս, եթէ այդ տաղանդը արդէն չէ թաղուած հողին տակ – ինչպիսին էին պարագաները Չարենցին, Բակունցին, Մինասին կամ Սեւակին – ու անոր դէմ բացուողը կը մնայ օտարութեան դուռը: Քանիներ զզուանքով դիմած են դէպի այդ դուռը եւ հեռացած Հայաստանէն, նոյն այդ խլուրդներու ՙաշխատանք՚ին պատճառաւ:

Օհան Տուրեանի կարգին պէտք է յիշել խմբավարներ Վալերի Կերկիեւը, Արամ Ղարաբեկեանը, Կոնստանդին Օրբելեանը, քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանը եւ բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանը եւ ուրիշ բազում տաղանդներ:

Օհան Տուրեանի ծննդեան 100ամեակի կապակցութեամբ այսօր Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուին բազմաթիւ համերգներ եւ ոգեկոչման նշումներ, եւ հակառակ սահմանի վրայ բռնկած պատերազմին, ժողովուրդը պաշտամունքով կը մասնակցի ոգեկոչման այդ ձեռնարկներուն, որոնք կերպով մը կը խորհրդանշեն Տուրեանի վրէժը այդ մութ ոյժերուն դէմ եւ անոր հայրենասիրութեան եւ երաժշտական տաղանդին յաղթանակը:

Ստորեւ, ամփոփ կերպով կը ներկայացնենք նմոյշ մը այդ հանդիսութիւններէն Մարիետա Մակարեանի թղթակցութեամբ:

Սակայն, աւելի յատկանշականն ու վաւերականը Յակոբ Վարդիվառեանի կողմէ արձանագրուած հարցազրոյցն է մայեսթրոյին հետ որ ձայնագրուած է Յունուար 8, 1979ին Վիեննայի մէջ ուր Տուրեան վտարանդի կեանք մը կը վարէր հայրենիքէն ու հարազատներէն հեռու եւ անոնց կարօտով կիզուած:

Հարցազրոյցէն աւելի ան խոստովանութիւն մըն է ՙի բերանոյ քումմէ՚, մայեսթրոյին իսկ բերնէն եւ բարեխղճօրէն վերարտադրուած Վարդիվառեանի կողմէ:

Ի դէպ, այս վերջինը հազուագիւտ վաւերաթուղթ մըն է Տուրեանի ճակատագրին մասին եւ պէտք է իր լրացուցիչ տեղն ու դերը ունենայ անոր կենսագրութեան մէջ:

Ստորեւ, հրատարակութեան կու տանք այդ զոյգ գրութիւնները, մեր կարգին նշելով այս եզակի տաղանդի ծննդեան հարիւրամեակը:

 

Խմբ.

 

ՕՀԱՆ ՏՈՒՐԵԱՆ

Վիեննա միջազգային երաժշտութեան այն կեդրոնն է, որ հսկայ մագնիսի մը նման, իրեն կը քաշէ երկիր մոլորակի բոլոր երաժշտագէտները: Ո՞՜վ` երաժշտական աշխարհի մեծերէն, չէ անցեր Մոցարդի հայրենիքէն:

Հոն է նաեւ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիայի երբեմնի ղեկավարը` գոնէ ժամանակի մը համար, իսկ այնուհետե՞ւ... Ու կամայ թէ ակամայ հարցումը արթնցաւ ինձմէ ներս եւ չարչարեց զիս.- ինք որ յարգուած անձնաւորութիւն էր Երեւանի մէջ, պէտք ունէ՞ր արդեօք այս ձեւով գալու Վիեննա. հայրենի հողին վրայ` իր տաղանդը աւելի օգտակար պիտի ըլլար իր, մե՛ր ժողովուրդին, մինչ անկէ հեռու... Ի՞նչ կը մտածէ ինք, ի՞նչ բացատրութիւն կու տայ նախ ինքնիրեն, ապա` ուրիշին, ուրա՞խ է, թէ...

Այս բոլոր հարցումներուն պատասխանները ի՛նք միայն կրնայ տալ, եթէ անպայման պէտք է պատասխան մը սպասել նման հարցումներու...:

Ծանօթ գորգավաճառ Վարդեաններու տունն ենք` Մեսրոպ Եպս. Գրիգորեանը , պոստոնաբնակ երգիչ ընկեր Արմէն Տիլանն ու ես: Ու հոն կը հանդիպիմ մեր տաղանդաւոր խմբավարին: Սրբազանը կը թելադրէ որ օգտուիմ այս առիթէն` պատրաստելու համար հարցազրոյց մը: Մեր մամուլը վստահաբար հետաքրքրութեամբ պիտի արձագանգէր անոր:

Այդ գիշեր, ինչո՞ւ ծածկեմ, ես տխուր վերադարձայ իմ սենեակս:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

bottom of page