ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ԼՈՒԾԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔՈՎ
Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) հիմնահարցը, այսինքն վերջնական կարգավիճակը լուծուելու էր եւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն գետնի վրայ ունեցած վիճակը գերակշռիր էր ատրպէյճանական վիճակէն, ի հարկին լուծումներու հասնելու մտօք եղած փոխզիջումներով:
Ատրպէյճանի սպառազինումը, յաջող քարոզչական աշխատանքը, որ կըրցած էր հարցը միայն իր հողային ամբողջականութեան ծիրէն ներս նկատել տալ, ինչպէս նաեւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմը, պէտք էր մղէին հայկական կողմը տրամաբանական եւ երկու կողմերէն ընդունելի լուծումի մը յանգելու ուղութեամբ աշխատիլ, հրաժարուելով բացարձակ անզիջողութենէն:
44-օրեայ պատերազմին Թուրքիոյ գործօն օժանդակութեամբ, վարձկաններու օգտագործումով նմանապէս փաքիստանեան եւ իսրայէլեան նեցուկով, Ատրպէյճան պատերազմին յաղթեց: Հիմնականին մէջ Ատրպէյճան գրաւեց Հատրութը, Շուշին եւ այլ շրջաններ նախկին ԼՂԻՄ-ի տարածքէն, նաեւ Արցախը շրջապատող պատմականօրէն հայկական եօթը տարածքներէն ընդարձակ շրջաններ, իսկ 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Ռուսիա համաձայնագրերով, եօթը տարածքներու ռազմականօրէն չնուաճուած մասերն ալ փոխանցել Ատրպէյճանին:
Այսօր Ատրպէյճան պատերազմի աւարտէն գրեթէ երկու տարի ետք կը շարունակէ 9 Նոյեմբերի 2020-էն ետք իր հնչեցուցած յանկերգը, թէ Ատրպէյճանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղ անունով վարչական տարածք չկայ, թէ հարցը ռազմականօրէն լուծուած է, ու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը վերականգնած է: Ատրպէյճան կը մերժէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներու (Ռուսիա, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա) միջնորդութիւնը, երբ այս վերջինը կը յայտնէ թէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը չէ լուծւած, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը 5 Սեպտեմբեր 2022-ին կարեւոր նկատած է Ռուսիոյ ջանքերը Մինսքի խմբակին ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական եւ համապարփակ լուծման:
Ոմանց մօտ այն տպաւորութիւնը կայ, թէ Ատրպէյճան կը սպասէ, որ 9 Նոյեմբեր 2020-էն չորսուկէս-հինգ տարի անցնի եւ յայտարարէ, թէ չի փափաքիր ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը եւ ապա ռազմականօրէն գրաւէ Արցախի այն մասը, որ չկրցաւ գրաւել 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ այս իր հողային ամբողջականութիւնը լրիւ վերականգնելու պատրուակով:
Նման տպաւորութիւն կրնայ իրականանալ կամ չիրականանալ, քանի մտածողներ ալ կան, որ ռուսերը չեն հեռանար Անդրկովկասի մէջ իրենց ներկայութենէն: Ամէն պարագային երկու մտածողութիւններն ալ տեսութիւններ են միայն, ժամանակը ցոյց կրնայ տալ, թէ ո՞ր մէկ տեսութիւնը ճիշդ է:
Ատրպէյճան աշխուժօրէն կը հետապնդէ իր նպատակը Արցախին որեւէ ձեւով տիրապետելու եւ իր կազմին մէջ ունենալու համար, միշտ առաջ քշելով հողային ամբողջականութեան սկզբունքը:
Ատրպէյճան պիտի նախընտրէ Արցախը նախ հայաթափել, քան թէ արիւնալի բախումներով ու նոր պատերազմով այդ իրականացնել, առանց հրաժարելու ռազմական լուծումէն:
Ատրպէյճան կը փորձէ բռնաճնշումներով Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափման իր նպատակին հասնիլ: Կը կատարէ սահմանային թափանցումներ, որոնք երբեմն զոհեր կը պատճառեն եւ անապահովութեան զգացում կը ստեղծեն եւ ներքին գաղթ կամ արտագաղթ կը պատճառեն: Կենցաղային պայմաններու դժուարութիւններ, ինչպէս ձմրան ցուրտին կազամատակարարման կասեցումն է սահմանային կարգ մը շրջաններու մօտ բարձրախօսով հեռացման հրահանգներու արձակումը, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի Արցախէն դուրսբերումի պահանջը, ներքին ներհայկական պառակտումի փորձերը, Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւեալ մասին մէջ հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան ուրացումը եւ քանդումի պաշտօնական քաղաքականութիւնը, պէտք է դիտել հայաթափման իր քաղաքականութեան ծիրէն ներս:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապահով ապաստանարաններու բացակայութեան, Ատրպէյճան տեսաւ թէ ինչպէս 2022-ին Արցախի հայերէն 90.000-է աւելի թիւ մը արագօրէն Հայաստան տեղափոխուեցան ապահովութեան համար, ներառեալ Հատրութի 15000 հայ բնակիչները: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու Արցախի այժմու բնակչութիւնը 100.000-ի նուազած է, նախապատերազմեան 150.000 թիւէն: Այնպէս կը թուի, թէ Ատրպէյճան կը խորհի, որ դիւրին է Արցախի հայերը հեռացնել իրենց պատմական օրրանէն եւ հայաթափուած հողերը իւրացնել, ինչպէս Շուշին, Հատրութը եւ այլ վայրեր ըրաւ, եւ բռնակցել Արցախը Ատրպէյճանին ՙհողային ամբողջականութեան՚ անունով եւ բազմածին ազերիներ, որպէս ԼՂԻՄ-ի ՙնախկին՚ գաղթականներ հոն տեղափոխել:
Յօդուածագիրիս լրիւ ծանօթ չեն 1994-էն 2020-ի կէսերուն Արցախի հարցի բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները: Ընդհանրապէս բանակցութիւնները հրապարակաւ կը նշուէին հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագրի սկըզբունքները, (հողային ամբողջականութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք): Մատրիտեան եւ ապա նորացուած Մատրիտեան լուծման առաջարկներ, որոնք հիմնականին մէջ տարբեր չէին Հելսինքիի հռչակագրի սկզբունքներէն: Չենք գիտեր եթէ Արցախի հայապատկանութեան հիմքերը յստակօրէն նշուած էին հայկական կողմէն:
Արագ ակնարկով մը նշենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղը, հայկական Արցախ պատմական նահանգը, ուր մինչեւ 1813-ի Ղարաբաղի ռուսական կայսրութեան կցումը Կիւլիստանի դաշնագրով, Ղարաբաղի հայ մելիքութիւնները ունէին կիսանկախ կարգավիճակ պարսկական գերիշխանութեան ենթակայ, միակը 1375-ին Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան անկումէն ետք: Ռուսաստանի կողմէ Ղարաբաղը Էլիզավետափոլի վարչական մարզին մէջ զետեղելը, շրջանը հեռու պահեց Երեւանի եւ Նախիջեւանի մարզերէն, որոնք Թիւրքմենչայի դաշնագրով 1828-ին պարսիկներէն Ռուսիոյ անցան:
Ռուսական կայսրութեան փլուզումէն եւ ապա Լենինի որոշումով ռուսերու Անդրկովկասէն հեռացումով, 1917-18-ին նոր կացութիւն ստեղծուեցաւ: Վրաստանի եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումին զուգահեռ, 1918-ին թաթարները, Ատրպէյճանի անկախութիւնը հռչակեցին: Արդ, 1918-ին Լեռնային Ղարաբաղը մաս չէր կազմեր նորաստեղծ պետութեան, եւ կը նկատուէր ՙվիճելի հողամաս՚: 26 Փետրուար 1920-ին Ազգերու Լիկայի յատուկ յանձնաժողովը ընդունած էր Հայաստանի սահմանագծումը, որ կը ներառէր Լեռնային Ղարաբաղը: Այս վաւերաթուղթը ստորագրուած էր Ազգերու Լիկայի մնայուն անդամներ Մեծն Բրիտանիոյ, Ճափոնի, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ:
Ատրպէյճան 28 Ապրիլ 1920-ին խորհրդային դառնալէն ետք ներխուժեց Լեռնային Ղարաբաղ: Իսկ Հայաստանի ալ խորհրդայնացումէն ետք, Անդրկովկասի բոլշեւիկեան կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, 4 Յուլիս 1921-ին, որոշուեցաւ Խորհրդային Հայաստանին տալ Լեռնային Ղարաբաղը: Խորհրդային Ատրպէյճանի ղեկավար Նարիման Նարիմանովի սպառնալիքին տեղի տալով յաջորդ օրն իսկ Ստալին փոխեց որոշումը եւ Ղարաբաղը որոշեց որ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլայ: Այս կուսակցական, թէեւ երկրին վրայ իշխող, մարմինի մը որոշումն էր եւ ոչ կառավարական-պետական: 1923-ին ԼՂԻՄ-ը ստեղծուեցաւ Արցախէն նոր հողամասեր ալ կորզելով: 1991-ին երբ Ատրպէյճան իր անկախութիւնը հռչակեց այդ ըրաւ իբր 1918-ի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան շարունակութիւնը: Արդ, 1918-ի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ չէր Լեռնային Ղարաբաղը: Արդէն ԼՂԻՄ-ի Գերագոյն Խորհուրդը 20 Փետրուար 1988-ին իր անջատումը Խորհրդային Ատրպէյճանէն ու միացումը Խորհրդային Հայաստանին յայտարարած էր: Ի վերջոյ Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Միութեան միութենական կազմէն դուրս ելլելով 3 Ապրիլ 1991-ի օրէնքին համաձայն մերժեց մաս կազմել Ատրպէյճանի կազմին եւ ինքզինք անկախ հռչակեց:
Ճիշդ է, թէ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը իր անկախութեան վերատիրացումէն ետք ՀԱՊԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի անդամակցելով ճանչցաւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, բայց քանի Ատրպէյճան ինքզինք 1918-ի Ատըրպէյճանի Հանրապետութեան իրաւայաջորդ կը նկատէր, այդ պետութեան մէջ չէր Լեռնային Ղարաբաղը, իսկ 1991-ին ալ ըստ գործող օրէնսդրութեան Ատըրպէյճանի կազմէն դուրս ելած ու իր անկախութիւնը հռչակած էր:
Այս բոլորը առ ոչինչ համարելով եւ հիմնուած իր ռազմական յաղթանակին վրայ, ապաւինած նաեւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ ունեցած կապերուն եւ օժանդակութեան, Ատրպէյճանը կը փորձէ վերջնականապէս կցել Լեռնային Ղարաբաղը, իր հողամասին:
Հայերս կ՛ըսենք Լեռնային Ղարաբաղը, Ատրպէյճանի կազմին մէջ չի կրնար ըլլալ, սակայն այս պէտք է հիմնաւորել միջազգային օրէնքով: Արդ, կա՞յ նման օրէնք կամ իրաւագիտական նախընթաց, որուն վրայ պէտք է պնդել: Պատասխանը դրական է:
Ստորեւ կը ներկայացնենք միջազգային օրէնքի մասնագէտի մը իրաւական տեսակէտը եւ կարեւոր նախընթացային պարագայ մը, որ միջազգային օրէնսգիտութեան մաս կը կազմէ:
Ա.- Մեծ օրէնսգէտ փրոֆ. դոկտ. Օթթօ Լուխտերհանտթ, Համպուրկի համալսարանի դասախօս, անգլերէնով լոյս տեսած իր ՙԼեռնային Ղարաբաղի պետական անկախութիւնը ըստ միջազգային օրէնքի՚ գրքոյկին մէջ կը գրէ, թէ խորհրդային Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի, իր 70 տարուան տիրապետութեան շրջանին սպանդ, ջարդեր, արտաքսում եւ պատերազմ իրականացուցած է, օրինական եւ գործնական ուրացումի քաղաքականութիւն վարած է, այնպէս որ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց ինքնորոշման իրաւունքը աւելի առաջ կու գայ քան հողային ամբողջականութեան Ատրպէյճանի պահանջը: Լեռնային Ղարաբաղի հայերը արդէն իրենց ազգային ինքնորոշումը ունէին երբ Ատըրպէյճան իր գերիշխանութւնը եւ անկախութիւնը ունեցաւ: Նախիջեւանի պարագան ամէնէն զօրաւոր փաստարկն է, որ կարելի չէ ինքնավարութիւն ունենալ Ատրպէյճանէն ներս: Ինքնորոշումը ոչ միայն քաղաքական սկզբունք է, այլ միջազգային օրէնքի մաս: Ազգային փոքրամասնութիւններ որ օտար պետութեան մը մէջ կ՛ապրին իրաւունք ունին ինքնորոշման: Երբ ազգային փոքրամասնութիւն մը անտանելի ձեւով խտրականութեան ենթարկուի` իրաւունք ունի ինքնորոշման մինչեւ իսկ անջատումի, ինքնորոշումը տուեալ պեգտութեան գերիշխանութենէն վեր կ՛ըլլայ(1):
Բ. Իսկ ամէնէն կարեւորը նախընթաց կազմող որոշում մըն է, որ Ազգերու Լիկայի կազմած Զեկուցաբերներու յանձնաժողովը Ալանտ կղզիի (2) ինքնորոշման հարցով տուած է 16 ապրիլ 1920-ին: Յանձնաժողովը եզրակացուցած է թէ ՙբռնաճնշումը (oppression(, ազդակ մըն է արտօնելու փոքրամասնութեան մը բաժնուելու մէկ պետութենէն ուրիշ պետութեան մը հետ միացումի ետեւ ըլլալու: Թէեւ նման գործարք նկատի պիտի առնուէր միայն որպէս վերջին ապաւէն, երբ պետութեան մը պակսի կամքը կամ ոյժը օրէնք անցնելու, արդար եւ ազդու երաշխիքներ տալու կրօնական, լեզուական եւ ընկերային ազատութեան՚: Արդ, Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը 22-էն 26 (3) Մարտ 1920-ին իրագործած է Շուշիի ջարդը (3000-է աւելի զոհ): Խ. Ատրպէյճանը ամէն տեսակ խտրականութիւն կիրարկած էր, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան վրայ, որ 1939-ին 91.2 առ հարիւր էր, 1987-ին նուազեցուցած էր 76 առ հարիւրի, եւ այլազան բռնութիւններ կատարած, իսկ 1988-էն ետք իր բուն հողամասին Սումկայիթի, Գանձակի եւ Պաքուի շրջանին մէջ կատարած էր սպանդ, բռնութիւններ ու տեղահանութեան պատճառ դարձած էր, եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմական գործողութիւններ կատարած էր Խ. Միութեան մաս կազմած եւ անկէ դուրս գալով անկախ պետութեան ընթացքին 1991-94-ին, 2016-ին եւ 2020-ին եւ դեռ կը շարունակէ սահմանային ներթափանցումները:
Բռնաճնշումները ցարդ իրագործող, 9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրի պայմանները (այն ինչ կը վերաբերին ռազմագերիներու եւ գաղթականներու) լրիւ չիրականացնող, Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւել բաժինին մէջ հայկական քրիստոնէական հետքերը ջնջելու պետական քաղաքականութիւնը գործադրող, հայկական սրբավայրերը պղծող եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու համարկումի մասին խօսող Ատրպէյճան չի կրնար կրօնական, լեզուական եւ ընկերային ազատութիւն տալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն: Ուստի օգտուելու է Ազգերու Լիկայի 16 Ապրիլ 1920-ի որոշումնագրի նախընթացէն:
Ըստ առաջին հայ իրաւանց պաշտպան Լարիսա Աւետիսեանի, պատմականօրէն Սերպիոյ պատկանած ալպանական մեծամասնութիւն ունեցող Քոսովօ նահանգը իր անկախութիւնը ստացաւ ոչ թէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, այլ Սերպիոյ կողմէ տրուած ապահովութեան երաշխիքներպու բացակայութեան հիման վրայ(4):
Այսպէս, Արեւելեան Թիմոր ինտոնեզիական բռնաճշումներու ենթարկուելուն ու Հարաւային Սուտանը Խարթումի բռնաճնշումներուն ենթարկուելուն, ապահովութեան երաշխիքներու բացակայութիւնն, անջատուեցան Ինտոնեզիայէն եւ Սուտանէն ու կազմեցին անկախ պետութիւններ: Նոյնը պատահեցաւ Եթովպիոյ կցուած Էրիթրիայի մէջ եւ Էրիթրիա բաժնուելով դարձաւ անկախ պետութիւն: Ասոնք անջատումներ էին տուեալ ենթակայ հողամասերու երկրի եւ ժողովուրդի փրկութեան համար (remedial cessation):
Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի բանակցութիւններուն նկատի առնելով է մեր նշածը: Ի հարկին կարելի է դիմել Միջազգային Արդարութեան Ատեանին եւ հոն փաստարկումներ ներկայացինել եւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Ատրպէյճանի կազմին մէջ չըլլալը օրէնքի եւ նախընթացի հիմամբ, ինչպէս պատահեցաւ Քոսովոյի պարագային:
Նշենք, որ տեւական խաղաղութիւն Չիկրար ըլլալ առանց արդարութեան:
Պէյրութ
ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ
Արտասահմանեան անդամ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային