top of page
Baikar Blue logo.png

ԵՐԿՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՄԷԿ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

Ես հոս եմ յայտարարելու թէ մենք վճռակամ ենք պաշտպանելու մեր դեմոկրատիան, անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ մեր հողային անձեռնմխելիութիւնը: Կ՛ուզեմ ընդգծել թէ դիւանագիտական լուծումներ բացարձակ նախապատուութիւն մը կը ներկայացնեն մեզի համար եւ համընդհանուր աշխատանքն ու միջազգային համայնքին նեցուկը կենսական կը մնան: Այս ծիրէն ներս կը փափաքիմ յիշեցնել թէ միջազգային դէտերու առաքելութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային տարածքներուն շուրջ կարեւոր ազդակ մը պիտի ըլլայ շրջանային կայունացմա համար՚:

(Հատուած մը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած ճառէն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 77-րդ Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին-Սեպտեմբեր 22, 2022) Թէեւ վարչապետ Փաշինեանի ճառին մէջ տեղ-տեղ մարտունակութեան ոճը զգալի էր, դժբախտաբար սակայն նոյն ատեն թշնամիին գոհացնելու պատրաստակամութիւնը եւս բաւական ակնյայտ էր: Ակնյայտ էր նաեւ Ռուսիայէն անդին նայելու իր միտումը:

Հայաստանը այսօր աքցանի մէջ առնուած է, ինչպէս Լիբանանը` տնտեսական գետնի վրայ:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը յաճախ կը կրկնէ իր յայտարարութիւններուն մէջ, ՙպէտք է ըլլանք իմաստուն, հետեւողական եւ բացայայտօրէն չհակադրուինք մեր կարծեցեալ դաշնակիցին դէմ՚:

Հայաստանն ու Լիբանանը մեռնիլ չեն գիտեր:

 

Երբ մէկ կողմէ մայրիներու երկիր` մեր սիրելի ծննդավայր Լիբանանը կը տուայտի տնտեսական երեքամեայ աննախընթաց տագնապի մէջ, բնակչութեան կէսէն աւելին թշուառութեան դատապարտելով, անդին, մեր Մայր Հայրենիքը իր ֆիզիքական գոյութեան սրբազան պայքարը կը մղէ այսօր:

Ինչ որ բոլորովին վրդովեցուցիչ է եւ ներքուստ ցասում կը պատճառէ գիտակից բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք կ՛ապրին մեր զոյգ հայրենիքներու պատմական հողատարածքներուն վրայ, վշտալի եւ սակայն անհերքելի այն իրողութիւնն է թէ տնտեսական պատուհասը Լիբանանի մէջ եւ Հայաստանի պարագային իր սահմաններուն եւ այո՛ գոյութեան սպառնացող վտանգը կարելի էր կանխել չքմեղել, տագնապի ներկայ զենիթին չհասած:

Լիբանանի ողբերգութիւնը ակնյայտ է: Երկրին ղեկավարները, որոնք կարծէք թէ Լիբանանի մէջ աւատապետական վարչակարգ ստեղծած են, իրենց պետական դիրքերը եւ երեսփոխանական աթոռները իրենց հայրերէն եւ մեծ հայրերէն ժառանգած են:

Զոյգ մեր հայրենիքները, առանձնաբար ՙհովանաւորուած՚ են երկու մեծ պետութիւններու կողմէ, որոնց շուքը սկսած է թեթեւնալ: Ուաշինկթըն անդադար կը պնդէ թէ թիկունք կը կանգնի Լիբանանին, սակայն վերջին երեք տարիներու տնտեսական ներկայ աննկարագրելի տագնապին ընթացքին, իր նիւթական օժանդակութիւնը չբարձրացուց: Քանի մը օրեր առաջ, նշանակեալ վարչապետ Միքաթի ՄԱԿ¬ի 77¬րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս պաշտօնական տեսակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Պլինքընի հետ: Խօսակցութեանց աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ոչ մէկ նշանակալից ակնարկութիւն կարելի է նշմարել Լիբանանը հիւծող տնտեսական թնճուկին շուրջ: Աւելի՛ն. պէտք է շեշտել թէ Միացեալ Նահանգները բացայայտօրէն կը պնդէ, թէ Լիբանանի ընձեռնուելիք որեւէ օժանդակութիւն, կապուած է երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող զինեալ կազմակերպութեան մը կազմալուծման հետ: Լիբանանը ՙհովանաւորող՚ Ուաշինկթընը, որ ներկայիս միջնորդի դեր կը կատարէ Լիբանանի ջուրերուն մօտ գտնուող ընդյատակեայ կազի արտահանման հարցին շուրջ` երբ թշնամի Իսրայէլ կը փորձէ առիւծի բաժինը խլել, ամերիկացի միջնորդը,  համաձայն լիբանանեան մամուլի արժանահաւատ աղբիւրներուն, այնքան ալ անաչառ չէ իր դերին մէջ: Սակայն ինչ որ շատ աւելի կը շահագրգռէ Լիբանանը ճգնաժամային այս պահուն, տնտեսական անմիջական նպաստն է Ամերիկայէն:

Հայաստանի պարագային, դաշնակից Ռուսիան նախագահ Փութինի ղեկավարութեան տակ դարձած է անվստահելի: Ազգային մեր շահերն ու մեր հողային անձեռնմխելիութիւնը Մոսկուայի ձեռքին մէջ դարձած են խաղաքարտ: Դժբախտաբար վերջին երկու տարիներու զարգացումները բացայայտօրէն ցոյց կու տան թէ առանց խպնելու` Քրեմլինը աճուրդի հանած է դարաւոր մեր հայրենիքը: Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Ռուսիոյ ձախողութիւնը մեզի զինուորական օգնութեան փութալու հակառակ այն իրողութեան իր Մոսկուա-Երեւան 25 տարուան պաշտպանութեան եւ փոխադարձ օգնութեան դաշինք մը ստորագրուած է:

Մեր զոյգ հայրենիքներն ալ հզօր սփիւռք ունին իրենց ետին: Իրենց բնակչութեան եռապատիկ եւ քառապատիկ թիւով հայրենակիցներ անվերապահօրէն սատար կը հանդիսանան: Լիբանանի պարագային, արտասահման հաստատուած լիբանանցիներ ստուար թիւով ամառնային իրենց արձակուրդը կ՛անցընեն` իրենց համայն ընտանիքով, պապենական իրենց երկրին մէջ: Առաւել ըլլալով, աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ծնունդով լիբանանցիք յարատեւօրէն իրենց լուծման կը կիսեն իրենց մօտիկ եւ հեռաւոր ազգականներուն հետ, որպէսզի անոնք գէթ մասնակի կերպով իրենց կենսական պէտքերը հոգան: Նոյնն է նաեւ սփիւռքահայութեան պարագային: Սակայն եզակի տարբերութիւն մը առկայ է: Հայ սփիւռքը ոչ միայն իր քսակը լայն բացած է նիւթական օժանդակութիւն հայթայթելու այլ քաղաքական աշխոյժ գործունէութեան մղուած պահպանելու հայկական իրաւունքները: Դժբախտաբար, ինչպէս Լիբանանի քաղաքական գործիչները, նոյնպէս Հայաստանի իրերայաջորդ կառավարութիւնները խուլ կը ձեւանան  սփիւռքէն իրենց տրուած իմաստուն ուղղութիւններուն:

Մեր երկու հայրենիքներն ալ սահմանակից ունին դարանակալ թշնամի: Իսկ զիրենք շրջապատող սահմանակից երկիրներն ալ այդքան վստահելի հարեւաններ չեն:

Ուշադրութեամբ հետեւելով Լիբանանի եւ Հայաստանի վարչապետներուն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան առջեւ արտասանած ճառերուն, դժբախտաբար, քանի մը ցաւալի եզրակացութիւններու կարելի է յանգիլ:

Վարչապետ Միքաթի ոչ մէկ նորութիւն յայտնեց, նոյն յանկերգը, թէ` ՙԼիբանանը կը դիմագրաւէ ընկերային¬տնտեսական աննախընթաց տագնապ մը իր պատմութեան մէջ՚: Նաւահանգիստի ահաւոր պայթումի փլատակներու տակէն` դրական երեւոյթ մը գտնելու մտահոգութեամբ իբրեւ նուաճում ան իր միջազգային ունկնդիրներուն առջեւ հպարտօրէն յայտարարեց, թէ կառավարութեան ակնյայտ յաջողութիւններէն մէկը ժամանակին երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելն էր: Անշուշտ չէր կրնար ըսել, թէ իր ծննդավայրը Թրիփոլիի ժողովուրդը այսօր մահ ու կենաց պայքարի մէջ է, սննդեղէն ապահովելու համար: Անոնցմէ երկտասնեակ մը անցեալ շաբաթ, խեղդուեցան` ներառեալ 8 մանուկներ, երբ յուսահատ կը փորձէին իրենց բախտը գտնել իրենց ծննդավայրէն հեռու: ՙՖորպս՚ շաբաթաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի, որ կը ներկայացնէ Լիբանանի ամէնէն թշուառ քաղաքը  Լիբանանի խորհրդարանէն ներս, արաբական աշխարհի 4¬րդ ամենահարուստ անձնաւորութիւնն է: Տակաւին քանի մը օրեր առաջ, Թրիփոլիի ծայրամասին մէջ գտնուող իր բնակավայրին առջեւ, որ կը կոչուի ՙՄիքաթիի պալատը՚ տեղացիք ցոյց մը կազմակերպած էին, պահանջելով վարչապետէն` օգնութեան հասնիլ իրենց:

Արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս, մեր զոյգ հայրենիքները վերջապէս, կը տիրապետեն աշխարհագրական իրենց շրջանին մէջ: 22 արաբական երկիրներէն ո՞ր մէկը ծնունդ տուած է անզուգական Ֆէյրուզին, որուն հռչակը գրաւած է բովանդակ արաբական աշխարհը: Հայաստանի հարազատ որդի Արամ Խաչատուրեանը, ոչ միայն աշխարհագրական իր շրջանին մէջ տիրապետող երաժիշտ մըն է, այլ իր համբաւն ու տաղանդը նուաճած է ամբողջ աշխարհը:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նիւ Եորք

bottom of page