top of page
Baikar Blue logo.png

ՅՍՏԱԿ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ...

Բարձր բանականութիւն ունեցող մարդը պէտք է մնացեալ մարդոցմէ աւելի հոգ տանի ճշմարտութեան:

Արիսթոթէլ, Ք.Ա. Դ. դարու յոյն փիլիսոփայ

 

Պատմութիւնը դէպքերու շղթայ մըն է եւ կը պատկանի գիտութեան ճիւղին: Հզօր են այն ազգերը, որոնք իրենց պատմութենէն դաս քաղել գիտեն եւ նոյն սխալը անգամ մը եւս չեն գործեր: Իսկ թոյլ են անոնք, որոնք նոյն ծուղակին մէջ դարձեալ կ'իյնան: Այս յօդուածը փորձ մըն է գիտականօրէն վերլուծելու մեր պատմութեան հոլովոյթը 19-րդ դարէն սկսեալ: ժամանակաշրջան մը, երբ հին կաղապարներ կը փշրուէին եւ ժողովուրդներ սկսած էին փնտռել դաշնակիցներ, զիրենք ստրկութենէն եւ գերիշխանութեան կորուստէն փրկելու համար: Հայ մեծ դիւանագէտ Ճոն Կիրակոսեանի ՙՀայաստանը Միջազգային Դիւանագիտութեան եւ Սովետական Արտաքին Քաղաքականութեան Փաստաթղթերում՚ երկը վստահելի աղբիւր է այդ նպատակին համար: Արեւմտեան Հայաստանի հարցին վերաբերող դիւանագիտական ծալքերը Ռուսիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, ֆրանսայի, Աւստրօ-Հունգարիոյ եւ Փրուսիայի միջեւ տեւական քաշքշուքի պատճառ դարձան: Ռուսիա 19-րդ դարու առաջին քառորդէն սկսեալ զօրացուց ճնշումը Օսմանեան պետութեան վրայ եւ ան սկսած էր վարել քրիստոնեայ սլաւ եւ ուղղափառ ժողովուրդներուն ինքնավարութիւն ապահովելու հոլովոյթը: Վերջապէս, եթէ այդ ժողովուրդներ անկախանային, ինք պիտի դառնար անոնց հովանաւորը եւ դաշնակիցը, այդ քայլին բերելիք բազմաթիւ դրական հետեւանքներով: Օսմանեան կայսրութեան լուծը թեթեւցնելու եւ Արեւմըտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներու հիմնական կողմնակիցը Ռուսիան էր:

 

Նոյն քաղաքականութիւնը ան վարած էր յոյներուն եւ պալքանեան թերակղզիի իր սլաւ ցեղակիցներուն հանդէպ: Մեծն Բրիտանիան, ֆրանսան, Գերմանիան եւ Աւստրօ-Հունգարիան որեւէ նպատակ չունէին օգնելու հայերուն: Իրենց վարած քաղաքականութիւնը այդ մէկը կը փաստէր: Միշտ դէմ դրին Ռուսիոյ քաղաքականութեան իրենց շահերէն մեկնելով: Իրենց միակ նպատակն էր չտկարացնել Օսմանեան պետութիւնը Ռուսիոյ դիմաց, նոյնիսկ քրիստոնեայ հայերու մարդկային իրաւունքին հաշւոյն:

Հայը կը տառապէր իր կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան բացակայութենէն: Դժբախտաբար գերտէրութիւններ հետաքրքրուած էին իրենց շահերով, ինչպէս որ վիճակն է ներկայիս: Պետական շահն է կարեւոր, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի դիմաց:

Առաջին օրինակը վերոյիշեալ քաղաքականութեան 1829 թուականի Սեպտեմբերին կնքուած ռուս-օսմանեան Ադրիանապոլսի համաձայնագիրն էր: Այս համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին մէջ Օսմանեան պետութիւնը կը ճանչնար Ռուսիոյ տիրապետութիւնը Երեւանի եւ Նախիջեւանի գաւառներուն վրայ: Ռուսիոյ տիրապետութիւնը պիտի տարածուէր նաեւ Ախալքալաք եւ Ախալցխա շրջաններուն վրայ: Միւս կողմէ, բրիտանական ճնշումով, ռուսական ուժերը պէտք է քաշուէին Կարս, Կարին (Էրզրում) եւ Պայազէտ շրջաններէն: Ռուսական յաղթական զէնքը անգամ մը եւս վճռական հարուած տուած էր Օսմանեան պետութեան, սակայն բրիտանական ճնշումը արգելք հանդիսացաւ որ ռուս դիւանագէտներ կարենան պահել զէնքով առնուածը:

Այս ժխտական դերը միշտ ալ խաղացին բրիտանացիները, ֆրանսացիները, գերմանացիները եւ մասամբ նաեւ աւստրիացիները: Եւրոպական դիւանագիտական խաղերուն միշտ զոհ կը դառնային ազատատենչ ժողովուրդներու շահերը, Ռուսիան զսպելու պատրուակին տակ:

ՙԱրեւելեան Հարց՚ եզրը առաջին անգամ օգտագործուեցաւ 1822 թուականի Վերոնայի ժողովին, ուր Եւրոպայի գերտէրութիւնները կը քննէին Յունաստանի մէջ հակաօսմանեան ապստամբութեան պայմանները: Այս հարցին առաջին մասը կը սկսի 1822 թուականին եւ կ'աւարտի Խրիմի պատերազմէն ետք 1856 թուականին: ՙԱրեւելեան Հարց՚ ի պայքարին մասնակցեցան Ռուսիան, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Աւստրիան: Ռուսիան վարելով հանդերձ հակաօսմանեան քաղաքականութիւն, երբեմն դիւանագիտական շահի համար պաշտպանեց այս պետութիւնը: Եգիպտոսի կառավարիչ Մոհամմատ Ալի արշաւանք կազմակերպեց եւ հասաւ մինչեւ Պոլսոյ դուռերը 1831-1833 թուակններուն: Ռուսական նաւատորմիղը միջամտեց եւ ստիպեց Մոհամմատ Ալիին նահանջել: Դիմացը ռուսերը ստացան աշխարհաքաղաքական շահ, օգտագործելու Պոսֆոր եւ Տարտանէլ նեղուցները: Այս վիճակը երկար չտեւեց Մեծն Բրիտանիոյ միջամտութեան պատճառով 1840 թուականին: Մեծն Բրիտանիան ՙսթաթուս քուօ՚ն պահելու պատրուակին տակ ուզեց պահել Օսմանեան պետութեան ամբողջականութիւնը, հոգ չէ թէ քրիստոնեայ ժողովուրդներու շահին ի վնաս:

ՙԱրեւելեան հարց՚ի առաջին փուլը տեւեց 1822-էն 1853, երբ բռնկեցաւ Խրիմի պատերազմը: Երբ գերտէրութիւններ նկատեցին, որ անկարելի է զսպել Ռուսիան եւ թէ Օսմանեան պետութիւնը առանձին չի կրնար դէմ դնել անոր, իրենք միջամտեցին: Արդիւնքը եղաւ Ռուսիոյ հարաւը գտնուող Խրիմ թերակըղզիին մէջ պատերազմ մը, որու արդիւնքը Ռուսիոյ միակ պարտութիւնն էր Օսմանեան պետութեան դէմ: Խրիմի մէջ զիջելով անկլօ-ֆրանք-օսմանեան դաշինքին, Կովկասի ճակատին վրայ Ռուսիա յաղթած էր եւ գրաւած էր Կարսը եւ այլ շրջաններ: Պատերազմի աւարտին, երբ ստորագրուեցաւ Փարիզի 30 Մարտ 1856-ի համաձայնագիրը, դարձեալ ռուսեր զէնքով առնուածը վերադարձուցին չնեղացնելու համար ՙսթաթուս քուօ՚ի վարպետները` Բրիտանիան եւ Ֆրանսան: Անգամ մը եւս յետամնաց Օսմանեան կայսրութիւնը պահեց իր սահմանները եւ շարունակեց կեղեքել հպատակ ժողովուրդները Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ թոյլտուութեամբ:

Օսմանեան կայսրութեան յետամնաց հասարակական-տնտեսական կարգը, սուլթանին անահմանափակ բռնապետական վարչակարգը, աչքի կը զարնէր իր փտածութեամբ, դեմոկրատական ազատութեան բացակայութեամբ, ոչ-թուրք ժողովուրդներու ազգային եւ կրօնական իրաւունքներու ոտնահարումի բազմամեայ քաղաքականութեամբ: Այս բոլորը հակասութեան մէջ էին ազգային զարթօնք ապրող հպատակ ժողովուրդներու փափաքներուն հետ: Մինչեւ 19-րդ դարու 70-ական թուականները բոլոր կատարուած բարենորոգումի փորձերը աւարտեցան ձախողութեամբ, տիրող յետամնաց միջնադարեան օրէնքներով կառավարուող վերնախաւի մը գոյութեան պատճառով, խաւ մը որ դէմ կը դնէր ամէն իսկական բարենորոգումի ջանքերուն:

Վերոյիշեալը փակագիծ մըն էր յիշեցնելու համար պատմական փաստերը, որոնց դերակատարները նոյնն են այսօր իրենց գծած ուղիով եւ վարած քաղաքականութեամբ: Ռուսիան ծովերէն հեռու պահելու եւ ներքին պետութեան հոլովոյթը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Արեւմուտքը չուզեր որ Ռուսիան անցնի իր սահամաններէն անդին եւ դառնայ շրջանային ու միջազգային քաղաքական ու տնտեսական կշիռ ունեցող պետութիւն: Արեւմուտքի այս քաղաքականութիւնը աւելի յստակ դարձաւ, երբ Ռուսիա, Չինաստան, Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ հիմնեցին ՙՊՐԻՔՍ՚ տնտեսական հզօր համախմբումը: Իրականութեան մէջ եթէ դիտենք այս հինգ երկիրներուն դիրքերը, պիտի նկատենք, թէ անոնք շրջանային տնտեսական ուժեր են: Պրազիլ կը համարւի Հարաւային Ամերիկայի ամենահզօր տնտեսական ոյժը, Հարաւային Ափրիկէ` Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ, Չինաստան եւ Հնդկաստան` Ասիոյ մէջ, իսկ Ռուսիա` Եւրասիոյ մէջ: Կանխելու համար իր համաշխարհայնացման դէմ որեւէ քաղաքական հոլովոյթ, բազմաբեւեռ համակարգ հաստատելու, որմէ պիտի օգտուին ժողովուրդներ, Արեւմուտքը ղեկավարութեամբ ԱՄՆ-ի սկսաւ ՙգունաւոր յեղափոխութիւններու՚ արշաւը: Ռուսական ապահովութեան համակարգին մէջ կարեւոր դիրք կը գրաւեն հետեւեալ պետութիւնները իրենց աշխարհագրական դիրքին պատճառով: Պելառուսիա, Ուքրանիա, Հայաստան-Վրաստան եւ Ղազախստան: Այս պետութիւնները կը համարուին Ռուսական դաշնութեան պարիսպները եւ որեւէ խախտում կը նշանակէ, թէ վտանգուած է երկրին խորքը: Գերտէրութիւններ եւ շրջանային կշիռ ունեցող պետութիւններ իրենց հողամասը չեն պաշտպաներ իրենց հողէն, այլ կը վստահին դրացիին, որ պէտք է ըլլայ դաշնակից կամ բարեկամ: Հակառակ պարագային քայլեր կ'առնեն որեւէ սխալի առաջքը առնելու համար: Այս է պատճառը որ 2008-ին ռուսեր շարժեցան Վրաստանի մէջ Սահակաշվիլիի վարչակարգին դէմ: 2014-ին երբ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ գունաւոր յեղափոխութիւն եւ իշխանութեան հասան ծայրայեղ աջակողմեաններ, Ռուսիա արագ շարժումով մը վերադարձուց Խրիմը ռուսկան տիրապետութեան: Ապա սկսան Տոնեցք եւ Լուկանսք շրջաններու մէջ բախումները ռուսամէտներու եւ ազգայնական ուքրանացիներու միջեւ: Ներկայ տագնապը այդ հոլովոյթին շարունակութիւնն է:

Արեւմուտք մեծ սխալ գործեց, երբ չուզեց բանակցիլ ռուսերուն հետ ապահովական երաշխիքներու մասին: Փորձ կատարուեցաւ Պելառուսիոյ եւ Ղազախըստանի մէջ կատարել իշխող դասակարգի փոփոխութիւն եւ ռուսամէտ ղեկավարները փոխարինել հակառակորդներով: Այդ քայլերը ձախողութեան մատնուեցան ռուսական արագ որոշումին շնորհիւ: Արցախի 44-օրեայ պատերազմը նաեւ Ռուսիոյ դիրքը թուլացնելու փորձ մըն էր, գործածելով ատրպէյճանական եւ թրքական գործօնները: Այս պատերազմի ընթացքին, սկիզբի թոլատու վերաբերմունքէն ետք, ձեւով մը պատժելու համար Փաշինեանի դէպի Արեւմուտք թեքող քաղաքական ընթացքը, աւարտին ռուսեր նկատելով թրքական եւ բրիտանական գաղտնի գործակալութեան թափանցումի վտանգը, շարժեցան եւ ոյժ մտցուցին Արցախ: Այդ քայլին նպատակն էր հաստատել Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտին ու վերահաստատել ռուսական երաշխիքը հայկական կողմի ապահովութեան համար:

 

Պատմութիւնը կը կրկնուէր, երբ 18-րդ դարուն Արցախի եւ Սիւնիքի մելիքներ ու Գանձասարի կաթողիկոսներ քաղաքական խելացի որոշումով մը իրենց ապագան կապած էին Ռուսիային, շատ լաւ գիտակցելով, թէ այդ երկիրն է մեր ռազմավարական դաշնակիցը շրջանին մէջ: Միշտ զատորոշենք ռազմավարականը մարտավարականէն: Ռազմավարութիւնը (strategy) երկրի մը հիմնական քաղաքական ուղղութիւնն է: Այս պարագային Ռուսիա հայ ժողովուրդի ռազմավարական դաշնակիցը եղած է դարերէ ի վեր, պատմական փաստերը վկայ, իր շահին համար եւ հակառակ կարգ մը բացթողումներու կարգ մը երախտամոռ ռուս դիւանագէտներու կողմէ: Մարտավարութիւնը (tactics) ներկայիս Ռուսիոյ վարած քաղաքականութիւնն է Թուրքիոյ հանդէպ: Ռուսիա շատ լաւ գիտէ Թուրքիոյ ռազմավարական ուղղութիւնը, որ միշտ Արեւմուտքին հետ եղած է եւ Ռուսիոյ դէմ: Ներկայիս Ռուսիա կ'օգտուի Թուրքիոյ դէպի Ռուսիա բացուելու մարտավարութենէն: Չուզեր բախում ունենալ անոր հետ: Այս է իրականութիւնը: Սակայն երբ պատերազմի փողը հնչէ եւ Թուրքիա յայտնուի Արեւմուտքի կողմը, այն ատեն պիտի սկսի գործել ռուսական իսկական ռազմավարութիւնը: Երեւոյթներէ չխաբուինք, այլ միշտ հաւատանք գործին եւ ոչ թէ խօսքին: Ճշմարտութիւնը նոյնիսկ կայ քաղաքականութեան մէջ, հակառակ ներկայիս գործող քաղաքական դէմքերու մեծամասնութեան սնանկութեան: Փնտռենք ճշմարտութիւնը վերլուծելով պատմութիւնը եւ ոչ թէ տարուելով մակերեսին երեւցող պատկերէն , որ շատ անգամ կը խաբէ մեզ:

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

Պէյրութ

bottom of page