"ԵՐԲ ՈՐ ԲԱՑՈՒԻՆ ԴՌՆԵՐՆ ՅՈՒՍՈՅ"...
Երկար դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը հայրենիք ունենալու կարօտը երգած է աւելի քան ունեցած է հայրենիք եւ պետականութիւն: Այս դժբախտ իրողութիւնը գործածուած է նաեւ մեր ժողովուրդի թշնամիներուն կողմէ իբրեւ արդարացում մեզ պետականութենէ զրկելու. այսինքն բարբարոսներուն կողմէ քանդուած մեր պետականութեան մեղքը վերագրելով մեզի:
Դարեր ամբողջ պետականութիւն չունենալով հանդերձ մեր ժողովուրդը երազած է անկախ հայրենիքի եւ ինքնիշխան պետականութեան մասին: Այսօր երբեմնի հզօր Ասորեստանի ժառանգներէն քանի՞ հոգի կը ձգտի պետականութեան վերականգնումին, կամ, առ նուազն` կ'երազէ այդ մասին:
Բանաստեղծ Նահապետ Ռուսինեանի Կիլիկիա երգը, որ սկսաւ տարածուիլ եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելել 19րդ դարուն` երազի մը դրսեւորումն էր` ՙցանկամ, տեսնել զիմ Կիլիկիա՚, այսինքն վերածնուած պետականութիւն մը Կիլիկիոյ պատմական հողին վրայ: Այդ օրերուն երբ այս երգը կը ժողովրդականար, կը դառնար պետականութիւն վերականգնելու համազգային ուխտ` արդէն հայութիւնը իր վերջին պետականութիւնը կորսնցուցած էր 500 տարի, հինգ դար ամբողջ, եւ վհատեցուցիչ բոլոր պայմանները գոյութիւն ունէին որ այսօրուան ասորեստանցիներու վհատութիւնը պատած ըլլար նաեւ մեր ժողովուրդը:
Պատմականօրէն հայկական պետականութեան վերջին կորուստը տեղի ունեցած էր 1375ին երբ եգիպտացի Մեմլուքները եկան ու տապալեցին մեր Կիլիկիոյ Լուսինեան թագաւորութիւնը, մեր արքան ալ պատանդ տանելով Եգիպտոս:
Սակայն 500 տարիներու երկայնքին Կիլիկիոյ մէջ պետականութեան վերականգնումը մեզի համար մնաց իբրեւ իրականանալի երազ եւ իր մարմնաւորումը գտաւ Ռուսինեանի այդ երգին մէջ:
Վերջապէս այդ երգը իրականութեան վերածուելու, մարմին առնելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին. եւ պատմական անարդարութիւն կ'ըլլայ ըսել թէ հայութիւնը իր կարելին եւ անկարելին չընծայեց այդ ՙդռներն յուսոյ՚ բանալու համար:
Դիւանագիտական ամէն հնարք, ռազմական ոյժ, արեան զոհողութիւն ի մի բերուեցան եւ մեր Հայկական Լեգէոնը միացաւ դաշնակից ոյժերուն եւ յաղթական մտաւ Կիլիկիա 1919ին: Կիլիկիան այլեւս երգ մը չէր, ոչ ալ երազ ու կարօտ, այլ փաստական իրականութիւն. Ռուսինեան (որ մահացած էր 1876ին) կրնար շօշափելիօրէն տեսնել Կիլիկիան փոխանակ երգելու անոր կարօտը:
Բայց պատահեցաւ անխուսափելին – ինչ որ սովորական է քաղաքականութեան մէջ – Մուսթաֆա Քեմալ խաբելով Լենինը եւ դաւադրելով ֆրանսացիներու հետ յաջողեցաւ տապալել Կիլիկիոյ պետականութեան փաստական իրողութիւնը:
Մուսթաֆա Քեմալ պատմութեան ամէնէն պատեհապաշտ պետական դէմքերէն հանդիսացաւ. այսօր Թուրքիոյ հզօր պետութիւնը, որ ունի կայսերական յաւակնութիւններ, հիմնուած է Մուսթաֆա Քեմալի պատեհապաշտութեան վրայ:
Կիլիկիոյ բնիկ հայութիւնը որ լեգէոնականներու յաղթական դրօշներով վերադարձած էր իր պատմական հողերուն ՙԱզգային Օճախ՚ մը կերտելու քաղաքակիրթ Ֆրանսայի հովանիին ներքեւ, ձիւնամրրիկներու մէջ մահանալով փախուստ տուաւ` իբրեւ վերջ յոյս եւ ապաւէն իր սրտին մէջ տանելով ՙցանկամ, տեսնել զիմ Կիլիկիա՚ երգն ու երազը:
1918ին պահ մը բացուեցան ՙյուսոյ դռները՚ անկախ Հայաստանի կերպարանքով, սակայն շուտով այդ ՙդռները՚ վերածուեցան ՙԵրկաթեայ վարագոյր՚ի, որուն ետին կիսանկախ իրավիճակ մը ապրեցաւ մեր ժողովուրդը: Սովետական Հայաստանը պետութի՞ւն էր, կիսապետութիւն թէ` ստրկութիւն, նշանակութիւն չունի: Որովհետեւ մեր ժողովուրդը 70 տարիներու ընթացքին աճեցաւ եւ հասաւ չորս միլիոնի եւ կերտեց մշակոյթի եւ գիտութեան ոսկեդար մը, հակառակ 1930ականներու մտաւորականներու ջարդին, հակառակ Բ. Աշխարհամարտի 300,000 երիտասարդներու զոհւելուն:
Գաղթելու վրայ դրուած սովետի արգելքը պատճառ դարձաւ մեր ժողովուրդի թուային աճման, որովհետեւ պատմութեամբ իսկ փաստուած է որ հայը էութեամբ գաղթող է` ինչպէս Է. Ակնունին ըսած է – հայը ամէնուր է փնտռում ապաստան, բացի այն վայրից որը կոչւում է Հայաստան:
Պէ՞տք է արդեօք ըսենք չըսուելիքը, չխոստովանուելիքը որ հայը նման երկաթեայ բազուկի մը ներքեւ կ'աճի եւ կը հասնի նման իրագործումներու, երբ ընդունուած ճշմարտութիւնը եւ իմաստութիւնը կը հաստատեն որ միայն ազատ ժողովուրդներն են որ կրնան կերտել իրաւ ազգային մշակոյթ:
ՙՅուսոյ դռները՚ վերստին բացուեցան մեր ժողովուրդին առջեւ Հայաստանի վերանկախացումով:
Առաջին Հանրապետութեան անկախացման առիթով Սիմոն Վրացեան կատարած է բաւական դիպուկ բնորոշում մը ըսելով որ հայ ժողովուրդը անկախութիւն դիմաւորեց հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր մը նման: Հեգնակա՞ն կ'ըլլայ արդեօք, երբ Վրացեանի բնորոշումը տարածենք նաեւ մեր վերջին անկախութեան վրայ: Վերջին երեսուն տարիներու մեր ինքնակառավարման պատմութիւնը ապացոյցը չէ՞ արդեօք անոր:
Մեր ազգային արժանապատուութիւնը յաճախ կ'արգիլէ մեզի ընդունիլ պատմութեան կարգ մը դաժան իրողութիւնները: Թուրքերը ոչ միայն սպաննեցին մէկ ու կէս միլիոն հայ, այլ նաեւ- ինչպէս Շահնուր կը բնորոշէ – դեռ չծնածը, գալիք սերունդները: Սակայն, վերջին երեսնամեակի մեր պետական փորձառութիւնը կը հաստատէ որ անոնց աւերը եւ անէծքը եղած է աւելին. անոնք մեր մէջ նսեմացուցած են – եթէ չեն սպաննած - պետութիւն կառավարելու, պետականավայել մտածողութեան կամքը: Եւ այդ կամքին եւ ինքնագիտակցութեան բացակայութեան պէտք է վերագրել մեր երկրին, մեր հայրենիքին խարխափումը` աշխարհի քաղաքական փոթորիկներուն մէջ:
Արցախի անկախացման պատրանքը մեր կոկորդը մնացած է. աւելին` կ'ապրինք տուայտանքովը մեր ինքնիշխան պետականութեան վերջին հողամասն ալ կորսնցնելու:
Ահաւոր ազգային ցաւերն ու վաղուան վտանգները մոռցած, այսօր ազգովին մեր հայեացքը յարած ենք Արցախի դարպասին որ փակ կը մնայ մեր 120,000 ազգակիցներու դիմաց. ցուրտը, սովամահ ըլլալու հեռանկարը կը սաւառնին Արցախի վերեւ: Դիւանագէտները կը խօսին, սոփեստները կը ճառեն, եւ փոխանակ մեր զայրոյթը թշնամիին դէմ լարելու` իրար ամբաստանելու, բաժանումներ յառաջացնելու տագնապներով կ'ապրինք:
Երբ խելօքները կ'անճրկին` ՙերբ չի մնում ելք ու ճար խենթերն են գտնում հնար՚, ինչպէս ըսած է Պարոյր Սեւակ: Բայց այդ ՙհնարները՚ կրկնելի չեն, որովհետեւ ամէն ժամանակ, ամէն իրավիճակ ունի իր իւրայատուկ ճարն ու լուծումը: 1970ականներու զինեալ պայքարը աշխարհի թատերական բեմին վրայ դրաւ ցեղասպանութեան խնդիրը: Այդ չի նշանակեր որ այսօր ընդունելի կամ կարելի դարման մըն է միեւնոյն պայքարը: Այսօրուան հնարքն ալ պէտք է համապատասխանէ այսօրուան իրավիճակին: Ո՞ւր են մեր այսօրուան ՙխենթերը՚:
Այսօր տագնապի եւ տառապանքի մատնուած է համայն հայութիւնը` աչքերը ուղղած Արցախի դարպասներուն, դարձեալ երգելով` ՙերբ որ բացուին դռները յուսոյ՚:
Կը բաւէ՞ արդեօք երգելը ...: