ՀԱՅ ԿԻՆԸ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ՈՐՊԷՍ ԶԻՆՈՒՈՐ
Հզօր եղաւ հայ կինը մեր պատմութեան ընթացքում: Աշխարհը չգիտէ, թէ ինչ երկաթէ կամք, ինչ անընկճելի կորով, ինչ անձնուրաց արիութիւն կայ այդ թխադէմ, այդ հեզ ու բարի աչքերով, ամօթխած ու արդար էակի մէջ, որ կոչւում է հայ կին ...՚
Աւետիս Ահարոնեան
Եթէ հայ աղջիկները կը հաւատան որ իրենք հաւասար իրաւունքներ ունին հայ մանչերուն հետ, ուրեմն հաւասար պարտականութիւններ ալ պէտք է ունենան:
Վ.Գ.
Հայաստան Աշխարհը պատերազմական վիճակի մէջ է:
Ամէն օր մեր թշնամին սահմանին վրայ հայ զինուորի մը կեանքը կը խլէ:
Մեր թշնամին միայն Ատրպէյճանը չէ:
Մեր 2.5 - 3 միլիոն ժողովուրդը ստիպուած է ինքզինք պաշտպանել 7-8 միլիոննոց Ատրպէյճանին դէմ, 85 միլիոննոց Թուրքիոյ զինուորական ՙմասնաւոր ջոկատներուն՚, մասնագէտներուն եւ հրամանատարներուն դէմ, տասնեակ հազարաւոր Փաքիստանցի, Աֆղանիստանցի, իսլամ եւ այլ ՙկամաւոր՚ ահաբեկչական վոհմակներուն դէմ, Իսրայելացի ռազմական ՙխորհըրդատու՚ներուն եւ անոնց ահաւոր տրոններուն եւ զինամթերքին դէմ, եւ տակաւին Հայաստանի մէջ վխտացող դաւաճաններուն եւ լրտեսներուն դէմ: Չխօսինք մեզի ՙդաշնակից՚ Ռուսերու եւ ՀԱՊԿ-ի լուռ մեղսակցութեան եւ աջակցութեան մասին: Չխօսինք Վրաստանի անվստահելի չէզոք ՙդրացնութեան՚ մասին: Յոյսով եմ որ տակաւին չէք մոռցած թէ ինչպէս, 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ համայն աշխարհը լուռ կը դիտէր թէ ինչպէ՞ս Ատըրպէյճանը, իր թուրք եւ այլ դաշնակիցներուն հետ կը յօշոտէր Հայաստանը եւ անզէն զինուորներն ու քաղաքացիները:
Մինչ Ատրպէյճանը 30 տարիներ իր ՙփէթրոտոլար՚ներով ահաւոր կերպով կը զինուէր, մեր ՙհայրենասէր՚ ղեկավարութիւնը Հայաստանի մէջ սքանչելի պալատներ կը կառուցանէր եւ գիտակցաբար կ'անտեսէր Հայաստանի երկնակամարին վրայ կուտակուող արիւնոտ սեւ ամպերը եւ պատրաստուող կայծակնալի որոտումները:
Եւ եղաւ` ինչ որ եղաւ 44-օրեայ պատերազմին:
Այո, մենք շուրջ 4000 նահատակներ ունեցանք: Սա կը նշանակէ որ 4000 երիտասարդներ պիտի չկարենան ամուսնանալ եւ սերունդներ լոյս աշխարհ բերել: Եթէ իւրաքանչիւր նահատակ միայն 3 զաւակ պիտի ունենար, ուրեմն մենք, անմիջական ապագային համար կորսնցուցած եղանք 12.000 հայ: Իսկ եթէ այդ 12.000 հայ մանուկները իրենց կարգին 3 երեխայ ունենային, մեր կորուստներուն թիւը կը հասին 36.000-ի, իսկ յաջորդ սերունդը` 36.000 x 3 = 108.000… : Եւ այսպէս, դուք հաշուեցէք թէ յառաջիկայ 100 տարիներուն քանի՜- քանի հազարներ պիտի ծնէին, բայց պիտի չծնին:
Ժամանակն է որ լրջօրէն մտածենք այս մասին, եւ ծրագրենք թէ ինչպէ՞ս կրնանք այդ բացը գոցել մեր բանակին համար:
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կիներու բանակին մէջ ծառայելը պարտադիր է, իսկ շատ մը այլ երկիրներու մէջ ալ` կամաւոր: Այս ըսել է որ բազմահազար կիներ կը կամաւորագրուին ծառայելու իրենց երկիրներու բանակներուն մէջ:
Որո՞նք են այն երկիրները ուր կիները կը ծառայեն բանակին մէջ.
Ափրիկէ.- Ալճերիա, Էրիթրէա, Լիպիա, Հարաւային Ափրիկէ եւ Քամպիա:
Ասիա.- Աւստրալիա, Պենկլատէշ, Չինաստան, Հնդկաստան, Ինտոնեզիա, Իրաք, Իսրայել, Ճափոն, Ղազախստան, Նեփալ, Նոր Զելանտա, Փաքիստան, Ֆիլիփեան կղզիներ, Սէուտական Արաբիա, Սինկափոր, Սիրի Լանքա, Թայուան, Թայլենտ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Եւրոպա.- Պուլկարիա, Տանիմարքա, Ֆինլանտիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Իտալիա, Նորվեկիա, Լեհաստան, Ռուսիա, Սերպիա, Շուէտ, Թուրքիա, Ուքրանիա, Այսլենտ:
Հիւսիւսային Ամերիկա.- Ա.Մ.Ն., Քանատա:
Հարաւային Ամերիկա.- Արժանթին, Պոլիվիա, Պրազիլ եւ Գոլոմպիա:
Էրիթրէայի բանակին մէկ չորրորդը աղջիկներ են: Իսրայէլի մէջ, 1948-էն ի վեր կիներուն բանակին մէջ ծառայութիւնը պարտադիր է: Իսկ 2000 թուականէն սկսեալ, կիները ոչ միայն բանակին մէջ կողմնակի պաշտօններ ունին, այլ հրետանիներու, թանքերու, հետեւակ զինուորներու, զինեալ զօրաբաժիններու, սահմանապահներու, եւ այլ բաժանմունքներու մէջ, հրեայ մանչ զինուորներու հաւասար պարտականութիւններ կը կատարեն: Չմոռնամ ըսելու որ հրեայ կին օդաչուները շատ սարսափելի են:
Այսօր, միջազգային մակարդակով, ազգային բանակներուն մէջ ծառայողներուն 27.4 առ հարիւրը կանայք են: Հայկական բանակին մէջ միայն մօտ 10 տակոսը կին են, անոնք ալ` կամաւորներ:
Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար, ռազմական փորձագէտ Արծրուն Յովհաննիսեանի, ՙԱրցախեան Պատերազմէն սկսեալ հայ կինը մաս կազմած է հայոց բանակին եւ անոր մասնակցութիւնը կը շարունակուի առ այսօր: Արցախեան պատերազմին 200 տիկնայք կամաւոր զինուորագրուեցան եւ դարձան մեր յաղթանակի կերտողները՚:
Պատմութեան ընթացքին ալ, բազմաթիւ հայ կիներ զէնն ի ձեռին պաշտպանած են իրենց տունն ու տեղը, ընտանիքն ու իրենց պատիւը: Մեր ֆէտայիներու ցանկերուն վրայ կրնանք հպարտութեամբ կարդալ հայ կիներու անունները:
Ես կը կարծեմ, եւ համոզուած եմ իր կարծիքին վրայ, որ Հայաստանի մէջ կիներու պարտադիր զինուորական ծառայութիւն պէտք է ըլլայ: Եթէ հայ կիները կը հաւատան որ իրենք հաւասար իրաւունքներ ունին հայ մանչերու հետ, ուրեմն պէտք է հաւասար պարտականութիւններ ալ ունենան:
Նկատի ունենալով մեր ՙաւանդապաշտութիւն՚ը, հաւանաբար մեր կիներուն պարտադիր ծառայութեան ժամանակամիջոցը 24 ամիսի փոխարէն, սահմանենք 18 կամ 12 ամիս: Ամէն մէկ հայ որ կ'ապրի Հայաստանի մէջ, պէտք է կարենայ զինուորական մարզումներու պատճառաւ ինքզինք պաշտպանել թուրք բորենիներուն դէմ: Ես չեմ փափաքիր մեր հայ սիրասուն աղջիկները ռազմաճակատի առաջին գիծերը ղրկել որպէս պարզ զինուոր, բայց մեր աղջիկներուն համար բազմաթիւ այլ պարտականութիւններ կան բանակին մէջ, ուր անոնք լիարժէք կրնան կատարել, երբեմն գերազանցելով իրենց կտրիճ եղբայրները:
Չմոռնանք որ արդէն իսկ թեւակոխած ենք 21-րդ դար եւ մերօրեայ պատերազմները պիտի սկսին աւելի ղեկավարուիլ զինուորական գրասենեակներէն եւ համակարգիչներու պաստառներէն: 2020-ի պատերազմը մենք կորսընցուցինք, որովհետեւ մեր ՙզինուորական մասնագէտները՚, ՙբանակի հրամանատարները՚, ՙպաշտպանութեան նախարարները՚, նախկին նախագահները չէին հաւատար որ ԱԹՍ-ները, տրոնները եւ համակարգիչային ղեկավարութիւնը հիմնական դեր պիտի խաղային այդ գալիք պատերազմին մէջ:
Մեր խելացի եւ մարզուած կիները շատ լաւ կրնան համակարգիչներու առջեւ նստած, տրոններով թշնամիին հրասայլերն ու թիրախները ռմբակոծել: Ի՛նչ տեսակի նոր զինամթերք որ գնենք, մեր աղջիկները կրնան շատ լաւ տիրապետել անոնց գործածութեան եւ իրենց երկիրը, տունն ու պատիւը պաշտպանել սքանչելիօրէն:
Բացի համակարգիչային մասնագիտական պատերազմէն, տակաւին բազմաթիւ պարտականութիւններ, ասպարէզներ կան բանակին մէջ ուր մեր կիները կրնան հաւասարէ-հաւասար մրցիլ մեր մանչերուն հետ: Բժշկուհիներ, հիւանդապահուհիներ, զինուորական օդակայաններու երթեւեկութիւնը համադրողներ, գաղտնի սպասարկութեան սպաներ, խոհարարներ, շարժավարներ, օդաչուներ (պատերազմական եւ զինուորական փոխադրութիւններ), թնդանօթաձիգեր, հետախոյզներ, դիպուկահարներ, գրասենեակային բազմաթիւ պաշտօններ, զինուորական ոստիկաններ, սահմանամերձ գիւղերու պաշտպանութեան հսկիչներ եւ մարզիչներ եւ տակաւին շարքը կարելի է երկարել: Դիպուկահարներու պարագային, հայ նշանաւոր դիպուկահարուհի Անի անունով աղջիկ մը ըսած է - ՙֆիզիոլոկիական առումով կնոջ բազուկի մկանները թոյլ զարգացած են, եւ կրակելու ժամանակ լարուածութիւնը քիչ է, ձեռքը չի դողար՚: Իսկ Նայիրի Մկրտիչեանի խօսքերով` ՙֆիզիքական եւ հոգեբանական փորձութիւնները յաղթահարած, մասնագիտական ունակութիւններ ձեռք բերած կին զինծառայողները այսօր բարձր մակարդակով կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները` կանայք կը ծառայեն իբրեւ դիպուհակահարներ եւ յաջողութեամբ կը խոցեն հակառակորդի վարպետները: Նման դէպքեր քիչ չեն, վերջերս հայ դիպուկահարուհին ոչնչացուց ատրպէյճանցի հրամանատարը՚:
Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի` ՙԿանանց դերը բանակին մէջ շատ կարեւոր է, անոնք կը նպաստեն ընդհանուր մթնոլորտի բարելաւման: Գաղտնիք չէ, որ հայ տղամարդը կնոջ ներկայութեամբ ինքզինք աւելի զուսպ եւ ճիշդ կը պահէ: Հայ կնոջ ներկայութիւնը բանակին մէջ աւելի ամրապնդեց կարգ ու կանոնը: Հայ տղամարդը դարձաւ առաւել զգաստ, հետեւեցաւ իր խօսքին ու աւելի եւ աւելի քաղաքավար դարձաւ:՚
Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Այրերը պէտք է լրջօրէն մտածեն ու ծրագրեն հայ իգական սեռին անսահման կարողականութիւններն ու կարողութիւնները բանակին մէջ օգտագործելու որպէս պարտադիր ծառայութեան եւ արհեստավարժ զինուոր:
Թշնամին պէտք է սարսափի մեր բանակէն, մանաւանդ մեր առիւծասիրտ եւ արծուասիրտ աղջիկներէն: Մեր ՙԱմազոններէն՚ ... :
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Լոս Անճելըս