ԱՐՑԱԽԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏԻՆ ՄԷՋ
Պատմութիւնը դէպքերու շղթայ մըն է եւ կը պատկանի գիտութեան ճիւղին: Հզօր են այն ազգերը, որոնք իրենց պատմութենէն դաս քաղել գիտեն եւ նոյն սխալը անգամ մը եւս չեն գործեր: Իսկ թոյլ են անոնք, որոնք նոյն ծուղակին մէջ դարձեալ կ'իյնան
Արցախը հայկական աշխարհի հարազատ մէկ մասն է, ուր ապրած են մեր նախնիները եւ կերտած են հզօր մշակոյթ մը: Գիրերու գիւտէն ետք Արցախի Մաճկալաշէն շրջանի Ամարաս վանքին մէջ բացուած է Մեսրոպ Մաշտոցի առաջին դպրոցներէն մէկը: Արցախը Ռուսիոյ եւ Խորհրդային Միութեան տուած է մեծ անձնաւորութիւններ եւ զօրավարներ` մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան, ծովակալ Յովհաննէս Տէր Իսահակեան, մարաջախտ Արմենակ Խամբերեանց, այլոց շարքին: Արցախ եղած է առաջին հայկական նահանգը, որ ունեցած է կիսանկախ վիճակ պարսից իշխանութեան ժամանակ եւ Արցախի հինգ մելիքներու ու Գանձասարի կաթողիկոսի ճիգով սկսած է ազատագրական պայքար, Ռուսիոյ օրհնութեամբ, 18-րդ դարուն:
Նահանգին ոդիսականը սկսաւ Ատրպէյճան անունով պետութեան հիմնումէն ետք 1918 թուականին, Մեծն Բրիտանիոյ կնքահայրութեամբ, որ քարիւղի հոտը առած էր այդ հողամասին վրայ: Կովկասի այդ ժաանակւան աշխարհաքաղաքական վիճակը շատ կը նմանէր այսօրուան վիճակին: Կար թոյլ հայկական ղեկավարութիւն, որ անկախութեան գինով պատրաստ էր ամէն զիջումի թրքական կողմին: Անոր զիջեցաւ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն, իսկ Ատրպէյճանին` Նախիջեւանը, Արցախը: Կար Աթաթիւրքի իշխանութիւնը, որ իր խորամանկութեամբ ու աշխատանքի ձեւով շատ կը նմանէր Էրտողանի վարչակարգի աշխատանքի ձեւին: Ան օգտուեցաւ Ռուսիոյ մէջ իշխանութեան հասած Համայնավար կուսակցութեան գոյութենէն, մինչ մենք ծառայեցինք Արեւմուտքին ու քաղեցինք պտուղը այդ արարքին, Ռուսիան մեզմէ հեռացնելով ու կորսնցնելով Նախիջեւանը եւ Արցախը: Մեծն Բրիտանիա կ'ուզէր Ռուսիան դուրս մղել Անդրկովկասէն, ինչպէս որ է վիճակը հիմա: Ու մենք ներկայիս կը ծառայենք այդ ապերախտ Մեծն Բրիտանիոյ, որմէ միայն դաւաճանութիւն տեսած ենք:
2 Դեկտեմբեր 1920-ին ապօրինաբար կնքուած Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը արդէն իշխանութիւնը կորսնցուցած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարներու կողմէ կը համարուի սկիզբը Արցախի ոդիսականին: Գերսամ Ահարոնեան իր ՙՀայկական Հանրապետութեան ՙՆերքին Սահմաններու՚ Հարցը՚ յօդուածին մէջ կը յայտնէ, թէ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած կառավարութիւնն էր որ հրաժարեցաւ Սեւրի դաշնագիրէն ու Ուիլսընեան սահմաններէն, այսինքն Արեւմտեան Հայաստանէն, զիջեցաւ Նախիջեւանը, Սուրմալուի գաւառը, որուն մաս կը կազմէին Իգտիրը, Կաղզուանը եւ Կողբը: 1919 Դեկտեմբեր 25-ին Ատրպէյճանի Սուլթանովի ուժերը գրաւած էին Արցախը: Ալեքսանտր Խատիսեան, Փարիզի մէջ բանակցող հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Աւետիս Ահարոնեանէն պահանջեց հետեւեալը 1920 Փետրուար 6 թուակիր իր նամակին մէջ.ՙքաղաքականապէս մենք սահմանափակուած ենք Ռուսահայաստանով, այն սահմաններով որ դուք գիտէք, առանց Շարուրի եւ Նախիջեւանի (մինչեւ Դաւալու): Զանգեզուրը մենք գրաւած ենք շատ ամուր կերպով, բայց Ղարաբաղը շարունակում է գտնուել Ադրբեջանի իշխանութեան տակ...՚: Հայաստանի մէջ Համայնավար կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք, Սարգիս Կասեանի գլխաւորած միասնական կառավարութիւնը, որուն կ'անդամակցէին ՙձախակողմեան դաշնակցականներ՚ Դրօ եւ Տէրտէրեան, պահանջեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրի ջնջումը եւ սահմանի հարցին վերաքննութիւնը, սակայն այն ատենուան Դաշնակցական ղեկավարութեան կազմակերպած արկածախնդրական ՙՓետըրւարեան Ապստամբութիւնը՚ արգելք հանդիսացաւ այս քայլին: Անգամ մը եւս լուսանցքային, կուսակցական շահերը աւելի վեր դասուեցան ազգային ռազմավարական շահերէն: Այդ ժամանակ Աթաթիւրքի վարչակարգը զգաց թէ նեղի մատնուած է եւ հայկական պահանջը կրնայ ռուսերու հաւանութեան արժանանալ: Ուրեմն պէտք էր քայլ մը շրջելու համար ռուսերու վստահութիւնը հայերու հանդէպ: Եւ ՙՓետրուարեան Ապստամբութիւնը՚ ճիշդ եկաւ ծառայելու այդ նպատակին, կ'եզրակացնէ Գերսամ Ահարոնեան: Այս է իրականութեան մէջ մեր ձախողութեան հիմնական պատճառը: Մեր ձախողութեան պատճառը մեր մէջն է, դուրսը չփնտռենք:
Վերոյիշեալը փակագիծ մըն էր յիշեցնելու համար պատմական փաստերը: Ներկայի Ռուսական Դաշնութեան եւ հայ վերլուծողներ մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւին Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հակահայ, հակառուս եւ հակաիրան քայլերուն: Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ նոր բազմաբեւեռ համակարգի հաստատումին դէմ տեղի ունեցող երրորդ համաշխարհային պատերազմը արդէն մտած է վճռական փուլ: Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին, Իրաք, Եմէն, Աֆղանիստան, Հարաւային Կովկաս, Ուքրանիա, Թայուան, Ափրիկէի սահէլի երկիրներ` Մալի, Նիժէր, Պուրքինա Ֆասօ, Չատ, Նիկերիա եւ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն այն թէժ կէտերն են ուր տեղի կ'ունենան բախումները միջնորդներու միջոցով երկու դաշինքներու միջեւ: Մէկ կողմէ Արեւմուտքը գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի, Միացեալ Թագաւորութեան, Եւրոպական Միութեան, Իսրայէլի, Թուրքիոյ, ճափոնի, իրենց շրջանային դաշնակիցներու եւ ծայրայեղ քաղաքական իսլամի գործածումով որպէս գործիք, իսկ միւս կողմէ Չինաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի եւ իրենց Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ դաշնակիցներուն միջեւ: Հարաւային Կովկասը կը համարուի այդ բախումի կարեւոր կէտերէն մէկը, որովհետեւ այդ շրջանէն կ'անցնին Ասիա-Եւրոպա եւ Կեդրոնական Ասիա-Միջին Արեւելք-Ափրիկէ ճամբաները: ԱՄՆ եւ իր դաշնակիցներ կը ձգտին ամէն գինով խանգարել Ռուսիոյ դէպի հարաւ էջքը եւ Չինաստանի ՙՄետաքսէ ճամբայի եւ գօտիի՚ ծրագիրը: Նաեւ Թուրքիան իր Կեդրոնական Ասիոյ ցեղակիցներուն կապելու ծրագիրը ի զօրու է եւ ան չի կրնար գործադրուիլ առանց Հայաստանէն անցնելու: Ուրեմն ըստ մասնագէտներու, մեզի կը սպասեն թէժ օրեր: Արցախի շրջափակումը այդ ծրագիրին առաջին քայլն է:
Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած է Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող ՀԱՊԿ-էն պահանջել քայլեր Հայաստանի հողամասը պաշտպանելու համար: Արդար իրաւունք: Սակայն որպէս կառավարութիւն ի՞նչ կ'ընէ Արեւմուտքին ճնշումը ապահովելու համար Ատրպէյճանի վրայ: Մեր պատմութեան ընթացքին Արեւմուտքը մեզի ի՞նչ շնորհած է բացի լորձնաշուրթն գովասանքէ եւ որոշումներէ, որոնք մնացած են թուղթի վրայ: Պատճառը այն է որ մենք արգելք ենք իրենց Ռուսաստանը պաշարելու քաղաքականութեան մէջ: Զանգեզուրի միջանցքին բացումը Արեւմուտքի պահանջն է թրքականէն եւ ատրպէյճանականէն առաջ: Միայն Ռուսիան կ'այպանենք քայլ չառնելուն համար, սակայն չենք գնահատեր այն վիճակը որուն մէջ կը գտնուին ռուսերը ներկայիս, նկատի առնելով Ուքրանիոյ պատերազմը: Ռուսիա չուզեր երկրորդ ճակատ մը բանալ Կովկասի մէջ: Թէեւ, եթէ Ուքրանիոյ մէջ վիճակը բարդանայ ու ընթանայ Արեւմուտքի նպատակներուն հակառակ եւ ան շարունակէ Ռուսիան եւ Իրանը նեղելու իր քաղաքականութիւնը, հեռու չէ այն օրը որ այդ ճակատն ալ պիտի բացուի:
Ներկայիս, Թուրքիա, Իսրայէլ, Ատրպէյճան, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ ԱՄՆ գաղտնի գործակալութիւններ տենդագին լծուած են քայլեր առնելու Իրանի դէմ: Ատրպէյճան կրնայ ծառայել որպէս հարթակ այդ քայլին համար: Ուրեմն, ներկայիս զգոյշ քաղաքականութիւն վարելը ամենաճիշդ ուղին է: Չնեղացնել մեր դարաւոր բարեկամը, մնալ ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ պատրաստուիլ գալիք վտանգաւոր ժամանակին, զինելով հայկական բանակը ու զօրացնելով անոր կամքը, որպէսզի չկրկնենք մեր նախկին սխալները, որոնց համար վճարեցինք սուղ գին, մեր պապենական հողերէն եւ մեր ազգի զաւակներէն: Իրան գոհ չէ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութենէն ու սկսած է քայլեր առնել անոր դէմ, սկսելով Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարանի բացումէն մինչեւ զգուշացումներու յղումէ եւ կատարելով ռազմափորձ սահմանին վրայ: Օգտուինք այս առիթէն կարելիութեան սահմաններուն մէջ:
Հայաստանի կառավարութեան սխալներու շարքին յիշենք անցեալ ամիս տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը: Այս պահին պիտի ըսենք, թէ երկիրը պարտաւոր է ներկայանալ այդ վեհաժողովին, որովհետեւ հրաւիրուած է: Հոս հարցում մը պէտք է հարցնել: Արդեօք Հայաստանի պատուիրակութիւնը ի՞նչ յայտարարեց այդ ժողովին: Մեր ազգը ինչո՞վ օգտուեցաւ այդ մասնակցութենէն: Ժամանակը չէ՞ որ քիչ մը սանձենք մեր արեւմտամէտ քաղաքականութիւնը այն ժամանակ երբ այդ նոյն ՆԱԹՕ-ն զէնք կը մատակարարէ Ուքրանիային որ սպաննէ ռուս զինուորներ եւ խաղաղ քաղաքացիներ Տոնպասի շրջանին մէջ: Ե՞րբ պիտի արթննանք որպէս ժողովուրդ եւ հասկնանք, թէ պատերազմի ատեն չենք կրնար երկու տիրոջ ծառայել: Ժամը հասած է արդէն կողմնորոշուելու: Չկրկնենք այն սխալները զորս գործեցին առաջին հանրապետութեան քաղաքական գործիչները: Յետոյ այդ սխալներուն բեռը բեռցուցին Խորհրդային Հայաստանին: Պէտք է հասկնանք, թէ Ուքրանիոյ պատերազմը համաշխարհային պատերազմ է եւ չենք կրնար մեր ռազմավարական դաշնակիցին դաւաճանել, յետոյ իրմէ պահանջել որ մեզի օգնէ Արցախի շրջափակման հարցին մէջ: Քաղաքականութիւնը կաղապարներու չի հաւատար: Ճկունութիւն պէտք է ունենանք: Եթէ 30 տարի վարեցինք երկու կողմը գոհացնող քաղաքականութիւն, պատերազմի ժամանակ չենք կրնար շարունակել նոյն երկդիմի քաղաքականութիւնը: Այս մէկը պէտք է հասկնան բոլորը: Երբ ՆԱԹՕ-ի զէնքը ռուս զինուոր կը սպաննէ, մենք չենք կրնար անպատասխանատու գտնուիլ եւ մասնակցիլ այդ կազմակերպութեան ձեռնարկներուն, հաւկոյր ձեւանալով: Լսենք բոլորը, սակայն առնենք մեր ազգի գոյութեան պահպանումին ծառայող քայլեր:
Միշտ զատորոշենք ռազմավարականը մարտավարականէն: Ռազմավարութիւնը (strategy) երկրի մը հիմնական քաղաքական ուղղութիւնն է: Այս պարագային Ռուսիա հայ ժողովուրդի ռազմավարական դաշնակիցը եղած է դարերէ ի վեր. պատմական փաստերը վկայ, իր շահին համար եւ հակառակ կարգ մը բացթողումներու կարգ մը երախտամոռ ռուս դիւանագէտներու կողմէ: Մարտավարութիւնը (tactics) ներկայիս Ռուսիոյ վարած քաղաքականութիւնն է Թուրքիոյ հանդէպ: Ռուսիա շատ լաւ գիտէ Թուրքիոյ ռազմավարական ուղղութիւնը, որ միշտ Արեւմուտքին հետ եղած է եւ Ռուսիոյ դէմ: Ներկայիս Ռուսիա կ'օգտուի Թուրքիոյ դէպի Ռուսիա բացուելու մարտավարութենէն, տնտեսական պատճառներով: Չուզեր բախում ունենալ անոր հետ: Այս է իրականութիւնը: Երեւոյթներէ չխաբուինք, այլ միշտ հաւատանք գործին եւ ոչ թէ խօսքին: Գիտնանք ճշմարտութիւնը եւ ան պիտի ըլլայ մեր ուղեցոյցը ու պիտի տայ կամքը աշխատելու շրջանի ժողովուրդներու արդար խաղաղութեան հասնելու համար: Փնտռենք ճշմարտութիւնը վերլուծելով պատմութիւնը եւ ոչ թէ տարուելով մակերեսին երեւցող պատկերէն, որ շատ անգամ խաբուսիկ է:
ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
Պէյրութ
Աղբիւրներ`
1.ՙՀայկական Հանրապետութեան ՙՆերքին Սահմաններու՚ Հարցը՚, Գերսամ Ահարոնեան, ՙԶարթօնք՚ օրաթերթ
2.Արայիկ Սարգսեան, հայ մեծ ռազմագէտ, քաղաքական վերլուծաբան եւ Հետազօտական Կեդրոնի անդամ