top of page
Baikar Blue logo.png

ՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ` ՕՏԱՐՆԵՐՈՒՆ

Հայերս փոքր ժողովուրդ մըն ենք, մեր թուահամարէն աւելի խնդիրներով ու կարիքներով: Մեր ազգին մէջ չեն պակսիր բարեպաշտ եւ բարերար ազգայիններ որոնք կը նուիրաբերեն հանրային եւ ազգային նպատակներու համար: Սակայն գոյութիւն ունի նաեւ երեւոյթ մը որ կը մնայ դժուար բացատրելի, բայց ոչ խորհրդաւոր. օրինակ այն հայ բարերարները որոնք միջազգային չափանիշներով հարստութեան տէր կը դառնան` իրենց կեանքի թողօնը, իրենց կտակը կը ժառանգեն օտարներու: Այդ բարերարները անպայման անտեղեակ մարդիկ չեն հայկական իրականութեան եւ նոյնիսկ կատարած են նուէրներ պարբերաբար հայկական ծրագիրներու եւ նպատակներու: Սակայն երբ կը հասնի պահը իրենց հարստութեան յետ մահու ճակատագիրը որոշելու` անոնք կը նախընտրեն մեր ներազգայինէն աւելի լայն հորիզոններ:

Արդեօք երբեք ուսումնասիրութիւն մը կատարուա՞ծ է այս ուղղութեամբ պատասխաններ գտնելու: Արդեօք անոնք ծանօ՞թ են պատմութեան ընթացքին հայոց լքեալ գոյքերուն ու վախն ունին որ իրենց ժառանգութիւնը եւս կրնայ մատնուիլ կորուստի, ինչպէս պատահած է երբեմնի հայկական հարուստ գաղութներուն: Արդարեւ, անհաշիւ կորուստներ ունեցած ենք Նոր Ջուղայի, Հնդկաստանի եւ Լեհաստանի նման բարգաւաճ հայ գաղութներուն մէջ:

Գուցէ գոյութիւն ունին նաեւ այլ պատճառներ որոնք կը կարօտին քննարկումի. օրինակ, Ամերիկայի մէջ հարստացած հայ մը կրնայ փափաքն ունենալ վերադարձնելու բարիքը այն երկրին` ուրկէ ստացած էր իր բարեկեցութիւնը: Ազնուական կեցուածք որ քննադատելի չէ երբեք:

Իսկ գալով այն հարցին թէ ինչո՞ւ այդ հսկայ գումարները չեն ժառանգուած Հայաստանին` պատճառը պարզ է որ երկար տարիներ չենք ունեցած անկախ Հայաստան մը նման մեծ նուիրատուութիւններ ընդունելու եւ կառուցային հաստատ միջոցներով ծառայեցնելու հանրային նպատակներու:

Իսկ այն օրը որ ունեցանք անկախ Հայաստան, անոր ծնունդը զուգադիպեցաւ պատերազմի եւ երկրաշարժի, եւ սփիւռքէն հասնող գումարներուն առաջին միլիոնը նախարար մը իւրացնելով փախաւ Իտալիա. այդ երեւոյթը արդէն ինքնին սահմանեց վստահութեան մակարդակը սփիւռքէն հայրենիք, յաջորդ երեսուն տարիներուն համար, եւ գուցէ նաեւ` աւելի:

Սակայն սփիւռքի կառոյցներն ու պատասխանատուները աւելի բարձր բարենիշներ չունին:

Հազիւ թէ ժողովուրդը շունչ մը առած էր եւ ձեռնարկած իր գլուխէն վեր ծրագիր մը իրականացնելու` յուսախաբութիւնը վրայ հասաւ. ակնարկութիւնը Ուաշինկթընի մէջ կառուցուելիք ցեղասպանութեան թանգարանի մը մասին է, որ պիտի ունենար թէ պատմական եւ թէ քաղաքական արժէք ու տարողութիւն. բարերարուհի մը - յիշենք անունը` Անոյշ Մաթէոսեան – տրամադրեց իր ամբողջ ունեցուածքը` 7.5 միլիոն տոլար. ուրիշ բարերարներ ալ միացան եւ հազիւ թէ ծրագիրը ճամբայ պիտի ելլեր` վրայ հասաւ խարդաւանքը եւ ծրագիրը ձախողութեան մատնուեցաւ:

Մենք այստեղ չենք կրնար պատճառներ եւ արդարացումներ ներկայացնել այն մեծ բարերարներու հաշուոյն որոնք կ'որոշեն իրենց թողօնը ուղղել հայկական ուղիներէ հեռու: Այստեղ նշուած օրինակները բաւարար են որ վստահութիւն չգոյանայ ազգային կառոյցներու մասին, հայրենիքէն ներս թէ` դուրս:

Այստեղ կ'ուզենք անդրադառնալ երեք բարերարներու պարագային: Երեքն ալ մտածող հայեր եւ գործնապէս հաստատած իրենց յանձնառութիւնը ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ, սակայն իրենց ժառանգութիւնը թողած են հայրենի ածուէն դուրս կառոյցներու:

Առաջինը Գալուստ Կիւլպենկեանն է, որուն թողօնը իր մահուան պահին (1955) կը տարուբերէր 280 միլիոն ամերիկեան տոլարի եւ 840 միլիոնի միջեւ: Պատճառը որ կարելի չէ եղած ճշգրտօրէն սահմանել այդ գումարը եղած է Կիւլպենկեանի խորամանկութիւնը տարբեր տարազներով կատարելու իր հաշիւները. մանաւանդ, որ այդ օրերուն գոյութիւն չունէին դրամատուներու ելեկտրոնային սարքերը. ըստ հրապարակուած տուեալներու Կիւլպենկեանի ժառանգութիւնը հասած է 8.6 միլիառ ամերիկեան տոլարի. թէեւ google-ի հաշուով Հիմնադրամին կը վերագրուի 3.9 միլիառ

Ինչպէս ծանօթ է` իր մահուընէ ետք իր փաստաբանը Պր. Փերտիկաօ հաստատեց Կիւլպենկեան Հիմնարկութիւնը եւ դարձաւ անոր նախագահը (1956-1993):

Գալուստ Կիւլպենկեան սատարած է Հայաստանին նոյնիսկ առաջին սովետական տարիներուն, բայց կարելի չէ ճշդել այդ օժանդակութիւնը ինչ չափով հասած է Հայաստան: Ան նոյնպէս օժանդակած է Երուսաղէմին եւ Ս. Էջմիածնին: Ան նաեւ վարած է նախագահութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (1930-1932). հարցումը միշտ մնացած է օդին մէջ թէ Կիւլպենկեան կրնա՞ր իր ժառանգութիւնը թողած ըլլալ Բարեգործականին, եթէ շարունակած ըլլար մնալ այդ պաշտօնին վրայ: Սակայն, ան հեռացաւ այդ պաշտօնէն հալածանքի ենթարկուած ըլլալով: Սակայն, իր հրաժարումն անգամ պատմութեան մէջ արձանագրուած է հայրենասիրական արարքով մը:

Արդարեւ, այդ օրերուն սովետները նախաձեռնեցին արշաւի մը Կիւլպենկեանը ներկայացնելով իբրեւ քափիթալիստ եւ իմփերիալիզմի գործակալ: Այդ արշաւին պարտաւոր էին միանալ Սովետական Հայաստանի ղեկավարները, որոնք սեւացրէքեան արշաւը իւրացուցին հայաստանեան մամուլին մէջ, այդքանով ալ չբաւականանալով գործի լծեցին ՀՕԿը (Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէն) որուն միջոցաւ ծաւալուն ազդեցութիւն ունէր Հայաստանի իշխանութիւնը սփիւռքի մէջ: Այդ պայքարին որոշ չափով մասնակից դարձաւ այդ օրերուն ՙհայրենասէր՚ պիտակուած մամուլը:

Կիւլպենկեանի տուած բացատրութիւնը իր հրաժարման պատճառներուն մասին վկայութիւն մըն է իր հայրենասիրութեան: Ան մօտաւորապէս հետեւեալ ձեւով բանաձեւած էր իր հրաժարականը. թէ` իմ ցանկութիւնս է որ իմ սիրած կազմակերպութիւնը շարունակէ սատարել իմ սիրած հայրենիքին. եւ քանի որ իմ անձս դարձած է խնդրոյ առարկայ` ես կը հեռանամ որ այդ յարաբերութիւնը շարունակուի:

Յաջորդ դէմքը, որ կրնանք իբրեւ օրինակ ներկայացնել` Քըրք Քըրքորեանն է: Աղքատ ընտանիքի զաւակ որ ինքնուս կերպով տիրապետած է ամերիկեան ներդրումներու շուկային, տիրանալով հսկայ հարստութեան:

Քըրքորեան ինքնուրոյն դէմք մըն էր եւ իր բարերարութիւններն ալ կը կատարէր իր նկարագրին համեմատ: Քըրքորեան մահացաւ 98 տարեկանին. ան չորս անգամ ամուսնացած ըլլալուն իր կտակը խնդրոյ առարկայ դարձաւ կարգ մը դատական հայցերու: Սակայն, ի վերջոյ մնաց 2 միլառ տոլարի ժառանգ մը, զոր իր խորհրդականները պիտի յատկացնեն բարեսիրական նպատակներու: Շնորհիւ բժիշկ Էրիք Իսրայէլեանի Քըրքորեանի կտակէն 20 միլիոնի գումարով մը հաստատուեցաւ Promise ծրագիրը Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, ուր բաժին մըն ալ տրամադրուած պիտի ըլլայ հայագիտական ծրագիրներու:

Քըրքորեան փորձեց կերպով մը վերականգնել 1930ական թուականներուն տապալած հայանպաստ ծրագիր մը – Ֆրանց Վերֆելի ՙՄուսա Լերան 40 օրերը՚ ֆիլմի վերամշակելու գաղափարը, զոր թուրքերը ձախողցուցած էին ատենին: 90 միլիոն տոլարի պիւտճէով պատրաստուեցաւ The Promise ֆիլմը որ մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորուեցաւ հայկական շրջանակներու կողմէ սակայն չունեցաւ այն յաջողութիւնը զոր արձանագրած էր հրէական ողջակիզման նուիրուած Schindler’s Listը, իւրաքանչիւր քաղաքական եւ հոգեբանական անյարիր նկատողութեանց պատճառաւ:

Հայաստանին անկախութենէն վերջ երբ կարգ մը բարերարներ մէկ կամ երկու միլիոն նուիրատուութիւններով յուշարձաններ եւ շքանշաններ կ'ակնկալէին Քըրքորեանի նուիրատուութիւնը կը կատարուէր հարիւր միլիոններով: Կարելի չէ ստուգել որ ինք գոհունակութիւն զգա՞ց իր նուիրաբերումով թէ ստացաւ յուսախաբութեան դասեր: Փաստը այն է որ իր 2 միլիառ տոլարի կտակը չթողուց Հայաստանին կամ հայութեան:

Էտուըրտ Աւետիսեան, Պոսթըն Սիմֆոնիի տաղանդաւոր clarinetisteը, ֆինանսական կամ տնտեսագիտական ոչ մէկ ուսում ունէր սակայն ան ինքնուս կերպով տիրապետած էր արժոյթներու շուկային (stock market) գիտութեան: Շնորհիւ իր խնայողութեանց ներդրումներուն Աւետիսեան յաջողած էր կուտակել 170 միլիոնի հարստութիւն մը: Ան ծանօթ էր հայկական կեանքի կարիքներուն: Ան պատկառելի գումարով մասնակցեցաւ Պոստոնի մէջ NAASRի նոր շէնքի ծրագրին, սակայն համեստօրէն ուզեց շէնքը նուիրուած տեսնել Վարդան Գրիգորեանի յիշատակին: Ան քանիցս այցելած էր Հայաստան եւ սատարած առատօրէն. այսպէս իր եղբօր Փարամազ Աւետիսեանի յիշատակին ձօնած էր մասնաշէնք մը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ. նոյնպէս դպրոց մը նուիրած Հայաստանի Յաղթանակ գիւղին մէջ իր ծնողաց յիշատակին: Գնահատանքը չէր պակսած Աւետիսեանին. ան ստացած էր պետական պատիւներ եւ շքանշաններ: Իր մահուընէ քանի մը ամիս առաջ Աւետիսեան որոշեց իր հարստութենէն 100 միլիոն տոլար նուիրել Պոստոնի Համալսարանի բժշկական բաժինին, ի պատիւ իր մտերիմ ընկերոջ` Տոքթ. Չոպանեանի:

Այդ նուիրատուութիւնը զուգադիպեցաւ այն օրերուն երբ Հայաստան յաջողեցաւ 250 միլիոն տոլարի զէնք գնել Հնդկաստանէն, կանխելու համար իր գոյութեան դէմ սպառնացող վտանգները: Շատերու միտքէն անցաւ որ 100 միլիոն տոլար մըն ալ կրնար կենաց-մահու տարբերութիւն նշանակել Հայաստանի համար: Սակայն, բարերար Աւետիսեան, այլ կերպ եւ ինքնուրոյն կերպով տնօրինած էր իր թողօնին ճակատագիրը:

Այս օրինակներուն դիմաց գուցէ ոմանք փորձուին հակադրել Ռուբէն Վարդանեանի պարագան: Այս վերջնոյն հարստութիւնը կը գնահատուի 1.3 միլիառ տոլար: Սակայն, Ռուբէն Վարդանեան իր հարստութիւնը չէ որ նուիրաբերեց Արցախին: Այլ այդ հարստութիւնը ետին թողած` նուիրեց իր անձը, որ հոգեբանական կերպով կրնայ գոհունակութիւն պատճառել իրեն, սակայն շուկայական արժէքով կենսական շրջադարձ մը չի բերեր Արցախի իրավիճակին:

Այս բոլորը երեոյթներ են որոնք կը կարօտին լուրջ քննութեան եւ վերլուծման: Արդեօ՞ք հայութիւնը հաւաքաբար պատասխանատու է այս երեւոյթին թէ բարերարներն են որոնք տարբեր մտածելակերպով կը սատարեն, երբեմն, ընդհանուր մարդկութեան բայց ոչ ... մեր խեղճ ազգին:

bottom of page