top of page
Baikar Blue logo.png

ՈՒՔՐԱՆԻԱՆ ՏԵՂՔԱՅԼԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ Եւրոպան տենդագին կը շարունակէ զանգուածային զէնք եւ զինամթերք հայթայթել Ուքրանիոյ: Զուգահեռաբար արեւմուտքը շարունակաբար տնտեսական աննախընթաց պատժամիջոցներ կը տնօրինէ Ռուսական Դաշնակցութեան դէմ` Ուքրանիոյ վրայ Քրեմլինի շղթայազերծած արշաւանքին պատճառով:

Ռազմադաշտին վրայ, հակամարտող ոյժերը տակաւին չեն կարողացած զգետնել հակառակորդը: Հակառակ այն բացայայտ իրողութեան որ Ուքրանիան շարունակաբար կը ստանայ յատկապէս արդիական զինուորական սարքաւորումներ եւ կը վայելէ ընդյատակեայ ռազմագիտական, լրտեսական աջակցութիւնը արեւմուտքին, մասնաւորաբար Անգլիոյ, ինքնապաշտպանութեան դիրքերէն անդին յաջողած չէ անցնիլ: Միւս կողմէ, ռուսական բանակը դանդաղօրէն կը յառաջանայ գրաւելով նոր աւաններ եւ թիրախաւորելով Տոմպասեան մեծ քաղաքներ: Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին դարձած է Ամերիկայի պաշտամունքի առարկան: Երբ ան յամառօրէն կը մերժէ լուրջ բանակցութիւններ վարել գրաւեալ ոյժերուն հետ, Ամերիկայի համար Եւրոպայի դուռը աւելի լայն կը բանայ: Միայն քանի օրեր առաջ Ուաշինկթըն կը յայտարարէր թէ Լեհաստանի հետ համաձայնութեան յանգած է Ուքրանիոյ սահմանակից եւ ցուրտ պատերազմի ընթացքին Մոսկուայի արբանեակ այս երկրին մէջ, զինուորական մնայուն խարիսխ հաստատել: Ցարդ ԱՄՆ-ը այս երկրագունդին վրայ, տարբեր երկիրներու տարածքին` ունի աւելի քան 125 զինուորական մնայուն խարիսխներ: Ուքրանիոյ պատերազմը նաեւ ճնշումի տակ դրած է Գերմանիան` զինուորական իր պիւտճէն բարձրացնելու եւ նիւթական շատ աւելի մեծ ներդրումներ կատարելու ինքնապաշտպանութեան ոլորտէն ներս: Առ այդ, երբեմնի հզօր Գերմանիան ներկայիս Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ բանակցութեանց մէջ է հակօդային իր ոյժերը արդիականացնելու համար:

Աներկբայօրէն պէտք է ընդունիլ թէ ռուսական նախայարձակումը Ուքրանիոյ վրայ խտացուց ՆԱԹՕ-ի շարքերը եւ առիթ ընծայեց զինուորական ուխտերէ ցարդ հեռու մնացած հիւսիս եւրոպական երկու երկիրներու` Շուէտի եւ Ռուսիոյ սահմանակից Ֆինլանտայի առաջարկել մաս կազմել Ատլանտեան ուխտին: Ճիշդ է թէ ՆԱԹՕ-ն վերաշխուժացած է եւ վճռակամ` կþուզէ զսպել ռուսական յառաջխաղացքը Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ: Ինչպէս ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Զօր. Օսթին վերջերս յայտարարեց. ՙՄենք պիտի տկարացնենք Ռուսիան այնքան, որ ան անկարող ըլլայ ապագայ որեւէ նախայարձակում կատարելու՚: Անկախ զինւորական մեկնաբաններ կը պնդեն թէ հակառակ Ուքրանիոյ հայթայթուած զինուորական առատ եւ արդիական զինուորական օժանդակութեան` Քիեւը ցարդ յաջողած չէ կասեցնել ռուսական բանակին դանդաղ սակայն յարաճուն յառաջացումը` այս երեւոյթը ինքնին համեստ յաղթանակ մըն է Քրեմլինին Հաւաստի զինուորական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ երբ յատկապէս Լեհաստանի հողատարածքէն զինուորական օժանդակութիւնը կը փոխադրուի արեւմտեան Ուքրանիա կամ ուքրանական տարբեր զինուորական խարիսխներ, ռուսական հեռահաս հրթիռները կը կործանեն զանոնք, ուր որ հնարաւոր է:

Աշխարհաքաղաքական պրիսմակէն դիտելով, արեւմուտքի անդուլ ճիգերը տնտեսապէս եւ քաղաքական գետնի վրայ մեկուսացնելու Քրեմլինը` ցարդ մնացած են անիրագործելի: Ուքրանական պատերազմի առաջին հարիւր օրերուն, երբ ծանր տնտեսական պատժամիջոցներ որդեգրուեցաւ Ռուսիոյ դէմ, այս վերջինը օրական մէկ միլիառ տոլար վաստկած է ծախելով ոյժանիւթ` քարիւղ (սեւ ոսկի), բնական կազ եւ ածուխ: Այս արտածումներուն կարեւոր մէկ մասը ղրկուած է Չինաստան եւ Հնդկաստան, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներ: Յատկապէս Նիւ Տելհին տնտեսական իր կապերը զօրացուցած է Մոսկուայի հետ, բոլորովին անտեսելով Ուաշինկթընի ազդարարութիւնները: Ինչպէս Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը վերջերս յայտարարեց. ՙՄենք որոշումներ կþառնենք առաջնորդըւելով մեր երկրին գերագոյն շահերէն՚: Յատկանշականօրէն ան աւելցուցած է. ՙԵւրոպան իր հարցերը պէտք չէ արտածէ աշխարհին՚:

Ռուսիոյ քաղաքական կղզիացումը կը մնայ խնդրական Արեւմուտքի համար: Ոչ ափրիկեան, ոչ հարաւ-ամերիկեան եւ ոչ ալ ասիական երկիրներ բացայայտօրէն քննադատած են Ուքրանիոյ դէմ ռուսական նախայարձակումը: Այս ցանկին վրայ աւելցնելու է նաեւ Միջին Արեւելեան երկիրները` ներառեալ Իսրայէլը, Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը:

Հոս անհրաժեշտ է ընդգծել այն իրողութիւնը որ երբ Միացեալ Արաբ Էմիրութեան միամսեայ նախագահութեան շրջանին, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդը կը քննարկէր Ուքրանիոյ տագնապը, որուն յաջորդեց Ռուսիան բիրտօրէն քննադատող անկլօ-ամերիկեան բանաձեւ մը, Միացեալ Արաբ Էմիրութեան ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն ներկայացուցիչ դեսպանուհի տիկ. Զաքի Նուսէյպէ դէմ քուէարկեց յիշեալ բանաձեւին, ձախողութեան մատնելով անոր որդեգրումը:

Նախկին Պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըր բազմաթիւ ելոյթներու ընթացքին, իր խոր վերապահութիւնը արտայայտած է Ռուսիան մեկուսացնելու ցարդ ամուլ այս փորձին: Ան քանիցս յիշեցուցած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի նորելուկ քաղաքական գործիչներուն, թէ Ռուսիան աշխարհի ամենածաւալուն երկիրն է եւ առ այդ վերջին չորս հարիւր տարիներուն անբաժանելի մասն է եղած Եւրոպայի, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս: Քիսինճըր կը պնդէ թէ Ռուսիան կղզիացնելու փորձը պիտի նշանակէ Չինաստանի համար ամրոց մը ունենալ Եւրոպայի մէջ: Յիրաւի, Ռուսիան չափազանց հարուստ է բազմապիսի բնական հարստութիւններով, ինչպէս քարիւղ, ոսկի, ադամանդ, զէնք, եւ այլն, եւ օժտուած է զարգացած բնակչութեամբ, հետեւաբար, ճերմակ եւ քրիստոնեայ այս բազմաշատ եւ ընդարձակ, հարուստ երկիրը գրեթէ անկարելի է կապանքի տակ դնել:

Ուքրանական պատերազմին շարունակութիւնը պարզապէս աւելի կործանում պիտի պատճառէ երկրին: Արդէն իսկ ճարտարարուեստի օրրանը հանդիսացող գօտին, Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը` Տոմպաս, ուր բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ ռուսախօս է եւ կը հետեւի Ուղղափառ քրիստոնէական հաւատքին, աւելի քան ինիսուն առ հարիւր տոկոսով ռուսական ոյժերուն ենթակայ է:

Անցեալ Մայիսին նախագահ Փութին յատուկ հրամանագրով մը ռուսական անցագիր ունենալու իրաւունք շնորհեց բոլոր այն բնակիչերուն, որոնք Ռուսիոյ կողմէ գրաւուած հողատարածքներուն վրայ կ՛ապրին` Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը: Քրեմլինը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ընդհուպ ներգրաւելու համար այս հողերը եւ բնակչութիւնը` Ռուսաստանին: Արդէն իսկ ռուսական դրամանիշը շրջագայութեան դրուած է, ռուսական հեռուստատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանները հոն կը գործեն եւ մանաւանդ ռուսական օրէնքները սկսած են գործադրութեան դրուիլ: Մէկ առ մէկ ռուսական գրաւեալ զօրքերը սկսած են փոխարինել իրենց հսկողութեան տակ գտնըւող բոլոր այն քաղաքապետներն ու քաղաքապետութեանց պաշտօնեաները, որոնք տակաւին հաւատարիմ կը մնան Քիւեի կեդրոնական կառավարութեան: Ուքրանական որոշ լրատու աղբիւրներ կը պնդեն, թէ Ռուսիան շուտով հանրաքուէ մը պիտի կազմակերպէ ուր բնակիչները պիտի որոշեն Ռուսիոյ Դաշնութեան մաս կազմել` կամ ոչ:

Նախայարձակ բանակը, այս պարագային ռուսական բանակը, միշտ աւելի կը տուժէ, քան ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ գտնուող բանակը, այս պարագային Ուքրանիան: Քիեւի ուժերը սակայն չեն յաջողած որեւէ նշանակելի յաջողութիւններ արձանագրել ցարդ: Ինչպէս Ֆրանսայի նախկին նախագահ Չարլզ Տը Կոլ կը սիրէր կրկնել ՙԼաւագոյն պաշտպանութիւնը` լաւագոյն յարձակումն է՚: Ուքրանիան տակաւին սառած կը մնայ պաշտպանողական դիրքերու վրայ, այնուհանդերձ շատերու կարծիքով կասկածելի թիւեր եւ տուեալներ կը հրապարակէ ռուսական բանակի կորուստներուն առնչութեամբ:

Այսպէս, ուքրանական կիսապաշտօնական զինուորական լրատու գործակալութիւն մը, Ուքրինֆորմ, կը հաւաստիացնէ թէ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ Յուլիս 3 ռուսական բանակը 35,970 զինուոր, 1584 հրասայլ, 187 ինքնաթիռ, 3744 զրահապատ կառքեր եւ 2.618 զինուորական բեռնակառքեր կորսնցուցած է: Միւս կողմէ, նախագահ Փութինի մօտիկ,  հեռուստատեսիլի խօսնակ մը անցեալ շաբաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին ռուս ունկնդիրները հաւաստիացուցած է ռուսական բանակը իր ընդհանուր ոյժերուն միմիայն 18 առ հարիւրը գործողութեան մղած է Ուքրանիոյ մէջ:

Այս պատերազմը պիտի տեւէ առնուազն մինչեւ տարեվերջ եւ թշնամութիւնները ռազմական գործողութիւնները կրնան վերջ գտնել միայն բանակցութեամբ եւ երկու հակամարտ ուժերը համաձայնութեան մը յանգելով:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նիւ Եորք

bottom of page