Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ
ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԳՐԻՆ
Անել կացութեան մը դիմաց` ազգովին լծուած ենք փնտռտուքի ելք մը գտնելու ճիգով: Գուցէ այսպիսի տուայտանքի եւ երկընտրանքի դիմաց գտնուծ են Հայաստանի իշխանաւորները երբ որոշեցին Անիի բանալիները յանձնել Բիւզանդիոնին: Եւ ահա հազարամեակէ մը վերջ դարձեալ ճակատագրական նոյն հանգրուանին առջեւ կը գտնուինք:
Անոնք որ Երեւանի պողոտաներէն կ'անցնին հաւանաբար չանդրադառնան թէ այս շէնշող քաղաքին ետեւ կը սողայ դառն ճակատագիր մը. լինելու եւ չլինելու հարցականը եւ հետեւաբար բոլորին կը յուշէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ատենի զգուշացումը թէ` ՙլրջանալու պահն է՚:
Ամէն պատասխանատու անձ տագնապի մէջ է, սակայն այնպէս կը թուի թէ ոչ ոք ունի յոյսի բանալին:
Չէին բաւեր կարծէք մեր մարդկային ու հողային կորուստները 44օրեայ պատերազմին` այսօր կը գտնուինք ստոյգ վտանգի առջեւ` ամբողջ հայրենիք մը կորսնցընելու:
Այս տագնապին հաւանական հետեւանքներէն մէկն է, վստահաբար, այն մթնոլորտը ուր ներքին բեւեռացումը արդէն աւելորդ պերճանքի մը կը վերածուի:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 13ի աղէտալի բախումներուն յաջորդ օրն իսկ յայտարարեց թէ ինք պիտի ստորագրէ ՙխաղաղութեան դաշնագիր մը՚ որուն համար պիտի որակուի դաւաճան: Սակայն, յաջորդ օրն իսկ յայտարարեց թէ նման փաստաթուղթ գոյութիւն չունի:
Իշխանութիւնները պարբերաբար կը համախմբեն արտախորհրդարանական ոյժերը որոշ խորհրդակցութեան: Սակայն, այդ ոյժերը, առաւել կամ նուազ չափով իշխանութեան արբանեակներն են, որովհետեւ խորհրդակցիլը տակաւին դարման մը չէ առկայ բեւեռացումը վերացնելու: Ամէն ոք գիտակցած է ալ որ այս պահուն պէտք է խորհրդակցին եւ համախոհ դառնան ոչ միայն իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը, այլ բովանդակ աշխարհի հայութիւնը սփիւռքով եւ Արցախով: Դժբախտաբար իշխանաւորներու ինքնագոհ վիճակը տակաւին յոյս չի ներշնչեր այդ ուղղութեամբ: Պատերազմին պատճառը նախորդ իշխանութեանց վերագրելն ալ արդարացում մը չէ եւ ոչ ալ կրնայ դարման մը բերել կացութեան:
Այո, ճիշդ է նախորդները տեսան իրենց աչքերով որ 1994ի հրադադարէն ի վեր Ատրպէյճան սկսած էր զինուիլ` իր վրէժը լուծելու մտադրութեամբ եւ համապատասխան քայլերու չդիմեցին: Աւելին` Ռուսաստանի դաշնակցային երաշխիքին ապաւինեցան, առանց անդրադառնալու որ Ռուսաստանն ալ կրնար օր մը անկարող դառնալ իր դաշնակցային յանձնառութիւնները իրականացնելու, ինչպէս պատահեցաւ Ուքրանիոյ աննախատեսելի պատերազմին պատճառով:
Իսկ ՙԹաւշեայ Յեղափոխութեան՚ ասպետները հաւատացին որ իրենց համբակ վիճակը դիւանագիտութեան եւ պետականաշինութեան մէջ բաւարար պիտի ըլլար երկիրը առաջնորդելու դէպի խաղաղ եւ ապահով ապագայ:
Նոր իշխանութեան կարճատեսութեան եւ տհասութեան վկայութիւններէն մէկն էր եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մայր Աթոռի հանդէպ արհամարանքը. աւելին` կազմակերպուած հալածանքն ու թշնամանքը, առանց իրենց քիթէն անդին նայելու թէ Ռուսաստանի եւ Վրաստանի իշխանութիւնները, վեր բռնելով իրենց պատրիարքներու հեղինակութիւնը, կ'ամրացնեն իրենց դիրքերը ժողովրդային խաւերու մօտ:
Ուրեմն, այսօր հիներով եւ նորերով համարատու ենք պատմութեան առջեւ, եթէ չյաջողինք խուսափիլ այս գոյութենական վտանգէն:
Այս կացութեան մէջ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահները, որոնք, ի դէպ, իրարու մէջ բազում տարակարծութիւններ ունին, որոշած են ի մի գալով Մայր Աթոռի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունենալ:
Ի դէպ, իշխանամէտ մամուլը յաճախ կը քարկոծէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը որ ՙժողովուրդի կողքին չի կանգնիր՚: Առ ի գիտութիւն յայտնենք որ Վեհափառը նախաձեռնութիւնը կը վերցնէ զանգահարելու վարչապետին հարց տալու թէ եկեղեցին ինչպէս կրնայ սատարել այս կացութեան դարմանումին, եւ վարչապետին գրասենեակը լկտիաբար չի վերցներ հեռախօսի ընկալուչը:
Նախկին նախագահներու հանդիպումը Էջմիածնի մէջ աւարտեցաւ կարճ լրատւութեամբ մը, որ խորքին մէջ ոչինչ կը պարունակէր: Միայն կը տեղեկացուէր որ անոնք կրկին պիտի հանդիպին շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները:
Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն իրար մօտեցնելու միտումով կազմակերպուած այս խորհրդակցութիւնը պարզեց որ նախկին ղեկավարները տակաւին իրենք տարակարծութիւններ ունին իրարու մէջ, ինչպէս պարզուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիստներէն, ինչպէս նաեւ Սերժ Սարգսեանի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Սակայն, նախքան անոնց արտայայտուիլը, իշխանամէտ մամուլն ու լրատուամիջոցները սկսան պարսաւել նախկին նախագահները, իրենց նախաձեռութեան համար, փոխանակ իմանալու անոնց դրդապատճառներն ու մտահոգութիւնը` այսօրուան իրականութեան դիմաց:
Օրինակ, իշխանամէտ մեկնաբան Յովսէփ Խուրշուտեան յայտարարեց որ այդ հաւաքէն ՙպետական յեղաշրջումի հոտ կու գայ՚: Իսկ նոյն խմբակէն Ազատ Արշակեան մեղադրեց նախկին նախագահները որ փոխանակ օրուան նախագահին` Վահագն Խաչատուրեանի գրասենեակին մէջ հաւաքուելու` ընդառաջած էին Վեհափառի կոչին, կարծէք թէ նախագահ Խաչատուրեան պատրաստ էր զիրենք ընդունելու:
Նախկին նախագահներու դիրքորոշումները – եւ հետեւաբար` տարբերութիւնները – դրսեւորուեցան իրենց ելոյթներուն ընթացքին:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան խիստ յոռետեսական դիրքաւորում մը ունի. ան կը կանխատեսէ որ Փաշինեան, բոլոր պարագաներու ներքեւ, անձնատուութեան (կապիտուլյացիա) փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրէ եւ առաջարկեց որ բոլոր նախագահները կանգնին Նիկոլի կողքին եւ կիսեն ստորագրուածին պատասխանատուութիւնը:
Քոչարեանը չէր կիսէր Տէր Պետրոսեանի յոռետեսութիւնը եւ կը խորհի թէ պայքարելով կարելի է ելքեր գտնել, միաւորելով ոյժերը (կոնսոլիտացնել): Քոչարեան չբացաւ փակագիծները մատնանշելու ճիշդ լուծումը, կարծէք հասկցնելով որ քանի տակաւին ինք իշխանութեան ղեկին չէ` ի վիճակի չէ գործադրելու իր հնարաւորութիւնները:
Երրորդ նախագահը` Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ աւելի զգօն ելոյթով մը, ըսելով. ՙԱռողջ դատող քաղաքական ոյժերը, հասարակական քաղաքական միաւորումները պէտք է շարունակեն ամենօրեայ աշխատանքով հասարակութեան մէջ արթուն պահել պայքարի ոգին՚:
Այս անգամ, բացառաբար նախկին նախագահները իրարու նկատմամբ վիրաւորական արտայայտութիւն չունեցան, ոչ ալ վարկաբեկիչ ակնարկներ ըրին իշխանութեան, հաւանաբար ի մտի ունենալով կացութեան լրջութիւնը:
Երբ նախագահները կը պատրաստուին երկրորդ հանդիպման, Էջմիածնի մէջ, տակաւին նախանշաններ չկան ընդդիմութիւն իշխանութիւն մերձեցման: Ընդհակառակն, իշխանամէտ շրջանակներ սուր ակնարկութիւններով կը փորձեն վիժեցնել այդ մերձեցումը, այն յաւակնութեամբ որ իշխանութիւնները ունին բաւարար ոյժ եւ փորձառութիւնը կացութիւնը առանձինն դիմակայելու:
Ինչպէս Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը պնդէ` միայն Փաշինեանն է որ ունի ամբողջական տեղեկութիւնը որ կը գտնուի առաջարկուած փաստաթուղթին մէջ: Սակայն, քովնտի տեղեկութիւնները համադրելով կարելի է եզրակացնել որ Հայաստան կը գտնուի երկու լուրջ երկընտրանքներու առջեւ. կամ կը համակերպի մէկին` փրկելու համար միւսը եւ կամ տանուլ կու տայ երկու ճակատներուն վրայ:
Առաջին պայմանը` խաղաղութեան դաշնագիր մըն է որ կը պահանջէ Հայաստանէն ամբողջութեամբ հրաժարիլ Լեռնային Ղարաբաղէն` ընդունելով որ ան մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջութեան: Երկրորդը` Զանգեզուրի Միջանցքն է, որ եթէ տրուի Ատրպէյճանի պայմաններով, պիտի կիսուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Հարցը այն է որ եթէ Հայաստան համակերպի առաջինին, պիտի կրնա՞յ փրկել երկրորդը:
Դիտելով քաղաքական զարգացումները կը պարզուի որ հակառակ Արեւմուտքի ճնշումներուն, հակառակ ուղիղ կոչերուն Անթոնի Պլինքընի եւ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողմէ որ Ատրպէյճան իր ոյժերը պէտք է ետ քաշէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն, Պաքու ոչ մէկ նշան կու տայ համակերպելու այդ կոչերուն լաւ իմանալով որ Ամերիկա եւ Ֆրանսա կրնան միայն ՙփափուկ ոյժ՚ (soft power) գործածել, եւ անոնք զօրք պիտի չիջեցնեն Հայաստանի սահմանին` ետ մղելու համար ատրպէյճանական ոյժերը:
Միեւնոյնն է պարագան Իրանին: Տակաւին նոր, ՄԱԿի 77րդ նիստի շրջանակներուն մէջ Իրանի նախագահը` Ռայիսի եւ արտաքին գործոց նախարարը Ատուլլահեան կրկնեցին որ Կովկասի մէջ ոեւէ սահմանային փոփոխութիւն` կարմիր գիծ է Թեհրանի համար: Իրան նոյնպէս զօրք տեղակայած է Հայաստանի սահմանին վրայ: Սակայն պարզ է որ Իրան ռազմական բախումի պիտի չդիմէ Ատրպէյճանի հետ, Հայաստանի սիրոյն, մանաւանդ գիտակից է որ նման բախում մը քաղաքական թակարդ մը պիտի ըլլայ իրականացնելու երկարամեայ ծրագիր մը Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Ամերիկայի կողմէ` Իրանի իշխանութիւնները տապալելու եւ երկիրը անդամահատելու:
Հետեւաբար նախագահ Ալիեւ գիտէ տեսակատար կշիռը այս ճնշումներուն եւ կը շարունակէ մարտահրաւէր կարդալ այդ կողմերուն:
Կը մնայ Ռուսաստանի պարագան որ միակ կողմն է որ կրնայ ոյժ բանեցնել հեռացնելու համար սպառնալիքները, մանաւանդ որ դաշնակցային պայմանագրութիւն ունի Հայաստանի հետ:
Սակայն, Ռուսաստան հասկնալի պատճառներով լռութիւն կը պահէ` անհանգըստութիւն պատճառելով Հայաստանին: Մոսկուա չ'ուզեր երկրորդ ճակատ մը բանալ Կովկասի մէջ: Հետեւաբար լռութիւն կը պահէ Ալիեւի եւ Էրտողանի պնդումներուն դիմաց որ Հայաստան պէտք է բանայ Զանգեզուրի Միջանցքը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դաշնագրի սահմաններուն մէջ:
Սեպտեմբեր 13-14ի բախումներուն առիթով ՀԱՊԿի կողմէ պատուիրակութիւն մը ղրկուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ քննութիւններ կատարելու, այդ կազմակերպութեան ընդհ. Քարտուղարին` Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորութեամբ:
Փաշինեան իր դժգոհութիւնը յայտնելու համար ՀԱՊԿի կրաւորական կեցուածքին նկատմամբ մերժեց հանդիպիլ Զասին: Ան նոյնպէս ՄԱԿի ամպիոնէն իր դժգոհութիւնը յայտնեց ռուս խաղաղապահներու կեցուածքին նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց միջազգային խաղաղապահ ոյժերու հրաւիրման: Նոյնպէս Հայաստանի պաշտօնական դէմքեր սկսան հրապարակաւ քննել ՀԱՊԿէն հրաժարելու Հայաստանի հնարաւորութիւնները:
Այս բոլորը ազդանշաններ էին Մոսկուայի համար որ վտանգուած է իր հակակշիռը կովկասեան աշխարհամասին մէջ:
Երկար լռութիւն պահելէ ետք Ալիեւի պահանջներուն դիմաց` Մոսկուա վերջապէս վերստին հաստատեց իր դիրքորոշումը միջանցքի կապակցութեամբ: Արդարեւ, Ալեքսէյ Օվերչուք, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետը, վերջերս հանդէս գալով վերստին հաստատեց իր եւ Լաւրովի կողմէ տրուած երաշխիքները թէ բացուող ճամբաներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հակակշիռը պիտի շարունակուի կառավարուիլ համապատասխան իշխանութեանց կողմէ: Կը նշանակէ որ Մոսկուա պիտի շարունակէ պաշտպանել Հայաստանի իրաւունքը հակակշռելու միջանցքի տնօրինումը:
Եթէ ենթադրենք որ ժամանակաւորապէս հեռացած է վտանգը միջանցքէն, տակաւին կը մնայ Արցախի հարցը, որ լեղի դեղահատ մըն է դժուար կլլելիք:
Պէտք է յիշենք որ ոեւէ դաշնագրի կնքումի պարագային Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի չհրաժարին իրենց դարաւոր երազներէն եւ պատեհ առիթին` դարձեալ հրապարակ պիտի հանեն այդ ծրագիրները: Ատոր յստակ օրինակը Անքարայի պահանջն է այսօր վերաքննելու 1923ի Լոզանի դաշնագիրը` իր հակակշռին տակ բերելու Եգէական ծովու յունական կղզիները:
Հայաստան կանգնած է ճակատագրական փաստաթուղթ մը ստորագրելու սեմին: Նիկոլ Փաշինեան չի կրնար եւ պէտք չէ ըլլայ այն անձը որ առանձին ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը պատմութեան դիմաց:
Հետեւաբար, համազգային զօրակոչի պահն է: