top of page
Baikar Blue logo.png

ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՅՏԸՆ ԵՒ ՌԻԱՏ, ՌԱՄԱԼԼԱ

ԵՒ ԹԵԼ ԱՒԻՒ ԱՌԱՆՑՔԸ

Երկար տատամսումներէ, մտմտուքներէ եւ խարխաբումներէ ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վերջապէս որոշեց այցելել Սէուտական Արաբիա, դէպի Միջին Արեւելք իր կատարած պաշտօնական առաջին այցելութեան ծիրէն ներս:

Պաշտօնական այս շրջապտոյտին երեք հանգրուաններն ալ լեցուն են բարդ հարցերով եւ հակասութիւններով, որոնք բնականաբար տեղ պիտի չգտնեն օրակարգի վրայ:

Իսրայէլի մէջ, նախագահ Պայտըն պիտի շեփորէ ԱՄՆ-Իսրայէլ ՙանքակտելի՚ կապերը: Անկասկած ան շռայլօրէն պիտի փառաբանէ Ամերիկա-Իսրայէլ սերտ յարաբերութիւնները երեւակայելի ամէն բնագաւառներէ ներս, ի մտի ունենալով յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Ներկայացուցիչներու Տան, Ծերակոյտի եւ կառավարիչներու ընտրութիւնները: Ան անկասկած ոչ մէկ ակնարկութիւն պիտի ընէր պաղեստինցի ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներու յարատեւ բռնաբարման, անոնց սեփական եւ պապենական հողերուն անարդար գրաւման (յափշտակման), ինչպէս նաեւ աւելի քան տասը հազար պաղեստինցի բանտարկեալներու նկատմամբ Իսրայէլի կողմէ ցոյց տրուած անմարդկային վերաբերմունքին նկատմամբ, վկայութեամբը միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու տարեկան տեղեկագիրներուն:

Որքան տեղի կու տայ նախագահ Պայտըն` իսրայէլեան ոչ-հաշտարար դիրքորոշումներուն, ինչպէս մերժումը Թել Աւիւի, ամերիկեան կառավարութեան կողմէ տասնամեակներէ ի վեր պաշտօնապէս որդեգրուած ՙԵրկու Պետութիւն՚ լուծումին, Իսրայէլ այնքան աւելի կ՛անտեսէ եւ կ'արհամարէ զինք, հակառակ Իսրայէլը փառաբանող իր յայտարարութիւններուն:

Երբ Մյիսի 11-ի առաւօտեան գրաւեալ Պաղեստինի Ժենին քաղաքին մերձակայքը, իսրայէլեան բանակի քոմանտօներ գիտակցաբար փամփուշտի մէկ հարուածով սպաննեցին ՙԱլ Ժազիրա՚ հեռուստատեսիլի ընկերութեան վեթերան թղթակից Շիրին Ապու Աքլէն, Նախագահ Պայտըն օրերով լուռ մնաց: Յաջորդող օրերուն ամերիկացի թղթակիցներ յաճախ հարց տուին Ամերիկայի նախագահին, թէ Պետական պաշտօնատունը ի՞նչ դեր պիտի խաղայ ամերիկահպատակ պաղեստինցի լրագրողուհիին դէմ գործուած ոճիրին առնչութեամբ, նախագահը յոյս յայտնեց, թէ իսրայէլեան իշխանութեան կը վստահի արդարամիտ քննութիւն մը կատարելու:

Շիրին հերոսուհի մըն է ոչ միայն տառապեալ պաղեստինցի ժողովուրդին, այլ բովանդակ արաբական աշխարհին, իր յախուռն ելոյթներով: Նահատակ լրագրողուհին սերած էր պաղեստինեան քրիստոնեայ ականաւոր ընտանիքէ մը: Քստմնելի այս ոճիրէն ետք, միեւնոյն օրը յետմիջօրէին իսրայէլացի քոմանտոներ ներխուժեցին նահատակին տունը, խուզարկութեան համար եւ անամօթաբար յաջորդ օրը յարձակում գործեցին անոր թաղման թափօրին վրայ:

Արդեօք զարմանալի չէ որ այս մոլորակին վրայ դեմոկրասի եւ մարդկային իրաւունքներ քարոզող երկրին բարձրագոյն պաշտօնատարը քար լռութիւն որդեգրէ Շիրինի սպաննութեան շուրջ: Աւելի՛ն. զարմանալի չէ՞, որ սէուտցի յայտնի լրագրող Ատնան Քաշուկճիի սպաննութեան հարցով նախագահ Պայտըն մէկէ աւելի հրապարակային յայտարարութիւններով մեղադրած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանը Մոհամմէտ Պըն Սալման եւ ահա կը մեկնի Ռիատ իր հետ պաշտօնական տեսակցութիւն եւ լուրջ  խորհըրդակցութիւններ ունենալու համար:

Դժբախտաբար վեհ սկզբունքներու բացայայտ զիջում մը կայ հոս, մարդկային արժէքներու գահավէժ անկում մը եւ աժան շահերու յաղթանակը` արդարամտութեան դէմ:

ՙԱլ Ժազիրա՚ համա-արաբական հեռուստատեսիլի ընկերութեան յայտնի քաղաքական մեկնաբան Մարուան Պշարա Յուլիս 11-ի վերլուծականով մը, մասնաւոր գրի առնուած նախագահ Պայտընի Իսրայէլ այցելութեան շուրջ կը նշէ. ՙԻսրայէլ միակ ՙարեւմտեան երկիր՚-ն է, ուր Պայտըն նուազ ժողովըրդականութիւն կը վայելէ քան իր նախորդը` նախկին նախագահ Թրամփ, հակառակ այն ակնյայտ իրողութեան, որ իր քաղաքական վարքագիծը յար ու նման է իր նախորդին. Իրանի հետ կորիզային համաձայնութիւնը լքուած, սէուտցիք ընդունելի են եւ մարդկային իրաւունքները լուսարձակի տակ՚:

Մարուան Պիշարայի գնահատումով նախագահ Պայտընի Իսրայէլ-Սէուտական Արաբիա այցելութեան առաջնահերթ նպատակը կը կազմէ առաւել ամրապնդել Իսրայէլի ապահովութիւնը համագործակցութիւն ստեղծելով Արաբական Ծոցի երկիրներուն հետ:

Հոս կ՛արժէ յիշել, թէ Արաբական Ծոցի բոլոր երկիրները անխտիր` կը հիւրընկալեն տարբեր տարողութեամբ ամերիկեան զինուորական խարիսխներ` ցամաքային, օդային եւ ծովային:

Հասկնալիօրէն այս ռազմավարութեան միակ նշանակէտն  է փորձել նսեմացնել կամ բոլորովին չէզոքացնել Իրանի գործունէութիւնը այս աշխարհամասէն ներս:

Նախագահ Պայտընի Ռամալլա պաշտօնական այցելութեան վաղորդայնին, Սպիտակ Տունը յայտարարեց, թէ վերահաստատած է պաղեստինցիներուն յատկացուած 500 միլիոն տոլարի նիւթական օժանդակութիւնը` անիրաւաբար առկախուած նախկին նախագահ Թրամփի կողմէ: Այսուհանդերձ, Պայտընի Սպիտակ Տունը Թրամփի կողմէ միակողմանի կերպով որդեգրուած հակապաղեստինեան բազմաթիւ եւ բազմապիսի միջոցառումները ցարդ անփոփոխ պահեց: Երբ իշխանութեան եկաւ, նախագահ Պայտըն պետական պաշտօնատան աւագանիին ցուցմունքներ տուաւ, վերաբանելու Երուսաղէմի մէջ Ամերիկեան հիւպատոսարանը: Սակայն Իսրայէլի յարատեւ ճնշումներուն տակ կքելով, հիւպատոսարանը տակաւին փակ կը մնայ: Դարձեալ իսրայէլեան ճնշումներուն տեղի տալով, Պետական Պաշտօնատունը պաղեստինեան իշխանութիւնները ներկայացնող Ուաշինկթընի պաշտօնական գրասենեակը վերաբանալու արտօնութիւն տուած չէ: Յիշեցնենք, թէ նախկին նախագահ Թրամփ հակապաղեստինեան բազմաթիւ քայլերու կողքին, հրահանգած էր պաղեստինցիներու դիւանագիտական գրասենեակը փակել:

Նախագահ Պայտընի Միջին Արեւելքի շրջագայութեան կարեւորութեան շեշտը դրուած է արաբ-իսրայէլ ռազմական հաւանական գործակցութեան վրայ, որուն նպատակն է հակակշռել Իրանն ու Թեհրանին աճող ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ: Պաղեստինցի ղեկավարներուն հետ ոչ մէկ օգտաշատ խօսակցութիւններ ունեցած է Պայտըն: Պաղեստինցի ղեկավարներու հետ Ռամալլայի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները ձեւականութենէն անդին գործնական ոչ մէկ զարգացում ունեցած են պաղեստինեան տագնապի լուծման համար:

Ամերիկայի համար շատ աւելի կարեւոր է Արաբական Ծոցի երկիրները զօրաշարժի ենթարկել, Իսրայէլի օժանդակութեամբ իրանեան յառաջխաղացքը կասեցնելու Միջին Արեւելքի մէջ, քան զբաղիլ Պաղեստինեան հարցին լուծման:

Յատկանշական եւ մեծապէս ուսանելի է նախագահ Պայտընի Ռիատ պաշտօնական այցը եւ մասնաւորաբար ամերիկացի նախագահին հանդիպումը սէուտական թագաւորութեան գահաժառանգ իշխան Մոհամմէտ Պըն Սալմանի հետ: Սէուտցի ազատախոհ եւ Մոհամմէտ Սալմանի բուռն քննադատ Washington Post-ի լրագրող Ատնան Քաշոկճիի վայրագ սպանութիւնը Պոլսոյ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ, Պայտընը մղած էր խարանելու գահաժառանգ իշխանը: Նախագահութեան սկզբնական շրջանին, նորընտիր նախագահը շարունակեց Մոհամմէտ Պըն Սալմանը հանրային պախարակումի ենթակայ դարձնել: Ի՞նչ փոխուեցաւ: Քարիւղ:

Ռուս-ուքրանական պատերազմի նախօրեակին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Անթընի Պլինքըն, յատուկ առաքելութեամբ` նախագահ Պայտընի կողմէ Սէուտական Արաբիա ղրկուեցաւ: Պաշտօնական այս այցելութեան գլխաւոր առանցքը կը կազմէր համոզել Ռիատը կամ ի հարկին ճնշում բանեցնել սէուտցի ղեկավարներուն վրայ, քարիւղի իր արտածման քանակը զգալիօրէն բարձրացնելու: Պրն. Պլինքըն յուսախաբ Ուաշինկթըն ձեռնունայն վերադարձաւ:

Քարիւղի տագնապը այսօր սկսած է արեւմտեան երկիրներու տնտեսութեան վրայ վատ անդրադարձ ունենալ: Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ կեանքի սղաճը բարձրացած է եօթը առ հարիւրի: Գերմանիա իր ժամանակակից պատմութեան մէջ իր պիւտճէն պիտի չկարենայ հաւասարակշռել: Պատճառներէն մին` ուժանիւթի գիներուն սղութիւնն է եւ երկրորդ` Միացեալ Նահանգներու մեղմ ճնշումին ենթարկուելով Պերլինը նախատեսած է յառաջիկայ հնգամեակին հարիւր միլիառ տոլար ծախսել երկրին պաշտպանութեան եւ սպառազինման համար:

Երբ Արեւմուտքը Փետրուար 21-ի ռուսական նախայարձակումը Ուքրանիոյ վրայ բուռն կերպով քննադատելէ ետք որդեգրեց աննախընթաց տնտեսական պատժամիջոցներ, Մոսկուան իր կարգին հակադարձելու եւ ազգային իր շահերը պաշտպանելու համար, դիմեց շարք մը հակամիջոցառումներու: Իբրեւ անմիջական հետեւանք քարիւղի եւ այլ ուժանիւթերու, ինչպէս նաեւ պարարտացուցիչներու սուր տագնապը ծնունդ առաւ: Ահա թէ ինչու քարիւղի եւ սննդեղէններու գիները բարձրացան աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը: Միացեալ Նահանգներն ալ զերծ չմնացին այս իրողութենէն:  Այսօր Ամերիկայի սղաճը 9 տոկոսէն աւելի է:

Վիճակագրական նորագոյն տուեալներու համաձայն, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի դրական գնահատումը ամերիկացի ժողովուրդին 30 առ հարիւրէն նուազ է: Քանի մը օրեր առաջ NBCի կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը համաձայն, հանրային կարծիքը շօշափելու համար Նախագահ Պայտընի ժողովրդականութեան առնչութեամբ, հաստատուեցաւ որ ամերիկացիներուն 64 առ հարիւրը չեն ուզեր Պայտընի վերընտրութիւնը: Ժողովուրդին վստահութիւնը չվայելող նախագահի մը վերընտրութեան հաւանականութիւնը չափազանց սահմանափակ կը մնայ:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

 Նիւ Եորք

bottom of page