top of page
Baikar Blue logo.png

ՏԱՐՏՂՆՈՒԱԾ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ-ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

ԵՒ ՙԸՆԿՂՄԵ՞ԼԻ... ՆԱՒ՚

Հայաստանի ընդդիմութեան կազմութենէն ի վեր, անցած են քանի մը ամիսներ, արդեօք ի՞նչ իրագործեց շարժումը, ո՞ւր յաջողեցաւ եւ ո՞ւր ձախողեցաւ, ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել անոր դերակատարութիւնը:

Հարցումնե՜ր-հարցումնե՜ր, որոնք պարտադիր են, աւելի ճիշդ` պարտադրելի, այնքան ատեն որ` թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, ժողովուրդին մեծ մասը կառչած մնաց նոր իշխանութեան, մեծ յոյսեր կապելով անոր վարելիք քաղաքականութեան հետ, միշտ զզուանքով եւ արգահատանքով յիշելով, առ այդ նախկին իշխող իշխանութեանց անարդարութիւնները, անհանդուրժողութիւններն ու բռնութիւնները:

Այդ շրջանին, նախկին իշխանութիւններէն մնացած ՙբեկոր՚ները, սկիզբը յամրաքայլ սակայն, հետզհետէ յառաջաքայլ, սկսան խմորուիլ եւ ուռճանալ, մանաւանդ օգտուելով գործող նոր իշխանութեանց որոշ թերութիւններէն եւ անփորձութենէն, առանց հրաժարելու իրենց մգլոտած ախորժակներէն եւ յաւակնութիւններէն, ՙառողջ՚ ընդդիմութեան պիտակին տակ, շարունակելով դարպասել իշխանութեան բոլոր ձեւի գործունէութիւններն ու նախաձեռնութիւնները:

Զարմանալին այն է, որ այս ընդդիմութեան բաղկացուցիչ կողմերը հանդիսացան նախկին իշխանութեանց տխրահռչակ ղեկավարները, որոնց միացած էր նաեւ Հայաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն խաղցած դերը երբեք ալ ձեռնտու չէր Սփիւռքի ՀՅԴին, ինչ որ արդէն ցնցումներ առաջացուցած էր իր շարքերէն ու շրջանակներէն ներս:

Այս վերջինը կը յիշեցնէ ՌԱԿի օրինակը, որ առաջին նախագահութեան շրջանէն մինչեւ այժմ, կը տուայտի ու կը տապլտկի իր ցաւերուն մէջ, նոր պառակտումներ ու ճեղքեր աւելցնելով իր գոյութեան վրայ:

Հայաստանի ընդդիմութիւնը, որ կրնար խաղաղ, քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար դառնալ, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս` ընտրեց բիրտ ճամբան, վնասաբեր գործելաձեւերը եւ աններելի վարքագիծ մը, որ ոչ մօտէն, ոչ ալ հեռուէն կը ծառայէր Հայաստանի բարօրութեան ու խաղաղութեան:

Ամբողջ երկիրը մատնուեցաւ քաոսի, յատկապէս գլխաւոր պողոտաներու ու հրապարակներու փակումով, անդամալուծելով բնականոն կեանքի ընթացքը, իսկ ամէնէն վտանգաւորը, խոշտանգումներու ու խուլիգանութեան դաշտի վերածելով երկիրը, իսկ Ազգային Ժողովը` կռուախնձորի:

Այս չարագուշակ անկարգութիւնները ՙվայելեց՚ ոչ միայն հայ ժողովուրդը, այլեւ` համայն աշխարհը, որ մեծ համարում ունէր հայ ժողովուրդի կրթեալ ու բանիմաց յատկանիշերուն վրայ, մինչ զազրելի տեսարաններն ու վերաբերմունքները, որոնք յայտնուեցան համաշխարհային առանցքներուն վրայ, ցոյց տուին, որ հայ ժողովուրդը ունի նաեւ այլ տժգոյն երես մը, որ չի վայելեր իր վարկին ու պատիւին:

Երկրորդ եւ երրորդ նախկին նախագահները, որոնք այս ապաբարոյ շարժումներու ետին կանգնեցան, իրենց տեսանելի կամ ուրուանկարային երեսներով, առանց խպնելու ու սթափելու, շարունակեցին իրենց քանդողական աշխատանքները, այս կամ այն ձեւով հրահրելով ամբոխները, ոմանք միամտաբար կամ չարանենգօրէն գործադրելով անոնց հրահանգներն ու ցուցմունքները:

Իշխանութիւնները, որոնք հաշտ աչքով չէին դիտեր այս այլանդակութիւնները, շարունակեցին իրենց աշխատանքները, անշուշտ, բաւական խիստ միջոցառումներ որդեգրելով ըմբոստներուն դէմ, յատկապէս ոստիկանական ոյժերու հսկողութեամբ ու հակազդեցութիւններով:

 

***

Բնական էր, որ ո՛չ ընդդիմութիւնը եւ ո՛չ ալ ՙդիմադրութիւն՚ կոչուած անհեթեթութիւնը չէին կրնար դառնալ համաժողովրդային, որովհետեւ հոն կարելի չէր գտնել լուսաւոր որեւէ կէտ, բացի վտանգէ եւ աղէտէ, որոնք առանց այդ ալ սահմանագիծերու վրայ էին ու կը դիտէին ներհայաստանեան խամաճիկութիւնները, սպասելով… յարմար պահուն.

Դժբախտաբար, հակառակ մեր յատենի դիտարկումներուն ու մատնանշումներուն, այդ հպումները նոր աւերներ պատճառեցին, Ռոպերտ Քոչարեանը, որ նման որոգայթներ սարքելու մեծ ՙփորձ ու վաստակ՚ ունի, իր լլրկած, յափշտակած ու դիզած հարստութիւններով, նոյնիսկ ոտքի հանեց ՙանմեղ՚ներու ամբողջ բանակներ, առաւելագոյն միջոցներով ապակայունացնելու մթնոլորտը, առանց որ ինք երեւնայ:

Այս առիթով, կրկնելու գնով. ՙդո՛ւն, հայաստանցի պարկեշտ քաղաքացի, ինչպէ՞ս համաձայնեցար դառնալ Քոչարեանական, երբ` դուն եւ քեզի նմաններ, տարիներ նզովեցիք զինք, քննադատելով իր վարած քաղաքականութիւնը, որ միայն դժբախտութիւն բերած էր քեզի ու տասնեակ հազարաւորներու, յետոյ ալ, յանկարծ, լծուեցաք անոր կառքին, որ ի՞նչ, քեզի եւ ուրիշներուն փոխադրելո՞ւ իր ՙդրախտ՚ը…:՚

Պատասխանը աւելի քան յստակ է, այդուհանդերձ, կը մնայ հարց տալ, թէ բազում ամբաստանութիւններու տակ գտնուող երբեմնի ՙՌուպօն՚ ինչպէս տակաւին կը դեգերի ու կը թափառի Երեւանի մէջ, ազատ-համարձակ, կեղծ եւ արուեստական դատաքննութիւններու… թատերախաղերով:

Ներկայ իշխանութիւնները պարտաւոր են այս մասին լուսաբանել, այլապէս, չի բացառուիր, որ հոն ալ կը տիրէ խորհրդաւորութիւն մը:

Վերադառնալով մեր նիւթին.

Հայաստանը, իր անկախութեան ձեռքբերումէն ի վեր, ՙռեկորդ՚ային ընդդիմութեան եւ դիմադրութեան շարժեր ունեցաւ, սակայն, անոնցմէ ոչ մէկը կրցաւ արդարացնել իր գոյութիւնը, պաշտպանել իր թեզերը, նպաստել իր կարգախօսներուն, զօրակցիլ իր ժողովուրդին, փրկել իր հայրենակիցները, յուսադրել իւրայինները եւ ընդհանրապէս տէր կանգնիլ իր հետեւորդներուն:

Պատճառները շատ յստակ են, երբ հոն չկան, չեղան այնպիսիներ, որոնք իրօք, իրենց հայրենիքին ու ժողովուրդին տէրն էին, վստահութիւն ներշնչող էին, անբասիր էին, հաւատարիմ, տեսլապաշտ, բարեկարգող, արժանաւոր, մաքրամաքուր, այսինքն` ՄԵԾԱԴԻՐ ՀԱՅ ու ՄԵԾԱՄԵԾ ՄԱՐԴ:

Իսկ ամէնէն մեծ ողբերգութի՞ւնը.

Փրձուած ՙաղուէս՚ները, իրենց աղէտավառ շրջաններէն ետք, փոխանակ ծուարուին ուր որ պէտք է, առօք-փառօք կը փորձեն վերադառնալ նոր  կեանք, նոր իշխանութիւն, այն ոչխարներուն կողմէ, որոնք տակաւին չհասկցան, որ Հայաստանը ոչ Քոչարեան է, ոչ ալ Սարգսեան, այլ` ՀԱՅՐԵՆԻՔ, որուն հետ ոչ ոք խաղալու իրաւունք ունի, մրոտելու, անշքացնելու ու ստուերելու փորձութիւններով:

Այս մտորումներու լոյսին տակ, այսօր ո՞ւր է ՙդիմադրութիւն՚ը, այն վահանը, որուն շուքին տակ, ան կրնար ծառայել բոլոր բողոքարկուներուն ու դժգոհողներուն, որոնք գործող իշխանութիւններուն նկատմամբ ունին վերապահութիւններ կամ անվստահութիւններ:

Փշոտ ու հանգուցաւոր հարցերը լուծելու կամ մեղմացնելու համար, դժբախտաբար ՙդիմադրութիւն՚ կոչեցեալը ոչ միայն ոչինչ կրցաւ ընել, այլեւ` աւելի խորացուց ու կնճռոտեց այս հրատապ թղթածրարին բարեկարգումը, անգամ մը եւս հաստատելով, թէ չէ ու չի կրնար ըլլալ այն ազդու ոյժը, որմով ինք կրնայ Հայաստանին բերել ՙյո՛յս ու լո՜յս՚:

Ի վերջոյ, ժամանակը չէ՞ նաեւ հարցադրելու, ՙՊրնք., ձեր ՙդիմադրութեան՚ յանկերգով, ի՞նչ բերիք Հայաստանին ու ժողովուրդին, բացի անշարժացնելէ երկիրը եւ անոր կարգուսարքը, նոր անորոշութիւններու մէջ խրելով զանոնք, մանաւանդ` երբ բոլորդ ձեռնունայն դուրս եկած էք, իսկ ձեր, առաջնորդները տարտղնուած ու ցիրուցան են, իրենց խեղճ հետնորդները ձգելով… անտէր-անտիրական՚:

Ձեր անկազմակերպ եւ անծրագիր պոռոտագրութիւններով, ինչպէ՞ս պիտի կարենայիք ժողովուրդին ժողովրդականութիւնը կամ սէրը շահիլ, որուն մէկ ցայտուն արդիւնքը կը տեսնուի, քիչ մը ամէն տեղ, ցուցարարներու հետզհետէ նօսրացումով ու թիւի նուազումով:

Միթէ պարզ չէ՞, որ ընդդիմութեան պիտակին տակ, դիմադրութիւն խաղալով, կարելի չէ նուաճումներ արձանագրել, երբ յայտնի է, որ անոնց տակ թաքնուողը, պարզապէս իշխանատենչութիւնն է, առանց յստակ տեսիլքի ու կայուն ծրագրի:

Բնական է, նման խառնաշփոթ իրավիճակով, ոչ երկիր կը ղեկավարուի, ոչ ալ` ժողովուրդ, ինչ որ այսօրուան տխուր պատկերն է, իր իշխանական ու քաղաքական, դիմադրական ու ժողովրդական ալեկոծումներով:

Տեղի ունեցածը դիմադրութիւն չէր (ու չէ), այնքան ատեն որ ՙփողոց՚ն է խօսողը եւ ՙփողոց՚ն է դաշտը, մինչ այդ բոլորը պէտք էր տեղափոխուէր իսկական իր տեղը` խորհրդարան, մանաւանդ որ ընդդիմութիւնը հոն ունէր թիւ ու դիրք, սակայն, չկրցաւ շահագործել զանոնք, այլ խափանեց ամէն ինչ, յանուն իր զրոյցական խաղքերուն, մինչեւ որ իր դիմակը պատռուեցաւ:

Անշուշտ, իշխանութիւնը յաղթանակ չարձանագրեց այդ ձախաւերութիւններէն, բայց, անպայման մնաց աներեր, նոյնիսկ երբ բազմաթիւ սայթաքումներ ունեցաւ եւ իր շարքերէն հրաժարողներ եղան:

Աւելին. իշխանութիւնները շարունակեցին իրենց պետական քաղաքականութիւնը ու կառավարական գործընթացը, հոգ չէ թէ որոշ կաղացումներով կամ ակնյայտ թերացումներով, բայց, անպայման նշմարելի իրագործումներով, ոչ միայն ներքին ճակատի, այլեւ` արտաքին ճակատներու վրայ:

Անշուշտ, Հայաստան տակաւին ունի դիմագրաւելի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, յատկապէս Արցախեան թէ սահմանային բեւեռներուն վրայ, իսկ դիմադրութիւնը ի՞նչ ըրաւ (կամ կ’ընէ), այդ օրակարգերու քննարկման կամ լուծման գծով իր մասնակցութիւնը բերելու, փոխանակ նետուելու արկածախնդրական տիղմերուն մէջ:

Հետաքրքրական է, դիմադրութեան հաւատացող  կամ հետեւորդ  զանգըւածները չտեսա՞ն, թէ անոր պատասխանատուներէն շատ-շատեր պատեհապաշտ էին, անկար եւ անուղղայ, իսկ ոմանք ալ` մե՜նծ դասալիքներ, ինչպէս Քոչարեանը, Սարգսեանը, Վանեցեանը, Սաղաթելեանը, իսկ իրենցմէ առաջ բազմաթիւներ, որոնք լքեցին ամէն ինչ, երբ տեսան թէ` նախ ի վիճակի չեն խաղը շարունակելու, ապա` իրենց բաժին ինկող ՙպատառ՚ չմնաց:

Յամենայն դէպս, ընդդիմութեան կամ դիմադրութեան այս երկար ժամանակաշրջանը վկա՛յ, որ անիկա ձախողած խաղաթուղթ մըն էր, որմէ պէտք է հրաժարիլ այլեւս ու դիմել ամէնէն կարճ ճանապարհին, ժողովրդավարական ընտրանքներուն, խորհրդարանական թէ խաղատիրական շինիչ միջոցներով:

Ասկէ դուրս չի՛ք այլ իրականութիւն, այլապէ՛ս նաւը սկսած է ընկղմիլ, կը մնայ որ ողջմիտ ժողովուրդը արթննայ իրեն պարտադրուած թմբիրէն եւ արթնցնէ… ցնորամիտները:

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ

bottom of page