ՅԻՍՈՒՍ-ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՎԱՐԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ
ՀԱՏԻՍ ԼԵՐԱՆ ԳԱԳԱԹԸ
Յիսուս-Քրիստոս մտրակներու շաչիւնին տակ, խաչը ուսին բարձրացած էր Գողգոթա լերան գագաթը, սակայն այսօր կը վարանի բարձրանալ Հայաստանի մէջ Հատիս լերան գագաթը` հակառակ Պր. Գագիկ Ծառուկեանի բարոյական կամ վիրթուէլ մտրակներուն:
Երբ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կրակոցները չեն դադրիր, երբ թշնամին Նախիջեւանի մէջ նոր ոյժեր կը կուտակէ` բարձրացնելով նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը, ու դեռ բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ կը մտահոգեն Հայաստանի բնակչութիւնը, այս հանգրուանին բարերար Գագիկ Ծառուկեան հրապարակ կը նետէ բոլորովին անտեղի ծրագիր մը, հանրային ուշադրութիւնը շեղելու ազգը մտահոգող խնդիրներէն:
Անշուշտ դրամը կը պատկանի Պր. Ծառուկեանին եւ ինք իրաւունք ունի իր գումարները ծախսելու համաձայն իր քմայքին: Սակայն, քանի իր առաջադրած ծրագիրը ունի իր հանրային բնոյթը` հանրութիւնն ալ իրաւասու է իր կարծիքը յայտնելու առաջադրուած ծրագրին մասին:
Ատենին, երբ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետը դիմած էր բարերար Ալեք Մանուկեանին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը կառուցանելու Երեւանի կեդրոնին մէջ, բարերարը պատասխանած էր, որ ինք պատրաստ է նոյնիսկ ակնկալուած գումարին կրկինը տալու հայրապետին, սակայն հարց տուած էր թէ ի՞նչ պիտի մտածէ ժողովուրդը ի տես այդ ծախսալից ծրագրին, երբ անդին հազարաւորներ մնացած են անտուն Կիւմրիի երկրաշարժին պատճառաւ: Ալեք Մանուկեան ամէն պատճառ ունէր ընդառաջելու Վեհափառի դիմումին մասնաւորաբար այն հանգամանքին համար, որ ինք իր բովանդակ կեանքին ընթացքին սպասարկած էր Հայ Առաքելական եկեղեցիի խորանին իբրեւ սարկաւագ:
Չենք գիտեր, ո՞ր խորանին կը սպասարկէ Պր. Ծառուկեան երբ անդին 20,000է աւելի գաղթականներ կը մնան Հայաստանի մէջ Արցախ վերադառնալու յոյսով: Իւրաքանչիւր հայ որ կը վերահաստատուի Արցախի մէջ, պատմական եւ օրինական դրամագլուխ մըն է մեր ազգին համար: Սակայն, այնպէս կը թուի որ Պր. Ծառուկեանի արժեհամակարգը տարբեր բնոյթ ունի Ալեք Մանուկեանի արժեհամակարգէն – Պր. Ծառուկեանի մէկ արարքը կը բաւէ բնութագրելու իր բարոյական կերպարը. արդարեւ, երբ 44օրեայ պատերազմի օրերուն, չորս հազար երիտասարդներ կը նահատակուէին պատերազմի զոհասեղանին վրայ` ան հարսանիք կը սարքէր ամուսնացնելով իր դուստրը, շռայլ ու շուայտ մանրամասնութիւններով: Հետեւաբար զարմանալի չէ որ ան Յիսուս-Քրիստոսը աճուրդի հանէ Հատիս լերան գագաթին:
Զարմանալի չէ որ Պր. Ծառուկեանի առաջադրած մեկա-Յիսուսը նման հակազդեցութիւն մը յարուցած է Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ. Նախընթացներ կան որ նման ծրագիրներ առաջին հերթին կը հանդիպին հանրութեան բացասական կարծիքին ու ոմանք յետոյ կը ստանան քաղաքացիական իրաւունք եւ նոյնիսկ կը դառնան պաշտամունքի առարկայ. օրինակ, երբ 1889ի ցուցահանդէսին առիթով Կիւսթաւ Էյֆէլ յղացած եւ կառուցել տուաւ Էյֆէլի աշտարակը, մեծ ընդդիմութեան արժանացաւ անոր ստեղծագործութիւնը, մանաւանդ երբ պարզուեցաւ որ ցուցահանդէսէն ետք ալ ան պիտի շարունակէր մնալ կանգուն: Այդ աշտարակին ընդդիմացողներէն մէկն ալ յայտնի գրող Կի տը Մոփասանն էր, որ ըսաւ. ՙԱսիկա հսկայ ծխակոյտ մըն է որ պիտի կործանէ Փարիզի գեղեցիկ տեսքը՚: Նման հակազդեցութիւն յառաջացուց նաեւ Փարիզի Փոմփիտու արուեստի կեդրոնը, իր գերարդիական տեսքով, որ յղացուած էր խումբ մը արուեստագէտ-նախագծողներուն կողմէ. իսկ սրբապղծութիւն որակուեցաւ Այ Էմ Փէյ չինացի-ամերիկացի ճարտարապետին յղացումը երբ ան Փարիզի Լուվրի թանգարանի աւանդական կառոյցի մուտքին բարձրացուց ապակեայ գմբէթը բուրգի մը: Սակայն, այդ բոլոր ծրագիրներն ալ հետզհետէ շահեցան ժողովրդականութիւն ու դարձան Փարիզը խորհրդանշող կառոյցներ:
Հարց է թէ Պր. Ծառուկեանի Յիսուս-Քրիսոսն ալ կրնա՞յ արժանանալ նման ճակատագրի մը: Պատասխանը այժմէն ոչ է, որովհետեւ առաջինները յղացքներն էին ստեղծագործող տեսլապաշտներու, որոնք իրենց գաղափարն ու ճաշակը պարտադրեցին հանրութեան իբրեւ արժէք: Տարբերութիւնը այն է որ Ծառուկեանի ծրագիրը ծնունդը չէ նման տեսիլքի մը, այլ ընդօրինակութիւնն է Ռիօ տը Ժանէրոյի Յիսուսի գաղափարին, նոյնիսկ գեղարուեստական տուեալ մըն ալ չաւելցնելով իր նախատիպին վրայ:
Ծառուկեանի անճոռնի գաղափարը, դժբախտաբար, յանձնառու դարձուցած է օրուան իշխանութիւնները, որոնք հաւանութիւն տուած են ծրագրին: Բարերարը աժան գինով 14 հեկտար հող գնած է Հատիս լերան գագաթին, որ 2528 մեթր բարձրութիւն ունի: Յիսուսը 33 մեթր հասակով պիտի կանգնի 44 մեթր բարձրութիւն ունեցող պատուանրանի մը վրայ:
Վարչապետ Փաշինեան ըսած է որ իշխանութիւնը դրապէս տրամադրուած է, պայմանաւ որ Ծառուկեան հիմնադրամը ապահովէ պաշտօնական փաստաթուղթերը համապատասխան գերատեսչութիւններէն: Տնտեսութեան նախարարը Վահան Քերոբեան, որ ներկայ գտնուած է Ծառուկեանի հետ հիմնարկէքի արարողութեան ՙշռնդալից զբօսաշրջային ծրագիր՚ հռչակած է գաղափարը: Մշակոյթի, գիտութեան, սպորտի նախարար Վահրամ Դումանեան եւս ընդունելի գտած է գաղափարը, քանի ան կը ծառայէ զբօսաշրջիկութեան զարգացման:
Այս ամենաթողութեան մթնոլորտին մէջ կը պարզուի որ Հատիս լերան գագաթը ունի հնագիտական արժէք. այնտեղ կը գտնուի պրոնզի-երկաթի դարէն մնացած ամրոց մը, Քրիստոսէ առաջ առաջին հազարամեակին:
Ժողովրդային ընդվզումի եւ գիտնականներու բողոքին վրայ Պր. Վահրամ Դումանեանի նախարարութիւնը կը հրապարակէ հետեւեալ յայտարարութիւնը. - ՙՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութիւնը ընդունելի համարելով ՙՅիսուս-Քրիստոս՚ մոնումենտալ արձանի գաղափարը, միեւնոյն ժամանակ լիազօրութիւնների եւ պատասխանատուութեան սահմաններում մինչ սահմանուած կարգով նախագծի ներկայացումը եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւնը պահանջում է դադարեցնել ցանկացած գործունէութիւն հնարաւոր ամրոցի տարածքում, որը հակասում է օրէնսդրութեանը եւ կարգերին՚:
Պր. Ծառուկեան առանց սպասելու բնապահպանման մասնագէտներու, պատմագէտներու եւ գիտնականներու կարծիքին` արդէն հարթեցուցած է գագաթը լերան եւ ճամբաներ բացած դէպի գագաթ, վնասելով նաեւ հնագիտական ամրոցին մէկ մասը:
ՙԱրդար Հայաստան՚ կուսակցութեան նախագահ փաստաբան Նորայր Նորիկեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է - ՙԵրբ պէտք է` Գագիկ Ծառուկեանը յանցագործ օլիկարխ է, երբ պէտք է` բարեգործ գործընկեր՚: Եւ ապա աւելցուցած է ՙԱրձանի վերաբերեալ Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտած դրական կարծիքից յետոյ համոզուեցի, որ այլեւս այդ որոշման պատասխանատուն նա է. Գ. Ծառուկեանին մնացել է փողը վճարելն ու ցեմենտ մատակարարելը՚:
Շատ արդարացի է Նորիկեանի նկատողութիւնը. արդարեւ, երբ Ծառուկեան գործօն էր քաղաքականօրէն եւ ընդդիմադիր կեցուածքներ ու հայեացքներ կը բացայայտէր` իշխանութեան եւ իշխանամէտ մամուլը գացին մինչեւ սովետի շրջան դատական փաստաթուղթերը հրապարակելու եւ ամէնէն լպիրշ մանրամասնութիւններով հրապարակելու անոր ոճրային արարքները: Սակայն, հիմա որ ան հրաժարած է քաղաքական ամէն յաւակնութենէ` պէտք է սիրաշահիլ զինք իբրեւ բարերար եւ զբօսաշրջիկութեան սատարող գործօն:
Վաչապետին այն խօսքը որ ՙՄեր նախնական կարծիքը դրական է, քանի մենք կարծում ենք, որ էականօրէն զբօսաշրջային հետաքրքրութիւնը կը մեծացնի՚ ազդանշան մըն էր ընթացք տալու ծրագրին. այլ խօսքով վարչապետը կը փորձէր սիրաշահիլ Ծառուկեանը եւ ապա իսկապէս քաջալերել զբօսաշրջիկութիւնը քանի որ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկիր մը հազիւ թէ դրական տուեալներ պարզէ հիմնարար ներդրումներու. իսկ ամէնէն կարեւորը` վարչապետը առիթ մը եւս գտած էր անտեսելու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ անոր յայտնած սկզբունքային դիրքորոշումը: Ընթացիկ տարուան Մարտի 23ին Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի տարածած յայտարարութիւնը մասնաւորաբար կը նշէր - ՙԵկեղեցին ընդունելի չի համարում մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի արձանի տեղադրումը` նկատի ունենալով, որ ան յարիր չէ Հայ Եկեղեցու դարաւոր պատկերագրական եւ պաշտամունքային աւանդոյթին՚:
Փաշինեան եւ ՔՊեական իշխող կուսակցութիւնը ի սկզբանէ թշնամութիւն մը ցուցաբերած են եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մայր Աթոռին նկատմամբ, փոխանակ զօրացնելու անոր աշխարհասփիւռ հեղինակութիւնը եւ օգուտներ քաղելու հայրենի երկրին եւ անոր պետութեան հաշուին: Համապատասխանօրէն` Մայր Աթոռն ալ վերապահ մնացած է ներկայ իշխանութեանց նկատմամբ:
Ծառուկեանի Յիսուս-Քրիստոսը, իր հինգ քիլոմեթրանոց ճոպանուղիով տակաւին չբարձրացած Հատիս լերան գագաթը` արդէն ստեղծած է բաւական հետաքրքրութիւն եւ ընդդիմութիւն Հայաստանի հանրային կարծիքին մէջ. թէեւ պարզ է թէ Ծառուկեան իր դրամը պիտի մսխէ` ինչպէս որ ինք կը ցանկայ – հակառակ աջէն ու ձախէն եկած թելադրանքներուն:
Եթէ իսկապէս ան մտահոգուած է զբօսաշրջիկութեամբ - եւ ոչ` իր անձնական փառքով – թող թոյլ տրուի մեզի առաջարկ մը եւս աւելցնելու.- քանի Հատիս լերան բարձրունքին կը գտնուի հնաւանդ ամրոց մը, Պր. Ծառուկեան կրնայ դրամը յատկացնել այդ ամրոցի պեղումներուն. եւ այնպէս ինչպէս Գառնիի հելլենիստական տաճարը ամէնէն զբօսաշրջիկային հնարաւորութիւններէն մէկն ալ, Հատիսը եւս կը դառնայ զբօսաշրջիկային կեդրոն, իր յուշարձաններով, խաղավայրերով եւ զբօսաշրջիկային հանգստեան գօտիով: Այդ պարագային Պր. Ծառուկեան իր յիսուս-քրիստոսի նախատիպը կրնայ զետեղել իր առիւծներու վանդակին կողքին:
Յուսանք որ պատերազմը հեռանայ Հայաստանի սահմաններէն. երկիրը խաղաղի` որպէսզի ժողովուրդն ալ իր առօրեայ հոգերէն ձերբազատ` զբաղի Հատիսի նման ծրագիրներով:
Եւ այն ատեն Պր. Ծառուկեան իր ճոպանուղին նստած բարձրանայ դէպի Հատիս լերան գագաթը, միայն զգուշանալով որ այդ ճոպանուղին չկքի իր ծանրութեան ներքեւ...: