ՙՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ՚
ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ
Մենք, հայ ժողովուրդս, հարուստ ենք ՙքաղաքական բազմակարծութեամբ՚ բայց աղքատ ենք, քաղաքական մտածողութեամբ (հաւանաբար մանկապարտէզի մակարդակով):
Պատմականօրէն արդէն տակաւին երկու հազարամեակ առաջ բաժնըւած էինք երկու ՙհայրենիքներ՚ու – Արեւմտահայաստան կամ Հռոմէացիներու, Բիւզանդացիներու ՙհակակշռին՚ տակ, եւ Արեւելահայաստան, կամ Պարսիկներու ՙհակակշռին՚տակ: Դարերու սահանքով, Բիւզանդացիները փոխարինուեցան Օսմանցիներով, իսկ Պարսիկներն ալ` Ռուսերով: Չմոռնանք որ իւրաքանչիւր ՙՀայաստան՚ին մէջ կային բազմաթիւ նախարարութիւններ, որոնք յաճախ աչքի զարկած են իրենց անհամաձայնութիւններով եւ հակառակութիւններով, երբեմն մինչեւ իսկ թշնամանքով:
Նոյնիսկ այդ պատմական օրերուն, մեր Եկեղեցին ունէր մէկէ աւելի Կաթողիկոսներ (աւելի լայն բանալու հաւատացեալներու փրկութեան ճամբաները...):
Մենք, Հայերս, ՙմոզայիք՚ ժողովուրդ ենք: Այսօր, 20րդ եւ 21րդ դարերուն, մեր պատկերը շատ ալ փոխուած չէ:
Ունինք Հայաստան (գրաւեալ Արեւմտահայաստանը եւ ՙանկախ՚ Հայաստանը), Արցախ եւ Սփիւռք: Ճոխացած ենք...: ՙՍփիւռք՚ը, բնականաբար տարտղնուած է աշխարհով մէկ: Բայց իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր բաժանմունքները, եկեղեցական, կուսակցական, միութենական, անմիութենական, հակամիութենական եւ բազմաթիւ այլ շերտաւորումներով:
Ունինք ՙՀայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի, բայց Էջմիածնական եւ Կիլիկիան անհաշտ թեւերով:
Բողոքականները, իրենց բազմապիսի խմբաւորումներով, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցին, ներխուժած են դէպի հայ ժողովուրդը, որպէսզի մեզ ազատեն Էջմիածին-Անթիլիաս պայքարներէն եւ մեր հոգիները փրկեն ու մեր յարմար տեղերը ապահովեն երկինքի արքայութեան մէջ:
Նոյնիսկ մեր Սրբազան Լեռը երկուքի բաժնուած է եւ նեղացած` հեռացած մեզմէ:
Սփիւռքի մէջ ունինք 3 աւանդական կուսակցութիւններ: Յիշեցնեմ որ այս կուսակցութիւնները (Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն), իրենք իրենց մէջ բաժնուած են քանի մը հատուածներու, իրենց քաղաքական մտածողութեան բազմակարծութիւնը ցոյց տալու ... կամ ՙմենծ՚երու յարմար պատուոյ աթոռներ ապահովելու: Յիշեցնե՞մ անկուսակցականներու, չէզոքներու, հակակուսակցականներու, անտարբերներու, ամէն բանէ դժգոհներու զանգուածին եւ այլոց մասին:
Այս ՙԱւանդական Կուսակցութիւններ՚ը իրարու դէմ անհաշտ պայքարի մէջ էին եւ են Հայաստանցիներուն ցոյց տալու համար որ իրենցմէ ո՞վ աւելի կը սիրէ Հայաստանը: Եւ այդ պայքարը ՙսրբացնելու՚ համար հայու կարմիր արիւն ալ թափած են: Ի՜նչ ՍԷՐ:
Հայաստանի մէջ ամէն ամիս սունկի պէս նոր կուսակցութիւններ կը բուսնին: Ըստ ոմանց, աւելի քան 30 ՙպաշտօնապէս գրանցուած՚ կուսակցութիւններ կան: Ամէնքդ ալ գիտէք որ այս ՙկուսակցութիւն՚ները հիմնըւած են անհատներու շուրջ ստեղծուած ՙպատեհութիւններով՚, ո՛չ անպայմանօրէն գաղափարական հիմնաւորումներով: Դրամ ունի՞ս, շուրջդ քանի մը անօթիներ հաւաքէ, քանի մը դրամով անոնց խիղճը, միտքը, հոգին վարձէ, աղուոր անուն մը գտիր որուն մէջ ըլլայ ՙդեմոկրատիք՚, ՙազգայնական՚ ՙապագայ՚, ՙհզօր՚, ՙնոր հայրենիք՚, ՙՀայաստան՚, ՙբարգաւաճ՚, ՙպատիւ՚ եւ այլ բառեր ու ածականներ, եւ արդէն իսկ կ'ունենաս նոր ՙկուսակցութիւն՚: Չմոռնաս որ միշտ բանի մը դէմ պէտք է ըլլաս, եթէ նիւթ մը չգտար, հայհոյէ վարչապետին հասցէին, անիծէ ՙնախկինները՚, ՙթուրք՚ կամ ՙթուրքի զաւակ՚, ՙդաւաճան՚ անուանէ պետական այրերը, սոսցանցերու մէջ բաներ մը կաղկանձէ` եւ արդէն իսկ քանի մը անմիտներ կը սկսին հետեւիլ քեզի:
Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ ունինք երեք կուսակցութիւններ: Մին, մօտ երկու-երրորդ մեծամասնութեամբ երկիրը կը ՙղեկավարէ՚ իր գիտցած ձեւով – ճիշդ կամ սխալ: Որեւէ մէկէն գաղափար չի հարցներ, որեւէ մէկուն չի լսեր, եթէ բան մը ըսես, կ'անտեսէ, խոստումներ կու տայ բայց կը մոռնայ զանոնք գործադրել, տակաւին խարխափումի մէջ է: ՙԴաւաճանները պիտի պատժենք՚ կ'ըսէ, բայց գլխաւոր դաւաճաններուն ազատ մուտք կու տայ Ազգային Ժողով (հա՛, վերջերս քանի մը հատ լակոտ դաւաճաններ ձերբակալեց, 20 հատ, եւ ըստ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան, այս դաւաճաններուն 14ը նոյն ՙաւանդական՚ կուսակցութեան կը պատկանէին...):
Ընդիմադիրնե՞րը ... Մարդ կը խղճայ անոնց վրայ: Այս ՙպատգամաւորներ՚ը Ազգային Ժողով եկած են պարզապէս ժողովները ապազգայնացնելու եւ խանգարելու (նիւթական հատուցման դիմաց): Իրենց իսկ յայտարարութեամբ, իրենք հոն են պետութեան գործերը խանգարելու, պետութիւնը կամ իշխանութիւնը տապալելու եւ երկրին ղեկը ձեռք անցնելէն ետք` երկիրը յանձնելու օտար պետութիւններու հովանաւորութեան – Ռուսիոյ Դաշնութեան կամ Թրքական պետութեան (հաւանաբար այս երկուքը արդարօրէն կիսուին) ՙԻրիւան՚ն ալ նուէր տան Իլհամ Ալիեւին:
Իրենց ամենաբարձր պոռացող առաջնորդներէն մին, Իշխան Սաղադելեանը, Երեւանի հրապարարակներէն մէկուն վրայ ցոյցեր կազմակերպած էր քանի մը տասնեակ վարձկաններով: Երբ ոստիկանները իրեն մօտեցան, ՙառաջնորդ՚ը սկսաւ քառասմբակ փախուստ տալ, իր նոյնքան վախկոտ թիկնապահներով: Երանի այդ ողորմելին Ողիմպիական խաղերուն մասնակցէր, 100 կամ 200 մեթր վազքին, անպայմանօրէն Ոսկի Մետալը կը շահէր: Այսքան վախկոտութիւն Դաշնակցական ՙԱռաջնորդ՚է մը անսպասելի էր: Բայց վերջին 44 օրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ որ կարելի է հրապարակներու վրայ պոռալ, բայց ՙճիշդ պահուն՚` փախուստի դիմել կաշին փրկելու: ՙԻշխան՚ Սաղադելեանի այդ արարքը շատ վարկաբեկիչ էր Դաշնակցութեան անունին: Կը զարմանամ որ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Դաշնակցութիւնը զինք իր շարքերէն դուրս չէ վտարած, նուազագոյն պարագային զինք ՙառաջնորդ՚ի գահէն վար չէ իջեցուցած:
ՙՊատիւ Ունեմ՚ խմբակցութեան անպատիւ ընթացքը ե՞րբ պիտի սկսի պատուաբեր ուղղութիւն ստանալ, չեմ գիտեր: Մանաւանդ այս ՙընդիմադիր խմբակցութիւններ՚ու իգական սեռին պատկանող պատգամաւորներուն ճիչերն ու աղաղակները, ականջ ծակող, հոգին մաշեցնող, միտքը չարչրկող, ջիղերը խարտոցող, անքաղաքավար, անկիրթ եւ գռեհիկ ելոյթները մեզ շատ յուսահատեցուցած են: Քիչ թէ շատ քաղաքակրթուած ժողովուրդներու կամ պետութիւններու մէջ, ընդիմադիր կուսակցութիւններու դերը պետութեան կամ իշխանութեան գործունէութիւնները քննադատելն է, բայց շինիչ քննադատութեամբ: Եթէ համաձայն չես, այդ քու իրաւունքդ է, բայց եթէ քու անհամաձայնութիւնդ պիտի բարձրաձայնես, եթէ ինքզինքդ կը յարգես, քննադատութեանդ դիմաց նոր առաջարկով պէտք է գաս, աւելի լաւ եւ աւելի շինիչ առաջարկով: Ապա թէ ոչ, Ընկեր Փանջունիին կը նմանիս...: Վերջին երեք – չորս տարիներուն տեսանք որ Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ Հայաստանցի Փանջունիները բազմացած են:
Հայաստանը օժտուեցաւ նոր նախագահով: Ընտրութեան գործընթացին ընդիմադիրները ներկայ չէին: Հաւանաբար կ'ակնկալէին որ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութիւնը Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը առաջարկէր, որպէս ՙհաշտութեան՚ կամ ՙմիասնութեան՚ թեկնածու: Կարելի էր անշուշտ Քոչարեանին կամ Սարգսեանին անուններն ալ առաջարկել եւ այս եռոտանիէն մէկն ու մէկը ընտրել Հայաստանի պայծառ ապագային համար:
Հայաստանի պետութիւնը մասնաւոր յանձնախումբ մը նշանակեց որպէսզի 44 օրեայ պատերազմին պարտութեան պատճառները ի յայտ բերէ, դաւաճանութիւններն ու դաւաճանները ջուրի երես հանէ եւ հարկ եղած միջոցներուն դիմէ Հայաստանի Բանակը վերակազմակերպելու ւ հայրենիքին ապահովութիւնը երաշխաւորելու: Մեր ընդիմադիր ՙգործընկերներ՚ը հրաժարեցան մասնակցելէ այդ յանձնախումբին, քաջ գիտնալով որ իրենց մեծամեծներուն եւ կուսակցական գործակիցներուն անունները պիտի շօշափուին այդ յանձնախումբի ժողովներուն եւ անհերքելի փաստերով ցոյց պիտի տային ՙնախկիններուն՚ ահաւոր, անձնասէր, հակահայրենիք սխալներն ու գիտակցուած թերացումները:
Այս գործընթացին պատասխանատուութեան մէկ մասն ալ կ'իյնայ Վարչապետ Պր. Նիկոլ Փաշինեանի ուսերուն: Մեզի խոստացած էր որ երկաթեայ բազուկով պիտի պատժէ պատասխանատուները մեր ամօթալի պարտութեան (պարտութիւնը այդքան ալ ամօթալի չէր, եթէ նկատի ունենանք որ մենք կը պատերազմէինք Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուքրանիայի, Փաքիստանի, Իսրայէլի եւ հազարաւոր արաբ ահաբեկիչներու դէմ, լքուած ամէնքէն եւ առանձին): Ո՞ւր է, Պրն. Վարչապետ մեզի խոստացած ՙմուրճ՚դ: Ժամանակն է անխնայ գործածելու այդ մուրճը` հայրենիքի շահերուն համար:
Բայց... մենք հայ ենք եւ ունինք միայն ՄԷԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Լոս Անճելըս