top of page
Baikar Blue logo.png

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄ

Թուրքիոյ տնտեսութեան ցնցիչ տկարացումը եւ Էրտողանի 2023ին վերընտրութեան հեռանկարի մշուշապատումը խոր մտահոգութեան մատնած էին իշխող Արդարութիւն եւ Բարօրութիւն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, առաջնորդելով զայն երկրի արտաքին քաղաքականութեան վերաքննութեան:  Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը տագնապներ ստեղծած էր բազմաթիւ շրջանային եւ հեռաւոր երկիրներու հետ:  Այսպէս, այդ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը լարուածութիւն ստեղծած էր Յունաստանի հետ Եգիական ծովու շուրջ յառաջացած հակամարտութեան պատճառով. Կիպրոսի հետ` բնական կազի առափնեայ հետազօտութեանց պատճառաւ, Իսրայէլի հետ Համասի եւ պաղեստինցիներու պաշտպանութեան հետեւանքով, Սէուտական Արաբիոյ հետ լրագրող Խաշոկճիի սպանութեան պատճառաւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ Աբրահամի համաձայնագրին պատճառաւ, որուն շնորհիւ ճանաչում կը շնորհուէր Իսրայէլի, Եգիպտոսի հետ Իսլամ Եղբայրներու  պաշտպանութեան համար, Չինաստանի հետ` Թուրքիոյ կատարած գրգռութեանց պատճառաւ Ույկուրներու Խինճեանկ նահանգին մէջ, հայերու հետ` Արցախի պատերազմին պատճառաւ եւ վերջապէս Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի հետ ռուսական S-400 հրթիռներ գնելու պատճառաւ:

Բոլոր այս ձախաւեր քայլերը առաջնորդած էին Թուրքիոյ մեկուսացման եւ տնտեսական քայքայումի:  Հետեւաբար Թուրքիա կարիքը զգաց վերատեսութեան ենթարկելու իր արտաքին քաղաքականութիւնը մասնաւորաբար վերոյիշեալ երկիրներու հետ:

Երբ Թուրքիա փնտրտուքի մէջ էր իր արտաքին քաղաքականութիւնը վերամշակելու համար, վրայ հասաւ Ուքրանիոյ պատերազմը, որ առիթ ընծայեց Թուրքիոյ վերադառնալու դիւանագիտական թատերաբեմ:  Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի այցելութիւնները Մոսկուա անցած էին ապարդիւն:  Նախագահ Մաքրոն նոյնիսկ զգուշացուցած էր մամուլը ակնկալելու ՙյոռեգոյն՚ը:

Պատերազմը ահարկու է իսկ լրատու միջոցները` հզօր. հետեւաբար Արեւմուտքը յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկելու համաշխարհային կարծիքը Ռուսաստանի դէմ: Ի վերջոյ օգտաշատ առիթ մըն էր Արեւմուտքին վարկաբեկելու Ռուսաստանը` Ուքրանիոյ հաշուոյն: Բնականաբար Ռուսաստանի դէմ որդեգրուած տնտեսական պատժամիջոցները իրենց անդրադարձը պիտի ունենան նաեւ Արեւմուտքի վրայ. քարիւղի ու մետաղներու գիները արդէն բարձրացած են աննախընթաց մակարդակի:

Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ բանակցող խումբերուն երրորդ հանդիպման ձախողութենէն վերջ վրայ հասաւ բացառիկ առիթ մը: Արդարեւ, Թուրքիոյ միջամտութեամբ յաջողութիւն արձանագրուած էր Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարները` Սերկէյ Լաւրովն ու Տմիթրի Քապելան դէմ առ դէմ նստեցնելու Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին` Մարտ 11էն 13ին:  Թէեւ այդ հանդիպումը ի վերջոյ ապարդիւն դարձաւ, սակայն յաջողեցաւ դիւանագիտական աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրել Թուրքիոյ վրայ:  Ի դէպ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Արարատ Միրզոյեան եւ Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան եւս հրաւիրուած էին յիշեալ ֆորումին:  Եւրոպական Միութեան Անքարայի ներկայացուցիչը` Նիքոլաս Մեյէր-Լանտրութ բարձրօրէն գնահատած է Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը Ուքրանիոյ տագնապին առիթով:  Միւս կողմէ պարզ կը դառնայ որ Եւրոպական Միութիւնն ու Ամերիկան կը քաջալերեն Թուրքիան  իր միջնորդի դերին մէջ:

Դիւանագիտական այս յաջողութիւնը Թուրքիոյ համար նախաբանն էր դիւանագիտական այլ յաջողութեանց:  Արդարեւ տասը տարուան դիւանագիտական լարուածութենէ վերջ Իսրայէլի նախագահ Իզհաք Հերցոք Անքարա կ'այցելէ` երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բարելաւելու:  Թուրքիա կրնայ շատ հեշտութեամբ արտաքսել Համասի ներկայացուցիչները թրքական հողէն եւ ուրանալ պաղեստինեան դատին պաշտպանութիւնը յաւակնելու երեւութական փորձերը, որոնք պարզ խաղեր եղած են Անքարայի հեղինակութիւնը բարձրացնելու իսլամական աշխարհի մէջ:

Յաջորդ այցելուն Յունաստանի վարչապետն է` Քիրիաքոս Միցոթաքի, որ հանդիպեցաւ նախագահ Էրտողանի:  Յունաստան եւ Թուրքիա փոխադարձ ամբաստանութիւններ կը կատարէին Եգիականի վրայ գրգռութիւններ կատարելու յանցանքով:  Նոյնիսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու  սպառնացած էր վերատեսութեան ենթարկելու 1923ի Լոզանի դաշնագիրն ու 1947ի Փարիզի համաձայնագիրը` յունական կղզիներու սեփականութիւնը վտանգելով:

Անշուշտ յաջորդ պատուիրակութիւնը պիտի գայ Հայաստանէն վերահաստատել փորձելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ վերջ տալու շրջափակման:

Երբ Թուրքիա կը վերադառնայ իր նախկին դերին` դիւանագիտական աշխարհի մէջ, այդ ճամբուն վրայ պէտք է քննել նաեւ Հայաստանի դիւանագիտութեան վիճակը:  Հայաստանի յարաբերութիւնը Ուքրանիոյ հետ բաւական բարդ վիճակ մը կը ներկայացնէ:  Նախ անոր համար որ հայկական հսկայ համայնք մը գոյութիւն ունի Ուքրանիոյ մէջ, 400,000էն մինչեւ 500,000ի հասնող թիւով մը:  Միւս կողմէ, եթէ գոյութիւն չունենար Արեւմուտքի հզօր պաշտպանութիւնը Ուքրանիային, Հայաստան ամէն պատճառ պիտի ունենար անտարբեր մնալու այդ երկրին ճակատագրին նկատմամբ, որովհետեւ Ուքրանիա զինամթերք ուղարկելով պաշտպանած էր Ատրպէյճանը, Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, իսկ նախագահ Զելինսքի շնորհաւորած էր նախագահ Ալիեւը իր ՙյաղթանակին՚ համար:

Հայաստան գրեթէ մնացած էր մինակ դէմ քուէարկելով երբ Եւրոպայի Խորհուրդը որոշեց արտաքսել Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը:  Միւս կողմէ Հայաստան ձեռնպահ մնաց ՄԱԿի մարդկային իրաւանց յանձնախումբէն Ռուսաստանը առկախելու քուէարկութեան ընթացքին:  Նոյն ձեռնպահութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր նիստին քուէարկութեան:  Չենք գիտէր թէ ի՛նչ անդրադարձ կրնան ունենալ Եւրոպական Միութեան որոշման վրայ: Հայաստանին 2.6 պիլիոն եւրոյի օժանդակութիւն կատարելու որոշման վրայ:  Սակայն, այնպէս կը թուի որ Հայաստանի այս չէզոք կեցուածքը վրդովեցուցած է Մոսկուան, որպէսզի Պր. Լաւրով զանգահարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին` Արարատ Միրզոյեանին ՙհամադրելու համար՚ Հայաստանի քուէարկութիւնները Ուքրանիոյ պատերազմին առիթով:  Կ'երեւի թէ միայն Երեւանն է որ նման զանգ մը ստացած է Պր. Լաւրովէն:  Ոչ մէկ ուրիշ անդամ երկիր Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտի երկիրներէն ստացած է նման զանգ մը. ի դէպ, այդ երկիրները չէին իսկ մասնակցած այդ քուէարկութեանց:  Մոսկուա հրաւիրած է նաեւ` վարչապետ Փաշինեանը, որ իր կարգին պիտի լսէ Մոսկուայի գանգատները:

Նախքան Ուքրանիոյ պատերազմը նախագահ Փութին հրաւիրեց նախագահ Ալիեւը եւ ռազմագիտական դաշնակիցի պայմանագիր մը ստորագրեց, Ատրպէյճանը եւս դնելով Ռուսաստանի ռազմագիտական դաշնակիցի իրավիճակին, հաւասարեցնելով Հայաստանին: Թէ այդ երկու դաշնագիրները ինչպիսի՞ հակասութիւններ կը պարփակեն` պէտք է հարցնել Փութինին:

Ատրպէյճանի հետ կնքուած դաշնագիրը նպատակ ունէր չէզոքացնել Շուշիի յայտարարագիրը, որ փաստական անձնատուութիւնն էր Ատրպէյճանի Թուրքիոյ: Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերուած այս արհամարհական վերաբերումը կերպով մը կ'առնչուի Պելառուսի նախագահ Լուքաշենքոյի այն վիրաւորական յայտարարութեան որ կ'ըսէր. ՙո՞վ պէտք ունի Հայաստանին. ան ի վերջոյ պիտի գայ միանալու միութենական պետութեան՚:

Միւս կողմէ նախագահ Մաքրոն յանուն Եւրոպական Միութեան, որուն նախագահն է Ֆրանսան հեռաձայնած էր իր գնահատանքը յայտնելու Ալիեւին, որ խոստացած էր փոխարինելու ռուսական կազը եթէ ան չհասնէր Եւրոպա:  Նոյնպէս Մաքրոն երկու պիլիոնի օժանդակութիւն խոստացած էր Ատրպէյճանին:

Ֆրանսա իր քաղաքականութիւնը հաւասարակշռելու համար հրաւիրեց նաեւ վարչապետ Փաշինեանը Փարիզ` նշելու համար երկու երկիրներու դիւանագիտական հաստատման 30ամեակը, առանց քաղաքական բովանդակութիւն տալու այդ այցին:  Անշուշտ նախագահ Մաքրոն այդ հրաւէրով պիտի փորձէ սիրաշահիլ հայկական համայնքին համակրանքը` Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան նախօրէին:

Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով Մինսքի խումբը ամբողջութեամբ կլանուած էր այդ երկրին մէջ:  Վերջերս ճարահատ այդ խումբին ներկայացուցիչները հեռացան Ուքրանիայէն:  Այդ խումբին համանախագահներուն ներքին անհամաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր ձախողութիւնը Ուքրանիոյ մէջ բաւական վարկազրկած են անոր հեղինակութիւնը:  Մինչդեռ Հայաստան իր յոյսերը կապած էր Մինսքի խումբին, որ կը շարունակէր պնդել Արցախի իրավիճակի ճշդման վրայ:

Ինչպէս կը տեսնենք` դիւանագիտութիւնը սկսած է շարժիլ ի նպաստ Թուրքիոյ, նոր մարտահրաւէրներ պարզելով Հայաստանի դիմաց:

bottom of page