top of page
Baikar Blue logo.png

ԼԱՐՈՒԱԾ  ՈՐՈԳԱՅԹ

Տարեմուտէս ետք կրկնեցի նախորդ տարին: Նոր վերադարձեր էի Ֆրանսայի շլացուցիչ առատութենէն, երբ Երեւանի խանութները դատարկ էին ամենատարրական ապրանքներէն: Պրէժնեւեան լճացման տարիներուն, հնարամիտները զոր կու տային իրենց երեւակայութեան: Իրենց հնարած զաւեշտալի սրամտութիւնները երշիկի, պանիրի, իւղի ու շաքարի մասին` կայծակնային արագութեամբ կը տարածուէին քաղաքով մէկ, զուարճացնելով ժողովուրդը:

 ՙԿոմսոմոլ՚ կը կոչուէր ԽՍՀՄ-ի երիտասարդներու կուսակցական կազմակերպութիւնը: Ասոր գործունեայ անդամները կը լրտեսէին իրենց ընկերները: Պատերը ականջ ունին, կþըսեն, պէտք չէ բարձր խօսիլ, որ միւսները լսեն: Վա՜յ եկեր է գլխուն այն ուսանողին, որ բացէ ի բաց կը քննադատէ ռեժիմին բացթողումները: Լուրը անմիջապէս կը հասնի վերին օղակները, որոնք պատժիչ միջոցներու կը դիմեն: Օր մը, մեր սփիւռքահայ ուսանողները բռնեցին իրենցմէ մէկը, որ ականջը միջնապատին փակցուցած` կը լրտեսէր կողքի սենեակին խօսակցութիւնը: Անոնք այնպէս մը ծեծեցին այդ գարշելիին, որ ուրկէ գալը չգիտցաւ: Գալով տեղացի գործակալներուն, անոնք անձեռնմխելի էին եւ ունէին առանձնաշնորհումներ, օրինակ` կրնային ազատ ճամբորդել: Այդ հնարաւորութենէն զուրկ էր հասարակ քաղաքացին:

Մեր դասարանի կոմսոմոլներէն մէկը նոր վերադարձած էր արտասահմանեան ուղեւորութենէ մը: Տեսնելով, թէ կարգ մը ուսանողներ շուրջս հաւաքուած կը զուարճանան` կու գայ կը խռնուի մեզի: Բոլորը անմիջապէս կը զգաստանան եւ բերանները կը փակեն: Ինք խօսք կþառնէ ու կը դիմէ ինձի.

—Դու Եգիպտոսից ես եկել, հա՞:

—Այո, ի՞նչ կայ որ:

Պատմեց թէ նոր այցելած էր ծննդավայրս, եւ սկսաւ քննադատել կարգ մը կրաւորական երեւոյթներ: Չարամտութեան նշոյլ զգալով` դէմքիս ժպիտը սառեցաւ:

—Ուր որ գնում էինք, փողոցի երեխէքը մեզ հանգիստ չէին տալիս,- շարունակեց տրտնջալ: Մեզանից մանր փող էին աշխատում կորզել (պախշիշ) եւ բաց չէին թողնում` մինչեւ մի բան չնուիրէինք նրանց:

Նկատեցի, թէ վարկս կը փորձէր նսեմացնել ընկերներուս առջեւ: Իր խրոխտ շեշտը ուրիշ բան չէր յուշեր:

—Արա, էս ի՞նչ տեսակ երկիր է քո հայրենիքը, որ ժողովրդին խեղճացնում է: Փողոցի երեխէքը մեր յետեւից հա վազվզում էին, ծամոն մուրում: Ծամոն չկար մեր մօտ: Մի քանի հատ մատիտ ունէինք տուեցինք իրենց` ձեռքից ձեռք փախցրեցին: Էս մատիտ ասածդ ի՞նչ է, որ խանութում չլինի:

Ակնյայտ սուտ էր խօսածը: Եգիպտոսի մէջ, նոյնիսկ սոցիալիստ Նասէրի օրով, թէեւ որոշ ներածուող ապրանքներու պակասը զգալի էր, բայց նպարավաճառներուն մօտ ուտելիքի պակաս չկար.- կային բազմապիսի ընդեղէններ, յունական ձիթապտուղ, ճերմակ պանիր, իտալական ՙխաշար՚ պանիր, ՙմորթատելլա՚, պասթրմայի ապուխտ, հալուա, ՙպուլուպիֆ՚, թունա ու սաղմոն ձուկերու պահածոներ: Բայց Երեւանի պարենային խանութներուն մէջ ուզածդ չէիր կրնար գտնել: Զայրոյթս ջանացի զսպել. փոխարէնը` սկսայ զինք հեգնել:

—Մի գուցէ խանութներում մատիտ չկայ, բայց զուգարանի թուղթ` անպայման կը ճարուի…:

Փորձեց բանի տեղ չդնել առարկութիւնս:

—Ինչի՞ս է պէտք զուգարանի թուղթը. էդ ի՞նչ էական բան է որ…

—Կայ-չկայ, հետոյքդ Փրաւտայով ես չորացնում, ըսի:

Անակնկալի գալով` տեղնուտեղը պապանձեցաւ: Ռուսերէն պրաւդա, որ թարգմանի ճշմարտութիւն, կոմկուսի պոլիտբիւրոյի օրգան, ամենաշատ տարածուած օրաթերթն էր: Ան պատկերացնել անգամ չէր կրնար, թէ նման յանդուգն պատասխան պիտի տայի: Վրէժխնդիր հայեացքով` ան հեռացաւ մեր խումբէն: Կամաց-կամաց միւսներն ալ ցրուեցան: Միայն Նիկողայոսը մնաց, որ այնքան ոգեւորուեր էր, որ այդ ապիկարին բերնին համը կրցեր էի տալ.

—Արա՛մ ջան, լա՛ւ նստացրիր տեղը, ըսաւ: Մենք այդ տեսակ բան չենք կարող ասել նրան:

Վերջերս միջազգային թռիչքի կապ մը բացուեր էր Երեւանի ու Պէյրութի միջեւ: Այլեւս առաջուան պէս կարիք չկար Օտեսսայի կամ Մոսկուայի վրայով ճամբորդել` Միջին Արեւելք հասնելու համար: Ձմեռնային մօտալուտ արձակուրդիս ջանք չխնայեցի մեկնիլ Գահիրէ` ծնողքիս հանդիպելու համար: Երեքուկէս տարի տուն չէի այցելած: Օդանաւի տոմսերը արագ կը սպառէին, քանզի պահանջարկը շատ մեծ էր: Երթուդարձը մինչեւ Պէյրութ` 70 ռուբլի կþարժէր, եթէ չեմ սխալիր: Թռիչքս ապահովելու համար` ստիպուած եղայ 30 ռուբլի ՙփափախ՚ տալ: Բարեբախտաբար նախորդ տարուան պարտքս մարելէ ետք` քովս բաւական դրամ աւելցած էր:

Երբ որ Պէյրութ իջայ, ուզեցի Գահիրէի համար տոմսակ գնել` ուսանողական զեղչով: Լիբանանցի պաշտօնեան տեղեկանք պահանջեց: Երբոր գիտցաւ թէ Լիբանան չէի ուսանիր, 25 Լ.Ո. պահանջեց` կեղծ վկայական մը ձեւակերպելու համար: Երկու ժամ ետք տոմսս պատրաստ էր: Հազիւ գրասենեակէն դուրս ելած` նկատեցի թէ փոխադրող ընկերութեան անունը գրուած էր  Air Algeria: Աչքերուս չհաւատացի: Կասկածելով թէ խաբուած կրնայի ըլլալ, վերադարձայ` պաշտօնեային հետ կռուելու համար: ՙՀօ երեխա՞յ չես՚ ըսելով` գրասենեակէն դուրս վռնտեց:

Պէյրութի օդակայանը հասնելուս պէս, տեսայ թէ վազքուղիին վրայ Boeing 707 մը կը սպասէր` Middle East Airlines-էն: Կասկածս անմիջապէս փարատեցաւ: Չորս շարժիչներով, ականջ ծակող Aeroflot-ի  IL-18ի բաղդատմամբ` այս օդանաւը եօթներորդ երկինքի վայել էր: Չափազանց ուրախացան ծնողներս, երբ յանկարծ դուռը թակեցի: Այնքա՜ն բաներ ունէինք իրար պատմելիք: Եղբայրս, Գալուստեան ազգային վարժարանէն ետք, գացեր էր ուսանելու Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն:

Առաջին գործս եղաւ փութալ դէպի Իրանի դեսպանատունը` նոր անցագիր մը ձեռք բերելու համար, քանզի հինը սպառելու վրայ էր: Երկու օր ետք ստացայ անցագիրս, սակայն հիասթափեցայ, երբ տեսայ թէ միայն մէկ տարիով նորոգուած էր:

 

Կրկնուած էր Մոսկուայի մէջ ստացած կնիքս, որ կþարգիլէր մուտքս Իրան: Հիւպատոսին տուած լուսաբանումները ամենեւին չգոհացուցին զիս: Ասիկա կը նշանակէր, թէ Թեհրանի մէջ բնակող պապիկէս, որուն կեանքիս մէջ չէի տեսած` այլեւս պիտի չտեսնէի: Ըստ երեւոյթին, Շահնշահի Իրանը անունս մտցուցած էր սեւ ցանկին մէջ: Պատճառը այդ էր, որ ազատ կամքովս գացեր էի ԽՍՀՄի մէջ ուսանելու: Տարիներ առաջ, Եգիպտոսը եւս ձեռքէս խլած էր ծննդավայրիս մէջ մշտական կեցութեան իրաւունքս: Իսկապէս պատուհաս են այս յետամնաց պետութիւնները: Առիթ կը փնտռեն իրենց քաղաքացիները ճնշելու:

Հայրս միշտ ջատագովը եղած էր իրանական հպատակութեան, որ թոյլ կու տար անսահման ճամբորդել եւ բանակին մէջ չծառայել: Եթէ Եգիպտոսի քաղաքացի ըլլայինք եղբայրս ու ես` ստիպուած պիտի ըլլայինք Իսրայէլի դէմ կռուիլ եւ, ո՜վ գիտէ, թերեւս պատերազմին էշ նահատակ երթայինք: Ինչպէս յայտնի է, Եգիպտոսն ու Իսրայէլը անցեալ դարուն 4 անգամ մարտնչած են իրարու դէմ` 1948-ին, 1956-ին, 1967-ին եւ 1973-ին: Այդ առումով հայրս հեռատես գտնուած էր` մեզի եգիպտահպատակ չդարձնելով: Սակայն միւս կողմէն, ծննդավայրս այցելելու համար, մինչեւ այսօր ստիպուած եմ նախապէս մուտքի վիզայի դիմել: Իսկ Գահիրէի օդակայանին մէջ յաճախ անհամութիւններ պատահեր են հետս: Կը ստիպեն որ գիշերը անցընես զզուելի արտաքնոցին քով` մինչեւ որ ստուգեն ով ըլլալդ: Իսկ երբոր յաջորդ օրը քեզ ազատ արձակեն` ճամպրուկդ արդէն գողցըւած կþըլլայ: Այդ պատճառով ես երդուած եմ բնաւ ոտքս չդնել այդ երկիրը:

Հօրս հետ օր մը գացի հայրենադարձ Տիկ.Արմենիկին նուէրները յանձնելու` իր Եգիպտոսի մէջ ապրող եղբօրը կողմէ, որ Գահիրէի կեդրոնը ունէր ինքնաշարժ նորոգելու արհեստանոց մը: Ան եւ իր երիտասարդ աղջիկը գրկաբաց ընդունեցին մեզ: Երեկոն անցաւ կատակով ու զուարճանքով: Տանտէրը, ի պատիւ մեզի, շիշ մը ուիսքի բացաւ` գրաւի գալով թէ ամենաշատ խմողը կը յաղթէ: Պարծենալով ըսի, թէ հետս չի կրնար չափուիլ, քանի որ Հայաստանի մէջ ուսմանս կողքին, խմել ալ սորված էի: Հայրս շշմեցաւ աներեսութեանս համար: Նախ փորձեց խմելուս արգելք հանդիսանալ: Սակայն ես այլեւս առաջուան երախան չէի, որպէսզի կամքը վրաս տարածէր: Աչքերուն չհաւատաց, որ իր խելօք տղան ՙհարբեցողին մէկը՚ դարձեր էր:

 

Դժգոհութիւնը ցոյց տալու համար` այդ իրիկուն բերանը կաթիլ մը չդրաւ…

Երեւան վերադառնալու ատեն, Պէյրութի օդակայանի պաշտօնեան մատնանշեց, թէ անցագիրիս ժամկէտը անցած էր, սակայն պիտի արտօնէր, որ թռիչքս շարունակէի: Ուշքի գալով, ուշադիր զննեցի նոր ստացած անցագիրս: Անշնորհք պարսիկ հիւպատոսը անվաւեր անցագիր մը հայթայթեր էր` նախորդ տարեթիւը արձանագրելով: Ինչպէ՞ս տեղւոյն վրայ չէի նշմարած կատարուած սխալը` հաւատ ընծայելով, որ հայրս զինք մօտէն կը ճանչնար: Արդեօ՞ք դիտաւորեալ սխալ թուական գրած էր, կեանքս բարդացնելու միտումով: Այդ պահուն, ապագայիս ուրուագիծը սկսաւ մթագնիլ…:

ԱՐԱՄ ԱՃԵՄԵԱՆ

Սթոքհոլմ

bottom of page