top of page
Baikar Blue logo.png

ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐՈՒ ԱՏԱՄՆԵՐԸ`

ԹՐՔԱԿԱՆ ԺՊԻՏԻՆ ԵՏԻՆ

Հայաստանի մամուլն ու լրատու այլ միջոցները սկսած էին հարցադրել թէ ինչո՞ւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Արարատ Միրզոյեան կը փորձէ հակադարձել իր թուրք պաշտօնակիցին` Մեվլութ Չաւուշօղլուի ժպիտին, Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին ընթացքին: Հարցադրումին կրկնութիւնը գրեթէ քաղաքական գայթակղութեան մակարդակին հասցուցած էր խնդիրը Երեւանի մէջ մինչեւ որ թրքական ժպիտին ետին պարզուեցան ատամները գորշ գայլերուն:

Միջազգային հրապարակի վրայ Չաւուշօղլու ամէնէն վարպետ վաճառորդն է թրքական անվաճառելի քաղաքականութեան. յաճախ, ան, դիւանագիտական նրբութեամբ կը հակակշռէ նախագահ Էրտողանի կոպիտ ելոյթները, միջազգային հրապարակի վրայ:

Սակայն, վերջերս, ան եւս վար առաւ իր դիւանագիտական դիմակը, դրսեւորելով թուրքին յատուկ իր յօշոտիչ ատամները:

Առիթը Չաւուշօղլուի Ուրուկուայ կատարած այցելութիւնն էր: Այցելութեան վայրն ու թուականը պատահական չէին կրնար ըլլալ: Արդարեւ, Ուրուկուայ առաջին երկիրն էր որ Ապրիլ 20, 1965ին ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութիւնը: Պր. Չաւուշօղլուի այցելութեան առիթը, կամ` պատրուակը, Մոնթեվիտէոյի մէջ Թուրքիոյ նոր դեսպանատան բացումն էր Ապրիլ 23ին: Մոնթեվիտէոյի այցը մաս կը կազմէր թուրք դիւանագէտին դէպի Հարաւային Ամերիկա շրջապտոյտին: Թուրքիա տնտեսական եւ քաղաքական թեւերը կը տարածէ ափրիկեան ցամաքամասին վրայ: Ներկայիս, առիթը բացուած է նաեւ Հարաւային Ամերիկայի, ուր բացի տնտեսական ու քաղաքական այլ նպատակներէն` զգալի է հայկական ներկայութիւնը, որուն հակադարձել կը փորձէ Անքարան:

Ուրուկուայ երկիր մըն է որ յատուկ յարգանք կը տածէ հայ համայնքին եւ անոր ցաւոտ անցեալին նկատմամբ: Ունի պողոտայ մը որ մկրտած է հայկական անունով, ինչպէս նաեւ գլխաւոր հրապարակ մը` նոյն անունով: Հետեւաբար` այդ ճամբաներէն անցնելով հաւանաբար շատ լարուած էին Պր. Չաւուշօղլուի ջիղերը, որոնք յանկարծ տեղի տուին երբ իր ինքնաշարժը դիմաւորուեցաւ ցոյցի ելած հայկական զանգուածով: Եւ Պր. Չաւուշօղլու, չկարենալով պարզել աւելի խելացի եւ դիւանագէտ վերաբերում մը, յանկարծ կը դիմէ իր թուրքի բնազդներուն եւ իր ձեռքով նշանը կու տայ Գորշ Գայլերու կազմակերպութեան: Այս կազմակերպութիւնը ահաբեկչական նէօ-ֆաշիստ խմբաւորում մըն է որ ընդգրկուած է կարգ մը արիւնալի արարքներու մէջ. ինչպէս` Յովհաննէս Պօղոս Պապին սպանութեան փորձին, լրագրողներ Ապտի Իջեքճիի եւ Հրանդ Տինքի սպանութեանց մէջ: Գորշ գայլականները մասնակցած են նաեւ 44օրեայ պատերազմին, Ատրպէյճանի կողքին:

Թուրք պետութիւնը, իր ներկայ ու անցեալ վարչակազմերով, յաճախ կը գործակցի Գորշ Գայլերու հետ, երկրին մէջ ու երկրէն դուրս, քաղաքական հաշուեյարդարներ կազմակերպելու:

Չաւուշօղլուի այս անպատեհ արարքը համապատասխան վերաբերումի չարժանացաւ հայկական կողմին վրայ. արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ընդհանրապէս լուռ էր, հասկնալի պատճառով, բանակցութիւնները չտապալելու մտահոգութեամբ: Միակ հակադարձութիւնը եկաւ Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնաժողովի նախագահէն` Էտուար Աղաջանեանէն որ ըսաւ. ՙԱսիկա խոցելի արարք մըն է. ան ոչ մէկ կերպով կը սատարէ ձեւաւորելու փոխադարձ հասկացողութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտ մը, երկու ժողովուրդներու միջեւ՚:

Բարեբախտաբար հիւրընկալ երկիրը, Ուրուկուայ, աւելի յստակ եւ ուժեղ հակադարձութիւն մը ունեցաւ, սկսելով երկրի նախագահէն. արդարեւ նախագահ Լուիս Լաքայա Փու պատասխանեց ըսելով. ՙՑաւալի է որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը թուրք ծայրայեղ ազգայնական Գորշ Գայլերու նշանով պատասխանած է Մոնթեվիտէոյի հայերուն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Շաւուշօղլուի վարմունքը պէտք է քննադատուի խիստ կերպով. հայ համայնքը վիրաւորուած է իրաւացի կերպով՚:

Ինչ որ աւելի հետաքրքրական է` նախագահին քաղաքական վարքագիծին ճշդումն է երբ թուրք դիւանագէտը կը շրջի Հարաւային Ամերիկայի երկիրները, Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ծանօթացնելու եւ ընդունելի ընծայելու զայն: Այդ ուղղութեամբ Ուրուկուայի նախագահը ճշդած է որ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնելը չի նշանակեր որ Ուրուկուայ համաձայն է միւս կողմին արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան հետ:

Երկրի փոխ նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը այնուհետեւ մասնակցած են Եղեռնի զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ դատապարտած են Չաւուշօղլուի վերաբերումը: Թուրքիոյ դեսպան Պր. Միւֆթիօղլու եւս կանչըւած է արտաքին գործոց նախարարութիւնª առ ի բողոք£ Մէկ խօսքով Թուրքիոյ քաղաքականութեան համար գետին շահելու ձախաւեր գործը գլխիվայր դարձած է:

Վստահ ենք թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ծանօթ են թէ որո՞ւ հետ կը բանակցին եւ մանաւանդ գիտակ են որ Պր. Չաւուշօղլուի ժպիտին տակ թաքնըւած են ատամները Գորշ Գայլերուն, ոչ շատ խորունկ կերպով:

Ոչ նուազ վտանգաւոր դրսեւորում մը ունեցած է նաեւ Չաւուշօղլուի հոգեղբայրը` նախագահ Իլհամ Ալիեւ, վերջերս Ատրպէյճանի մէջ կայացած առեւտրական խորհրդաժողովի մը ընթացքին: Ան բացայայտօրէն սպառնացած է հայկական ինքնիշխան պետութեան գոյութեան:

Ան յայտարարած է որ շուտափոյթ պատասխան մը կը սպասէ Հայաստանէն` խաղաղութեան պայմանագիր մը ստորագրելու: Անոր զուգահեռ ազերիներու սփիւռքի 5րդ համաժողովը Շուշիի մէջ յայտարարած է որ 6րդը պիտի կայացնէ... Երեւանի մէջ:

Յայտնի է որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան աճապարանքի մէջ են Հայաստանը կատարուած իրողութեան առջեւ դնելու, երբ Ռուսաստան մխրճուած է Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ եւ երբ Անքարա եւ Պաքու կը փորձեն յարաբերութիւնները բարելաւելու Արեւմուտքի հետ, Ռուսաստանի հաշուոյն, Թուրքիաª իր ռազմական կարողականութեամբ եւ դիւանագիտական խաղերով, իսկ Ատրպէյճան` իր ոյժանիւթի հայթայթման խոստումներով:

Հակառակ այն իրողութեան որ վերջերս պետական քարտուղար Անթընի Պլինքըն ծերակոյտի լսումներուն ընթացքին ուղղակիօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի ապակայունացնող դերը Կովկասի մէջ – որակելով զայն ՙհրահրող՚ արարքներ – նախագահ Իլհամ Ալիեւ համարձակած է յիշեալ ժողովին յայտարարելու որ եթէ Հայաստան չհամակերպի իր պահանջներուն, ինք պատրաստ է ՙվերջ դնելու Հայաստանին իբրեւ պետութիւն՚:

Ամերիկա, դժբախտաբար, յանձնառութիւն չունի պաշտպանելու Հայաստանը. սակայն Հայաստանի ռազմագիտական դաշնակիցը` Ռուսաստան, ունի այդ յանձնառութիւնը, թէ՛ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած ռազմական դաշինքին բերումով եւ թէ՛ Հայաստանի անդամակցութեամբը Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտին:

Նման մերկապարանոց սպառնալիք մը, ուղղուած Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ նոյնիսկ` գոյութեան, արժանի է շռնդալից պատասխանի մը Քրեմլինի կողմէ, որքան որ ալ ան կլանուած ըլլայ Ուքրանիոյ պատերազմով:

Հայաստան առանձին չի կրնար փշրել ատամները վայրագ գայլերուն:

bottom of page