top of page
Baikar Blue logo.png

Ռ.Ա.Կ.-Ի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ

(Ցանկ Ա.)

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միասնականութեան նախաձեռնող համախմբումը իր կոչը հրատարակեց Դեկտեմբեր 19, 2021ին:  Ուրախ ենք յայտնելու որ մեծապէս դրական եղած են այդ կոչին արձագանգները:  ՌԱԿի կուսակցական շարքերէն ներս արդէն անհատ ընկերներ, շրջանակներ եւ ակումբներ կը յայտնեն իրենց զօրակցութիւնը:

Այսօրուընէ սկսեալ հերթականօրէն մամուլին պիտի յանձնենք ստացուած զօրակցութեան գիրերը: Այս առթիւ պիտի ողջունենք նաեւ նոր պատասխաններ:

 

Ստորեւ կը գտնէք այդ արձագանգներէն կարգ մը նմոյշներ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան 26.12.2021 թուակիր նիստում ընթերցուեց հայ Սփիւռքի մեր կուսակից ընկերների ձեւաւորուած Ռ.Ա.Կ.-ի միասնականութեան նախաձեռնող նախկին ղեկավարներու համախմբում անուանումով խմբի հրապարակած ՙՌ.Ա.Կ.-ին միասնականութեան պահը հնչած է արդէն՚ կոչը:

Կեդրոնական Վարչութիւնը ողջունում է սոյն կոչը, որն ուղղուած է ՌԱԿ սփիւռքեան կառոյցների միասնականութեանը` ի շահ հայրենիքի այս ճակատագրական ծանր օրերի յաղթահարման եւ կուսակցութեան օղակների համախմբման:

Միաժամանակ Կեդրոնական Վարչութիւնը, համաձայն կուսակցութեան կանոնադրութեան բոլոր կէտերի, պատրաստակամ է համակարգել ցանկացած միջոցառում Հայաստանում` ուղղուած սփիւռքեան միասնականութեանը:

 

Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն

 

ՅՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ատենադպիր

ՀՐԱՉԵԱՅ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ատենապետ

 

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱ

Անխառն երջանկութեամբ վերջերս իմացանք ՌԱԿ ՙՄիացեալ Համախմբում՚ի կազմութեան լուրը, որ ինչպէս աշխարհասփիւռ իւրաքանչիւր ռամկավար ազատականի երազն է եղած անցնող 30 տարիներուն, այնպէս ալ մեր շրջանակին, որ մնացած է անցնող 100 տարիներուն աւանդապահը մեր կազմակերպութեան ծրագիր-կանոնագրի տրամադրութիւններուն եւ պահած է գուրգուրանքով մեր սկզբունքները եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերը:

Վստահաբար, ՌԱԿի 100ամեակի կազմութեան օրերուն այս Համախմբումը պիտի դառնայ մեծագոյն պարգեւը մեր շրջանակին:

Մեր բոլորանուէր գործակցութիւնը ձեր կազմին հետ կ'երաշխաւորենք յանուն մեր կուսակցութեան եւ ազգային քաղաքական վեհ նպատակներուն:

 

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան

ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ

Ատենապետ

bottom of page