top of page
Baikar Blue logo.png

ԱԼԻԵՒԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ մէկ կողմէ կը յայտարարէ թէ իր երկիրը կը ցանկայ մնայուն եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի հետ, միւս կողմէ կը դիմէ նոր սադրանքներու` խաչակրութիւն մը կազմակերպելով հայկական հոգեւոր ժառանգութեան դէմ, որ 44օրեայ պատերազմին պատճառով ենթարկուեցան ատրպէյճանական իշխանութեան:

Սովետական տարիներուն, այժմու նախագահին հայրը` Հայտար Ալիեւ, օգտագործելով Փոլիթ Պիւրոյի անդամակցութեան հանգամանքը, ծրագրեալ կերպով հայաթափեց Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը որ 60 տոկոսով հայաբնակ էր: Սովետական իշխանութեան փլուզումէն ետք արդէն ամբողջութեամբ պարպուած էր Նախիջեւանի հայութիւնը, հետեւաբար այլեւս հնարաւոր չէր առաջ մղել գործնական պահանջը ինքնավարութեան:

Ի դէպ, Հայտար Ալիեւի մակարդակով հայ իշխանաւորներ չյաջողեցան, չուզեցին, կամ բան` չկրցան Հայաստանին մատուցանել այնպիսի ծառայութիւն որ Հայտար Ալիեւ մատուցած էր Ատրպէյճանին: Այդ պատճառով ալ այսօր Հայտար Ալիեւի անունը ի պատուի է Ատրպէյճանի մէջ, իբրեւ ներկայ Ատրպէյճանական պետութեան հայրը, մինչ Հայաստանի մէջ խնդրական դարձած է Անաստաս Միկոյեանի արձանին կառուցումը:

Հայտար Ալիեւ, Նախիջեւանի հայաթափման զուգահեռ, մղեց հայկական յուշարձաններու, խաչքարերու եւ այլ կառոյցներու եղծանման ու բնաջընջման պայքարը. Հայաստանի իշխանութիւնները, վախնալով որ Քրեմլինի կողմէ կրնան իբրեւ վտանգաւոր ազգայնականներ ամբաստանուիլ, շարունակեցին լուռ մնալ. միայն հայրենասէր գիտնական մը` յանձին Արգամ Այվազեանի պետական յանձնաժողովի մը մակարդակով կատարեց փաստագրական աշխատանք` նկարելով, ցանկագրելով եւ յաջորդական հատորներով հանրութեան յանձնելով իր այդ վտանգաւոր առաքելութեան արգասիքը:

Այսօր, Իլհամ Ալիեւ կու գայ յանձն առնելու իր հօր կէս թողուցած գործը` պատերազմ յայտարարելով հայկական այն յուշարձաններուն դէմ որոնք ինկան իր տիրապետութեան ներքեւ:

Թուրքերը, եւ անոնց եղբայրացած ատրպէյճանցիները, կործանարար հաւաքականութիւններ են եւ իրենց ճամբուն վրայ քար ու քանդ ըրած են այլ ժողովուրդներու ստեղծած քաղաքակրթութիւնները:

Այսպիսի հաստատում մը կատարելը հիմնուած է փաստական տուեալներու վրայ եւ արդիւնքը չէ ցեղային նախապաշարումի կամ ծայրայեղ ազգայնականութեան: Թուրքերը մինչեւ անգամ սպառնացած են պայթեցնելու Այա Սոֆիա տաճարը, Պոլսոյ մէջ: Տաճար մը որ կը նկատուի աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը եւ կառուցուած է բիւզանդացի կայսր Յուստինիանոսի օրով 537 թուին, Ք.Ե.:

2005 թուականին ատրպէյճանական բանակը քանդեց հազարաւոր արժէքաւոր խաչքարեր Նախիջեւանի Ջուղայի շրջանին. փշրուած խաչքարերու կտորները թափուեցան գետի մէջ: Այդ առիթով բարձրացուած աղմուկը շատ տեղ չհասաւ. եթէ նոյնիսկ հասաւ` հետեւանք մը չունեցաւ որովհետեւ Ալիեւի իշխանութիւնը պարզապէս արգիլեց UNESCO-ի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի պատուիրակութեան այցը ոճիրին վայրը. եւ միջազգային այդ հարթակները պարզապէս համակերպեցան եւ յայտարարեցին թէ կարելի չէ եղած այցելել Ջուղա, փոխանակ եզրակացնելու այդ արգելքէն որ  Ատրպէյճան իրապէս պահելիք յանցագործութիւն մը ունի որ կ'արգիլէ իրաւասու մարմիններու եւ մասնագէտներու այցը:

Ի դէպ, պէտք է յայտնել որ Ատրպէյճան, շնորհիւ իր փեթրոտոլարներուն բաւական ազդեցիկ լրատուական ու լոպիական գործունէութիւն մը կատարէ` խուսափելու համար հայկական կողմին սահմանափակ գործունէութենէն. օրինակ, անոնք կը դիմեն այն կողմերուն որոնք ճնշումի բացակայութեան պարագային արդար վճիռներ պիտի արձակէին. այսպէս, Ատրպէյճան իր գանձէն հսկայ գումարներ կը յատկացնէ UNESCO-ին որ իր հերթին կը պարտաւորուի UNESCO-ի Բարի Կամքի դեսպան նշանակել նախագահ Ալիեւի տիկինը` Մեհրուպանը: Ատրպէյճանի այդ տոլարները հասած են նաեւ մինչեւ Վատիկան որ սակայն 2015 թուին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ատրպէյճանի լոպին արդիւնաւէտ կերպով կը գործէ Մոսկուայի մէջ շնորհիւ ազերի-ռուս նաֆթային գործօնի, իսկ Արեւմուտքի մէջ նոյն արդիւնքին կը յանգի թրքական լոպիին միջամտութեամբ. եւ այս բոլորը աւելի կը բարձրացնեն նշաձողը` լրատուական հարթակի մէջ պայքարելու թուրք-ազերի գործօնի դէմ:

Հայաստանի պատուիրակութիւնը Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ բաւական ազդու պայքար մը տարած է Ատրպէյճանի կողմէ հայկական յուշարձաններուն աղուանական ինքնութեան վերագրելու Ատրպէյճանի փորձերուն դէմ: Միւս կողմէ Լահէյի Միջազգային Դատարանին, անցեալ Դեկտեմբերին որոշումը Ատրպէյճանի դէմ նոյնպէս ունեցած է իր դերը: Այդ պատճառաւ ալ Ատրպէյճանը, փոխանակ անցեալի նման քանդելու հայկական յուշարձանները` դիմած է աւելի խորամանկ միջոցի մը` զանոնք վերագրելով Ուտի եւ Աղուան փոքրամասնութեանց, որոնց ղեկավարները, ի դէպ, կը տառապին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ:

2021ի Նոյեմբերին նախագահ Ալիեւ, զինուորական զգեստով այցելեց Հատրութի շրջանի 12րդ դարու հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ընկերակցութեամբ իր կնոջ եւ աղջկան. տեղւոյն վրայ առնուած տեսաերիզի մը մէջ տեսանելի կերպով կը յայտարարէ- .Հայերը փորձած են այս եկեղեցին հայկականացնել եւ հայկական արձանագրութիւններ կատարուած են: Սակայն, կեղծ են բոլոր այս արձանագրութիւնները սուտ են. անոնք աւելցըւած են աւելի ուշ՚:

Պր. Ալիեւ պատմաբան մը չըլլալով հանդերձ համարձակօրէն կը պարզէ իր տեսութիւնը թէ բոլոր հայկական եկեղեցիները կը պատկանին կովկասեան աղուաններուն: Եւ տեսութիւնը հաստատելու համար կազմած է գիտնականներու խումբ մը, որոնք պարտաւոր են յանգելու մի միայն Պր. Ալիեւի եզրակացութեան այլապէս ինչ որ ալ ըլլայ ճշմարտութիւնը: Այս մեթոտը կը թուի ժառանգուած ըլլալ Ստալինէն, որ կը հրապարակէր տեսութիւններ – երկրագործութեան, ֆիլմարուեստի, գիտութեան եւայլն – եւ յետոյ կը հրաւիրէր մասնագէտներ, համապատասխան ասպարէզներու մէջ, որ փաստեն այն ինչ որ Ստալին արդէն գիտէր: Այլապէս, ենթակայ կը դառնային գնդակահարութեան:

Հայկական ժառանգութիւնը աղուանացնելու տեսութիւնը նորութիւն մը չէ. ան հնարուած էր ատրպէյճանցի պատմաբան Զիա Պահիաթովի կողմէ 1950ական թուականներուն ատրպէյճանցի վաչկատուն ազգը երկրին բնիկ ներկայացնելու եւ ծագած ըլլալու կովկասեան աղուաններէն որոնք կը բնակէին այդ վայրերուն մէջ: Իր օրին Պունիաթով վարկաբեկուած էր, սակայն Ալիեւ չի վարանիր քալելու անոր ճանապարհէն:

Ատրպէյճան, Թուրքիոյ նման, տնօրինելու է եւ կ'ուզէ իրաւատէրը դառնալ իր գրաւած հողամասի բնիկ ազգաբնակչութեան մշակութային ժառանգութեան, այս պարագային` հայոց պատմական մշակոյթին:

Հակառակ այն իրողութեան որ նախագահ Ալիեւ խոստացած էր նախագահ Փութինին պահպանել քրիստոնէական ժառանգութիւնը գրաւեալ հողերուն վրայ եւ, նոյնպէս, հակառակ UNESCO-ի զգուշացման որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան դադրին ՙվտանգելէ մշակութային ժառանգութիւնը տարբեր ազգութեանց – որովհետեւ այդ ժառանգութիւնները վտանգելը համազօր պիտի ըլլայ մարդկային ցեղի ժառանգութեան վնասման՚, UNESCO-ի առաքելութեանց մուտքը Ատրպէյճան խափանուած է:

Վերջին լուրերու համաձայն UNESCO որոշած է նախաձեռնել նոր առաքելութեան պատուիրակութիւն մը ուղարկելու Պաքու եւ Երեւան: UNESCO-ի գլխաւոր քարտուղար Օրնի Ազուլէի նախաձեռնութեամբ է որ այս պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ տարածաշրջան: Որքան ալ այդ պատուիրակութիւնը ընդգրկէ մասնագէտներ` կարճ այցելութեամբ կարելի պիտի չըլլայ բաւարար ուսումնասիրութիւններ կատարել արդար եզրայանգումի մը համար. հետեւաբար բողոքարկու կողմին կը մնայ այդ նախապատրաստական աշխատանքները կատարել պատուիրակութիւնը առաջնորդելով ուղիղ եւ արդար ելքի մը:

Յայտնի է որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, բաւական զգաստացած իրենց քանդողական գործունէութեան դէմ բարձրացած բողոքներէն, դիմած են աւելի խորամանկ միջոցի մը` իբրեւ թէ ՙգիտական՚ աշխատանք տանելով ստուգելու մշակութային ժառանգութեանց բուն տէրերը: Արդարեւ, Ատըրպէյճանի մշակոյթի նախարարը` Ամար Քարիմով, մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ կազմած է գիտնականներէ բաղկացած յանձնախումբ մը որ պատասխանատու պիտի ըլլայ ՙջնջելու երեւակայական հետքերը հայոց` աղուանական կրօնական տաճարներուն վրայ՚: Այստեղ եւս, նախարարը կը պարզէ իր համոզումը թէ հայկական արձանագրութիւնները ՙերեւակայական են՚ նախքան որ այդ ենթադրեալ գիտնականները կատարած ըլլան իրենց ուսումնասիրութիւնները:

Ոչ Եւրոպական Միութիւնը եւ ոչ ալ նախագահ Փութին ցարդ յաջողած են ետ կեցնելու Ալիեւի կառավարութիւնը իր քանդիչ դիտաւորութիւններուն մէջ: Նախագահ Փութին, Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան առընթեր ծանուցած էր որ իր անձնական հսկողութեան տակ պիտի առնէ Քելպաջարի շրջանին մէջ գտնուող Դատիվանքը:

Մշակոյթի նախարարին դիտաւորութիւնը հիմնաւորելու կու գայ թուրք-իսլամ հետազօտող Թելման Նուսրաթօղլու գրելով - ՙԱմէն մարդ պէտք է գիտնայ թէ Լաչինի շրջանին մէջ գտնուող Աղօղլան վանքը Խուտավանի համալիրը Քելպաջարի մէջ, Սուրբ Եղիսէ տաճարային համալիրը Աղտարայի մէջ եւս Կենճասար (Գանձասար) վանքը մաս կը կազմեն Կովկասի աղուաններու ժառանգութեան, որ Կովկասի մէջ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն էր՚, աւելցնելով որ ՙԿովկասեան Աղուանքը կը միացնէր թուրք եւ կովկասեան ցեղերը, որոնք միացեալ դրօշին ներքեւ կատարեցին կարեւոր դեր մը թրքական Ատրպէյճանի ազգային կազմաւորման մէջ՚:

Եւրոպական Միութիւնը փոխանակ արգիլելու այս վայրագ արշաւը Կովկասի հայ քրիստոնէական ժառանգութեան դէմ, տեղի կու տայ Ատրպէյճանի ճնշումին եւ բողոքներուն: Պատերազմէն վերջ երբ Եւրոպական Միութիւնը խոստացաւ 2-6 միլիառ եւրոյով սատարել Հայաստանի տնտեսութեան, 195 միլիոն եուրօ ալ սահմանած էր Ատրպէյճանին: Պաքուի բողոքներուն վրայ Եւրոպական Միութիւնը փոխած է իր սկզբնական որոշումը եւ խոստացած է 2 միլիառ եւրոյի ներդրում կատարել Ատրպէյճանի մէջ եւ նաֆթային նոր պայմանագիրներ կնքել: Ռէալփոլիթիքի քաղաքականութեան վառ օրինակ մը որուն դէմ ոչ մէկ քրիստոնեայ երկիր ձայն բարձրացուց, բացի Ֆրանսայէն թերթէ մը: Արդարեւ, Փարիզի ազդեցիկ թերթերէն մէկը` Le Figaro, իր փոխ խմբագրին` Ժան-Քրիստոֆ Պուիսանի գրիչով հրատարակած է բուռն յօդուած մը իր Փետրուար 4, 2022ի համարին մէջ, մեղադրելով եւրոպացիները որոնք գործարարքի մէջ են Ատրպէյճանի հետ, երբ վերջինս մշակութային ցեղասպանութիւն մը իրագործելու մէջ է հայկական ժառանգութեան դէմ Արցախի մէջ, ՙսակայն ոչ մէկ հակազդեցութիւն կայ անոր դէմ, ոչ ֆրանսական կառավարութեան մօտ եւ ոչ ալ UNESCO-ի եւ տակաւին Եւրոպական Միութիւնը կ'ողջունէ ոյժանիւթի գործակցութիւնը Պաքուի իշխանութեանց հետ՚ եւ ապա կ'աւելցնէ - ՙԶզուելի է տեսնել որ Եւրոպական առաքելութիւնը կը զօրացնէ կապերը Ատրպէյճանի բռնատէր Ալիեւի հետ, որուն արարքները նպատագրուած են ոչնչացնել հայերը, անոնց պատմութիւնը, անոնց եկեղեցիները եւ անոնց ժառանգութիւնը  Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) մէջ: Ի՜նչ ամօթ ... պարզապէս զզուելի է՚:

Կը յուսանք որ բողոքի նման ձայներ կը միանան Ֆիկարոյի բողոքին, աշխարհի տարբեր անկիւններէն. սակայն այս առաջին հերթին մեր գործն է, մեր մարտահրաւէրը որ կը պարտաւորեցնէ մեզ համազգային զօրաշարժի:

Եւ քանի որ առաջին հերթին խնդրոյ առարկայ է մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը, պատմական եւ այլ կառոյցներու կողքին, եւ անոնցմէ առաջ` եկեղեցւոյ առաջնորդներն են որ պէտք է գլխաւորեն համազգային եւ համաշխարհային զօրաշարժը: Ահաւասիկ պատեհութիւն մը` միասնականութիւն ձեւաւորելու վարչական, իրաւական, դաւանաբանական եւ այլ մտահոգութիւններէ վեր ե առաջ:

Ամենայն Հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Արամ Ա. Պէտք է միասնաբար գլխաւորեն այս արշաւը, զօրաշարժի հրաւիրելով Հայ Աւետարանական եւ Կաթողիկէ հոգեւոր առաջնորդները եւ ապա` իրենց ենթակայ բոլոր թեմերը, ի հարկին միասնաբար ներկայանան UNESCO-ի ատեանին, զինուած գիտական հարուստ փաստագրութիւններով:

Մեր հազարաւոր զոհերէն եւ հողային կորուստներէն վերջ ասիկա մարտահրաւէրն է դիմագրաւելու մեր հոգեւոր ժառանգութեան եւ մեր պատմութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը:

Ասկէ անդին աւելի լուրջ պատճառ չկայ համազգային միասնութեան:

bottom of page