ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Կարծէք թէ դադար պիտի չունենայ Ուքրանիոյ պատերազմը եւ անխընայօրէն շարունակէ իր աւերիչ ընթացքը: Ռուսական կողմէն անվերջ հաւաստիացումներ կը հասնին որ քաղաքացիական հասարակութիւնը չէ ռմբակոծման թիրախը, սակայն լուրերն ու նկարները այլ բան կը պարզեն երբ հեռուստացոյցի պաստառին վրայ փուլ կու գան բնակելի հըսկայ շէնքեր` համապատասխան հետեւանքներով: Արդէն Ուքրանիոյ սահմանը հատող գաղթականներու թիւը կը մօտենայ շուրջ երկու միլիոնի: Դրացի երկիրներ – եւ մինչեւ անգամ Հայաստան – կը հիւրընկալեն այդ գաղթականները: Բնականաբար, հայոց սիրտին համար չափազանց զգայուն է դիտել փախուստ տուած գաղթականներու զանգուածները, որոնք համահունջ են Արցախի գաղթականներու ճակատագրին հետ:
Հայկական կողմին վրայ կը պարզուի նաեւ զարմանքի եւ զայրոյթի ալիք մը թէ ինչո՞ւ քաղաքակիրթ աշխարհը անտարբեր մնաց 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, մինչ այսօր Ուքրանիան դարձած է համաշխարհային ուշադրութեան եւ գութի առարկայ:
Այս տարբերութեան պատճառներէն մէկը այն է որ Արցախի պատերազմի նախօրէին Թուրքական դիւանագիտութիւնն ու ատրպէյճանական փեթրօ-տոլարները պատրաստած էին հանրային կարծիքը` արդարացի նկատելու Ատրպէյճանի նախայարձակումը` իր ՙպատմական հողերը՚ ազատագրելու: Հայերս այդ հնարաւորութիւնը չունէինք: Ազերիները մինչեւ անգամ ՄԱԿի երկիմաստ որոշումները յաջողեցան օգտագործել ի նպաստ իրենց:
Այսօր երկրագունդի երեսին քաշուած են քաղաքական գիծերը եւ ազգերու մեծամասնութիւնը դիրքաւորուած է Ռուսաստանի դէմ, երկընտրանքի առջեւ դնելով Հայաստանը: Եւրոպայի Խորհուրդին եւ ՄԱԿի ընդհանուր համաժողովին Հայաստան յաջողեցաւ իր արտաքին քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանել, ձեռնպահ մնալով քուէարկութեան ընթացքին: Նկատելի փաստ մըն է նաեւ Չինաստանի ընթացքը. Պէյճին եւս, Հայաստանի նման, ձեռնպահ մնաց ՄԱԿի քուէարկութեան, հակառակ որ Չինաստանի նախագահը Ձմեռնային Ողիմպիականի ընթացքին վստահեցուցած էր նախագահ Փութինը թէ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի բարեկամութեան ու գործակցութեան մէջ ՙսահմաններ չկան՚:
Ցարդ ձեռնպահ մնալով Հայաստան պիտի չկրնայ երկար ատեն պահել իր չէզոքութիւնը: ՄԱԿի քուէարկութեան ընթացքին միայն հինգ երկիրներ քուէարկած են ի նպաստ Ռուսաստանի: Այս մեկուսացման դիմաց շատ հաւանաբար Մոսկուա փորձէ պատերազմին մէջ քաշել նաեւ Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտի երկիրները, ինչպէս ըրաւ Ղազախստանի խլրտումներուն պարագային: Իսկ այդ կազմը բացարձակ լռութիւն պահած էր Արցախեան պատերազմին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններու խախտումին առիթով:
Երբ Հայաստան մտահոգուած է Ուքրանիոյ պատերազմի ելքով` տնտեսագէտներ հաշուարկումներ կը կատարեն թէ որքան ծանր պիտի նստին Հայաստանի վրայ Ռուսաստանի դէմ գործադրուած Արեւմուտքի պատժամիջոցները, որովհետեւ Ռուսաստան ամենամեծ շուկան է Հայաստանի արտադրանքներուն: Նոյնիսկ եթէ Հայաստան շարունակէ իր առեւտուրի մէկ մասը Ռուսաստանի հետ, ռուբլիի թաւալգլոր անկումը դարձեալ պիտի հանդիսանայ տնտեսական հարուած մը:
Ուքրանիան գոհ է Հայաստանի վարած չէզոք քաղաքականութենէն, թէեւ Զելինսքիի կառավարութիւնը նման վերաբերում մը չունեցաւ արցախեան պատերազմին. այլ ընդհակառակն զէնք տրամադրեց Ատրպէյճանին` մասնակցելու հայոց դէմ մղուած արիւնահեղութեան: Արեւմուտքը եւս գոհ է Հայաստանի վարքագիծէն եւ կը փորձէ առիթէն օգտուիլ` Հայաստանը հեռացնելու Ռուսաստանէն. օրինակ, վերջերս Ֆրանսայի նախագահը` Էմմանուէլ Մաքրոն, գովեստով խօսած է Հայաստանի մասին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրած է Փարիզ, միասնաբար նշելու դիւանագիտական կապերու հաստատման 30ամեակը: Այդ հրաւէրը ծուղա՞կ մըն է Հայաստանը հեռացնելու Ռուսաստանէն թէ Ֆրանսայի տեղական ընտրական խաղ: Այդ մասին պէտք է լրջօրէն խորհըրդածէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը:
Վրաստանն անգամ, որ լուրջ խնդիրներ ունի Մոսկուայի հետ, կը վարէ զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը . օրինակ Վրաստան մերժեց մասնակցիլ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն եւ նոյնիսկ ընդդիմացաւ իր օդային տարածքը փակելու Արեւմուտքի պահանջին: Սակայն, Վրաստանի դիմաց կը պարզուի նոր փորձութիւն մը երբ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարը` Սթոլցընպըրկ կ'առաջարկէ ՆԱԹՕի ռազմափորձեր կատարել Վրաստանի մէջ: Հետաքրքրական է որ Մոսկուա ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն ցոյց պիտի տայ այդ բացայայտ գրգռութեան դիմաց եւ Վրաստան որքանո՞վ պիտի կրնայ շարունակել իր զգուշաւոր քաղաքականութիւնը:
Հակառակ որ պատերազմի աղէտը բաւական հեռու է Հայաստանի սահմաններէն, սակայն, այսօրուան համաշխարհայնացման պայմաններուն ներքեւ ամէն աղէտ կրնայ մօտենալ Հայաստանի սահմաններուն:
Պատերազմի ելքին մասին կը կատարուին բազում գուշակութիւններ, որոնց բոլորն ալ կը մատնանշեն բաւական աղէտալի հեռանկար մը: Վերջերս Ֆրանսայի նախագահը` Մաքրոն հեռախօսազրոյց ունեցած է նախագահ Փութինի հետ. իր եզրակացութի՞ւնը - ՙսպասել յոռեգոյնին՚:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԴԵՐԻՆ ՄԷՋ ՉԷ
Ժողովրդավարական երկիրներու համար բնական երեւոյթ է իշխանութեան դիմաց ունենալ նաեւ ընդդիմադիր ոյժ: Ընդդիմութեան դերը հակակշիռ բանեցնելն է իշխանութեան անկաշկանդ գործունէութեան վրայ. խելացի, պատրաստուած եւ արհեստավարժ ընդդիմութիւն մը կրնայ մեծապէս սատարել ժողովրդավարական վարչակարգի գործունէութեան: Օրինակ, Մեծն Բրիտանիոյ նման երկրի մը մէջ ընդդիմութիւնը կը կազմէ ՙստուերային դահլիճ՚ մը (Shadow Cabinet): Իւրաքանչիւր նախարարութեան դիմաց կը գործէ ՙստուերային նախարարութիւն՚ մը, որ կը հետեւի իշխանութեան համապատասխան նախարարութեան գործունէութեան: Եթէ իշխանութեան քաղաքականութեան մէջ վրիպումներ արձանագրուին եւ այդ վրիպումին դիմաց ընդդիմութիւնը աւելի գործնական վարքագիծ մը կրնայ դրսեւորել` բնականօրէն կը քննադատէ իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ կ'առաջարկէ իր վարկածը: Յաճախ նաեւ իշխանական մեծամասնութիւնը կը փորձէ օրինագիծներ որդեգրել եւ չ'ունենար բաւարար քուէ. այդ պարագային կը պարտադրուի նստելու ընդդիմադրութեան հետ` յաջողցնելու համար պետութեան համար այնքան անհրաժեշտ նկատուած օրինագիծ մը: Բնականաբար ընդդիմութիւնն ալ իր հերթին առիթը կ'ունենայ տալու իր գնահատականը եւ արժեցնելու իր քաղաքականութիւնը:
Հայաստան կը փորձէ դառնալ ժողովրդավար երկիր մը. սակայն ոչ պետականութեան ըմբռնումը լիովին կազմուած է քաղաքացիական հասարակութեան մօտ ոչ ալ` ընդդիմադրութեան դերը: Օրինակ Մարտի մէկի ողբերգութեան պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի Ռոպերտ Քոչարեանին, սակայն օրուան ընդդիմութիւնը եւս, իր հերթին, ունեցաւ իր տխուր դերը, իր ծայրայեղական ընթացքով:
Բայց այսօրուան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը բոլորովին տհաս է եւ անսկզբունք: Քոչարեանի գլխաւորած ՙՀայաստան՚ խմբակն ու Սերժ Սարգսեանի ՙՊատիւ ունեմ՚ը մտած են խորհրդարան առանց ծրագրի: Ցարդ ոչ մէկ խելամիտ օրակարգ պարզած են Ազգային Ժողովին մէջ. յատկապէս դաշնակցական ներկայացուցիչներու բերանով ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ թէ հակառակ է ամէն նախաձեռնութեան որ իշխանական մեծամասնութիւնը կþառաջարկէ: Տակաւին չբացայայտուեցաւ ընդդիմութեան օրակարգը: Ռոպերտ Քոչարեանի մարտահրաւէրը ՙմինչեւ քոքը՚ պայքարելու իշխանութեան դէմ, քաղաքական փլաթֆորմ մը չէ, ոչ ալ ծրագիր` նպատակի մը հասնելու:
Խորհրդարանէն ներս թէ արտախորհրդարանական հարթակներու վրայ ամէն անձ կը ճառէ ազգային միասնականութեան մասին, սակայն աննախընթաց բեւեռացումի մէջ է երկիրը` արտաքին հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց:
Վերջերս ներկայացան երկու կարեւոր առիթներ, ուր ընդդիմութիւնը կըրնար ազգային միասնականութեան առիթը ստեղծել առանց սկզբունքային զիջումի. առաջինը` Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Քննիչ Յանձնաժողովի կազմութիւնն էր, իսկ երկրորդը` նախագահի ընտրութեան պարագան:
Առաջինին պարագային ընդդիմութիւնը որոշեց մաս չկազմել, առարկելով որ այդ Յանձնաժողովի կազմին մեծամասնութիւնը բաղկացած է իշխանաւորներէ, հետեւաբար յստակ պիտի ըլլայ անոր եզրակացութիւնը` 44-օրեայ պատերազմի պատասխանատուութենէն խուսափելու:
Սակայն, այդ Յանձնաժողովի կազմութիւնը առիթ պիտի տար ընդդիմութեան իր տեսակէտը պարզելու, եթէ իսկապէս ըսելիք մը ունէր` բացի պարտութեան պատասխանատուութիւնը բարդելու ՙկապիտուլանդ՚ Փաշինեանի վզին:
Մասնակցելով յիշեալ ժողովին ընդդիմութիւնը ցոյց պիտի տար թէ կենսականօրէն մտահոգուած է երկրին ճակատագրական հարցերով. իսկ եթէ համաձայն չէր Յանձնաժողովի եզրայանգումներուն, կրնար չստորագրել փաստաթուղթը:
Երկրորդ առիթը ազգային միասնականութիւն ցոյց տալու` նախագահական ընտրութիւնն էր: Վահագն Խաչատրեանի թեկնածութիւնը այնքան խնդրայարոյց չէր, որքան պիտի ըլլար Արայիկ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը:
Ընդդիմութիւնը չուզեց կամ չկրցաւ թեկնածու մը ներկայացնել: Եթէ նոյնիսկ ներկայացնէր` արդիւնքը սկիզբէն բացայայտ էր: Ազգային միասնութեան աժան յաղթանակ մը պիտի ըլլար միանալ քուէարկութեան եւ հանրութեան դիմաց հանդէս գալ իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն: Այսուհանդերձ նորընտիր նախագահը` Վահագն Խաչատրեան յայտնեց թէ ինք պիտի ըլլար ՙբոլորին նախագահը՚ եւ ոչ անպայման իրեն քուէարկող իշխանաւորներուն նախագահը:
Դժբախտաբար մամուլը եւ ընկերային ցանցերը լեցուն են լուտանքներով եւ փոխադարձ վիրաւորանքներով, որոնցմէ ոեւէ մէկը չի բարձրանար քաղաքական հաստատումի մակարդակին: Դժբախտաբար այդ ճահիճը կը թափանցէ նաեւ Ազգային Ժողովէն ներս եւ անկարելի կը դարձնէ քաղաքական լուրջ քննարկումներու կարելիութիւնը:
Յիսուսի խօսքերով հարց տանք թէ` ՙո՞վ պիտի ըլլայ առաջին քարը նետողը՚: