top of page
Baikar Blue logo.png

ՄԻՋԱՆՑՔԸ, ԱՅՈ, ԵՒ ՄԻՇՏ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

Հայաստանի եւ անոր հարեւաններուն միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու բոլոր բանակցութիւններն ու միջոցառումները եկած եւ յանգած են Զանգեզուրի միջանցքին, եւ այդ միջանցքը ոչ միայն դարձած է կռուախնձոր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այլ նաեւ` Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եւ ընդհանրապէս քննարկումի մաս դարձած է միջազգային քաղաքական շրջանակներէ ներս. հետեւաբար այդ միջանցքին հաւանական փոխանցումը Ատրպէյճանին - այն սկզբունքով որ այդ երկիրը կը պահանջէ – ոչ միայն պիտի արժէ ինքնիշխանութեան կորուստ Հայաստանի համար, այլ նաեւ ռազմագիտական պատուհաս նոյնինքն Իրանին: Հետեւաբար, որքան ալ Թուրքիան իր քաղաքական կշիռը դնէ այս հարցին մէջ Ատրպէյճանի կողքին, Հայաստանն ալ իր կարգին պիտի ունենայ հակակշռող ոյժ մը յանձին Իրանի պետութեան:

Թէ ինչպէս պարզուեցաւ Զանգեզուրի միջանցքի պահանջը` քաղաքական զարգացման մը հետեւանքն է ան. ինչպէս ծանօթ է` Թուրքիա Ամերիկայի ճընշումով, բանակցիլ սկսաւ Հայաստանի հետ, սահմանները բանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով: Անքարա եւ Երեւան ի սկզբանէ յայտարարեցին որ բանակցութիւնները պիտի կայացնեն առանց նախապայմաններու: Եթէ նախապայմաններու հարց գոյութիւն պիտի ունենար` Հայաստանն ալ, առաջին հերթին, սեղանի վրայ դրած կրնար ըլլալ ցեղասպանութեան ճանաչումի ու հատուցման խնդիրը: Թուրքիա համաձայնեցաւ բանակցութեանց մէջ մտնել Հայաստանի հետ ընդունելով առանց նախապայմաններու սկզբունքը, խուսափելու համար իր դիմաց պարզուելիք դարակազմիք խնդիրէ մը` ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Սակայն, անգամ մը որ անցաւ այդ հանգրուանը, սկսաւ բանակցութիւններու առաջընթացը, Թուրքիա սկսաւ պայմանաւորել համաձայնութիւնները Պաքուի հաւանութեամբ: Այնտեղ է որ պարզուեցան պայմանները:

Թուրքիա աւելի հետաքրքրուած է Զանգեզուրի միջանցքով քան Ատրպէյճանը եւ այս` մէկէ աւելի պատճառներով: Թուրքիա համոզուած է որ այդ միջանցքով բացուած պիտի ըլլայ Մեծն Թուրանի դարպասը, որ երազն էր Էնվէր փաշայի: Երկրորդ` եւ աւելի հիմնաւոր պատճառներէն մէկն ալ ցեղասպանութեան պատմական պատասխանատուութենէն խուսափելու գործնական հնարքն է:

Ցեղասպանութիւնը այնպիսի պատմակշիռ իրականութիւն մըն է որ դարերու ընթացքին աւելի ծաւալ կը ստանայ, օրինական սահմանումներ կը զգենու եւ մարդկային իրաւանց խնդիրի կը վերածուի: Եթէ նոյնիսկ Հայաստան ոյժը չունենայ Թուրքիան առերեսելու իր պատասխանատուութեան հետ, այդ դերը պիտի կատարեն մեծ պետութիւնները, պարբերաբար, թէկուզ մեկնելով իրենց անմիջական քաղաքական ելակներէն ու շահերէն:

Սակայն, առաջին հերթին Հայաստանի խնդիրն է ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցման հետապնդումը: Հետեւաբար պէտք է շարունակէ գոյութիւն ունենալ հայկական ինքնիշխան պետութիւն մը, այդ դերը կարենալ կատարելու օրինական ճանապարհներով: Ահա այստեղ թրքական հեռատես դիւանագիտութիւնը կը տեսնէ պատեհութիւնը խորտակելու հայկական պետականութեան ինքնիշխանութիւնը: Արդարեւ, երբ Հայաստան զիջի իր ինքնիշխան հողամասին մէկ հատուածը Ատրպէյճանին, արդէն հարուածը տուած կ'ըլլայ իր տարածքային ամբողջականութեան ինչպէս` իր ինքնիշխան գոյութեան: Այդ կերպով Թուրքիա խուսափած կ'ըլլայ նման ապագայի մը առերեսումէն: Այն պահուն որ գոյութիւն չունենայ ինքնիշխան Հայաստան մը, անտէր կը մնայ նաեւ ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը` վերածուելով մարդասիրական եւ բարոյական դատի մը, անբարոյական քաղաքական աշխարհի մը մէջ: Պէտք է ընդունիլ որ թուրքերը ունին չափազանց հեռատես եւ նուրբ դիւանագիտութիւն մը` զուգորդուած իրենց զինոյժին: Չմոռնանք որ տակաւին 1930ական թուականներուն Թուրքիա փոքր հողամաս մը ստացաւ Իրանէն` միանալու համար Նախիջեւանին, ճիշդ այս մեծ ծրագրին նախատեսութեամբ:

Հակառակ որ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան մէջ ոչ մէկ պայման գոյութիւն ունի միջանցքի մասին, Պաքու կը պնդէ անոր վրայ – վստահաբար` Անքարայի խորհուրդով – որովհետեւ անոնք իրաւացիօրէն կը հաշուարկեն որ Հայաստան այսօր կը գտնուի պարտեալ ու տկար վիճակի մէջ, հետեւաբար կրնայ տեղի տալ նման քաղաքական ճնշումի:

Նախագահ Ալիեւ բազմաթիւ միջոցներով եւ բանաձեւումներով միջազգային հրապարակ կը նետէ միջանցքի խնդիրը` ծունկի բերելու համար Հայաստանը: Մերթ հաւասարութեան նշան կը դնէ Լաչինի միջանցքին եւ Զանգեզուրի միջանցքի միջեւ եւ մէկը միւսով կը պայմանաւորէ: Ուրիշ առիթներով` Զանգեզուրը ամբողջ ատրպէյճանական հող կը հռչակէ եւ զայն կը պահանջէ ամբողջութեամբ: Երբեմն ալ համաշխարհային քաղաքական միտքն ու յիշողութիւնը հեգնելով` կ'ուզէ տէր դառնալ այժմու Հայաստանի ամբողջ հողատարածքին:

Հայաստանի կարգ մը իշխանամէտ շրջանակներ Ալիեւի յոխորտանքներուն չպատասխանելը խաղաղասիրական ընթացք կամ առաքինութիւն կը նկատեն, մինչդեռ քաղաքական կեանքի մէջ առաքինութիւն հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի:

Բարեբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնները խոհեմ քայլ մը առին վերջերս հրապարակի վրայ` վիժեցնելու համար միջանցքի պահանջը: Արդարեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց որ կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է երեք անցակէտեր բանալ Ատրպէյճանի երթեւեկութեան համար, անոր երկու հողային տարածքներուն միջեւ այսինքն` Ատըրպէյճանի մայր հողին եւ Նախիջեւանի: Եւ այս անցակէտերը պիտի գործեն Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի մաքսային օրէնքներով: Ուրեմն, այսօր միջազգային հանրութեան առջեւ պարզ է որ եթէ Ատրպէյճան ճանապարհային հաղորդակցութիւն կը փափաքի ունենալ Նախիջեւանի հետ, այդ հնարաւորութիւնները բաց են: Բայց եթէ կը շարունակէ պնդել միջանցքի գաղափարին եւ սկզբունքին վրայ` ատիկա կը նշանակէ որ կը ծրագրէ կենսական հողամաս մը եւս զաւթել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն:

Ռուսաստան կանուխէն պարզած էր իր դիրքորոշումը միջանցքի մասին: Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երեւան այցելելով յայտարարած էր թէ ՙպէտք չէ գոյութիւն ունենայ որեւէ երկմտութիւն՚. բացուող ճանապարհներն ու մայրուղիները պիտի գործեն համապատասխան երկիրներու օրէնքներով եւ անոնց հակակշիռին ներքեւ: Սակայն, երբ վերջերս աւելի աղմկոտ դարձած են խօսակցութիւնները Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ` Քրեմլին կը պահէ խորհրդաւոր լռութիւն մը. եթէ նկատի ունենանք լռութեան այդ հանգամանքը Մոսկուայի պահուածքին մէջ` կրնանք մտահոգիչ եզրակացութիւններու յանգիլ, քանի Մոսկուա սկսած է թրքական աշխարհին հետ իր խնդիրները լուծել Հայաստանի հաշւոյն: Հետեւաբար զարմանալի պիտի չըլլայ շրջադարձ մը, կամ, առնուազն` տեղատուութիւն մը: Արդարեւ Ռուսաստան գետին կը պատրաստէ նման հաշուարկումներու` պատրուակ բռնելով Հայաստանի մէջ զօրացող հակառուսական տրամադրութիւնները:

Բարեբախտաբար Իրանի քաղաքականութիւնը միջանցքի մասին համահունչ է Հայաստանի դիրքաւորումին հետ, բնականաբար Իրանի իսկ շահերէն մեկնելով: Չմոռնանք որ երկար դարերով Օսմանեան կայսրութիւնը, Ցարական իշխանութիւնը եւ Իրանը պատերազմներ մղած են Կովկասի տիրապետութեան համար: Հետեւաբար Թուրանի մը ստեղծումը Օսմանեան Կայսրութեան վերադարձը պիտի խորհրդանշէ դէպի տարածաշրջան:

Իրան իր գերագոյն հոգեւոր պետին` Ալի Խամենէի բերնով ու մակարդակով իր կարմիր գիծերը ծանոյց տարածաշրջանին մէջ, սահմաններու փոփոխութեանց նկատմամբ: Այդ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Թեհրանի մէջ, երբ տեղի կ'ունենար գագաթաժողովը նախագահներ Ռայիսիի, Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ: Այդ յայտարարութեան յաջորդեց աւելի գործնական քայլ մը երբ Իրան պաշտօնապէս հաստատեց իր հիւպատոսութիւնը Ղափանի մէջ:

Բոլոր անոնք որ կը հետեւին իրանեան մամուլին` տեղեակ են թէ այնտեղ բացէն կը քննարկուին այս հարցերը եւ տողատակի կ'արձակուին սպառնալիքներ:

Հայաստանի իրանագէտներէն Գրիգոր Առաքելեանը Երեւանի ՙԱզգ՚ թերթի վերջին համարին մէջ կատարած է լրաքաղ մը իրանեան մամուլէն, անդրադառնալով միջանցքի խնդրին: Կþարժէ այստեղ երկու նմոյշներ ներկայացնել այդ լրաքաղէն.- Առաջինըª իրանցի վերլուծաբան Սայիտէ-Սատաթ Ֆահարիի գրութիւնն է որ վերնագրուած է ՙԿովկասեան խարդաւանքի յետնաբերում՚, ուր ան կþանդրադառնայ Իրանի ՙկարմիր գիծերուն՚ հանդէպ ՙարհամարհական վերաբերմունք արտայայտող Իլհամ Ալիեւի տենդագին յայտարարութիւններուն ու իր զարմանքը կը յայտնէ այդ կապակցութեամբ որ ՙՊաքուն անտեսում է Իրանի բարձրագոյն իշխանութիւնների յայտարարութիւնները՚: Յօդուածը կը խօսի նաեւ Պաքուի անհաւասարակշիռ քայլերու հետեւանքներուն մասին:

Իսկ դիպուկ է յօդուածը Միր-Սանճարիին, որուն վերնագիրն է` ՙԻրանի ներկայութիւնը Սիւնիքում` անխուսափելի ու պատմական անհրաժեշտութիւն՚:

Միր Սանճարի կը գրէ ՙԿովկասեան երկիրներում սահմանների փոփոխութեան անթոյլատուութիւնը եւ Սիւնիքը գրաւելու մասին Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան թափանցիկ յայտարարութիւններից յետոյ, ընդհամէնը 86 հազար քառաքուսի քիլոմեթր տարածք եւ 9 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Իրանի հարեւան երկրի նախագահը, վստահելով Թուրքիայի, Իսրայէլի ու Անգլիայի հովանաւորութեանը, դիւանագիտական էթիկային հակասող հռետորաբանութեամբ ասել է ՙՀակառակ Իրանի կամքին, որոշել եմ զրկել Իրանին Հայաստանի եւ Եւրոպայի հետ կապ հաստատելու հնարաւորութիւնից, եւ փակել Հիւսիս-հարաւ ռազմավարական մայրուղին՚:

Այս սպառնալիքին դիմաց հեղինակը կը թուէ այն պարագաները ուր Իրան օժանդակած է Ատրպէյճանին, ընդհուպ Իլհամի հայրը` Հայտար Ալիեւը բերելով իշխանութեան, Ռաֆսանճանիի միջոցաւ:

Անշուշտ հակաճառութիւններն ու հակամարտութիւնները պիտի շարունակւին Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ. սակայն, բարեբախտութիւն է որ գոնէ մէկ երկրին` Իրանին շահերը կը համընկնին Հայաստանի շահերուն:

Կը բաւէ որ Հայաստանի իշխանութիւնները խոհեմ դիւանագիտութեամբ մը շահերու այդ համադրութիւնը վերածեն քաղաքական ամուր պատնէշի մը:

bottom of page