top of page
Baikar Blue logo.png

17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ.

ԿԱՄ  ԽԱԲՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ  ՙԿԱՐԱՊԻ ԵՐԳ՚Ը

Չեմ գիտեր 3 տարի առաջ այս օրը ինչ գրած եմ, սակայն շատ լաւ կերպով կը յիշեմ, որ ՙուաթց ափ՚ի թանկացման հետեւանքով ինչ տրամագիծով տարածուիլ սկսան Պէյրութեան ցոյցերը:

Խօսքը ՙՍաուրաթ սապաթահըշ թըշրին՚ի (17 հոկտեմբերի յեղափոխութիւն) մասին է, որուն մասին ալ գրեցի միշտ ՙհանգիստ դիրքեր՚է, միշտ մղումը տալով տրամաբանութեան գիծին:

Գուցէ Պէյրութէն հեռու ըլլալս էր հիմնական պատճառը, կամ գուցէ հեռուէն նայիլն էր իրադարձութիւններուն, բայց եւ այնպէս եղած դէպքերով շատ չխանդավառուելու մօտեցումը ունէր ՙնախահաշիւ՚ ու նախափորձ:

Խօսքս կապ ունի մանաւանդ իմ ՙլիբանանեան փորձառութեան՚ հետ, որ կը մատնէր, թէ ոչ միշտ է, որ ՙսպասուած՚ հերոսները պիտի յաղթեն:

Ճերմակ ձեռքերով էին անոնք, որոնք օրերով, շաբաթներով եւ գուցէ ամիսներով փողոցներ փակեցին:

Ապա Պէյրութի ՙՆահատակաց՚ հրապարակը դարձուցին ՙյեղափոխականներ՚ու կայան ուրկէ ալ տարբեր եղանակներով, տարբեր ձեւաչափերով եւ տարբեր քայլերով անցան գործողութիւններու: Երկար տեւեցին ցոյցերը, դանդաղօրէն մարեցան յոյսերը եւ Լիբանանը կամաց-կամաց գնաց այն վիճակին, որ կը մատնէր ՙհամատարած՚ անկում մը:

Ելեկտրականութիւն եւ ջուր չունենալու խնդիրները աւելիով բարդացան եւ անոնց վրայ եկան աւելնալու սովորական դեղեր, տարրական սնունդի պարագաներ, ամէնօրեայ վառելիքի սուր տագնապներ, որոնք ոչ միայն ծանրացուցին սովորական քաղաքացիին կեանքը, այլեւ երկիրը տարին ՙդժոխային՚ վիճակի մը, որ կը շարունակուի առ այսօր:

Այստեղ պարտիմ անպայման նշել, որ այս բոլորէն անդին ու բացի ամենակարեւոր ՙփլուզում՚ը որ եղաւ լիբանանցիներու դրամական աւանդներուն վրայ ստեղծուած ՙկալանում՚ի հարցն էր:

 Մարդիկ, պարզ քաղաքացիներ, որ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ղրուշ առ ղրուշ հաւաքելով կրցած էին դրամական ՙպահուստ՚ մը ունենալ, մէկ օրէն միւսը յայտնուեցան ՙարհեստական սնանկութեան՚ եզրին:

 Ենթադրեալ յեղափոխութեան առաջին օրերուն, 1 ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամը կը շրջանառուէր 1515 ոսկիով, իսկ քանի մը շաբաթ անց լիրան արագ քայլերով սկսէր գահավիժիլ ու արդէն եւ հասնիլ 40.000-ի սահմանները:

Փլուզումը համատարած էր, մարդկային, ընկերային, տարրական բոլոր տեսակի կարիքները կը դառնային ՙլիւքս՚ բաներ. այդ պատճառով ալ լիբանանցի քաղաքացիներէն շատ-շատեր կþորոշէին ծովու ճամբով փրկութեան մը հասնիլ ու յաճախ ալ եւրոպական ափ մը չհասած խեղդուիլ ու դառնալ տխուր ճակատագրի մէկ մասնիկը:

Սեւ օրագրութեան մը մաս կը կազմեն այս դրուագները, որոնք անցնող տարիներուն մուգ բառերով գրուեցան, կազմեցին սեւ երիզ ու դարձան մաքառող սակայն հիսաթափուած հասարակութեան մը ՙկարապի երգ՚ը:

Աւելի ուշ Լիբանանի քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ տարբեր ձեւաչափերով փորձեց տէրը դառնալ ՙընդհանուր՚ յեղափոխութեան մը տարերքին` նահանջեց, դարձեալ մտաւ իր նեղ օղակին մէջ եւ իր առջեւ նետուած կեղծ մարտահրաւէրներու տապալումէն սարսափած փորձեց խաղի նոր կանոններ թելադրել:

Խորքին մէջ, ո՞վ էր ան, որ խաղի կանոններ կը պարտադրէր, ու կը ստիպէր որ երկրին մէջ առկայ բոլոր տեսակի մեծ ու փոքր տագնապները վերածուին ՙմահուան կամուրջ՚ի մը, որուն վրայով (իբրեւ թէ) պիտի տողանցէր ՙյանձնուող՚ ՙՀըզպալլա՚ի հակա-օրինական, հակա-պետական հակա-լիբանանեան ապօրինի զէնքը (բառերը քաղաքական հասարակութեան քաղաքական մունետիկութիւնը ստանձնած opinion maker-ներու բերաններէն լսուած կարգ մը գնահատականներ են):

Անշուշտ այդ ՙերազ՚ը կը մնար երազ եւ ամենածանր ձեւերով ՙյեղափոխութեան՚ մեծ գերանները շարժող ոյժերը շրջադարձ մը կատարելով երկիրը ՙկը տանէին՚ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու, որոնք կը կայացուէին 2022 թուականի ամրան:

Մեծ հաշուով այդ խաղի կանոնները թելադրողներուն համար ընտրութիւնները ոչ միայն հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու բանալի էին, այլ աւելին:

Ընտրութիւնները կոչնակն էին, նոր շրջափուլի մը, որ կը շարունակուի առ այսօր, եւ որ նաեւ կը խօսի կազի համաձայնութեան ընդհանուր փաթեթին լեզուով եւ գուցէ նոր նախագահ մը ընտրելու գաղտնաբառին ոգիով:

Յեղափոխութիւնը այսօր, արդէն իսկ մեր ետին է, ու մեծ հաշուով այս բոլորին մէջ մեծագոյն խաբուածն ու պարտուածը լիբանանցի ժողովուրդն է, որ կարողացաւ երկիրը հեռու պահել ներքին արիւնահոսութեան մեծ որոգայթէն:

Կան անշուշտ քաղաքական կարգ մը դէմքեր, որոնք մեծ ներդրում ունեցան երկիրը հեռու պահելու վերը նշածս մեծ վտանգէն, բայց եւ այնպէս կայ նաեւ վարկած, որ ներքին հրահրումին համար մեծ կարելիութիւններ սեղանին դրած շրջանային խաղացողներ, նախազգալով գալիք վտանգն ու աղէտակերպ ընդհարումի մեծ ահը վերջին պահուն դէպի իրենց սեւ դարակը տարին Լիբանանը արիւնագամ ընելու համար պատրաստուած հին-նոր ծրագիրները:

3 Տարի առաջ այսօր լիբանանցիք մեծ խանդավառութեան մէջ էին, ապրեցան այդ խանդավառութեան բոլոր եղանակները:

Ուրախացան, ցոյցի ելան, պայքարեցան, ու աւարտինալ հիսաթափուած հայեացքներով հեռացան զարգացումներու մեծ թատերաբեմէն:

Գուցէ չէին մտածած, որ Լիբանանը այն երկիրը չէ, ուր քաղաքացիական հասարակութեան անունով հրապարակ ելած ուժերը անմեղ չեն եւ ունին կասկածելի ծրագիրներ: Գուցէ չէին նկատած, որ Լիբանանի մէջ տերեւ անգամ չի շարժիր, եթէ արտաքին կողմերէ պատրաստուած գաղտնաբառեր չըլլան եւ վերջապէս գուցէ կը մոռնային, որ 17 համայնքներէ բաղկացող եւ իրարու հետ գոյակցող համայնքներու փոխ-ազդեցութիւնը եւ երկխօսութիւնը շատ աւելի կարեւոր են քան փողոցի լեզուով իրար հետ խօսելու փորձառութիւնը:

Պատմութիւնը այդ մասին կը յուշէ, որ լիբանանցիք հերթական անգամ խաբուած էին, խաբուած էին աջէն ու ձախէն, ներսէն ու դուրսէն, բայց խաբուած էին մանաւանդ իրենցը կարծուած ՙիւրայիններէն՚:

Կրկնումի մեծ պատմութիւն մը, որուն ալիքներուն վրայ կը գլորի այսօրւան Պէյրութը, սպասելով նոր յոյսի մը, որ հաստատ յեղափոխութեան մը ալիքներով պիտի չգայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Երեւան

bottom of page