ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ՉՏՈՒԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
ՊԻՏԻ ՏԱ՞Յ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Հայաստան իր ներկայի բազում խնդիրներուն մէջ կարիքը չունէր դիմակալելու նոր խնդիր մը որ յառաջացաւ Արմէն Սարգսեանի անակնկալ հրաժարումով: Պէտք է ըսել որ իր հրաժարումը այնքան ալ անակնկալ չէր. միայն հրաժարման ժամանակն էր անպատեհ, երբ երկիրը կրկնակի բանակցութեանց եւ հակադրութեան մէջ է զոյգ թշնամիներու հետ – Թուրքիոյ եւ Ատըրպէյճանի:
Այսուհանդերձ կարծէք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութեամբ ընդունեց նախագահին հրաժարականը, եւ նոյնիսկ` հրաժարականին մասին արտայայտուած պահուն, թաքուն քննադատական մը ունէր Արմէն Սարգսեանի հանդէպ, յայտնելով որ նախագահական իշխանութիւնը պէտք է ներդաշնակ ըլլայ գործադիր իշխանութեան հետ, մինչդեռ նախագահի գործունէութիւնը ներդաշնակ պէտք էըլլայ միայն սահմանադրութեան հետ եւ այդ կերպով կրնայ ան պարբերաբար հակադրուիլ նաեւ գործադիր իշխանութեան որոշումներուն, ինչպէս պատահեցաւ Զօր. Օնիկ Գասպարեանի հրամանագիրը չստորագրելու պարագային, երբ օրէնսդրութիւնը փոխանցըւեցաւ սահմանադրական դատարանին` վաւերացման համար: Սակայն, Նիկոլ Փաշինեանի աշխարհին մէջ այդպիսի նրբութիւններ շատ չեն տեղաւորուիր:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ժողովրդավար սկզբունքներու կառչելով բարի վարուց վկայականներ կ'ակնկալեն Արեւմուտքէն, սակայն գործնականին մէջ կը շարունակեն կամ կը խուսափին Արեւմուտքի ժողովըրդավարական դրութիւնը որդեգրելու եւ գործադրելու: Արդարեւ, Արեւմուտքի մէջ անկախ կը գործեն օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները` փոխադարձ հակակշիռ բանեցնելով իրարու վրայ: Սակայն, ինչ որ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ այդ երեք լծակներուն համատեղումն է գործադիր իշխանութեան ձեռքին մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան ոգի ի բռին աշխատեցաւ դատական իշխանութիւնը ենթարկելու իրեն. իսկ նախագահի պաշտօնի արարողական իշխանութենէն անդին միայն տեսական բնոյթ ունեցող հակակշիռ մը ունի սահմանադրութեան վրայ:
Հայաստանի ներկայ դրութիւնը, պետութեան բոլոր լծակները կեդրոնացընելու վարչապետի իշխանութեան ներքեւ, քննադատութեան արժանացած է մինչեւ անգամ իշխանամէտ շրջանակներու կողմէ. միայն այդ շրջանակները ցարդ խուսափած են հարցնելու ամէնէն կարեւոր հարցումը – թէ` Փաշինեան ունի՞ տուեալները այդ բոլոր լծակներուն վրայ հմուտ որոշումներ կայացնելու:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարման մասին կատարուեցան բազում մեկնաբանութիւններ եւ գուշակութիւններ. սակայն, եթէ պէտք է հիմնըւիլ իր տուած պատճառին վրայ` ատիկա նախագահին տրուած սահմանափակումներէն եւ 2015ին որդեգրուած սահմանադրութեամբ:
Ոմանք նաեւ պատճառաբանեցին նախագահին առողջական վիճակը կամ անոր օտարահպատակութենէն չհրաժարած ըլլալու պարագան: Իսկ յանուն Հանրապետութիւն կուսակցութեան նախագահ Արման Բաբաջանեան – որ յայտնեց թէ մտերիմ յարաբերութեանց մէջ եղած է Արմէն Սարգըսեանի հետ – անուղղակիօրէն ակնարկեց որ վերջերս Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած պետական հարուածի փորձը եւ այդ կապակցութեամբ նախկին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի չեզոքացումը եւս կրնան վնասած ըլլալ Արմէն Սարգսեանի տնտեսական շահերուն:
Այսուհանդերձ, Արմէն Սարգսեան հազիւ պաշտօնի անցած տեղի ունեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը եւ ան առաջին օրէն իսկ ՙաչքի լոյսը՚ չէր Փաշինեանին, ինչպէս պիտի բացատրէին հայաստանցի մեր եղբայրները: Ան Սերժ Սարգսեանէն մնացած աւելորդ բեռ մըն էր, եւ այդպիսի վերաբերումի մըն ալ արժանացաւ նոր իշխանութեան կողմէ, հակառակ որ ան նշանակալի դեր մըն ալ կատարած էր իշխանափոխութեան պղտոր օրերուն, Սերժ Սարգսեան համոզելով որ փութացնէ իր հրաժարականը: 44օրեայ պատերազմէն վերջ սակայն, Արմէն Սարգսեան սխալը գործեց միանալու Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող խումբին:
Փաշինեան եւ խմբակիցները բաւական նեղ հայեացք ունին տարբեր կարծիքներ ընդունելու եւ այդպէս ալ չփորձեցին օգտուելու Արմէն Սարգըսեանին հնարաւորութիւններէն, չըսելու համար որ համակիր մամուլին մէջ ալ նշաւակ դարձուցին զինք այլազան որակումներով:
Իբրեւ միջազգային համբաւի տէր գիտնական` Սարգսեան հեղինակութիւն մըն էր: Լեզուներու իր հմտութիւնը եւ դիւանագիտական իր լայն կապերը գրեթէ յումպէտս մնացին, ասպարէզը լայն բանալով դիւանագիտական համբակներուն:
Քանի Արմէն Սարգսեան ետ չվերցուց իր հրաժարականը եօթ օրուան ընթացքին ` վերջնական նկատուեցաւ անոր մեկնումը, ի հաճոյս իշխանական կողմերուն: Ուրեմն 25էն 35 օրուան ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովը պիտի քուէարկէ նոր նախագահ մը ընտրելու:
Թեկնածուներու ընտրութեան շուրջ քանի մը օր շփոթութիւն կայանալէ վերջ, կացութիւնը յստակացաւ: Նախ Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեան առաջարկեց իր թեկնածութիւնը. պահ մըն ալ շրջանառութեան դրուեցաւ Փաշինեանի գրասենեակի վարիչին (Chief of Staff) Արայիկ Յարութիւնեանի անունը: Այս վերջինին նշանակման պարագային Հայաստանի քաղաքական մթնոլորտը կրնար աւելի բեւեռացւիլ: Սակայն, Փաշինեան, կամ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան վերին իշխանութիւնը խոհեմութիւնն ունեցաւ կեդրոնանալու հեղինակութիւն ու վարկ վայելող թեկնածուի մը վրայ, յանձին Վահագն Խաչատըրեանի (կամ` Խաչատուրեանի):
Խաչատրեան եղած է Երեւանի նախկին քաղաքապետ եւ վերջին վեց ամիսներուն ալ` Բարձր տեխնոլոգիաների եւ Արդիւնաբերութեան նախարար. ան հեղինակութիւն վաստկած է իր տնտեսական եւ օրէնսդրական վերլուծումներով, որոնք կը դրսեւորեն իր հմտութիւնը այդ մարզերուն մէջ:
Թեկնածուն այսօր կը ներկայանայ իբրեւ ոչ կուսակցական, ինչ որ կը պահանջէ նախագահական պաշտօնը. սակայն, 1990ական թուականներէն ի վեր ան գտնուած է Հայոց Համազգային Շարժումի ղեկավար դիրքերուն վրայ. շարժում` որ երկիրը առաջնորդեց անկախութեան եւ արձանագրեց առաջին յաղթանակը Ատրպէյճանի դէմ. ան ծառայած է նաեւ իբրեւ խորհըրդական նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի:
Ընդդիմադիր մամուլի փորձը զինք իբրեւ անդամ ներկայացնելու Տէր Պետրոսեանի Հայկական Քոնկրէսին` տեղ չհասաւ, որովհետեւ ան վաղուց հեռացած է Հայկական Քոնկրէսի շարքերէն: Վերջերս Կարլեն Սոլանեանի հետ Ազատութեան հեռուստակայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Խաչատրեան յայտնեց թէ 1990ական թուականներէն ի վեր իր քաղաքական հայեացքները չեն փոխուած եւ անոնք կը համընկնին Տէր Պետրոսեանի եւ Փաշինեանի հայեացքներուն հետ:
Հակառակ որ թեկնածու Վահագն Խաչատրեան քննադատողներէն մէկը եղած է 2015ին ընդունուած սահմանադրութեան` ան յօժար է գործելու այդ սահմանադրութեան պայմաններուն ներքեւ: Ան կը հաւատայ որ նախագահին անձը, անոր գործելու կերպն ու քաղաքական հայեացքները տուեալներ են որ նախագահի իշխանութիւնը ինքզինք արժեցնէ ներկայ սահմանադրական սեղմումներուն ներքեւ:
Այն հարցումին որ Փաշինեան իշխանութեան բոլոր լծակները իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնելով կը հասնի մենատիրութեան կամ մենիշխանութեան` Պր. Խաչատրեան անհրաժեշտ կը նկատէ այդ երեւոյթը` քանի մեր իշխանական կառոյցները տակաւին չեն կայացած ամբողջութեամբ:
Թեկնածու Վ. Խաչատըրեան տրամադիր է եւ կը պատրաստուի երկխօսութեան մտնելու ընդդիմադրութեան հետ, որ իր հերթին շատ տրամադիր չէ որեւէ հասկացողութեան: Արդէն ընդդիմութեան երկու թեւերը - ՙՀայաստան՚ եւ ՙՊատիւ ունիմ՚ խմբաւորումները – յայտարարած են որ իրենք թեկնածու չունին եւ պոյքոթի պիտի ենթարկեն իշխանութեան թեկնածուն:
Եթէ Պր. Խաչատրեան ապաւինի միայն իշխանական պատգամաւորներու քուէներուն` պիտի չկրնայ ընտրուիլ առաջին փուլով, որովհետեւ այնտեղ պահանջը կայ 81 քուէի. իսկ իշխանութիւնը ունի միայն 79 քուէ: Եւ հետեւաբար, երկրորդ փուլով ան կրնայ ընտրուիլ միայն իշխանական քուէներով` եթէ ընդդիմութիւնը ամբողջութեամբ ձեռնպահ մնայ:
Այստեղ ընդդիմութեան համար աժան ու պատուաբեր առիթ մը կը ներկայանայ համազգային միասնականութիւնը ցուցաբերելու, եթէ տրամադիր է կառուցողական կեցուածք մը ցուցաբերելու: Սակայն, եթէ իր վախճանական եւ միակ նպատակն է տապալել ներկայ իշխանութիւնը, ուրեմն, ի զուր պիտի անցնի այդ պատեհութիւնը եւ պիտի շարունակուի Քոչարեանի քաղաքականութիւնը ՙմինչեւ քոքը՚ մաշեցնելու ներկայ իշխանութիւնը:
Քանի ընդդիմութիւնը չունի թեկնածու եւ քանի անխուսափելի է իշխանութեան յաղթանակը իր ունեցած քուէներով, ընդդիմութիւնը կրնար վեհանձնութիւն ցոյց տալ` քուէարկելով իշխանական թեկնածուին, որպէսզի նախագահը ընտրուի միաձայն քուէարկութեամբ:
Այս պահուն տակաւին ընդդիմութեան տեսակէտները կը պաշտպանեն այն թեզը թէ Վահագն Խաչատրեան իշխանութեան թեկնածուն է եւ պիտի ծառայէ միայն իշխանութեան, առանց պատեհութիւնը ընծայելու թեկնածուին ինքզինք արժեցնելու իբրեւ բոլորին նախագահը:
Հայաստանեան չափանիշներով Պր. Խաչատրեան կը վայելէ ընտիր կենցաղին անձնաւորութեան համբաւ, թէեւ Հայաստանի լրատուական ճահիճին մէջ կը գտնուին մարդիկ որոնք անպայման կը կատարեն իրենց սեւացրէքեան աշխատանքը նոր նախագահին դէմ:
Կեղտաջուրին առատ բաշխումին մէջ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր շրջանակները իրար կ'արժեն որովհետեւ հաւասարապէս կը գտնուին աններելի ընթացքի մը մէջ:
Մեկնեցաւ Արմէն Սարգսեան, բայց կը յուսանք որ իր հետ չտարաւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները, եւ ինք անպայման պիտի շարունակէ տրամադրել զանոնք հայրենիքին:
Բոլոր անոնք որ շատ բան կ'ակնկալէին Արմէն Սարգսեանէն եւ կը կարծեն թէ այդ բաները չիրականացան` տեսնենք թէ պիտի գտնե՞ն իրենց ուզածը նոր նախագահէն` Խաչատրեանի մէջ:
Այդ մասին պիտի վկայէ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը` եթէ պահ մը բարելաւէ ինքզինք: