top of page
Baikar Blue logo.png

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ԹԷ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՀԵՐՈՍ

Միջազգային կացութիւնը խռովայոյզ եւ շփոթ վիճակի մը մատնուած է:

Սովետ Միութեան անփառունակ փլուզումով շուրջ երեք տասնամեակներ ետք, Արեւմուտքը կ'ընդիմանայ Ռուսաստանին որ իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու բոլոր փորձերուն: Գլխաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ատլանտեան Ուխտին (ՆԱԹՕ) եւ Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.), Փութինի Ռուսիան կ՛ենթարկուի աքցանի մէջ առնուելու վտանգաւոր ռազմավարութեան:

Արեւմուտք-Ռուսիոյ յարաբերութիւնները գահավէժ ընթացքի մէջ գտնըւեցան Մոսկուայի կողմէ 2014-ին Խրիմը Ռուսիոյ կցելու յախուռն արարքէն ետք: ԱՄՆ-ի կողմէ տնտեսական սեղմումներուն որպէս անմիջական անդրադարձ, Ռուսիոյ տնտեսութիւնը սկսաւ աստիճանաբար եւ այլապէս կաղալ:

Նախագահ Փութին ոչ միայն ցարդ մերժէ ընդունիլ ԱՄՆ-ի գերակայութիւնը իբրեւ այս երկրագունդին միակ գերպետութիւնը, այլ լուրջ աշխատանքի լծուած է յանձինս Չինաստանի, Պարսկաստանի եւ այլ քանի մը երկիրներու միջոցաւ, հակազդելու Ուաշինկթընի գերակայութեան: Քրեմլինի միահեծան ղեկավարը յարատեւօրէն եւ բարձրաղաղակ` բուռն կերպով քննադատած է ՆԱԹՕ-ի յառաջխաղացքը դէպի Ռուսիոյ սահմաններու:

Արեւմուտքի բացայայտ միջամտութեան շնորհիւ 2014-ին Ուքրանիոյ դեմոկրատական ընտրութիւններով գոյութեան կոչուած պետական կառոյցի տապալումէն ետք, ահազանգ հնչեց Մոսկուայի մէջ: Մոսկուան չէր կրնար արտօնել Քիեւի մէջ հաստատուած արեւմտասէր վարչաձեւի սիրաբանութիւնը ՆԱԹՕ-ի հետ: Սակայն Արեւմուտքը անտեսեց Քրեմլինի մտահոգութիւնները: Ռուսիան բազմաթիւ առիթներով արեւմտեան աշխարհին յստակ կերպով եւ շարունակաբար ազդարարեց թէ անընդունելի կը գտնէ սահմանակից Ուքրանիոյ հողատարածքին վրայ Ատլանտեան Ուխտի զինեալ ուժերուն տեղադրումը: Հակառակ Մոսկուայի կամքին, արեւմուտքը շարունակեց զինել Ուքրանիան, պատրուակով որ զինուորական սարքաւորումներու ուղարկումը ՙպաշտպանողական՚ բնոյթ կը կրէ: Միայն վերջին ամիսներուն, ԱՄՆ եւ Անգլիան ՙանհատ մասնագէտներ՚ առաքեց Ուքրանիոյ արեւելեան Տոմպաս շրջանը, ուր ռուսական հովանիին ներքեւ անջատողական զինեալ ուժերը կը մերժեն Քիւեի գերիշխանութիւնը: Յիշեցնենք, որ 2014-էն ի վեր, մերթ ընդ մերթ զինուորական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան այս ճակատին վրայ, ցարդ խլելով աւելի քան 14 հազար քաղաքացի եւ զինեալներու կեանքը: Հակառակ այն իրողութեան որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան գլխաւոր դերակատարներն են այսպէս կոչուած Մինսքի խումբին, որուն կազմած Նորմանտի գործընթացը կը միտէր դիւանագիտական խողովակով լուծել Մոսկուա-Քիեւ թնճուկը, Տոմպասի եւ Խրիմի հարցով, երկու կողմերուն այլամերժ կեցուածքին պատճառա աւելի բարդացաւ կնճռոտ այս հարցը:

Անցեալ տարուայ Նոյեմբեր ամսուայ կիսուն ռուսական բանակը, ըստ արեւմտեան աղբիւրներու, աւելի քան հարիւր հազար զինուորներով, զինւորական ծանր կազմածներու կողքին, դիրք գրաւեց Ռուսաստան-Ուքրանիա սահմանին մօտ, ռուսական հողամասին վրայ: Նախագահ Փութին իր այս նախաձեռնութեամբ փորձեց ճնշում բանեցնել ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի վրայ, խոստում կորզելով անոնցմէ որ Ուքրանիան երբեք պիտի չմիանայ Ատլանտեան Ուխտին: Արդեօք խիզախ այս քայլը ձախաւեր փո՞րձ մըն էր Ուքրանիան հեռու պահելու արեւմտեան զինուորական ծիրէն: Դէպքերու արագ թաւալումով կը տեսնենք թէ արեւմուտքը բոլորովին արհամարհեց ռուս նախագահին քայլը: Ընդհակառակն, ռուսական բանակին ներկայութիւնը իր իսկ հողամասին վրայ, արեւմուտքը որակեց իբրեւ նախայարձակ ոյժ: Այս տրամաբանութեան վրայ հիմնուելով, Ուքրանիոյ ընծայուած զինուորական օժանդակութիւնը հասաւ աննախընթաց համեմատութեան: Վերջին երկու շաբաթներուն միայն, Ուաշինկթըն 295 միլիոն տոլար արժողութեամբ յարաբերաբար արդիական, հակա-հրասայլային եւ հակաօդային սարքաւորումներ հայթայթեց Ուքրանիոյ: Տակաւին, հակառակ պաշտօնական Քրեմլինի հաւաստիացումներուն, թէ ոչ մէկ ծրագիր գոյութիւն ունի յարձակելու դրացի Ուքրանիոյ վրայ, Ուաշինկթըն խուլ ձեւանալով, սկսած է Ռուսիան տնտեսապէս ճզմող պատժամիջոցներու մասին խօսիլ: Նոյնիսկ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ ռուս նախագահն իսկ կրնայ չխնայուիլ: Քլեմլինը ձեռնածալ չէ նստած անշուշտ: Դաշնակից Պիելոռուսիոյ մէջ ռուսական բանակը վերջին օրերուն տեղադրած է օդային եւ հակաօդային գերարդիական ուժեր, ինչպէս նաեւ Քալինինկրատի մէջ: Ռուսական ծովոյժը լայնատարած ռազմափորձերու ձեռնարկած է Պալթիք եւ Սեւ ծովերուն մէջ:

Պայթուցիկ այս կացութիւնը լուրջ սպառնալիք մը կը հանդիսանայ աշխարհի խաղաղութեան եւ ապահովութեան: Ինչպէս եւրոպացի ռազմագէտ մը իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով ըսած է. ՙՄիայն կէս ժամուան մէջ Մոսկուա-Ուաշինկթըն զինեալ հակամարտութիւն մը կրնայ կործանել մեր երկրագունդը:

Միջազգային թատերաբեմին վրայ, զինուորական իր հզօր ներկայութեան կողքին, Ամերիկան իր տրամադրութեան տակ ունի տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկելու ազդու զէնքը: Սպիտակ Տունն ու ամերիկեան քոնկրէսը անընդհատ կը պնդեն թէ պատրաստ են անխնայ տնտեսական հարուած տալու Ռուսիոյ, այն պարագային երբ իր ոյժերը ներխուժեն Ուքրանիա: Այո՛, հակառակ Քրեմլինի շարունակական պնդումներուն թէ նման ծրագիր չի հետապնդեր: Ուքրանիոյ անփորձ նախագահը, որ Ռեկընի նման կատակերգակ դերասան մըն էր նախապէս, վերջերս չքնաղ գաղափար մը յղացաւ: Ան կը պնդէ, թէ Արեւմուտքը պատժամիջոցներ պարտադրելու է Ռուսիոյ դէմ, նախքան անոր այսպէս կոչուող նախայարձակումը, որպէսզի Մոսկուան հրաժարի այդ քայլը առնելէ:

Մեծապէս յատկանշական է նախկին նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի քանի մը օր առաջ ունեցած հարցազրոյցը ռուսական Նովոսթի գործակալութեան հետ: ՙՄեր երկրին առջեւ գտնուող մեծագոյն խնդիրը թշուառութիւնն է՚, յայտարարած է նախագահ Փութինի ամէնէն հաւատարիմ եւ վստահելի գործընկերներէն մէկը: Անկեղծ եւ համարձակ խոստովանութիւններու այս շարքը երկար է ու ան կը շարուանակէ. ՙՌուս ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի անորակ կրթական ծրագիրներու եւ հանրային առողջապահական անմակարդակ վիճակի՚:

Տիմիթրի Մետվետեւ, որ Ռուսիոյ նախագահն էր 2008-էն 2012 թուականներուն, յայտարարած է նաեւ թէ ինք համակարծիք է ռուս ժողովուրդին եկամուտը բարձրացնելու նախագահ Փութինի առաջադրութեան:

ՙԹշուառութեան հարցը, ինչպէս նաեւ ցած եկամուտը ժողովուրդին, ուղղակիօրէն առնչուած են առողջապահական, ոճիրի տարածման եւ կենսական այլ դժուարութիւններու հետ: Ահա թէ ինչո՞ւ աշխատավարձերու յաւելումը շատ անհրաժեշտ է՚:

Հարց կը ծագի թէ նախկին նախագահին այս յայտարարութիւններուն ճշգրիտ դրդապատճառները ի՞նչ են: Բնականաբար, նման ժխտական արտատպութիւններ պիտի չունենար Մոսկուային համար մռայլ այս օրերուն, եթէ նման խօսքեր խոցելի պիտի նկատուին երկրին վարկին եւ անընդունելի` Քրեմլինի ղեկավարին կողմէ:

Հասկնալի է, որ Ռուսիան չի կրնար գլուխ ելլել ԱՄՆ-ի ռազմական կարելիութիւններուն հետ: Եւ եթէ նկատի ունենանք ՆԱԹՕ-ի միւս երկիրներուն զինուորական կարելիութիւնները Ռուսական բանակը գաճաճ վիճակ կրնայ պարզել: Այսուհանդերձ, պէտք չէ արհամարհել այն բացայայտ իրողութիւնը, որ Ռուսիան, ԱՄՆ-ի նման իր տրամադրութեան տակ ունի բազմահազար միջուկային զէնքեր:

Վերջին տարիներուն Փութինի զինուորական միջամտութիւնները կիսատ յաջողութեամբ վերջ գտած են, ինչպէս Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ: Ռուսիոյ վարկը նաեւ տուժեց միջազգային գետնի վրայ երբ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջին պատերազմին, Ռուսիա զլացաւ օգնութեան հասնիլ Հայաստանին, որուն հետ փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագրութիւն կնքած է եւ որուն տարածքին վրայ գոյութիւն ունին ռուսական երկու ռազմախարիսխներ:

 

BBC-ի աղբիւրներուն համաձայն բաղդատական մը Ռուսիա-Ուքրանիա զինուորական ուժերուն

Ուքրանիա

Բանակ-զինուոր                   1.000.000

Գործօն զինուոր                   200.000

Պահեստի                              900.000

Օդանաւ                                 98

Ուղղաթիռ                             34

Հռետանի                               2.596

Զրահապատ կառքեր          12.303

Ռուսական դաշնակցութիւն

Բանակ-զինուոր              2.900.000

Գործօն զինուոր              900.000

Պահեստի                         2.000.000

Օդանաւ                            1.511

Ուղղաթիռ                        544

Հռետանի                          12.240

Զրահապատ կառքեր     30.122

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նիւ Եորք

bottom of page