top of page
Baikar Blue logo.png

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԲԻՒԶԱՆԴԻԱ

Հայաստանի ու Բիւզանդիայի պատմական յարաբերութիւնները եթէ փորձենք զուարթամտութեամբ նկարագրել, դժուար պիտի չըլլայ զանոնք ներկայացնել իբրեւ հարս ու կեսուրի կնճռոտ ու ելեւէջներով լեցուն յարաբերութիւններ: Հակառակ որ մկրտութեամբ անոնք քրիստոնեայ կնքուած են, սակայն քաղաքական, ցեղախօսական, կայսերապաշտական ու հետագային դաւանաբանական հարցերու տարբերութեամբ ու խրամատներու գոյացումով, երկուքն ալ հակադրուած են իրարու, առանց սակայն ակընթարթ մը դադրելու իրարու վրայ ազդելէ եւ ինքնութեան զարգացումի ընթացքին իւրաքանչիւրը իր ուրոյն դրոշմը միւսին վրայ դնելէ: Այս վերջին միտքին կարեւորութիւնը էական է` պատմական ճշգրիտ բնորոշում տալու Հայաստանի ու Բիւզանդիայի բարդ կապակցութեան, քանի որ ընդհանրապէս անգիր օրէնքի վերածուած է այն միտքը, որ երկու պետութիւններու կամ հաւաքականութիւններու ազդեցութիւններու բաղդատութեան պարագային, միշտ մեծն է տիրականը ե՛ւ ազդեցութեան իմաստով, ե՛ւ տիրակալութեան, ինչ որ պատմութեան փաստերուն լոյսին տակ պարզապէս ճիշդ չէ:

Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի ՙՀայաստան եւ Բիւզանդական Կայսրութիւն՚ (Armenia and the Byzantine Empire) անգլերէն հատորը իր բազում աժանիքներու կողքին, մանաւանդ այս երկու կողմերուն թնճռկոտ յարաբերակցութեան նկարագրութեան նուիրուած իբրեւ լուրջ ուսումնասիրութիւն, պատմական իրադարձութիւններու առարկայական վերլուծումով կը միտի ընթերցողին տալ նախորդ պարբերութեան վերջաւորութեան արտայայտուած գաղափարը, թէ ազդեցութիւնները կ'ըլլան միշտ փոխադարձ: Հայաստանի փոթորկոտ պատմութիւնը, հակառակ անոր տարբեր ժամանակաշրջաններու համեմատական անդորրութեան ու իբրեւ պտուղ` կրօնական ու մշակութային անօրինակ զարգացումներուն, չէ եղած միակողմանի եւ սկիզբէն որոշուած ու արտաքին ազդեցութիւններու շարանին դէմ կղպուած ուղղութիւն մը, որ ի վերուստ` յայտնութեան մը նման ղրկուած ու բազմած է պատմութեան թուականներու գահաւորակներուն, ամէն քայլափոխի քօղազերծուելու համար: Անիկա զարգացած է ո՛չ միայն իբրեւ նախօրոք ընդունուած ու սեփականութիւն դարձած սկզբունքներու կիրարկում, կամ միայն ինքնութեան առօրեական ապրումի քարացած փորձառութիւն` քաշուած պատերու ետին, այլ նաեւ փոխադարձաբար, դուրսէն (որ յաճախ եղած է ներս), այս պարագային` բիւզանդական (հոս նկատի առնուածը ոչ միայն կայսրութիւնն է իր նուաճած շրջաններով ու անով` իր ունեցած քաղաքական ազդեցութեամբ, այլ նաեւ մշակոյթն է իր այլազան փթթումներով) մշակոյթէն:

Սիրարփի Տէր Ներսէսեան սկիզբէն կը ջրէ այն անճիշդ վարկածը, թէ Հայաստան նստած է բիւզանդական կայսրութեան ազդեցութեան անձրեւային տարափին տակ ու միայն անոր ոստումներուն հետեւելով ինքզինք զարգացուցած է, իր ինքնութիւնը գտած ու պատմութեան թատերաբեմին ներկայացած է: Այս պատճառով ու բնականաբար, իբրեւ մուտքի գրութիւն, հեղինակը կը սկսի ներկայացնել պատմական արագ ակնարկ մը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի սկզբնաւորութեան մասին: Բայց այս մէկը հապճէպ կ'ըլլայ, քանի որ գրութեան նպատակն է շեշտել Հայաստանի բազմակողմանի պատմութիւնը բիւզանդական կայսրութեան ի յայտ գալու կէտէն սկսեալ: Այս իմաստով ան արագ մը լոյսին կը բերէ նշանակալից թուական մը` 387, ուր Հայաստանի փոքր մասի մը տիրացումը մօտաւորապէս կը զուգադիպի հռոմէական կայսրութենէն ետք բիւզանդականին յայտնութեամբ:

Այսպէս, պատմութեան թելերը մէկ առ մէկ քակուելով ընթերցողին կը տրուի դէպքերու թաւալումը, հայ թագաւորներու եւ իշխաններու տողանցումով, ազնուական տուներու ու եզակի դերեր խաղացող անձերու մատնանշումով, որոնք թագաւորութիւններ ստեղծած են ու շատերու անկման պատճառ եղած են, միշտ մարդկային ամէնէն վատ տկարութիւններէն` ԵՍին ու ՓԱՌՔին պարտադրումով: Այս բոլորէն բիւզանդական քաղաքականութիւնը անմասն չէ եղած, նոյնիսկ քաջալերած է հայերու բաժանարարութեան, կամ պատմագէտներու ընթացիկ բառով` կեդրոնախուսութեան ոգին, որ աւերներու պատճառ եղած է: Այս կը բացատրուի հայերու պատմականօրէն պետականութեան տկար ոգի ունենալով, որ յիշուած է պատմագէտ Ֆրետրիք Պասըլի ՙՀռոմէական Կայսրութեան Սահմանադրական Պատմութեան մասին Յօդուածներ՚ գիրքին մէջ, ուր ան կը խօսի բիւզանդական բանակին ամէնէն կարող պատերազմիկներու` հայերու ու նորսերու ունեցած նմանութիւններուն մասին. հանրային ու պետական շահերու բացակայութիւն ու միաժամանակ անձնական պատիւներու ու երեւելիութեան արժանացումի մարմաջ, ինչպէս նաեւ իրենց տէրերուն ու ղեկավարներուն հանդէպ բացարձակ հաւատարմութիւն (448):

Հակառակ որ քրիստոնեայ Հայաստանի մը ներկայութիւնը պէտք է որ դրական ակնկալութեամբ քաջալերուեր, Բիւզանդիա միշտ ջանացած է կործանել հզօր Հայաստանի մը կարելիութիւնը, կամ նոյնիսկ անկախ Հայաստանի գաղափարը, մերթ զինուորական գործողութիւններով, բազում անգամներ ալ արտագաղթ պարտադրելով կամ անով պետականամէտութենէ զուրկ զանգուածները պատելով, նենգամիտ այն մտածումով, որ հզօր Հայաստանը փուշ մըն է, որ խրած է բիւզանդական կայսերապաշտական նկրտումներու կողին մէջ:

Երկու գլխաւոր ամբարտակները, որոնք ըստ հեղինակին, կանգնած են բիւզանդական ազգակործան քայլերուն դիմաց, եղած են հայ ազնուականութիւնը` նախարարութիւններու ազդեցիկ տուներով ու հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին: Առաջինը տկարացնելու հզօրագոյն հարուածը եղաւ Յուստինիանիոսի երկու հրովարտակները` 535 ու 536 թուականներուն, որոնցմով ջնջուեցան հայկական ժառանգութեան վերաբերեալ օրէնքները, աղջիկ զաւակներուն ալ ժառանգութեան նոյն իրաւունքը սահմանելով, որ խորքին մէջ հայ ազնուականութեան աւատական իշխանութիւնը տապալելու ու անոնց ներկայութիւնը նսեմացնելու միջոց մըն էր: Այս մէկը, սակայն, երկսայրի սուրի վերածուեցաւ: Հայ նախարարութեան ներկայութեան ու դիմադրողականութեան կորուստը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ կայսրութեան ապահովութեան վրայ, քանի որ ան այլեւս թումբի նման չէր կրնար դիմադրել արտաքին թշնամիներուն, ինչ որ ապագային եղաւ:

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ բիւզանդական արշաւը եղած է միշտ արտաքին քաղաքականութեան անբաժանելի մաս: Այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը ունեցած է իր սեփական հոգեւոր կեդրոնը, իր լեզուով ու գրականութեամբ եւ անոնց ծաղկման ի խնդիր սփռուած վանքներով, եկեղեցիներով ու տարբեր կեդրոններով, զայն ձուլելու ճանապարհը եղած է փակ: Ու Բիւզանդիա ոչինչ խնայեց հայ եկեղեցին տարբեր պատրուակներով մէջտեղէն վերցնելու: Դաւանական ու ծիսական հարցերը, որքան ալ հիմնուած ըլլային աստուածաբանական տարակարծութիւններու ու վէճերու վրայ, կայսրութեան կողմէ անխնայօրէն գործածուեցան հայ եկեղեցին ու անով հայ ժողովուրդը ծունկի բերելու համար:

Տէր Ներսէսեան ընթերցողը կը հրաւիրէ իմանալու հայ տարբեր անհատներու ունեցած դերը բիւզանդական կայսրութեան բարգաւաճումին մէջ: Հայեր եղած են արի զինուորները բիւզանդական բանակներուն, որոնց շնորհիւ կայսրութիւնը կրցած է ետ մղել տարբեր ժամանակներու թշնամական յարձակումներ ու կրցած է նաեւ նուաճել նոր տարածքներ: Հայազգի տարբեր կայսրեր բազմած են բիւզանդական գահերուն, ոմանց հայկական ինքնութիւնը պատմաբաններու կողմէ լրիւ հաստատուած, ուրիշներու պարագային` տակաւին թէական: Այս հայազգի կայսրերուն օրով կայսրութիւնը ամէն գետնի վրայ բարձունքներու է տիրացած: Ասոնք թէեւ հայ եղած են, բայց դաւանանքով պատկանած են Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան ու իրենց գործունէութեան միակ դրդապատճառը եղած է կայսրութեան փառքն ու պատիւը:

Այս բոլորէն ետք կարգը կու գայ փոխազդեցութեան պատկերին ու հեղինակը կը թուէ այն բնագաւառները, ուր ազդեցութիւնները եղած են տեսանելի: Նախ պէտք է ըսել որ երկար դարերու դրացնութեան ու յարաբերութեան արդիւնքները եղած են իսկապէս վիթխարի: Այսինքն, առօրեայ կենցաղային տարրերէն մինչեւ պետական ու եկեղեցական մարզերու մէջ ներգործութիւններն ու անոնց հետեւանքով ինքնութեան մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները եղած են անխուսափելի:

Ճարտարապետութեան մարզին մէջ հայկական արուեստը եղած է բաւական ինքնուրոյն ու հեղինակը կը պնդէ, որ կը սխալին անոնք, որոնք զուտ բիւզանդական ազդեցութեան պտուղ կը տեսնեն հայկական ճարտարապետական գոհարներն ու սքանչելիքները: Հեղինակին մանրամասն նկարագրութեամբ կը տեսնենք տարբեր դարերու հայկական կոթողներու առանձնայատկութիւններն ու անոնց տարբեր ժամանակներու ու ենթահողերու պատկանելիութիւնը: Այս արուեստի զմայլելի գործերուն բերած փոփոխութիւնները բացած են նոր եւ ընդարձակ կերպերու կիրարկում, որոնք պատմութեան ընթացքին թեւ ու թռիչք առնելով հասած են պալքանեան երկիրներ ու ազդած են եւրոպական արուեստին` միջին դարերուն թէ վերածնութեան շրջանին: Պէտք չէ մոռնալ որ բիւզանդական եւ անատոլուական ազդեցութիւնները կը տեսնուին հայկականին վրայ, որ իր կարգին եղած է կամուրջը արեւելեան եւ արեւմտեան ներշնչումներու: Հոս կարելի է ընդգծել որ հայկական կողմը ոչ միայն օգտուած է այս կամրջումէն, այլ նաեւ իր նպաստը բերած է ճարտարապետական նոր ձեւերու որոնումի ու որդեգրումի ընթացքին:

Հայկական քանդակագործութիւնը ընդհանրապէս ճարտարապետական եղած է. եկեղեցիներուն ճակատները, յատկապէս սկզբնական դարերուն, զարդարուած են կոյր կամարաշարքով, ինչ որ կը նշանակէ թէ հիմնովին տարբեր եղած են բիւզանդականէն: Հայկական եկեղեցիները, իրենց արտաքին յարդարումով, սովորաբար արեւելեան օրինակներէն տարբեր են: Անոնց մօտաւոր պատճէնը կարելի է տեսնել վրացական քանդակագործութեան մէջ, որ բնականաբար առնչուած է հայկական պատմութեան զարգացումներուն: Այս ազդեցութիւնն ալ գլած անցած է պալքանեան երկիրներն ու իր կնիքը դրած է ռուսական կարգ մը եկեղեցիներուն վրայ:

Որոշ նմոյշներու մէջ կը նկատենք ազդեցութեան այլ գործօններ, ինչպէս օրինակ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ քանդակներու ոճի ու հմտութեան պարագան, որոնք Եգիպտոս կը բուրեն ու նոյնիսկ սասանեան արուեստ: Հոս է որ կը տեսնենք հայկական քանդակագործութեան յատկութիւնն ու բիւզանդականէն անոր զանազանութիւնը. հայկականը աւելի երկրաչափական է յօրինուածքով, քարերու վրայ հրաշապատում արուեստի բարձր ճարտարութիւն կը ճառագայթէ ու նաեւ իբրեւ ոճ ան զարդական է: Հայաստանի մէջ քարը եղած է առատ ու անհրաժեշտօրէն իր իսկատիպ դրոշմը դրած է հայկական քանդակագործութեան արուեստին վրայ: Հայկականին վրայ բիւզանդական ներազդեցութիւնը եղած է առաւելաբար կրտսեր արւեստի կալուածին մէջ, մետաղեայ գործերու աշխարհին մէջ, որոնք ծաղկած էին բիւզանդական ստեղծագործութիւններուն մէջ:

Վերջին բաժինը կը պատկանի հայկական նկարչութեան: Հոս է որ կը տեսնենք, թէ ինչպէս բիւզանդական ազդեցութեան փայլքը իր ամէնէն մաքուր հայելին կը գտնէ: Արուեստի ամէն շերտէ աւելի հոս է որ տիրական եղած է բիւզանդականը: Բայց այս մէկը չի նշանակեր, որ հայեր կապկած են բիւզանդական նկարչական արուեստը ու զուրկ եղած են ստեղծագործական առանձնատիպ հրայրքէ ու շնորհքէ, պարզապէս ըլլալով կոյր հետեւողներ: Կարելի է ըսել, որ հայկական նկարչութեան կրօնական բաժինը զօրեղ կերպով կը կրէ բիւզանդական եւ ասորական ձեւերուն ազդեցութիւնը, միւս կողմէ պահելով բնապաշտական յատուկ զգայութիւն: Կը հաստատուի, որ հայեր փոխ առած են բիւզանդական նկարչութենէն ու իրենց բնածին տաղանդով ու մշակութային օրրանին թելադրականութեամբ զայն պատշաճեցուցած են իրենց ստեղծագործական նկարագիրին:

Գիրքի վերջին բաժինը լեցուն է տարբեր գլուխները ընթերցողին պատկերային նմանութեան բերելու մտահոգութեամբ ու հոն կը գտնենք հայկական արուեստի հատընտիրներ, որոնք պարզապէս նախաճաշակը կը մատուցեն հայկական արուեստի ճախրանքներուն: Հուսկ ըսեմ, որ բաւական ժամանակ անցած է գիրքի տպագրութենէն ու վստահաբար անոր մէջ առկայ են ժամանակավրէպ տեղեկութիւններ: Գիրքին արժէքը, սակայն, չի կայանար թուաբանական ճշգրտութեամբ հայկական ու բիւզանդական փոխազդեցութիւնները ներկայացնելու մէջ, այլ կու գայ այն մտածումէն, թէ հայեր առանց կայսրութիւն հիմնելու` ստեղծած են կայսրութիւններ ու նաեւ ազդած են անոնց վրայ: Եւ ասիկա եղած է ե՛ւ մշակութային գետնի վրայ, ե՛ւ այլապէս:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ուստըր

bottom of page