
Հին Օրեր, Լաւ Օրեր
Նոսթալժիան մարդ արարածէն անբաժան եղած է: Ի դէպ, կարգ մը գիտնականներ կը պնդեն (եթէ կ'ընդունինք եղափոխութիւն կոչուած տեսութիւնը), որ միլիոնաւոր տարիներ առաջ երկու բան յեղաշրջուած են մեր նախնիքներու կեանքին մէջ, որոնցմով անոնք կողմնորոշուած են դէպի մարդկութիւն: Առաջինը եղած է կրակի գիւտը, իսկ երկրորդը` նոսթալժիան, որով մեր նախնիքները սկսած են յիշել իրենց մանկութիւնը, ծնողներն ու մեծ ծնողները ու այսպիսով կարօտախտէ սկսած են տառապիլ: Այս վերջինը զիրենք ընդմիշտ խզած է կենդանական աշխարհէն ու անով մարդկութեան պատիւին բարձրացուցած:
Նոսթալժիի զգացումը կ'ապրինք ամէն օր, մանաւանդ այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր մարդկային տեղաշարժերն ու ճամբորդութիւնները կարծէք դարձած են բնական: Ու անցեալի քա՜ղցր օրերու կարօտը, մանաւանդ տունի, ընտանիքի եւ ընկերային այլ կապերու փնտռտուքը տիրական կ'ըլլան մեր առօրեայ ընելիքին, ըսելիքին ու խորհելիքին մէջ: Երբեմն այս վիճակը կը հասնի բացարձակութեան եւ անով վարակուողները կը հասցնէ հիւանդութեան: Ներկան կը մերժուի ի հաշիւ անցեալին: Անիկա կը դիտուի իբրեւ անբաղձալի իրականութիւն մը, որմէ պէտք է խորշիլ ամէն գնով, եբրեմն չափազանցութեան երթալով ու մերթ տարօրինակութիւններու դուռ բանալով: Ասով ոմանք կը մերժեն իրականութիւնը ու պատրանքներով կ'օրօրուին, միշտ հետամուտ ըլլալով այն սքանչելի՜ ու անցեալ օրերուն, ուր ամէն բան գերկատարեալ էր:
Ուրիշներու պարագային նոսթալժիան անիրական անիմաստութիւններու գիրկը նետուիլ չէ: Այս մարդիկ անցեալի դէպքերու վերյիշումով եւ անոնց տարբեր հանգամանքները տարիներու փոշիէն դուրս քաշելով կը միտին արժէքաւոր բանի մը գիւտը ընել կամ եղածը ուրիշներու յիշեցնել, քանի որ կեանքի անյեղլի օրէնք եղած է` միայն ներկայով սքանչանալ: Յարութիւն Մրմրեանի Պուէտ Խաչատուր Միսաքեանի նուիրուած մենագրութիւնը, դար մը առաջ ի լոյս եկած, նոսթալժիան իր բնական հունը գտած մանրակրկիտ զննութեամբ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը քննութիւնն է, որ արդէն հեղինակին ատենն իսկ իր հոգւոցը արձակած էր: Հիմա կրնանք ափսոսանքով յայտնել, որ արդէն քանի՜ տարիներու տարելիցն է որ կը կատարուի, ամէն անգամ որ այդ փառաւոր անցեալը կը դիտենք ներկայի անփառունակ ոսպնեակին ընդմէջէն:
Մրմրեան պարզ կենսագրական մը չէ որ կը ներկայացնէ անծանօթ ընթերցողին, ո՛չ ալ սոսկական տուեալներ կու տայ շրջանի մը մասին, որուն հիացումով տրոփած է իր սիրտը: Իր ամբողջ կիրքը կը դնէ այդ անցեալը նախ ներքնապէս ապրելու, անով իր էութիւնը թաթխելու: Յետո՛յ միայն ան իր այս երկով ընթերցողին կ'երեւնայ իբրեւ մնացորդ մը այդ անդառնալի օրերուն, նման Սինա լեռէն իջնող այլափոխուած Մովսէս մարգարէին, որ թէեւ իր շուրջ գտնըւողներուն մէջէն բարձրացած էր վեր ու անոնց կը պատկանէր, բայց տարբեր հոգեփոխութեամբ վերադարձած էր իրենց:
Այս մենագրութեան մէջ կը կարդանք Խաչատուր Միսաքեանի ծննդեան ու կրթութեան մասին ու հոս Մրմրեան փակագիծը լա՜յն կը բանայ այդ շրջանը բնորոշող անձերուն ու գրական, փիլիսոփայական եւ ինչու չէ նոյնիսկ կենցաղային յատկութիւնները ընդգծելով: Ոմանք կրնան տասնիններորդ դարու սկիզբին խմորուող շարժումներն ու գլխաւոր դերակատարները համարել ժամանակավրէպ ու ՙհին գլուխ՚, ինչպէս շատեր Մրմրեանի ժամանակ այս վերաբերմունքը ունեցած են իր մենագրութիւններուն եւ ՙանցելապաշտութեան՚ նկատմամբ: Ուրիշներու համար այդ շրջանը վկայութիւնն է տգիտութեան ու խաւարամտութեան տիրակալութեան, մտաւորական բոպիկութիւնն ալ զանց չընելով: Գիրքի այս բաժինին ընթերցումը, սակայն, մեզ կրնայ առաջնորդել ապշեցուցիչ իրականութիւններու: Մտաւորական եռուզեռն ու աշխատանքը, հակառակ մեծ գրադարաններու, որակեալ դպրոցներու ու եւրոպական բարձր հիմնարկներու նմանող հաստատութիւններու չգոյութեան, եղած է ոչ միայն հսկայ, այլ նաեւ նախանձ առթող: Կրնանք ըսել, որ ուսումնական վիճակը եղած է նախնական, ուր աշակերտներ առաւելաբար հռչակ ունեցող ուսուցիչներու շուրջ բոլորուելով ու անոնց ոտքերուն տակ սորվելով մտաւորական պաշար հաւաքած են, բայց պէտք է անվարան հաստատել, որ այս շրջանի ուսանողները ունեցած են գիտելիքներու կուռ ատաղձ, որուն արդիւնքները յառաջիկայ տասնամեակներուն քաղած են հարիւրաւոր աշակերտներ ու բնականաբար նոր ակօսներ բացուած են արեւմտահայութեան մշակութային անդաստաններուն մէջ:
Մրմրեանի համար յայտնի է, որ Պուէտ Խաչատուր Միսաքեան (Պուէտի կոչումը տուած է իրեն Յակոբիկ աղա Մանուէլեան, Սկիւտարի Ճեմարանի բացումին առիթով, իբրեւ Միսաքեանի արտասանած բանաստեղծութեան գնահատանք) կանուխէն իր սեփական ճամբան բացած է, յատկապէս տաղաչափութեան արուեստին մէջ: Թէեւ ան աշակերտած է օրուան հմուտ ուսուցչապետներու` Գրիգոր Փեշտիմալճեանի, Յովհաննէս Տէրոյենցի եւ ուրիշներու, միշտ մնալով Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գրական-թարգմանական ազդեցութեան գօտիին մէջ, սակայն ինքուրոյնութեան հետամուտ եղած է եւ ժամանակի տափակ ու երբեմն ալ ճոռոմաբանութիւններէն ինքզինք մէկդի պահած: Միսաքեան փորձած է իր ժամանակի եւրոպայի մէջ խմորուող գաղափարական շարժումներուն արտայայտիչը ըլլալ, առանց երբեք ուրանալու իր դաստիարակութեան արգասիքները, գրաբարի պարուրող մթնոլորտն ու հայկական իրականութիւնը: Այս պատճառով ու զարմանալիօրէն, ինչպէս Մրմրեան ինք դիտել կու տայ, Միսաքեանի քով կը տեսնենք հմուտ գրաբարագիտութիւն ու միաժամանակ աշխարհաբարի բաւական առողջ կիրարկում, նկատի ունենալով որ իր ժամանակ աշխարհաբարը տակաւին իր բողբոջի քայլերը դեռ կ'առնէր:
Մրմրեան չի գոհանար իր դարձդարձիկ նախադասութիւններով ներկայացնելու Միսաքեանի բանաստեղծական ու գրական արտադրութիւնները, այլ նաեւ կու տայ օրինակներ, որոնք ընթերցողին ճաշակին կը հրամցնեն Միսաքեանի ժառանգութեան գոհարները, որոնք ոչ միայն իբրեւ ոճ ու լեզու հրաշալիներ են, այլ իրենց մէջ երեւան կը բերեն նաեւ խորհո՛ղ մտաւորականը, որ շատերու նման բառերու կոյտ մը չէ որ կը նետէ իր տողերուն հմայքով ապրողներուն, այլ մտածումի նոր դարպասներ կը բանայ իր իւրաքանչիւր բառով ու նախադասութեամբ: Ան ընթերցողը յատուկ ճամբորդութեան մը կը հրաւիրէ, կարելի է նաեւ ըսել հոգեփոխութեան հանգրուանէ մը կ'անցընէ, որ կ'աւարտի զայն իրեն կողմնակից շահելով, բան մը, որ կ'ըլլայ ինքնեկ: Մրմրեանի հիացումը հոս աներեւակայելի է:
Այս երիտասարդ մտաւորականը, Միսաքեան, ուրիշներու վրայ կ'ունենայ իր ազդեցութիւնը եւ բնականաբար իր հետեւորդներու հոյլը, եւ ուրեմն իր մասին ամիրայական շրջանակներու մէջ կը սկսին բաներ խօսուիլ: Իր առօրեայ հագուկապին ու վարմունքին մասին ալ տարբեր խօսակցութիւններ ման կու գան եւ այս օրերէն սկսեալ ան մինչեւ մահ իր վրայ կը նետէ տարօրինակ մարդու տարազ մը, որուն հռչակը իրմէ առաջ կը հասնի այն տեղը, որ կը մտադրէ երթալ: Աղայի մը երկու որդիներուն ընկերանալով Միսաքեան կը մեկնի Փարիզ ու հոն կը մնայ երկու տասնամեակէ աւելի, իր աճայիպութիւնները շարունակելով ու այս անգամ մենամոլութեան դրսեւորումներով:
1870-1871-ի գերմանա-ֆրանսական պատերազմէն ետք, Միսաքեան վերջնականապէս կը հաստատուի իր ծննդավայրը` Պոլիս, գրագէտի իր կոչումին ամբողջական ծանրութեամբ: Կը զբաղի ուսուցչութեամբ, կը դառնայ ազգային երեսփոխան եւ իր արտադրութիւններով կը մասնակցի գրական կեանքին: Վերջին տարիներուն իր տարօրինակութիւնները կը հասնին գագաթնակէտի ու ինք շատերու կը ներկայանայ իբրեւ խենթ ու խելառ ծերունի:
Այս գրութեան նպատակը ո՛չ գրախօսական մը ընելն է Մրմրեանի մենագրութեան, ո՛չ ալ մի առ մի թուական պատկերը տալն է Միսաքեանի ստեղծագործութիւններուն: Հակառակ որ գրեթէ երկու հարիւր տարիներ կը բաժնեն մեզ Միսաքեանի կրթութեան մթնոլորտէն ու այդ հին օրերու ոգիէն, բայց արդէն փոքրիկ ակնարկ մը բաւարար է, որպէսզի հասկնանք կարեւորութիւնը այդ լաւ օրերու դաստիարակութեան: Այդ մէկը տակաւին չունէր աշակերտակեդրոն կոչեցեալ կրթութեան գոյնը, որուն դառն պտուղները այսօր յայտնի են բոլորիս, երբ արեւելքի մէջ թէ արեւմուտքի կը տեսնենք մակարդակը աշակերտներու ուսումնական վիճակին, երբ այս օրերուն երկրորդական ուսումնարան աւարտած աշակերտը նախկին նախակրթարանի ուսանողին չափ գիտելիք չունի. ան նոյնիսկ էջ մը սահուն չի կրնար կարդալ կամ անսխալ գրել (թող չկարծուի որ սփիւռքի հայ աշակերտներու մասին է այս վերջինը, այլ արեւմուտքի պետական դպրոցներու աշակերտներու մասին, նոյնինքն օտար տեսաբաններու դիտողութիւններով: Ասոր մասին պէտք է կարդալ վերջերս Ուաշինկթըն Իկզամինըրի հրապարակած տեղեկագիրը, որուն համաձայն Պալթըմոր նահանգի երկրորդական վարժարանի մը աշակերտութեան երկու-երրորդը ընթերցանութեան նախակրթարանի մակարդակ ունի):
Նախկին ուսումը կը կոչուէր դասական, որուն նպատակն էր մարդկային քաղաքակրթութեան լաւագոյն ընտրանիին սերտողութեամբ ու հետեւումով աշակերտին մարդկային ու գեղարուեստական ճաշակը բանալ, զայն հաղորդ դարձնել մշակութային ստեղծագործութիւններու լաւագոյն տարրերուն, որոնցմով իր հոգին պիտի կոփուէր ու տաշուէր:
Դաստիարակութեան նպատակներէն մէկն էր այդ հսկայ աւանդին իւրացումով տէրը դառնալ արուեստի ու նաեւ գիտական աշխատանքներու արգասիքին, հեռու այն նպատակէն, որով ուսումը կը կապուի գործի աշխարհին մարդ-թիւ պատրաստելու մտադրութեան: Այսօր, դժբախտաբար ճիշդ այս է որ կը տեսնենք: Ուսումն ու դաստիարակութիւնը վերածուած են պիզնէսի, ապագայի աւելի բարդ պիզնէսներու ատակ մարդիկ պատրաստելու համար:
Այսօր, յատկապէս Ամերիկայի մէջ, արդէն տարիներէ ի վեր շարժում մը կայ, վերադառնալու դասական կրթութեան (Classical Education, Classical Curriculum), առանց անտեսելու վերջին հարիւրամեակի մանկավարժական ու դաստիարակչական մեթոտները, աշխատելով աշակերտներու հոգին բանալ գեղեցիկին, բարիին ու ճշմարիտին: Այս նպատակին համար սոյն դպրոցներուն մէջ նոր լեզուներու կողքին կ'աւանդուին նաեւ յունարէն ու լատիներէն լեզուները: Իցի՜ւ թէ մեր հայկական իրականութեան մէջ ալ կարենանք սորվիլ օտարներուն իրենց արմատները վերադառնալու բաղձանքէն, մենք ալ մեր կարգին աշխատելով ունենալ նման ուսումնարաններ, ուր մեր դաական ու նոր ժառանգութիւնը աշակերտներուն հաղորդուի, մեր մեծասքանչ գրաբարին ալ դասաւանդումն ալ ըլլայ, աշակերտներուն դիմաց նոր աշխարհ մը բանալով:
Վերը գրուածը անշուշտ դեռ երազային աշխարհին կը պատկանի, քանի որ հայկական ու մանաւանդ սփիւռքեան իրականութեան մէջ քաղաքական ու քաղաքականացած աշխատանքները վերջ չունին: Յատկապէս արեւմուտքի մէջ, երբ մեր աչքերուն դիմաց ամբողջ սերունդներ կը կորսուին, կ'այլասեռին, մենք կը բաւականանանք Մեծ Եղեռնի զուտ քաղաքականացուած ձեռնարկներով ու ճառերով, քանի մը ՙմշակութային՚ աշխատանքներով (որ քեպապ ուտել, փիլաւ շինել ու թրքատիպ երգելով օրօրուիլ կը նշանակէ), Ապրիլ 24-ին նախագահին գործածած բառով (վերջապէս գործածեց ցեղասպանութիւն բառը, բայց տակաւին չեմ գիտեր թէ ի՛նչ փոխուեցաւ մեր ազգային կեանքին մէջ. մեր իրաւունքներուն վերատիրացա՞նք): Տարբեր ծրագիրներու համար հազարաւոր ու միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուին, անդին կ'անտեսուին ամէնէն կարեւորները, դպրոցն ու ուսումը, որով մեր անհայրենիք վիճակին, օրինակ նախապէս, արեւմտահայաստանի մէջ թէ արեւելահայաստանի, ստեղծեցինք մեր բարձր գրականութիւնն ու արուեստի ճախրանքը:
Սփիւռքի քաղաքական աշխատանքները կարեւոր են, սակայն առիւծի բաժինը անոնց պէտք չէ որ պատկանի: Դպրոց եւ ուսումնական լուրջ ու յստակ նպատակ հետապնդող ծրագրերն են, որոնք մեր լաւագոյն իղձերուն իրականացումին պիտի առաջնորդեն մեզ: Մեր օրերու Խաչատուր Միսաքեաններն ու Յարութիւն Մրմրեանները հոնկէ է որ պիտի ծնին, եթէ անշուշտ մեր ազգային ու գրական կեանքին մէջ կ'ուզենք ունենալ նման մարդիկ: Մեր ուշադրութեան սլաքը պէտք է երթայ դպրոցի ու մշակոյթի ուղղութեամբ. պէտք է որ անո՛նց համար միլիոնաւոր տոլարներու կալա ընթրիքներ ու ձեռնարկներ կազմակերպենք, անո՛նց մասին տիւ ու գիշեր խօսինք ու ծրագրենք: Մինչեւ վերջ քաղաքական նպատակներ հետապնդելով չդժգոհինք, թէ ո՛ւր են հայ ընթերցասէրները, թէ մեր դպրոցները ինչո՞ւ հայ մտաւորականներ չեն կրնար պատրաստել, թէ հայ գիրն ու գրականութիւնը ինչու անշուք ու ողորմելի վիճակի հասած են:
Հայկական իրականութեան մէջ արդեօք պիտի գտնուի՞ հաստատութիւն մը, որ որդեգրէ դասական կրթութեան ծրագիրը: Հաւանաբար այդ նախաձեռնութիւնն է որ մեր ժանտ ձմեռին գարուն պիտի բերէ...:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ