Ազգային Քաղաքականութեան Իրապաշտ Ուղին
Հայ-Թուրք Յարաբերութիւնները Պատմական Դէպքերու Լոյսին Տակ
Հայ-թուրք յարաբերութիւններուն ճշմարտութիւնը հասկնալու համար հարկաւոր է թափանցել պատմական իրադարձութիւններու եւ իրողութիւններու խորքը, որոնք բախտորոշ ու ճակատագրական նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Յիշենք, որ ազգերու պատմութեան մէջ Հայկական սպանդը աննախընթաց է: Թուրքիոյ ազգային ողբերգութիւններու ամէնէն ահռելին Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր:
Ի՞նչ էր ցաւատանջ այս երեւոյթին պատճառը:
Ոմանք պատճառը կը վերագրեն վարչակարգի եւ հպատակ ժողովուրդներու կրօնական տարբերութիւններուն: Ուրիշներ` ջարդերը կը համարեն աշխարհակալ պետութիւններու հակամարտութեան եւ դիւանագիտական սադրանքներու, ազգերու ազատագրական, անջատողական շարժումներու արգասիք: Բայց առաւել հիմնաւոր պատճառը` թուրք ազգայնամոլ քաղաքականութիւնն էր, որ կը կը հետապնդէր Փան-Թուրանիզմի ծրագրի իրագործումը: Այն ինչ կը պահանջէր ձուլել ու ոչնչացնել ոչ թուրք տարրերը:
Ծրագիր մը, որ մինչեւ այսօր թուրք աշխարհակալներ կը շարունակեն, հրահրելով Արցախեան պատերազմը, խեղաթիւրելով հայոց դարաւոր պատմութիւնը, պղծելով քար ու քանդ ընելով հայկական պատմական յուշարձանները , վերացնելու հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակոյթին հետքերը:
Այսօր պատմութիւնը կը կրկնուի նոյնութեամբ: Յիշենք անցեալ դարասկիզբի իրադարձութիւնները: Հայ քաղաքական մտքի պատմական դէմքերու կողմնորոշումները: Թէ որքանով ընդունելի էր ազգային գործիչներուն, հայ քաղաքական մտքի պատմական դէմքերու կողմնորոշումը, երբ հայ ժողովուրդին բախտը տնօրինելու իրաւունքը կը յանձնէին իր դահիճներուն:
Երբ դարաւոր ստրկութեան մէջ ապրած հայ ժողովուրդը, իր արեան գնով նուաճած էր Սարդարապատի հերոսամարտը. իր անօրինակ տոկունութեամբ ու քաջութեամբ կրցած էր ձեռք բերել իր ապրելու ու գոյատեւելու իրաւունքը: Այս անգամ ինքնակամ կը յանձնուէր իր դահիճին:
Յիշենք, երբ Երիտթուրքերու յեղաշրջումով Թուրքիան կը յայտարարուի ՙՍահմանադրական Պետութիւն՚: Հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներ Օսմանեան սահմանադրութեամբ խանդավառուած` հաւատացին Երիտթուրքերու եռապետութեան` Թալէաթ, Էնվէր եւ Ճեմալ փաշաներու շնորհած ազատութեան: Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը մեծ յոյսեր կապելով, դաշինք կը կնքէ Երիտթուրք ղեկավարներուն հետ:
1907 թուականին Հ.Յ. Դաշնակցութեան Վիեննայի համագումարին ձեւակերպուած ծրագիրը կ՛ընդունուի այսպէս.—
ՙ1- Թուրքահայաստանը պիտի կազմէ Օսմանեան սահմանադրական պետութեան անբաժան մասը, հիմնուած տեղական լայն ինքնավարութեան վրայ՚:
ՙ 2- Թուրքահայաստանը, Թուրքիայի միւս շրջաններու հետ, իբրեւ Օսմանեան պետութեան մէկ մասը, ազատութիւն պիտի վայելէ իր ներքին գործերուն մէջ՚:
Թրքական սահմանադրութիւնը ընդունելէ ետք, Դաշնակցութեան գործիչներ կ՛ընտրուին Օսմանեան խորհրդարանի անդամ: Անոնք կ՛առաջարկեն որ Անդրանիկ Օսմանեան խորհրդարանի անդամ դառնայ: Սակայն Անդրանիկ չ՛ընդունիր այդ առաջարկը: Դաշնակցութեան ժողովի մը ընթացքին կը յայտարարէ.—
ՙԴուք հաշտուեցաք թուրքերուն հետ, բայց ինձ թոյլ տուէ`ք անհաշտ մնալու: Բայց ես ձեզ գուշակութիւն մը կ՛ուզեմ ընել եւ կ՛ուզեմ, որ լսէք: Եթէ այս յեղափոխական կոչուած թուրքերը օր մը ձեզ չկախեցին, ես մարդ չեմ: Օր պիտի գայ , որ այս յեղափոխականներն ալ պիտի դառնան Սուլթան Համիտի պէս գազան մը, եւ բոլորիդ ալ պիտի յօշոտեն՚:
Երբ շատ չանցած տեղի ունեցաւ Ատանայի ջարդը: ՙ 45 օր չէր անցած, իմացայ, թէ Թալէաթ եւ իր նմանները կոտորել կու տան Ատանայի հայութիւնը: Երբ առիթը գտնեն ընկեր թալէաթները ձեզ ալ կոտորել պիտի տան՚, — կ՛ըսէ Անդրանիկ` Ակնունիին ուղուած իր նամակին մէջ:
ՙԱնդրանիկի նախազգացումը մարգարէական էր՚ ; ՙԱյդ պարզ մարդը, ժողովուրդի ընդերքին մէջ դաստիարակուած եւ ժողովրդական իմաստութեամբ կրթուած զինուորն աւելի ճիշդ ըմբռնեց՚ Օսմանեան պետութեան մէջ 1908 թուականին կատարուող հասարակական-քաղաքական իրադարձութիւններուն իմաստը, ՙ քան Եւրոպական համալսարաններու մէջ ուսանած հայ ղեկավարները՚:
Անդրանիկ չկրցաւ հաշտուիլ թուրք կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան հետ, որ կը ձգտէր իրականացնել իր հետապնդած թաքուն նպատակները: Եւ չկրցաւ հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, երբ 1918 թուականի Յունիս 4-ին Ազգային Խորհուրդի ղեկավարները Պաթումի մէջ Օսմանեան կառավարութեան հետ կը կնքէին ՙբարեկամութեան՚ դաշինքը:
Պաթումի դաշնագիրով Թուրքիոյ իրաւունք կը տրուէր ՙզօրք մտցնել Հայաստան, այնտեղ ՙկարգը պահպանելու համար ՚, Թուրքիան պարտաւոր էր ՙցրել Հայկական զինուած ոյժերը` նաեւ Անդրանիկի զօրագունդը՚:
Անկախ պետականութիւն ստեղծելու ձգտումն էր, որ Ազգային Խորհուրդի ղեկավարները կ՛ուզէին իրականացնել Պաթումի դաշնագիրով: Նոյնիսկ համաձայնելով այդ պայմանագիրով հայկական կողմին Թուրքիոյ պարտադրած ծանր պայմանները, որ կը նսեմացնէր ու կ՛անտեսէր Սարդարապատի ու Բաշ-Ապարանի յաղթանակները:
Թուրքերը խաղաղութեան անուան տակ Պաթումի դաշնագիրով կը պահանջէին Ախալցխան, Ալեքսանդրապոլի շրջանը, Սուրմալուն, Նախիջեւանը, Էջմիածինը, Կարսի մարզը: Իսկ Անդրկովկասի ամբողջ երկաթուղագիծն ու Հայաստանի ճանապարհները պիտի մնային Թուրքիոյ տրամադրութեան տակ, որ միաժամանակ իրաւունք պիտի ունենար Ղարաքիլիսա- Դիլիջանով իր զօրքերը փոխադրելու Ատրպէյճան: Այս պայմանագիրով Հայաստանին պիտի մնար Արարատեան դաշտին մէկ մասը եւ Սեւանի աւազանը: Երկիրը կը զրկուէր բանակ պահելու իրաւունքէն: Կարգ ու կանոն պահպանելու համար թրքական զօրքերը պէտք է միջամտէին:
Որքան ծանր էին առաջարկուած պայմանները, երբ հայերը ինքնակամ կը յանձնուէին թուրք բռնակալներու քմահաճոյքին: Դրութիւնը կը պահանջէր ընտրել չարեաց փոքրագոյնը: Հայոց պատուիրակութիւնը Պաթումի դաշնագրին մէջ կ՛ուզէին տեսնել հայկական պետականութեան վերականգնումը:
Երբ մինչեւ 1918 –ի Հոկտեմբերը թրքական զօրամասերը դեռ կը շարունակէին իրենց ասպատակութիւնները Լոռիի, Բամբակի, Ղարաքիլիսայի շրջաններուն մէջ: Թուրքիան միշտ կը փորձէր խախտել իր բոլոր պայմանագրերն ու համաձայնագրերը; Այդպէս վարուեցաւ Էնվէր փաշան` երբ Պաթումի դաշնագրին յաջորդ օրը Յունիս 5-ին կ՛ուղղուի դէպի Պաթում, իր ոյժերը համալրելու նպատակով եւ Մուսաւաթականներու օգնութեամբ կը կազմակերպէ ՙԻսլամի Բանակը՚:
Այս բոլորով հանդերձ, Ազգային Խորհուրդը, իր քաղաքական ուղեգիծին կառչած` թուրքերուն հետ կը շարունակէր պահպանել լաւ յարաբերութիւններ: Այդ մասին կը հաստատէր Ալ. Խատիսեան,—
ՙՄենք եւ թուրքերը այժմ մէկզմէկու կարիքն ունինք, այժմ պէտք է լաւ յարաբերութիւններ պահպանել թուրքերու հետ՚: Մինչ Արշ. Զուրաբեան կը պաշտպանէր Ռուսաստանին մօտենալու տեսակէտը:
Եւ այսպէս Հայ-Թուրք յարաբերութիւնները սերտացնելու հիման վրայ 1918 Սեպտեմբեր 21-ին, Էնվէր փաշան Ալ. Խատիսեանէն կը պահանջէր դաշինք կնքել Թուրքիոյ հետ միասին պաշտպանելու իր արեւելեան թիկունքը: Խատիսեան կը համաձայնի իր ժողովուրդի դահիճին հետ: Որովհետեւ այն կարծիքին էր ` թէՙ Հայկական հարցը լուծելու համար թուրքերու ցանկութենէն շատ բան կը սպասուի՚:
Եւ նոյնպէս Ս. Վրացեան յոյսեր կապելով Մ. Քեմալի կառավարութեան հետ, 1921-ի գարնան հանդիպումներ կ՛ունենայ արեւմտահայութեան տեղահանութեան ու բնաջնջման գլխաւոր կազմակերպիչներէն` Պէհաէտտին Շաքիրի հետ, Քեմալական Թուրքիոյ հետ միասնական ճակատ կազմելու, Խորհըրդային իշխանութեան դէմ պայքարելու համար: Իսկ դաշնակցական մամուլը` ՙԱզատ Հայաստանը՚ իր խմբագրականին մէջ կը գրէ,— ՙԻրերի պատմական բերումով Անդրկովկասի ժողովուրդներու քաղաքական ազատութեան իրական պաշտպանը կարող է դառնալ միայն Տաճկաստանը...՚:
Նոյն թուականին Մարտ 9 –ին , Սգ Վրացեան Թաւրիզի հայկական թեմի Առաջնորդ Ներսէս Արք. Մելիք Թանգեանին յղած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ,— ՙՏաճիկների հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ են, յոյս ունենք անկեղծ բարեկամութիւն հաստատել : Մեր միակ վտանգն այժմ հիւսիսէն է, որուն համար պէտք է միանան հարաւի բոլոր ժողովուրդները՚: (ՙՄինարէթ՚ 1921 , թիւ 14, Թաւրիզ)
Հայ-Թուրք ՙանկեղծ բարեկամութեան՚ եւ թրքական արեւելումի մասին կը խօսի Երեւանի ՙՅառաջ՚ թերթը,—ՙՀաշտութեան խնդիրը եւ Մեր Օրիենտացիան՚ յօդուածին մէջ, արտայայտելով Ս. Վրացեանի գլխաւորած կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան ուղեգիծը,—ՙԵթէ հայ ժողովուրդը կ՛ուզէ ապրիլ եւ ապահովել իր պետական ու ֆիզիքական գոյութիւնը յարատեւօրէն, ան պէտք է ունենայ ոչ թէ ռուսական, այլ թուրքական օրիենդացիա՚: (1920):
Այդ օրերուն հայ քաղաքական ոյժերու տարաբեւեռ դիրքորոշումները, հայութեան շարքերէն ներս ստեղծեցին հակադիր կողմեր, հատուածական պայքար ազգային կեանքէն ներս: Կուսակցութիւնները մոռցան իրենց ստանձնած սուրբ պարտականութիւնը, անհատական եւ կուսակցական շահերը գերադասեցին ժողովուրդի գերագոյն շահերէն, պատճառ դարձան ազգի դժբախտութիւններուն:
Այսօր անցնող դարասկզբի պատմական իրողութիւնները կը կրկնուին: Թուրքն ու Ազերին կը հետապնդեն հայկական տարածքնրը բռնագրաւելու իրենց ծրագրած քաղաքականութիւնը: Հետեւելով ներկայ տիրող իրավիճակին եւ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն կարելի է որոշ եզրայանգումներ կատարել:
Ա. - Հարկաւոր է հասկնալ ոչ միայն տարածաշրջանի իրավիճակը, այլեւ ըմբռնել աշխարհին տիրող ընդհանուր իրադրութիւնը, փորձել յարմարիլ , համապատասխան դիրքորոշում ընդունիլ` նկատի ունենալով միջազգային ե՛ւ լաւ ե՛ւ վատ պարագաները:
Որովհետեւ, անցեալի պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, միջազգային յարաբերութիւններու տիրող իրավիճակին չյարմարելու պարագային, մեր պահանջները թելադրելու փորձերը կրնան ձախողիլ: Հետեւաբար նկատի առնելով աշխարհի քաղաքական ընդհանուր դրութիւնը, հարկաւոր է օգտուիլ մեզի համար շահաւէտ ու նպաստաւոր պայմաններէն:
Բ.- Նպատակներու աստիճանաւորում
Այն ինչ կը նշանակէ ` նկատի ունենալ մեր անմիջական եւ երկրորդական նպատակներն ու ծրագիրները: Սակայն ոչ թէ մէկը միւսէն նուազ կարեւորութիւն ունենալու տեսակէտէն: Այլ` թէ յարաբերաբար այդ ծրագիրը որքանով ձեռնտու է իրականացնել տուեալ պահուն:
Այլ խօսքով` հարկաւոր է յարաբերակցութիւն մը կատարել հակառակորդին եւ մեր հետապնդած նպատակներուն միջեւ, որպէսզի կարենանք պահպանել անհրաժեշտն ու հիմնականը: Միւս նպատակներուն ու ծրագիրներուն համար պէտք է սպասել քաղաքական բարենպաստ պայմաններու:
Գ.- Եթէ ներկայիս Հայ Դատի լուծման համար Հայաստան իր բացայայտ մասնակցութիւնը չի բերեր, սակայն այդ չի նշանակեր Հայ Դատի, Հայկական հարցի լուծումը անտեսել, կամ դիտաւորեալ խուսափիլ անկէ:
Այս ուղղութեամբ երբ կը մեղադրենք հայրենի կառավարութիւնը, պէտք է չմոռնանք քաղաքականութեան մէջ ընդունուած այն օրէնքը, որ պատմութեան ընթացքին իշխող պետութիւնները, որպէս քաղաքականութեան կանոն ընդհանրապէս առաջին գիծի վրայ չեն դներ զուտ ազգային խնդիրները: Անոնք չեն ուզեր ազգային շահերը անմիջականօրէն շօշափող հարցերը դնել նոյն սրութեամբ, ու նոյնքան ցայտուն , ինչպէս կ՛ընեն ընդդիմախօս ոյժերը: Որովհետեւ անոնք իրենց ուսերուն չեն վերցուցած պատասխանատուութեան բեռը:
Որովհետեւ երկրին կառավարութիւնը առաջին հերթին պէտք է յաղթահարէ իր առջեւ ծառացած քաղաքական խնդիրները: Որքանով ճիշդ է երկրին ճակատագրական ու բախտորոշ մէկ պահուն կառավարութիւնը իրեն համար քաղաքական առճակատման նոր թատերաբեմ բանայ, որ կրնայ վտանգել քաղաքական ուրիշ նախաձեռնութիւններ:
Ահա թէ ինչու Հայ Դատը որպէս օրակարգ չէ ընդգրկուած Հայաստանի երեք Հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Այդ մասին կը խօսին պատմութեան փաստերն ու իրողութիւնները:
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Հալէպ