
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ԻԲՐԵՒ ՄԱՐԴ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՙԹԵՔՆՈՓՐԷՍ՚
ԳՐԵՑ` ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հեղինակ` ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆ
Խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն` ԴՈԿՏ. ՎԱՉԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ահա Արշակ Ալպօյաճեանի վաստակին յատուկ կոթողային աշխատանք մը եւս, որ 400 գեղատիպ ու խնամուած տպագրեալ էջերու մէջ կ`ամփոփէ Վահան Թէքէեանի փորթորկալի կեանքը, մանկութենէն մինչեւ մահը: Հեղինակը այս հատորը գրած էր 1948-49ին, պատուէրովը ՙԹէքէեան ֆոնտի յանձնաժողով՚-ին, որ Բանաստեղծներու Իշխանին մահէն ետք, նպատակադրուած էր 15 հատորներով հրատարակելու Թէքէեանի ամբողջական գործերը: Սակայն, միայն վեց հատոր հրատարակուած էր, իսկ 15-րդը պիտի ըլլար Արշակ Ալպօյաճեանի այս գործը: Իր բազմաթիւ այլ աշխատասիրութիւններուն նման, Ալպօյաճեանի այս հատորը եւս կը մնար անտիպ, մինչեւ 1978, երբ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը կ՛որոշէր այդ հրատարակութիւններու շարքին, լոյս ընծայելու զայն եւս: Բայց զանազան պատճառներով, տասը տարի ետք միայն երիտասարդ մտաւորական եւ թէքէեանագէտ, դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին կը տրուէր ամբողջացընելու հատորին խմբագրութեան եւ ծանօթագրութեան աշխատանքը ու տպարան յանձնելու զայն:
Ալպօյաճեան եղած է Վահան Թէքէեանի տարեկիցը, թաղակիցը, դպրոցակիցը, գաղափարակիցը եւ գործակիցը իր կեանքի աւելի քան 35 տարիներուն ընթացքին. ուրեմն, ան լաւագոյն անձը պիտի ըլլար, որ կարենար հարազատ կերպով ներկայացնել Թէքէեանի բարդ անձնաւորութիւնը: Նոյնինքն Թէքէեանի վկայութեամբ ՙԱն (Ալպօյաճեան) ինք աղէկ գիտէ իմ կեանքս՚: Բացի իր գրած յառաջաբանին մէջ, ուր Ալպօյաճեան կը բացատրէ իր մտերմութիւնը Թէքէեանի հետ, ան այս ամբողջ աշխատութեան մէջ գրեթէ երբեք չէ զգացուցած իր ներկայութիւնը, այլ` նման ժապաւէնի նկարահանի մը, գործիքը ուսին, կարծէք հետեւած է Թէքէեանի իւրաքանչիւր քայլափոխին եւ լռելեայն նկարած է զինք, իր ապրած շրջապատը, եւ իր գործակիցները, յաճախ այնպիսի անհաւատալի մանրամասնութեամբ պատկերելով կացութիւններ, որ ընթերցողը ակամայ կ՛ապրի նոյն եղելութիւններուն մէջ:
Վաւերական բանասէրի իր յատկանիշներով, Ալպօյաճեան իր գործը ճոխացուցած է առատ վկայակոչումներով, երկար մէջբերումներ կատարելով աւելի քան տասնեակ պարբերաթերթերու խմբագրականներէն, յօդուածներէն, հաղորդագրութիւններէն, ժողովներու ատենագրութիւններէ, բանախօսութիւններէ, եւայլն, որոնք կը կազմեն գրքին գրեթէ քառորդը: Անցողակի հետաքրքրութեամբ միայն մօտեցող ընթերցողին համար, այս ընդարձակ մէջբերումները եւ յարակից նկարագրականները հաւանաբար տաղտկալի եւ անտեղիօրէն ծանրաբեռնող ճապաղութիւններ նկատուին, որովհետեւ այդ մանրամասնութիւններուն մէջ տեղեկութիւններ կան, որոնք շատ հեռու են, կամ ո՛չ մէկ անմիջական կապ ունին Թէքէեանի կեանքին հետ: Այսուհանդերձ, 20-րդ դարու առաջին քառորդի մեր անդոհալի պատմութեան ուսանողը կամ բանասէրը այս գրքին մէջ պիտի գտնէ ականատեսի վկայութիւններուն, պատմաբանի նկատումներու անգնահատելի սկզբնաղբիւրներ:
Թէքէեան ՙազգին օգտակար ըլլալու փառասիրութենէն դուրս ուրիշ որեւէ անմիջական օգուտ չէր հետապնդեր՚, եւ իր ամենամտերիմներէն` Միքայէլ Կիւրճեանի խօսքերով, ՙհազիւ առեւտրական կամ կրթական պաշտօնի մը մէջ հաստատուած եւ հանգստանալ սկսած, չվարանեցաւ երբեք, որ նոր կոչի մը ի լուր, ձգէր ամէն բան եւ մեկնէր, առանց տրտունջի, առանց ետին նայելու՚: Ուրեմն կը տեսնենք Թէքէեանը Պոլսէն Մանչեսթըր, Մարսէյլէն Աղեքսանդրիա, Պոլիս ու Էջմիածին, Կեսարիայէն Երուսաղէմ, Գահիրէէն Փարիզ, դարձեալ Պոլիս, Երեւան, Աթէնք, Կիպրոս եւ վերջապէս Գահիրէ, գրեթէ միշտ ազգային եւ եկեղեցական ծանրակշիռ հարցի մը լուծման առաքելութեամբ: Զինք վարկաբեկելու առիթ չփախցող իր հակառակորդները կը փորձէին Թէքէեանը պիտակել, ազգային թուրիսթ, բայց ան, ուր կար պահանջը անաչառ քննարկումի, անկողմնակալ բանակցութեան, համազգային միասնականութեան կամ տագնապի մը հաւասարակշռուած լուծումին, այդպիսի պատուիրակութիւններու կամ յանձնախումբերու մաս կը կազմէր, կամ կը գլխաւորէր Թէքէեան, ըլլայ ան Պոլսոյ մէկ թաղային հարցին, ՙբացիգոցի՚ ընդդիմամարտութեան: 1910-15ի Երուսաղէմի լուրջ տագնապին, Աթէնքի հայ որբերու ողբերգական կացութեան, կամաւորներու հաւաքումի, Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած ազգային պատուիրակութեան եւ Երեւանի Հայկական Հանրապետութեան միջեւ հասկացողութիւն մը գոյացնելու եւ կամ բազմաթիւ այլ հրատապ հարցերու կապակցութեամբ:
Մանրամասնութիւններու մէջ դիւրաւ կորսուող Ալպօյաճեան, ո՛չ շատ յաջող կերպով հինգ շրջաններու կը բաժնէ Թէքէեանի կեանքը, աւելցնելով գլուխ մը իր հրապարակագրութեան մասին, եւ վերջին բաժին մը` Թէքէեանի վերջին օրերուն մասին, լայն մէջբերումներ կատարելով Մ. Կիւրճեանի գրութիւններէն:
Առաջին մասին մէջ կը ծանօթանանք պատանի Թէքէեանին, իր քիչ մը ՙթեք՚ նկարագրով, ՙառանձնասէր, երկչոտ, բայց ոչ անտարբեր՚, հմայուած Սկիւտարի բնական գեղեցկութեամբ, անոր մտաւորական ու ազգային միջավայրին ու արուեստներու մթնոլորտով, եւ կլանուած հարուստ ազգականներու շքեղ տուներուն ու ճոխ գրադարաններուն պարունակութեամբ. իր մանկութեան այս զոյգ դրախտներուն մէջ է, որ կը թրծուի Թէքէեան բանաստեղծը եւ ՙազգայինճի՚-ն:
Երկրորդ մասին մէջ կը տեսնենք հասունութեան ճամբուն մէջ մտած յեղափոխական, վայելչագեղ երիտասարդ Թէքէեանը Փարիզի մէջ, անհանդարտ, բուռն գրող, եւ ՙդիւրաւ քենոտող՚-ը, որ իր Պոլիս վերադարձին 15 օր կը բանտարկուէր որպէս հայ յեղափոխական:
Յաջորդող երկու մասերուն մէջ կը տպաւորուինք` խորապէս ազգասէր, լրջախոհ, ամէն բանի մէջ կատարելութեան ձգտող Թէքէեան մարդով, ուղղամիտ ժողովականով, որ հակառակ ՙնեղսիրտ ու ջղային՚ ըլլալուն, ժողովներու ընթացքին հանդարտ, տրամաբանող, զուսպ ու հանդուրժող է, սակայն, անզիջող` սկզբունքային հարցերու մէջ: Հակառակ նրբազգաց բանաստեղծի ու գեղեցիկին վերացականութեամբ լեցուած իր խառնուածքին, ազգային կեանքի մէջ գործնական միջոցներ ու բանաձեւեր որոնողն ու ձեռներէց վարչականը եղած է, արդարադատ, օրինապահութեան եւ սկզբունքներու պահպանման բծախնդիր, իսկ դժուար ժամանակներու մէջ ՙ.... եւ ողջմտութիւն՚ կիրարկող ազգային գործիչը եղած է ան, որ արժանացած է ժողովուրդի զանգուածներուն յարգանքին: Տագնապներու առջեւ իր պաղարիւնութիւնը կը յայտնուի, երբ ժողովի մը ընթացքին կ՛ըսէ. ՙհոգ չէ, թէ ես ալ ցուրտ ու անզգայ նկատուիմ...՚:
Ալպօյաճեան իր այս աշխատութեան մէջ պարզապէս քամերայի դեր չէ, որ կը կատարէ, ներկայացնելով Թէքէեանն ու իր միջավայրը, ինչպէս որ եղած են, այլ` այդ օրերու մեր ազգային կեանքը յուզող ելոյթներու եւ անձերու մասին չէ վարանած իր խիստ քննադատութիւնները կատարելու: Գուցէ մեղադրուի, որ ինք, որպէս անկողմնակալ դիտող, պէտք չէր դատումներ կատարեր կամ վճիռներ արձակեր, բայց երբ զանոնք կը հիմնէ անհերքելի ապացոյցներու վրայ, ընթերցողը կը սկսի գնահատել Ալպօյաճեանի անաչառութիւնը, հոգ չէ թէ երբեմն կուռքերու վերածուած հեղինակութիւններ է, որ այսպէսով կը թաւալին վար: Օրինակ` երբ Երուսաղէմի վանքէն ներս կատարուած դրամական զեղծումներու եւ սանձարձակ օրինազանցութիւններու հետեւանքով Պոլսոյ Ազգային ժողովը կ՛որոշէ կանոնագրային բարեփոխումներով արտաքին որոշ հակակշիռ մը ստեղծել վանքին վրայ, եւ Թէքէեանը որպէս պատուիրակ Երուսաղէմ կ՛ուղարկէ, Օրման սրբազան ի գործ կը դնէ երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն միջոցառում, եւ ինքզինք մաս կազմել կւ տայ այդ պատւիրակութեան, չէզոքացնելու Թէքէեանի առաքելութիւնը եւ ձախողեցնելու բարեփոխուած կանոնագրութեան գործադրութիւնը: Այս ձախող առաքելութիւնը, սակայն, պատճառ եղաւ որ խնայուի Թէքէեանի կեանքը Մեծ Եղեռնի գեհենէն: Իսկ անյիշաչար Թէքէեանը, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականին նկատմամբ իր միշտ ունեցած բարձր համարումէն մղուած, լռելեայն կ՛անցնի իր դէմ կատարուած բոլոր անիրաւութիւններուն վրայէն, մինչեւ 1924, երբ կը հրատարակուի Օրմանեանի գիրքը, եւ ՙԱրեւ՚-ի մէջ Թէքէեան կը պոռթկայ, ՙքանի որ կան մարդիկ, որոնք ներողամտութիւնը տկարութիւն կը մեկնեն, պէտք է միշտ նախ դիմակազերծ ընել, ձաղկել կամ պատժել յանցաւորները եւ յետոյ միայն ներել՚: Իսկ Ալպօյաճեանի չափազանց խիստ արտայայտութիւնները Օրմանեան Արքեպիսկոպոսի դէմ, մտածել կու տան թէ, այլապէս պատկառելի վաստակի տէր այդ եկեղեցականին հանդէպ, արդեօ՞ք հեղինակը անձնական զգացումներէ կը տարուի: Նուազ խիստ են Ալպօյաճեանի դատապարտումները Արշակ Չօպանեանին, Զաւէն Պատրիարքին եւ Եգիպտոսի առաջնորդ` Թորգոմ Արք. Գուշակեանին, (որուն սերտ գործակիցը եւ պաշտպանը եղած է Թէքէեան): Բայց ան չի խնայեր դաշնակցական այն գրիչները, մասնաւորաբար ՙՅուսաբեր՚-ի խմբագիր Նաւասարդեանը, որոնց շղթայազերծած անապոյ պայքարը Թէքէեանի դէմ, զգայապէս յոգնեցուցած է զինք, արգելք ըլլալով աւելի առատ եւ բարձրորակ հրապարակագրական ու գրական արտադրողականութեան: Եւ կրկին կը շողայ Թէքէեանի անյիշաչարութիւնը, երբ նոյնիսկ իր մէկ աչքը զոհ տալէ ետք, հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն համար, ի սէր միասնականութեան, ան ձեռք կը մեկնէ նոյն ա՛յդ հակառակորդներուն:
Թէեւ այս գրքին նպատակը ներկայացնելն է Թէքէեանի մարդը եւ հրապարակագիրը, սակայն, գրեթէ գոյութիւն չունի անոր գրական վաստակին մասին որեւէ անդրադարձ: Միւս կողմէ, հրապարակագրութեան նուիրուած բաժինը գոհացուցիչ կերպով կը ցոլացնէ Թէքէեանի վաստակը իբրեւ խմբագիր եւ ազգային առաջնորդ, թէեւ հատորին խմբագիր` դոկտ. Վաչէ Ղազարեան այս բաժինը թերի կը գտնէ, որովհետեւ հոն տեղ չեն գտած Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասին Թէքէեանի ՙհիմնական դատումներն ու տեսակէտները՚, որոնց կարեւոր մէկ մասը կարելի է գտնել դոկտ. Ղազարեանի հրատարակած ՙՎահան Թէքէեան - մամուլի մէջ տպուած եւ անտիպ երկեր ու նամակներ՚ հատորին մէջ:
Ալպօյաճեանի այս աշխատասիրութեան միջոցաւ ընթերցողը կը ծանօթանայ Թէքէեանի խորաթափանց մտքին, կացութիւններու իրապաշտ վերլուծումի իր յատկութիւններուն, արդարադատութեան, կորովին ու անսպառ արտադրողականութեան, հակառակ որ ՙդժուարածին՚ էր ան ըստ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի եւ բծախնդիր` լեզուական ու ոճական նրբութիւններու մէջ: Հոս կը հանդիպինք նաեւ բանաստեղծական թռիչքներու, եւ սրամիտ գիւտերու. օրինակ` ակնարկելով Բիւզանդ Քէշեանի մէկ յօդւածին, Թէքէեան միջանկեալ կ՛ըսէ. ՙճահիճին մէջ ինչքա՜ն գորտեր կռկռացուց իր դէմ՚:
Այս գիրքը դպրոց մը կարելի է նկատել, մանաւանդ մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ աշխատողներուն համար. հոն կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, իր սխալներով ու յաջողութիւններով: Եթէ, օրինակ, 1914-ին Թէքէեանի Երուսաղէմ առաքելութիւնը չձախողեցուէր ոմանց սադրանքներով եւ գործադրուէր կանոնագրական բարեփոխումը, Միաբանութենէն դուրս հակակշիռ մը դնելով վանքին տնտեսութեան վրայ, արդեօք հայ ժողովուրդին պիտի խնայուէ՞ին երուսաղէմեան նոր տագնապներ, եւ նուաստացուցիչ գայթակղութիւններ:
Որքա՜ն սրտառուչ են Թէքէեանի նամակները, կոչերը, բանախօսութիւնները եւ յօդուածները, մահւան ճիրաններէն փրկուելէ ու Պոլսոյ որակաւոր հայ դպրոցներու մէջ ալ ուսանելէ ետք, Յունաստանի մէջ հաւաքուած եւ օտարութեան մէջ չքուած մեր որբերու հայեցի դաստիարակութեան ի նպաստ, սաներ որդեգրելու եւ կրթաթոշակներ ապահովելու նպատակաւ. այսօր, 60 տարիներ ետք, նոյն նպատակաւ, նոյնութեամբ կրնայինք հրատարակել այդ կոչերը, Թէքէեանի անունը կրող աղէտահար վարժարանի սաներուն համար: Ճակատագրի ի՜նչ հեգնանք...:
Նոյնպէս, երբ Թէքէեան կը կոչուի Գահիրէի Քաղաքական ժողովի ատենապետութեան, իր դէմ որքա՜ն թռուցիկներ եւ թերթեր կը հրատարակուին ու վերջապէս կը լռեն, երբ ուղղամիտ ու կորովի հրապարակագիրը դիմակազերծ կ՛ընէ զանոնք, պահանջելով եւ պարտադրելով, որ հրատարակեն իրենց ստորագրութիւնները: Կրկներեւոյթ մը, որ տարբեր գաղութներու եւ տարբեր ժամանակներու մէջ կը ցցէ իր տգեղ պատկերը:
Թէքէեանի ազգային-քաղաքական ըմբռնումները կը ցոլան այս գիրքին ընդմէջէն: Սահմանադրական Ռամկավար եւ ապա Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւններու կազմաւորման, միաւորման եւ զօրացման մէջ, Պոլսէն մինչեւ Գահիրէ, մեծ դեր կատարած է ինք, եւ հրատարակած է խորաթափանց ընկերափիլիսոփայական մեկնաբանութիւններ կուսակցութեան մասին: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին միշտ շեշտած է իր անվերապահ համոզումը: Հ.Բ.Ը. Միութեան որպէս ամբողջական ջատագով, եղած է առաջիններէն մէկը պնդելու թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը պէտք է անցնի խնամակալական սահմաններէ եւ իր գործունէութիւններուն մէջ ընդգրկէ հայապահպանման այլ մարզերը եւս,- կրթական, մշակութային, եւայլն:
Գրքի վերջաւորութեան, ընթերցողը կը տպաւորուի Թէքէեանի հոգեկան ու ֆիզիքական տառապանքով եւ տխուր մահով, հակառակ որ իր մտերիմները կը ջանային ամէն կերպով մեղմելու եւ ամոքելու իր անփառունակ սենեակին մէջ առանձին մնացած, ամբողջ կեանք մը իր ազգին նուիրուած, նիւթական, ֆիզիքական եւ հոգեկան զրկանքներու ինքզինք ենթարկած, դառնացած, սակայն, ազնուական հոգիի մը վերջին օրերը: Հակառակ իր փափաքին, որ թաղուի մէկ քահանայով, առանց աղմուկի, շիտակ դէպի գերեզման, Թէքէեան կ՛արժանանայ ազգային փառաւոր թաղումի մը:
Մասնաւոր գնահատանքի արժանի է այս հատորին խմբագիրը` դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը, որ կատարած է շուրջ 30 հետաքրքրական ծանօթագրութիւններ, աւելցուցած է ՙԲառարան՚ մը, Ալպօյաճեանի գործածած օտար բառերուն որպէս բացատրական եւ կատարած է միայն ՙփոքր՚ լեզուական ու շարադրական փոփոխութիւններ եւ յապաւումներ: Ալպօյաճեանի ոճին ծանօթ եղողներ լաւ պիտի հասկընան այս պարագան: Գրքին հետաքրքրականութիւնը կ՛աւելնայ մօտ երկու տասնեակ անտիպ լուսանկարներու պարունակութեամբ, հրատարակիչին տրամադրուած Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին կողմէ: Դըժբախտաբար, անոնց բացատրականները չեն կցուած, որպէսզի աւելի արժեւորուէին այդ նկարները:
Այս պատկառելի հատորը կարդալէ ետք, ընթերցողը կը զգայ քիչ մը աւելի լիցքաւորուած որպէս հայ, եւ քիչ մը աւելի... փոքրացած: Վահան Թէքէեանի եւ Արշակ Ալպօյաճեանի տիտանեան ներկայութեան քով: