ՈՐՔԱՆՈ՞Վ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ
Հայ-թրքական մերձեցումները սկսած են նոր թափ ստանալ. այդ մերձեցումներուն դրդապատճառներն ու ընթացքը այնքան ալ առնչուած չեն միայն բանակցող կողմերուն. այլ անոնք հետեւանքն են կարգ մը քաղաքական շրջանային կամ միջազգային զարգացումներու որոնցմէ կ'ուզեն օգտըւիլ կողմերը, իւրաքանչիւրը` իր օրակարգով եւ առաջնահերթութիւններով:
Գործընթացը սկսաւ նախագահ Պայտընի մէկ յորդորովը նախագահ Էրտողանի, անցեալ Հոկտեմբերին, Հռոմի մէջ, անոնց մէկ հանդիպման ընթացքին: Ամերիկայի նախագահը այնտեղ յստակօրէն թելադրած է Թուրքիոյ կողմին վերացնել շրջափակումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ:
Ամերիկայի եւ Եւրոպայի նախագահները ուրիշ անգամներ ալ թելադրանքներ ըրած են Թուրքիոյ նախագահին, որ պարզապէս անսաստած է այդ թելադրութիւնները, որովհետեւ ի վիճակի էր անսաստելու. սակայն, այս անգամ Պր. Էրտողան խոհեմութիւնը ունեցած է անսալու այդ թելադրանքին, որովհետեւ այլեւս ի վիճակի չէ իր սովորական յոխորտանքը շարունակելու, ի տես Թուրքիոյ տնտեսութեան կտրուկ անկումին եւ` ի տես բազմաթիւ ճակատներու վրայ գլուխ ցցող քաղաքական թշնամութեանց, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ:
Հայաստանը առանձնացած չէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգին վրայ. Ամերիկայի տուած ազդանշանը ունի աւելի ծաւալուն բնոյթ եւ կ'ընդգրկէ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող ուրիշ երկիրներ եւս, որոնք բարեկամ կամ դաշնակից են Ամերիկայի:
Կը պարզուի նաեւ որ Թուրքիա, իր կարգին, պէտք ունի այդ երկիրներուն` բարելաւելու համար իր տնտեսութիւնը. այդ երկիրներու շարքին են Իսրայէլը, Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը եւայլն: Միւս կողմէ առիթ է նաեւ Անքարայի համար իր յարաբերութիւնները բարելաւելու Հայաստանի նման ծանրօրէն տուժած այլ երկիրներու հետ եւս, ինչպիսիք են Յունաստանը եւ Կիպրոսը:
Նախագահ Պայտըն երբ իշխանութեան եկաւ, աշխարհի դիմաց բարձրօրէն ծանոյց իր քաղաքական աշխարհայեացքը – վերջ յաւերժական պատերազմներու եւ սկիզբ յաւերժական դիւանագիտութեան: Այսօրուան քաղաքական խիստ լարուած դրութեան մէջ Պայտընի վարչակարգը անսահման համբերութիւն կը ցուցաբերէ Ռուսաստանի նկատմամբ, առանց բախումներու յանգելու լուծել փորձելով Ուքրանիոյ տագնապը:
Օգտուելով Թուրքիոյ տկարութենէն` նախագահ Պայտըն կը փորձէ այդ աշխարհահայեացքը պարտադրել նաեւ Թուրքիոյ: Սակայն Ամերիկա կը գտնուի այնպիսի դիրքի մը վրայ որ ի վիճակի է գործադրելու պատիժի եւ վարձատրութեան քաղաքականութիւնը` ամերիկեան պատկերաւոր բացատրութեամբ ՙխարազանի եւ ստեպղինի՚ (stick and carrot policy) քաղաքականութիւնը:
Արդարեւ, երբ նախագահ Էրտողան ցոյց տուաւ իր համակերպումը նախագահ Պայտընի ազդանշանին` արդէն տնտեսական բարեկեցութեան նախանշաններ պարզուեցան հորիզոնին վրայ: Այսպէս, Արեւելեան Միջերկրականի ընթերքին մէջ գտնուած կազի պաշարները Իսրայէլի նախաձեռնութեամբ պիտի հասնէին Եւրոպա, ընդծովեայ խողովակներու միջոցաւ անցնելով Յունական ցամաքամասէն: Ամերիկա այդ ծրագրին ուղղութիւնը փոխելով արդէն համաձայնած է այդ կազատար խողովակները ուղղել դէպի թրքական ցամաքամաս, Անքարան դարձնելով գլխաւոր շահառուներէն մէկը տնտեսական այդ տարողունակ ծրագրին:
Տակաւին վստահ չենք թէ Հայաստան որքանո՞վ պիտի օգտուի Անքարայի այս նոր քաղաքականութենէն, սակայն մէկ բան վստահ է թէ Թուրքիա պիտի օգտուի լայնօրէն, ընդառաջած ըլլալով նախագահ Պայտընի կոչին եւ մօտեցած ըլլալով Հայաստանին: Եւ այնպէս կը պարզուի որ հայ-թրքական բանակցութեանց միջոցաւ Երեւան սատարած պիտի ըլլայ, որ Թուրքիան շահած ըլլայ Ուաշինկթընի մօտ:
Ուրեմն, զարմանալի չէ որ Թուրքիա սկսած է արագացնել բանակցութեանց եւ մերձեցման գործընթացը: Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ հազիւ աւարտած իր հանդիպումը Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, Մոսկուայի մէջ, Անքարա սկսած է անցնիլ յաջորդ երկրորդ. եւ երբ տակաւին չէր յայտնուած յաջորդ հանդիպման վայրը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Մեվլուտ Չաւուշօղլու, իր հայ պաշտօնակիցը` արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը կը հրաւիրէ մասնակցելու Անթալիայի արտաքին քաղաքականութեան ֆորումին, որ պիտի կայանայ Մարտ 11էն 13: Այս ֆորումին հրաւիրուած են 39 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ եւ պետական դէմքեր քննարկելու եւ լուծումներ առաջարկելու շրջանային քաղաքական խնդիրներու: Հայաստանի կողքին հրաւիրուած են նաեւ Յունաստանն ու Կիպրոսը:
Թուրքիան որ վերջին տարիներուն կը հանդիսանար սադրիչը շրջանային բազում պատերազմներու` կը փորձէ խաղաղարարի դիմակ մը հագուիլ իր բարերարին` Ամերիկայի դիմաց:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը հաղորդեն թէ Արարատ Միրզոյեան արդէն ստացած է հրաւէրը, որ կառավարութեան քննութեան սեղանին վրայ է:
Մինչ դէպքերը կը զարգանան արագօրէն` որքանո՞վ պատրաստուած է մեր ազգը դիմակալելու պատմական այս հանգրուանը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ:
Նախ անհրաժեշտ էր որ երկխօսութիւն տեղի ունենար սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ, նախքան որ հայութիւնը սակարկութեան նստեր մեր դարաւոր թշնամիին հետ: Սակայն, ո՞ւր է սփիւռքը եւ ո՞վ է սփիւռքը որ պիտի ունենար միակամ տեսակէտ` պարզելու հայրենի իշխանութեանց: Անցած են Ազգային Պատուիրակութեան եւ Պօղոս Նուպարներու ժամանակները երբ ցրօնքի հայութիւնը, իբրեւ իրաւատէր ժառանգորդը արեւմտահայութեան, կշիռ ունէր փարիզեան խաղաղութեան համագումարներուն մէջ:
Հետեւաբար, եթէ Երեւանը սփիւռքի կարծիքը չունի` սեղան նստելու համար Էրտողաններու իշխանութեան հետ, այդ թերացումը իր մեղքովը չէ որ տեղի կ'ունենայ:
Սակայն նշանակալից կը մնան այն իրադարձութիւնները որոնք տեղի կ'ունենան հայրենիքի մէջ: Մեզի համար կարեւոր է թէ ինչպիսի լրջութիւն կը տիրէ այնտեղ:
Այսօր երբ առիթը ստեղծուած է բանակցութեան մտնելու Թուրքիոյ հետ, հայկական կողմին ներկայացուցիչը կը հանդիսանայ օրուան իշխանութիւնը, անխուսափելիօրէն: Ոմանք գուցէ պիտի ուզէին այլ բարեխառնութեան իշխանութիւն մը, որ գոյութիւն չունի այսօր: Հետեւաբար, ուզենք կամ ոչ ազգովին պիտի զօրակցինք այս իշխանութեան եւ ցուցաբերենք ազգային միասնականութիւն, եթէ կ'ուզենք հասնիլ առաւելագոյնին: Սակայն, այնպէս կը թուի թէ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն մէջ չկայ լրջութեան մակարդակը ստեղծուած պատեհութեան արժէքը գնահատելու: Մանաւանդ, աւաղելի են Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընթացող բանավէճերը: Փոխանակ թուրքին հետ բանակցութեան օրակարգ կազմելու, խորհրդարանի ընդդիմութիւնը զբաղած է իր բանագնացը վարկաբեկելով եւ այնպիսի անմակարդակ ոճով մը որ կրնայ ծիծաղ պատճառել թուրքական կողմին, որ իր հերթին վստահաբար հեռուստացոյցի պաստառներուն վրայ կը հետեւի այդ զաւեշտական վէճերուն եւ կը պատրաստէ իր բանակցային ոճն ու օրակարգը:
Ընդդիմութիւնը նախ Հայաստանի բանագնացը` Ռուբէն Ռուբինեանը որակեց թուրքի գործակալ եւ լրտես ապա քննադատութեան անցաւ ճշդելու համար բանագնացին դիւանագիտական կարողութիւնները: Ազգային Ժողովի անվայել խօսակցութիւնները հասան այն մակարդակին որ ՙհունից հանեցին՚ Ռուբինեանը, ինչպէս պիտի բնութագրէին հայաստանցիները: Երեւանի մամուլի ակումբի նախագահը` Պորիս Նաւասարդեան այդ իրարանցումի հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը, բնութագրեց որ ՙընթեռնելի կը դարձնի Ռուբինեանի կերպարը թուրքերին՚: Ուրեմն, ինչո՞ւ առիթ տալ թուրքերուն որ պատրաստուին ու զինուին` հանդիպելէ առաջ Հայաստանի պատուիրակին:
Շատերու համար հարցական էր Ռուբինեանի փորձառութեան մակարդակը, մինչ ոմանք կասկած ունէին որ իշխանութիւնը զինք կրնար անպատրաստ ղրկել թուրքին դիմաց. այդ կասկածը կը բխէր այն փաստէն որ նոր իշխանութիւնները նախընթաց ստեղծած էին արտաքին դիւանագիտական մարտահրաւէրները դիմակայել առանձին, ապաւինելով միայն իրենց շրջանակի ոյժերուն: Սակայն պարզուեցաւ որ Պր. Ռուբինեան շրջապատւած է լուրջ խորհրդատուներով: Այդ մասին վկայեց պատմաբան-լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտնելով որ Ռուբինեան շրջապատուած է պատմագէտ եւ դիւանագէտ լուրջ խորհրդատուներով: Այդ ուղղութեամբ վկայեց նաեւ ինքը` Ռուբէն Ռուբինեան Ազգային Ժողովի վերջին լսումներուն, մասնաւորաբար հաստատելով որ իր խորհրդատուներու խումբին մաս կը կազմեն նաեւ նախկին բանագնացներ ու դիւանագէտներ:
Այդ բանավէճերուն ընթացքին, ընդդիմութեան մաս կազմող կարգ մը դաշնակցական ներկայացուցիչներ առարկեցին ընդհանրապէս թուրքին հետ բանակցելու երեւոյթին դէմ, որուն պատասխանեց Ռուբինեան ըսելով որ Թալէաթի հետ քաղաքական խաղի մտնող կուսակցութեան մը ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Վրացեանի կողմէ թուրքին օգնութեան դիմող կուսակցութեան մը յետնորդները վերջինները պիտի ըլլան այս բանակցութեանց դէմ բողոքելու:
Հայաստանը առիթը ունեցաւ, դէմ առ դէմ գալու թուրք պետութեան հետ: Եւ ՙֆութպոլային՚ դիւանագիտութեան` Ցիւրիխի փրոթոքոլներէն եւ ԹԱՐՔի (TARC) փորձառութիւններէն ետք աւելի պատրաստ եւ աւելի միասնական պէտք է ըլլայինք պատմական այս պատեհութիւնը դիմաւորելու, սակայն չենք:
Միասնականութեան կոչը հնչած պէտք էր ըլլար երրորդ ոյժի մը կողմէ, Հայաստանէն. կամ այդ կոչը պէտք է հասնէր սփիւռքի գլխաւոր համայնքներէն. զարմանալիօրէն այդ սրտագին կոչը կը հասնի Պոլիսէն ուր կաշկանդումները բաւական ծանր են. այո, կու գայ Պոլիսէն եւ կու գայ ՙՄարմարա՚ թերթէն որ Յունուար 19ի իր խմբագրական սիւնակին մէջ կը գրէ.
ՙՀիմա հերթական անգամ իմաստազրկուելով նժարին վրայ դրուած է միասնականութեան գաղափարը: Հերթական անգամ ցաւով կը հետեւինք Հայաստանեան քաղաքական զարգացումներուն ու Թուրքիոյ հետ բնականացնելու գործընթացը կացինահարելու մարմաջին:
ՙԿը հետեւինք թէ ինչպէ՞ս առանց հասկանալու պահի լրջութիւնը, առանց գիտակցելու թէ ինչպիսի՞ ծանր վիճակի մէջ է Հայաստան երկիրը, ինչպիսի՛ հետեւանքներ կրնան ունենալ նոր ձախողումները, ինչպիսի անյարմար վիճակի մէջ կը մնայ հայկական կողմի ներկայացուցիչը, առանց ըմբռնելու թէ տարածքաշրջանային զարգացումները ինչպիսի՞ նոր թակարդներու մէջ պիտի թողուն երկիրն ու ժողովուրդը, անխնայ կը վատաբանենք, կը քննադատենք, կը դատապարտենք բոլոր նախաձեռնողները՚:
Իսկապէս որ պահը լուրջ է: Մեր հայրենիքը ահաւոր աղէտի մը ենթարկուեցաւ վերջին պատերազմին, ու եթէ այսօր ելքի մը հեռանկարը կը պարզուի` պէտք է պահին լրջութեան գիտակցութեամբ դիմաւորենք առիթը:
Անոնք որ չեն կրնար գործքով սատարել այս պատմական առիթին, թող սատարեն իրենց լռութեամբ: