ՔԱՆԻ՞ ՙԹՈՒՐՔ՚ Կ՝ԱՊՐԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ...
Հայաստանեան կեանքով հետաքրքրուող իւրաքանչիւր անձ գիտէ թէ ինչպէս Հայաստանի ՙսոս ցանցեր՚ը լեցուն են անպատկառ գաղափարներով, աղտոտ բառերով, զիրար վիրաւորող անմակարդակ զրպարտութիւններով, որ մարդ կը զարմանայ թէ ինչպէ՞ս կարելի է ՙքաղաքակրթուած՚ ըլլալ եւ նման ատելավառ հայհոյանքներով զիրար (կամ ինքզինք) վարկաբեկել (յուրախութիւն ազերի թուրքերուն):
Վերջերս նման անպատկառ արտայայտութիւններով եւ անհիմն զրպարտանքներով լեցուն պարբերութիւն մը կարդացի Հայաստանեան ՙսոս ցանցեր՚ու մէջ (դիմատետրիս) ուղղուած Հայաստանի ընտրեալ Վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանին: Բնականաբար ՙվարչապետ՚ մակդիրը չէր տրուած ՙՆիկոլ՚ին: Որպէս պարզ հայ, ինծի համար շատ վիրաւորական էր որ ոեւէ մէկը, անարգական եւ զրպարտիչ խօսքեր ուղղէր Հայաստանի ընտրեալ վարչապետին, առանց նկատի ունենալու անձը:
Որպէս պատասխան, գրեցի որ պէտք է յարգենք Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնը` եւ քաղաքավարական չափանիշներ կը պահանջեն որ իրեն դիմենք ՙվարչապետ՚ մակդիրով: Այդպէսով մենք յարգած կ'ըլլանք մեր Հայրենիքին, մե՛ր Հայաստանին վարչապետական պաշտօնը, եւ հետեւաբար մե՛ր պետութիւնն ու պետականութիւնը: Անձերը կու գան ու կ'երթան, բայց Հայաստանն ու Հայկական Պետականութիւնը կը մնայ:
Մի ոմն, Սոնա Աղեկեան անունով, պատասխանած էր իմ գրութեանս, ըսելով որ ՙան որ Նիկոլին ՙվարչապետ՚ կ'անուանէ, հայ չէ, թուրք է՚: Իսկ ուրիշ մը, մի ոմն Մանուէլ Մանուկեան`ՙՆիկոլին վստահողները կամ թուրք, կամ ազգի դաւաճան, կամ անուղեղ են՚ գրած էր:
Ի՛մ պարագայիս, հայրս Եոզղատցի էր, իսկ մայրս` Ագշէհիրցի, որոնք բազմաթիւ սերունդներ ապրած էին իրենց պապենական հողերուն վրայ: Հայրս իր գերդաստանին միակ վերապրողն էր: Ես, վերջին 60 տարիներուն, որպէս ուսուցիչ, տնօրէն, սկաուտապետ, Թէքէեանական, Ռամկավար կուսակցական, երիտասարդական շարժումներու հիմնադիր, բազմաթիւ վարչութիւններու անդամ, բարեսիրական ներդրումներով Հայաստանիս (Լոռիի շրջան) օգտակար եղած անձ, կրնամ ի՛մ մասին խօսելով, ըսել որ ես զտարիւն Հայ եմ:
Գալով ՙՀայաստանցի՚ներուն, եթէ նկատի ունենանք Սոնա Աղեկեանի եւ Մանուէլ Մանուկեանի վարկածները, պէտք է նայինք որ Հայաստանի մէջ քանի՞ Թուրք կայ եւ քանի՞ Հայ:
Ըստ վերջին ընտրութիւններուն, Պրն. Նիկոլ Փաշինեանը մօտ 800.000 ձայն ստացաւ: Ուրեմն, այս ՙթուրք՚երու առաջին խումբն է:
Ըստ ՙՆիկոլական՚ներու, անոնք որոնք ՙՀայաստան Դաշինք՚ին քուէարկեցին, այսինքն Քոչարեանականներուն (որուն ապօրինի թուրք հայր ունենալը առասպել մըն է), թուրք են: Նոյնպէս ՙՊատիւ Ունեմ՚ականներուն համար ալ բազմահազար մարդիկ կ'ըսեն որ ՙթուրք՚ են: Ուրեմն, եթէ շուրջ 250.000 քուէ ապահովեցին այս ՙընդիմադիրները՚ (որոնց յայտարարած նպատակը Հայաստանի Պետութեան աշխատանքները խանգարելն է, հաւանաբար ի նպաստ Ատրպէյճանի), նոյնպէս ՙՆիկոլական՚ներու կ'ողմէ կը բնութագրուին որպէս զտարիւն ՙթուրք՚եր:
Անդին, հաւանաբար աւելի քան մէկ միլիոն մարդիկ քուէարկութեան չմասնակցեցան: Սա կը նշանակէ որ անոնց համար Հայաստանի ներկան կամ ապագան կարեւոր չէ: Եթէ ՙՀայ՚ ես, Հայաստանի ներկայով եւ ապագայով մտահոգ պէտք է ըլլաս, եթէ մտահոգ չես, շատ հաւանաբար ՙՀայ՚ չես: Եւ քանի որ, ըստ հայաստանցիներուն, բազմահազար Ազերիներ կան Հայաստանի մէջ որոնք շատ մաքուր հայերէն կը խօսին (երբեմն Հայաստանցի կիսամտաւորականներէն աւելի մաքուր), ուրեմն կըրնանք եզրակացնել որ այդ քուէարկութեան չմասնակցող ՙհայ՚երուն մէկ մեծ մասը ոչ-հայեր են, այսինքն` հաւանաբար Ազերիներ (թուրքին մէկ այլ տեսակը):
Հետեւաբար, Սոնա Աղեկեանի եւ Մանուէլ Մանուկեանի տրամաբանութեան (եւ տրամադրութեան) հետեւելով, կրնանք ըսել որ Հայաստանի մէջ կ'ապրին շուրջ 1.550.000 (մէկ միլիոն հինգ հարիւր յիսուն հազար) ՙթուրք՚եր (800.000 Փաշինեանական, 250.000 Քոչարա-Սերժական, 500.000 Ազերիական ծագումով):
Եթէ Հայաստանը 2.500.000 բնակչութիւն ունի, Դաշնակցականներն ալ մէջը, ուրեմն Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ՙթուրք՚եր են:
Ուրեմն, ինչո՞ւ Արեւմտահայերս (իմա Սփիւռքը) Հայաստանին պիտի օգնենք դրամական կամ այլ միջոցներով ... եթէ այնտեղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ՙթուրք՚եր են:
Կը սպասեմ Սոնա Աղեկեանին եւ Մանուէլ Մանուկեանին քաղաքավար պատասխաններուն:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Լոս Անճելըս