ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ`
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԼՈՒՐՋ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՈՒՆԻ
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ
Մեր ամբողջ ժողովուրդին սիրտը` Հայաստան-Արցախ հայրենիքը, այսօր ենթարկուած է գոյութենական այնպիսի ճակատագրական տագնապի մը որուն հետևանքով անվիճելի անհրաժեշտութիւն դարձած է ամբողջ ժողովուրդի անունով պահանջներ դնելու հայրենիքի պատասխանատուներուն դիմաց: Որոշ է նաեւ որ օրինական ոչ մէկ ձեւաւորում գոյութիւն ունի որպէսզի ժողովուրդը կարենայ օրինաւոր կերպով արտայայտել իր մեծամասնութեան պահանջները: Ահա այս իրականութեան գիտակից ըլլալով է որ այս յօդուածին որպէս հեղինակ ազատ կը զգամ թարգմանը ըլլալու նուազագոյնը մեր ժողովուրդի գիտակից խոշոր լուռ մեծամասնութեան մտածումներուն, մտահոգութիւններուն եւ անոնցմէ բխած խիստ եւ լուրջ պահանջներուն:
Այս գրութիւնը ուղղուած է, լայն առումով մեր հայրենիքի բոլոր իշխանութեան որ իր մէջ կը պարփակէ բնականաբար առաջին հերթին` այսօրւան պատասխանատուները եւ սակայն ոչ միայն անոնք: Արդարեւ անխուսափելիօրէն պատասխանատուներուն շարքին են նաեւ շատ ուրիշներ: Անոնց շարքին են նոյն ինք Հայաստանի Նախագահը, խորհրդարանական ընդիմադիրները, արտախորհրդարանական բազմաթիւ եւ բազմերանգ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները, յատկապէս անթիւ եւ անհամար կուսակցութիւնները, մտաւորական ամբողջ վերնախաւը, եւ ի վերջոյ`, նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր աւագ հոգեւորականներով գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետին:
Մեր մայր երկրին այսօրուան տագնապը գոյութենական է: Վտանգը մեր բազմադարեան հայրենիքը կորսնցնելու ճակատագիրն է: Ճգնաժամային ահազանգը հնչեցնելու ժամը հիմա է եթէ արդէն իսկ ուշ չէ: Երբ անխուսափելին պատահի, այլեւս անօգուտ է մեղադրանքներ եւ դատապարտումներ արձակելը տարբեր հասցէներու:
Ահա այս փոթորկայոյզ խորհրդածութիւններով է որ վերեւը բնորոշուած պատասխանատուներէն` մեր ժողովուրդը կը պահանջէ առնել առարկայական քայլեր` երեք ուղղութիւններով:
Առաջին պահանջը ուղղակիօրէն հասցէագրուած է այսօրուան իշխանութիւններուն: Անոնք իրենց կառավարման աշխատանքներուն մէջ տակաւին կարճատեսօրէն կը շարունակեն սահմանափակուիլ առանձնապէս իրենց ՙհաւատարիմ՚ նկատած մարդկային բարեկամ ոյժերուն վրայ, որոնք ակնյայտօրէն անբաւարար եւ յաճախ անփորձ եւ անկարող են դիմագրաւելու այսօր Հայաստան-Արցախի դիմագրաւած` քաղաքական, պաշտպանական , դիւանագիտութեան, տնտեսական, մարտահրաւէրները: Իշխանութիւններէն կը պահանջուի օգտագործել հայութեան տրամադրելի բոլոր կարող ոյժերը:
Առաւել եւս սկսած է պարզուիլ որ իշխանութիւնները, անկարողութենէ եւ յուսախաբութիւններէ մղուած` ճնշման տակ սկսած են հակաժողովրդավարական քայլերու դիմել, ինչպէս օրինակի համար ոստիկանական ոյժ գործածելով արգիլելով որ օրինաւորապէս ընտրուած քաղաքացին մուտք գործէ իր պաշտօնավայրէն ներս:
Հայ ժողովուրդը բոլորովին անընդունելի կը գտնէ վերեւը նշուած այս վարքագիծը եւ կը պահանջէ իշխանութիւններէն` անյապաղ վերջ տալ այս գործելակերպին:
Երկրորդ պահանջը ուղղուած է վերեւը բնորոշուած լայն առումով հայրենիքի բոլոր ՙպատասխանատուներուն՚: Արդարեւ, մինչ իշխանութիւններէն կը պահանջուի ներգրաւել իրենց նեղ շրջանակէն դուրս գտնուող կարող բոլոր ոյժերը, նոյնպէս ալ կը պահանջուի այս վերջիններէն իրենց պատրաստակամութիւնը եւ տրամադրելիութիւնը հրապարակաւ յայտարարել եւ ցուցադրել: Անոնք պարտին, ներկայ տագնապալի կացութեան մէջ իրենց տրամադրութիւնը բացայայտել թէ պատրաստ են կառուցողական եւ գործնական միջոցներով սատարելու օրուան իշխանութեանց:
Ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն ճնշման տակ ակնկալուածը ստեղծելն է համաձայնական համախմբուած ոյժերով կառավարման արտակարգ կառոյց մը ուր իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ Հայաստան եւ Արցախ կարենան օգտուիլ երկրի լաւագոյն ոյժերէն, առանց որ արծարծուին արտահերթ ընտրութիւններու առաջարկներ: Ակնյայտ է որ երկրին այսօրւան քաղաքական ներքին մթնոլորտին մէջ , նոր ընտրութիւններու դիմելը կրնայ միայն աւելի եւս բաժանարար եւ քանդիչ հետեւանքներ ունենալ:
Այս կապակցութեամբ, հայրենիքի մտաւորական եւ հոգեւորական վերնախաւէն կը պահանջուի իր խօսքերով, կոչերով եւ վերլուծական գրութիւններով, ընդհանուր կառուցողական այս մօտեցումը քաջալերել, դիւրացնել եւ ի վերջոյ բացայայտ պահանջել:
Ահա այս երկրորդ պահանջն է հայ ժողովուրդին` որ ուղղուած է թէ՛ իշխանութեան եւ թէ հայրենիքի ամբողջ վերնախաւին:
Վերջապէ'ս հայ ժողովուրդի երրորդ ակնկալութիւնը եւ պահանջը կը վերաբերի ազգային, հիմնական այն խոշոր բացթողումին որ կը կայանայ, այսօրուան գոյութենական ազգային մեծ տագնապին օժանդակելու գործին` չկարենալ մասնակից դարձնելը հսկայական տարողութիւն ունեցող հայ Սփիւռքը: Ընդհակառակն այսօրուան դրուածքով, Սփիւռքի բազմակողմանի կարողականութիւնը (potential) նուազագոյն չափով միայն մասնակից է հայրենիքի փրկութեան գործին, հակառակ իր ունեցած նիւթական, մտաւորական եւ մարդկային հսկայական միջոցներուն:
Կ'ընդունինք թէ Սփիւռքը իր այսօրուան ձեւաւորումով չունի միակտուր ընդհանուր կազմակերպուածութիւն: Սակայն ան անկասկած ունի փաստըւած եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ցուցաբերած` բազմաշերտ կազմակերպութիւններ ինչպէս նաեւ արտակարգ յաջողութիւններու հասած անհատներ, որոնց խոշոր մեծամասնութիւնը տրամադիր է օժանդակելու իր մայր հայրենիքին:
Այս հսկայական ոյժը օգտագործելը ի նպաստ մայր երկրին դիւրին գործ չէ, անկասկած: Սակայն այդ աշխատանքը գոնէ մասամբ յաջողութեամբ առաջ տանիլը պարտականութիւնն է պետութեան: Մինչեւ այսօր կարևորագոյն այս խնդրին մօտեցումը բոլորովին մակերեսային անկատար եւ անընդունելի եղած է:
Մենք` սփիւռքահայերս պատրաստ ենք լրջութեամբ օժանդակելու կազմակերպչական այս աշխատանքին:
Հայ ժողովուրդի պահանջն է հայրենիքի պատասխանատուներէն այս կապակցութեամբ եւս առաջնահերթութեան գծին վրայ դնել, իրատես եւ գործնական քայլեր առնելու պարտաւորութիւնը:
Եզրակացնելով` կը կրկնեմ նախաբանին մէջ արտայայտած վստահութիւնս թէ բանաձեւուած վերոյիշեալ երեք պահանջները արտայայտութիւնն են հայ ժողովուրդի նուազագոյնը լուռ մեծամասնութեան կամքին` ուղղուած հայրենիքի լայն առումով բոլոր պատասխանատուներուն:
Կը խորհիմ թէ պատմութիւնը բարձր գնահատանքով կամ խստութեամբ պիտի արժեւորէ կամ դատէ անոնց իրագործման օժանդակող կամ արգելք եղող ոյժերը եւ անհատները:
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Մոնթրէալ