
ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԵՀԵԱՆԻ 400-ԱՄԵԱՅ ՔՈՒՐՄԸ`
ՄՈԼԻԵՐ
Հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ թատրոնը միշտ ալ կարեւոր տեղ ունեցած է, յատկապէս երբ պետականութենէ զուրկ մնացած ենք` թատրոնի միջոցով փոխանցուած են հայրենասիրութիւն, ազգապահպանութիւն եւ ազգը համախմբելու պատգամ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ թրքական լուծին տակ ապրող հայութենէն խլուած էին հայեցի դաստիարակութեան առնչութեամբ խօսք ուղղելու ամպիոնները, սակայն Թիֆլիսն ու Կոստանդնուպոլիսը եղած էին այն լուսաւոր գաղթօճախները ուր հայկական թատերախումբերն ու տաղանդաւոր դերասանները ջերմացնելով իրենց հոգիները կը լիցքաւորուէին ու կը շրջէին աշխարհի տարբեր ծայրամասեր, իրենց հետ տանելով հայրենական զգացումներ ու անաղարտ հայերէն լեզու:Անոնք իրենց թատրերգութիւններով ոչ միայն կþոգեշնչէին մարդիկը ազգային թեմաներով, այլեւ կը ներկայացնէին համաշխարհային գործեր, յատկապէս Մոլիերի ստեղծագործութիւններէն` հիացմունք ու հպարտութիւն պարգեւելով համայն հայութեան:
Այսօր հայ ժողովուրդը կը նշէ աշխարհահռչակ ֆրանսացի թատերական գործիչ` Մոլիերի ծննդեան 400-ամեակը (15 Յունուար 1622 Փարիզ), որովհետեւ բոլոր ժամանակաշրջաններուն հայ մեծատաղանդ դերասաններ հայ թէ օտար բեմահարթակներու վրայ եղած են Մոլիերի կերպարներու ստեղծման տիպարները:
Միջազգային թատերական պատմութեան մէջ Ժան Պաթիսթ կը նկատուի նորագոյն կատակերգութեան հիմնադիրներէն. 1639¬ին, աւարտելէ ետք Քլերմոնի ժեզուիթական քոլէճը, ՙՄոլիեր՚ կեղծանունով, մի քանի այլ դերասաններու հետ կը ստեղծէ ՙՓայլուն թատրոնը՚ եւ իր խաղընկերներուն հետ կը շրջագայի Ֆրանսայի գաւառները, ուր կը ներկայացնէ թատերախումբին համար գրած փոքրածաւալ ուրախ կատակերգութիւնները, ինչպէս ՙՃարպիկը կամ խոչընդոտները՚ (1663), ՙՍիրային անախորժութիւններ՚ (1663), որոնց նիւթերը փոխառուած են իտալական թատերական երկերէ: Մոլիեր, յենելով ֆրանսական ժողովրդական թատրոնի աւանդոյթներուն եւ Վերածնունդի մարդասիրական գաղափարներուն վրայ, ստեղծած է նոր տիպի` ընկերային-կենցաղային կատակերգութեան սեռը: Ան իր կատակերգութիւններով ՙԾիծաղելի սեթեւեթուհիները՚ (1660), ՙՏղամարդոց դպրոցը՚ (1661) արտայայտած է գեղարուեստական նոր սկզբունքներ` իրականութեան ճշմարտացի պատկերներով կերպարներու անհատականացում:
Մոլիերի տաղանդը առաւել ցցուն կերպով արտայայտուած է իր հանրայայտ ՙԹարթիւֆ՚ (1669) եւ ՙՏոնժուան՚ (1683) կատակերգութիւններուն մէջ, ուր ան ծաղրած է բարեպաշտութեան եւ առաքինութեան դիմակին տակ թաքնուած հասարակութեան երկերեսայնութիւնը, ազնուականութեան հոգեւոր սնանկացումն ու անբարոյականութիւնը: Մոլիերի ազատախոհական գաղափարախօսութեան, ազնուականական իշխող խաւի սպաննիչ քննադատութեան համար երկար ժամանակ արգիլուած էին ՙԹարթիւֆի եւ ՙՏոն Ժուանի՚ բեմադրութիւնները:
Ի մտի ունենալով որ Մոլիերի ծննդեան 400-ամեակը կը զուգադիպի ՙՊայքար՚ի շաբաթական լոյս ընծայման հետ, ուրախութեամբ կապ հաստատեցի Սփիւռքահայ արուեստագէտներու եւ թատրոնի վաստակաւոր գործիչներու հետ այս առթիւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցելու համար մեր ընթերցողներուն:
***
ՙՄոլիերը այն մեծութիւնն է, որ երիզ մը ստեղծեց համամարդկային գեղարւեստի գետնի վրայ: Այս այն երիզն է, որ հսկաներ արտայայտեցին իրենց երանգները՚
Պոլսահայ արմատներով ամերիկահայ նկարչուհի Վարդենի Մոստիչեան, որուն արուեստի աշխատանքները ցուցադրուած են միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ: Վարդենիի արուեստի ներշնչանքի աղբիւրը իր սեփական պատմութիւնն է: Անաթոլիայէն գաղթած հայ գիւղացիները, անոնց գունեղ եւ աւանդական ապրելակերպը` որոնք ուժեղ եւ խոր արմատներ ձգած են իր մէջ: Վարդենիի համար Մոլիերը այն մեծութիւնն է, որ երիզ մը ստեղծեց համամարդկային գեղարուեստի գետնի վրայ: Այս այն երիզն է, որ հսկաներ արտայայտեցին իրենց երանգները ինչպէս` Վոլթեր, Կոլտոնի, Կոյա, Տոմիեր, Պարոնեան, Օտեան ու նաեւ շատ ՙմոտերն՚ շառաւիղ` արդարութեան պահանջումով ու ընդդէմ կեղծաւորութեան:
ՙԻր 400ամեակին առիթով կը խոնարհինք իր մեծ հանճարին առջեւ եւ կը խոստովանինք, թէ հայ թատերական արուեստին վրայ մեծ է Մոլիերին դրոշմը՚ Լիբանանահայ բեմադրիչ-դասախօս Օննիկ Գանթարճեան Համաշխարհային կատակերգական գրականութեան մէջ հաստատ կերպով Մոլիերը կարելի է համարել հազուագիւտ գագաթներէն մին: Ան որպէս բանաստեղծ, դերասան, թատերագիր եւ թատրոնի ղեկավար իր ուրոյն հետքը դրոշմած է համաշխարհային թատերական գրականութեան եւ արուեստին մէջ:
Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուս, Էշրեֆիէի Սեն Կրեկուար եւ ապա Հազմիէի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ զգալի շփում ունեցած եմ Մոլիերի հետ, յաճախ մասնակցութիւն բերելով իր թատրերգութիւններուն եւ բեմականացումներուն:
Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք նախորդ դարերու թատերական պատմութիւններուն վրայ, պիտի անդրադառնանք թէ Մոլիերի գորերը հայկական առումով բեմականացուած են թէ Պոլսոյ եւ թէ Թիֆլիսի թատերաբեմերուն վրայ եւ մնայուն կերպով տեղ գրաւած են զանազան թատերախումբերու խաղացանկին վրայ: Շեյքսփիրեան դերասանուհի Սիրանոյշ, Արմենեան, Պետրոս Ադամեան, Փափազեան, Ներսիսեան, Յասմիկ եւ բազմաթիւ հայ անուանի դերասաններ Մոլիեր խաղացած են փայլուն կատարումներով եւ այդ սովորոյթը փոխանցուած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի բեմերուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող բազմաթիւ խումբեր բեմադրած եւ եւ ցարդ կը բեմադրեն իր գործերը:
Իր 400ամեակին առիթով կը խոնարհինք իր մեծ հանճարին առջեւ եւ կը խոստովանինք, թէ հայ թատերական արուեստին վրայ մեծ է Մոլիերին դրոշմը: Մեծն Պարոնեանը անոր փաստացի ապացոյցն է, հետեւաբար անմահ պիտի մնայ Մոլիերը:
Սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ունեցող բազմատաղանդ արուեստագէտ, թատրոնի վաստակաւոր գործիչ, հայ բեմի սպասարկու Ժիրար Բաբազեան կը յայտնէ. Ֆրանսական թատրերագրութեան ամենածանօթ ու միջազգայնօրէն սիրուած հանճար, Ժան Պաթիսթ Մոլիերի հետ, իմ առաջին ՙհանդիպումս՚ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, երբ Ֆրանսայի ազգային մայր թատրոնը, ՙՔոմետի ֆրանսեզ՚ը, Գահիրէի օփերայի բեմին վրայ ներկայացուց չորս կատակերգութիւններ, երեքը` Մոլիերէն: ՙՔոմետի Ֆրանսեզ՚ի ամենապայծառ շրջանն էր այդ և Եգիպտոս ուղարկած էին իրենց խումբի լաւագոյն դերասանական կազմը: Մայրիկս` որ ֆրանսական դասական թատրոնի մեծ երկրպագու էր, զիս տարաւ բոլոր ներկայացումներուն: Տասը թէ տասնըմէկ տարեկան էի: Կախարդուած էի: Մինչև հիմա կը յիշեմ բեմադրութիւններու մանրամասնութիւնները, դերասաններու փայլուն խաղարկութիւնը, ֆրանսական ոճի թեթևութիւնն ու սանձարձակ արագութիւնը: Այնուհետեւ, թատերական գործունէութեանս վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած է այդ օրերու յայտնաբերումս:
Ներկայացումներէն յետոյ, վազելով տուն, Մոլիերի թատերախաղերու բոլոր հատորները, որոնք ծնողքիս գրադարանը կը զարդարէին, սկսայ կարդալ և նոյնիսկ հատուածներ գոց սորվիլ:
Հետագային, Գահիրէի մեր երիտասարդական դերասանական ուժերով հայերէնի թարգմանեցի ու բեմադրեցի Մոլիերի նշանաւոր ՙՍքափենի խորամանկութիւնները՚ կտորը: Շատ երիտասարդ էի...: Հազիւ մի քանի տարի յետոյ, դարձեալ Մոլիեր խաղալու առիթն ունեցայ, այս անգամ անգլերէն լեզուով, Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանի թատերախումբի ուժերով: Սքանչելի թարգմանութիւն էր. իսկ բեմադրիչը, կէս անգլիացի, կէս ֆրանսացի ըլլալով հրաշալի կը տիրապերէր երկու լեզուներուն:
Այն ժամանակ մտքէս չէի անցըներ, որ օր մը պիտի կարողանայի Փարիզ բնակութիւն հաստատել ու ֆրանսական թատրոնի ծանօթ դերասաններու հետ բեմ բարձրանալ, դարձեալ ՙՍքափեն՚ խաղալու համար և վերջապէս, այս անգամ, Մոլիերի՛ լեզուով:
Չէի երևակայեր նաև, որ արդէն տարիքն առած, սակայն տակաւին բեմերու վրայ փայլող այն դերասաններէն ոմանք, որոնք տասնամեակներ առաջ առիթ տուած էին ինծի երազելու, պիտի հանդիպէի Փարիզի մէջ ու յիշեցնէի իրենց խաղարկութեան այս կամ այն հրաշալի պահերը Գահիրէի օփերայի բեմին վրայ: Լսելով խանդավառ գովեստներս, անոնք կը հրճուէին վերյիշելով Եգիպտոս անցուցած իրենց այդ հին, շատ հին օրերը և զարմանք կը յայտնէին յիշողութեանս վրայ: Ապա, յանկարծ կանգ կ'առնէին և աւելի ևս ապշահար` ինծի նայելով կ'ըսէին ՙMais, quel age avez-vous?՚ (Բայց, դուք քանի՞ տարեկան էք ...):
Երբ պիտի աւարտէի Երևանի Թատերական Ինստիտուտը, հանճարեղ Վարդան Աճեմեանը առաջարեց ինծի Մոլիեր բեմադրել իր տնօրինած Սունդուկեանի Թատրոնին մէջ: ՙԴուն ֆրանսական ոճ ունիս՚ ըսաւ ՙԼաւ կը հասկնաս Մոլիերը՚: Սակայն ես պէտք է աւարտէի ու մեկնէի տունª Գահիրէ և չէի կրնար աւելի երկար մնալ Հայաստան:
Այժմ, որ շա՜տ երկար ժամանակ կ'անցընեմ Հայաստանի մէջ և մի քանի բեմադրութիւններ ընելու հնարաւորութիւնն կþունենամ, երազներէս մին է Հայաստանի բեմին վրայ, գեղեցիկ թարգմանութեամբ, մեծ Մոլիերի կատակերգութիւններէն մին անպայման բեմադրել: Չէ՞ որ ըստ Աճեմեանին ... լաւ կը հասկնամ...:
Լիբանանահայ թատրոնի եւ հայ բեմի սպասարկու` Յարութ Գնդունի ՀԲԸՄիութեան բեմահարթակներէն մինչեւ հայրենի բեմերու երկայնքով խրոխտ տողանցելէ ետք, իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան մէջ եւ ապա արժանաւոր կերպով կը ստանձնէ ՀԲԸՄ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի բեմադրիչի պատասխանատուութիւնը:
Մոլիեր յաջողեցաւ իր իսկ խօսքերով կատակերգութիւնը վերածել ՙհասարակութեան հայելիին՚: Ան կրցաւ ստեղծել այնպիսի համամարդկային կերպարներ, որոնք անժամանցելի են ու կը պատկանին բոլոր ժամանակներուն եւ հասարակութիւններուն:
Իրապաշտական թատրոնի կոթողներ ստեղծագործած են անգլիացի Շէյքսփիրը, սպանացի Լոպէ տէ Վեկան, իսկ ֆրնասայի պարագային` Մոլիերը, որուն տուած կատարելատիպ գործերը իրենց զօրաւոր ազդեցութիւնը ունեցած են եւրոպական, ռուսական եւ մինչեւ իսկ հայկական գրական ասպարէզին վրայ:
Համադրեց ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Պէյրութ