
Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները
ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Գահիրէ, Ապրիլ 24, 1935 - Մոնթրէալ, Դեկտեմբեր 26, 2021
ՙՊայքար՚ի նախորդ թիւով տուած էինք գոյժը Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանի մահուան: Այդ տխուր լուրին հետ հրամցուցած էինք կարգ մը բնութագրական յօդուածներ, մասնաւորաբար ուրուագծելով հանգուցեալին վաստակը իբրեւ հրապարակագիր: Սակայն, Տոքթ. Արզումանեանի վաստակը մեզ հարկադրանքի տակ կը դնէ նաեւ անդրադառնալու այլ բնագաւառներու ուր ան ունեցած է լուրջ ներդրում: Այնքան ծաւալուն է անոր գործունէութիւնը եւ այնքան բազմակողմանի որ անարդար պիտի ըլլար մասնակի նշումներով գոհանալը:
Այս անգամ, ստորեւ կը ներկայացնենք աւելի ամբողջական կենսագրութիւն մը, իր մտերիմներէն` Յակոբ Վարդիվառեանի գրիչով եւ ապա` ընդարձակ գրախօսական մը ուր հանդէս կու գան հեղինակին գրականագիտական հետաքրքրութիւնները: Այս վերջին յօդուածը կ'արտատպենք ՙԱպագայ՚ շաբաթաթերթի Հոկտեմբեր 31, 1988 թիւէն:
ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ԻՐ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԸ
Յարութիւն ծնած է Ապրիլ 24, 1935ին Գահիրէ, Եղիա եւ Սրբուհի Արզումանեան բազմանդամ ընտանիքի երդիքին տակ: Յարութիւնը վեց զաւակներէն (երեք մանչ եւ երեք դուստր) չորրորդն է եւ ժառանգած է Սրբուհիի հօր անունը: Եղիան ծնած է Կեսարիոյ շրջանի Էվէրէկ (Տէվէլի) գիւղաքաքաղաքը. իր հայրը` Յակոբ Աղան եղած է Էվէրէկի հայկական բաժնի թաղապետը (մուխթար) պետութեան մօտ:
ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ
Յարութիւն կը յաճախէ Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժարանը, տնօրէն Տիգրան Պապիկեանի օրով: Ան կը բախտաւորուի աշակերտելով Լեւոն Աճէմեանի (հայոց պատմութիւն), Քերովբէ Կոնստանդեանի (մատենագրութիւն եւ գրաբար), բանաստեղծ Սարգիս Սահակեանի (հայերէն գրականութիւն) եւ այլ վաստակաշատ դաստիարակներու եւ կ'աւարտէ երկրորդական բաժինը 1952ին: Իր ընթերցասէր եւ եկեղեցասէր հօր` Եղիայի օրինակը խոր ազդեցութիւն գործած է պատանի Յարութիւնին վրայ:
Իր համալսարանական ուսումը որպէս Եղիայեան սան, կը սկսի Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանէն, ուր կը հետեւի քիմիագիտութեան եւ կ'արժանանայ Պսակաւորի աստիճանին 1956ին: Որպէս Կիւլպէնկեանի սան, նոյն տարին, կ'ընդունուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէտը, զոր կ'աւարտէ 1964ին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
Արզումանեան պատանեկան տարիքէն յաճախած է Գահիրէի Հայ Գեղարւեստասիրաց Միութիւնը եւ գործօն դեր ունեցած է պատանեկան շարժումի կազմակերպումի աշխատանքներուն մէջ, միշտ Աւետիս Եափուճեանի հոգածու ցուցմունքներով եւ երկիւղած հիացմունքով հետեւելով ՌԱԿի պատկառելի դէմքեր` Ալեքսանտր Սարուխանի, Էօժէն Բաբազեանի, Համբարձում Գարայեանի, Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանի եւ ուրիշներու: Յարութիւն հրապարակագրութեան իր առաջին դողդոջուն քայլերը կ'առնէ ՙԱրեւ՚ի խմբագրատան մէջ, սրբագրութիւններ եւ թարգմանութիւններ կատարելով Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանի հսկողութեամբ ու քաջալերանքով: 1956ին ան իր Ռամկավար Ազատականի ուխտը կ'առնէր կնքահայրութեամբ Համբարձում Գարայեանի:
Տարի մը կը դասաւանդէ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ, տնօրէն Բիւզանդ Եղիայեանի օրով:
ԿՈՒ ԳԱՅ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ ՈՒ ԱՊԱ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՄՈՆԹՐԷԱԼ
1964ին, Արզումանեան կը մեկնի Ֆիլատելֆիա, ուր հոգեւոր հովութեան պաշտօն ստանձնած էր իր երէց եղբայրը Զաւէն Ծ. Վրդ. Արզումանեան, որ օրինապահ հոգեւորականներէն էր եղած Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սսոյ Աթոռին: Հայր Զաւէն եւս արժանացած էր այն տխուր վերաբերմունքին, երբ իր միաբան եղբայրներով, հաւատարիմ Մայր Աթոռի նախամեծարութեան սկզբունքներուն եւ մեր աւանդական կարգ ու սարգին, Դաշնակցութեան կողմէ դուրս նետուած էր մայրավանքէն:
Տոքթ. Արզումանեան երկու տարի երկու հիւանդանոցներու մէջ կը հետեւի ներքին հիւանդութիւններու մասնագիտութեան, ու ձեռամբ եղբօր Զաւէն Վարդապետին, 1965ին կ'ամուսնանայ հիւանդապահուհի Սիմա Գոչունեանի հետ: Անոնք 1966ին մնայուն կերպով կը փոխադրուին Մոնթրէալ, Գանատա, ուր Տոքթ. Արզումանեան կը ներգրաւուի նոր զարգացող մասնագիտութեամբ մը` Շողարձակումի Բժշկութեան (Nuclear Medicine) մէջ Montreal General Hospital-ին մէջ կը մնայ այդ մասնագիտութեան ռահվիրաներէն մին մինչեւ իր հանգըստեան կոչուիլը` 2002ին: Գանատայի մէջ կը ծնին անոնց երեք զաւակները` Զաւէն (հետագային` PhD, Astrophysist), Անահիտ (MBA) եւ Երուանդ (MD, Radiologist):
ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԷՆ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՒՔՈՏ ԿԵԱՆՔԻՆ
Հակառակ իր ասպարէզի եւ ընտանեկան ծանր պարտաւորութիւններուն Տոքթ. Յ. Արզումանեան ամբողջական նուիրումով ծառայութեան իր բաժինը կը բերէ գանատահայ նորակազմ գաղթօճախի զարգացումին: Շնորհիւ իր հանդարտաբարոյ եւ դիւրահաղորդ խառնուածքին, մարդկային անսակարկ մաքուր նկարագրին, համեստութեան ու պարտաճանաչութեան, ան կը վայելէ խոր եւ մնայուն յարգանք բոլոր կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն թէ անդամներուն կողմէ:
Իր համայնքային առաջին պաշտօնը կ'ըլլայ միանալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին որպէս անդամ ու ապա ատենապետ, յետոյ` Թեմական Պատգամաւոր երբ գանատահայ եկեղեցիները կապուած էին Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին, ու միանալով գաղափարի իր երկարամեայ ընկերոջ` Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի գլխաւորած Գանատահայոց Թեմի կազմութեան ու կանոնադրութեան պատրաստութեան աշխատանքներուն, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. 1984ին կը հռչակէ նոր թեմի հաստատումը անդրանիկ Առաջնորդ Վազգէն Եպս. Քէշիշեանի նշանակումով, Արզումանեան մաս կը կազմէ Թեմական Խորհուրդին:
ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱԿԻ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
1960ական թուականի կէսերուն, Մոնթրէալի մէջ հաստատուած էին արդէն Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ՌԱԿ ՙԷօժէն Բաբազեան՚ Ակումբները եւ իրենց գործունէութիւնները կ'ունենային սեփական փոքր կեդրոնի մը մէջ: Տոքթ. Արզումանեան, որ կ'անդամակցէր այս զոյգ կազմակերպութիւններուն, կ'ընտրուէր վարչական եւ ատենապետ ՌԱԿի ակումբին, որ Եգիպտոսէն ու Լիբանանէն գաղթած նորեկ անդամներով ու հիներու զօրակցութեամբ կենսունակ շրջան մը կը սկսի բոլորել:
Արագօրէն աճող ու կազմաւորուող գանատահայ գաղթօճախին մէջ զգալի դարձած էր հայ թերթի բացակայութիւնը: Ուրեմն, դարձեալ Արշաւիր Կէօնճեանի գլխաւորութեամբ, Տիթրոյթէն Երուանդ Ազատեանի եւ Պոստոնի Պայքար Հաստատութեան ու Արեւելեան Շրջանակի ՌԱԿի եւ ԹՄՄի անմիջական օժանդակութեամբ եւ Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանի գուրգուրոտ խնամքին ապաւինելով, ինչպէս նաեւ Արսէն-Նուպար Մամուրեանի, Վահէ Քէթլիի եւ Վարդուհի Պալեանի ջանքերով 1975 Սեպտեմբեր 13ին լոյս սկսաւ տեսնել ՙԱպագայ՚ եռալեզու շաբաթաթերթի առաջին թիւը: Մինչեւ վերջ, թերթին վարչական եւ օժանդակ խմբագրութեան դերը անընդհատ կերպով կը շարունակէ վարել Տոքթ. Արզումանեանը:
Մոնթրէալի նորակազմ գաղթօճախի արագ զարգացման գործընթացին մէջ ան բերած է իր լայն մասնակցութիւնը ԹՄՄի, ՌԱԿի, Եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան ամենօրեայ վարժարանին, ՙԱպագայ՚ շաբաթաթերթին, ՙԹէքէեան Ձայն՚ ռատիօժամերու եւ Պերճ ֆազլեանի գլխաւորած ՙԱրմէնօրամա՚ հեռուսատեսութեան գործունէութիւններու միջոցաւ:
ՌԱԿ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ
80ական թուականներուն տեղական մարմիններու գործունէութիւններէն անդին, Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանի պատասխանատուութիւնները կը ծաւալին կեդրոնական մակարդակներու վրայ: Ան կ'ընտրուի անդամ եւ յետոյ` ատենապետ ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, երբ աննախընթաց հանդիսութեամբ կը տօնուի ՌԱԿի 70ամեակը Հոկտեմբեր 1991ին, Պոստոնի մէջ պատուոյ նախագահութեամբ` Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի, հովանաւորութեամբ` Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ նախագահութեամբ` ՌԱԿի ջերմ ու երկարամեայ բարերար բարեկամին` Սուրէն Ֆեսճեանին:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն երբ ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութիւնը առժամապէս կը փոխադրուի Մոնթրէալ եւ կը կազմուի Կեդրոնական Վարչութեան Ենթակազմը, Արզումանեան մաս կը կազմէ այդ մարմնին, որուն անդամ էին Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, Երուանդ Ազատեան եւ ուրիշներ:
Երկարամեայ ատենապետը կ'ըլլայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան: Կը հրաժարի Նոյեմբեր 2016ին:
Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան հեղինակ է հայ մամուլի մէջ հրատարակուած բազմաթիւ այժմէական յօդուածներու (հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով), եւ 1998ին հրատարակուած ՙՆշմարներ՚ հատորին, որ կ'ամփոփէ ՙԱպագայ՚ին մէջ իր շաբաթական նոյնանուն քրոնիկները:
Գնահատելով տասնամեակներու վրայ երկարող վաստակը Արզումանեանին ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութիւնը Մոնթրէալի ԹՄՄի նորակառոյց Կեդրոնին սրահը կը կոչէ ՙՏոքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան Հանդիսասրահ՚:
Յետ երկարատեւ հիւանդութեան կը մահանայ Մոնթրէալի մէջ, Դեկտեմբեր 26, 2021ին
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ