ԼԻԼԻԹ ՄԱԿՈՒՆՑԻ ՙԼՈԳԱՆՔ՚Ը
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ՇԷՆՔԻՆ ՄԷՋ
Լիլիթ Մակունցի նշանակումը, իբրեւ դեսպանուհի Ուաշինկթընի մէջ, մենք եւս դիմաւորած էինք որոշ վերապահութեամբ: Սակայն, անգամ մը որ անցաւ ան իր պաշտօնին գլուխը` ան դարձաւ խորհրդանիշը Հայաստանի Հանրապետութեան, աշխարհի ամենամեծ մայրաքաղաքին մէջ եւ հետեւաբար` արժանի համապատասխան վերաբերումի:
Սակայն, Ապրիլ 27ին պատահած տխուր դէպք մը կու գայ դրսեւորել մեր քաղաքական գործունէութեան մէկ ստուերոտ երեսը:
Ուաշինկթընի մէջ սովորութիւն դարձած է ամէն տարի Քոնկրէսի շէնքին մէջ նշել Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը, հայոց քաղաքական գործունէութիւնը բաւական տեսանելի դարձնելով աշխարհի այդ հզօր բեմահարթակին վրայ:
Այս տարի եւս, յիշատակութեան այդ օրը կայացաւ Քոնկրէսի Ռէյպըրն Հոլին մէջ, ուր քոնկրէսականներ ու ծերակուտականներ ելոյթներ ունեցան: Ձեռնարկը կը կազմակերպուի Հայկական Համագումարի (Armenian Assembly) եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCA) կողմէ ու կը հովանաւորուի քոնկրէսի հայամէտ համախմբումին (Armenian Caucus) կողմէ:
Ամսուն 27ին յիշեալ վայրին մէջ ելոյթ կ'ունենայ Հայաստանի դեսպանուհի Լիլիթ Մակունց:
Իր ելոյթէն վերջ, երբ ան կ'ուղղուի դէպի ելքի դուռը, կը դիմաւորուի երկու դաշնակցական տղերքով որոնք հեղուկ մը կը սրսկեն (հաւանաբար` ջուր) դեսպանուհիին վրայ: Վրայ կը հասնին տեղւոյն ոստիկանները եւ հարցաքննելէ ետք տղերքը` ազատ կ'արձակեն զանոնք:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս երեւոյթը` այսօրուան քաղաքական շիկացած մթնոլորտին մէջ.
– Առաջինը` կը ստուերէ այն քաղաքական գնահատելի գործը որ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տանի Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ:
Արարքը կը հանդիսանայ անարգանք մը նահատակներու յիշատակին, երբ ազգովին լարուած ոյժերով կը փորձենք մեր ցաւը պարզել աշխարհին, եւ յատկապէս քաղաքական շրջանակներուն որոնցմէ ակնկալութիւններ ունինք:
Թուրքերն ու ազերիները հսկայ գումարներ կը ծախսեն Ուաշինկթընի մէջ` խափանելու համար ցեղասպանութեան ճանաչման հայոց փորձերը: Այս վարկաբեկիչ արարքով մենք նուէր մը ընծայած կ'ըլլանք թրքական աշխարհին, բոլորովին ձրի կերպով:
Հայաստանի մէջ յառաջացած բեւեռացումը աշխարհի մայրաքաղաքներէն փոխադրելով սփիւռք պարզապէս կ'արժեզրկենք մեր դատը:
Ուաշինկթընի դէպքը միակը չէ դժբախտաբար: Նիւ Եորքի Թայմզ Սքուէրի ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրը եւս, տղերքը խախտած են կարգապահութիւնը` ինքնացուցադրման մարմաջի դրսեւորումով մը:
Ի պատիւ Դաշնակցութեան պէտք է ըսել որ ան կարգապահութեան հաւատացող կազմակերպութիւն մըն է. հետեւաբար, դժուար է երեւակայել որ այս արարքները հակակշիռէ դուրս լոկ պոռթկումներ են:
Մեր ազգային վիշտը քաղաքականացնելու փորձը այս կերպ չի կատարուիր:
Պատահածը յօնք շինելու տեղ` աչք հանելու երեuոյթ մըն է: