top of page
Baikar Blue logo.png

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՄԻԱՑՈՒՄ.

ՓՈՂՈՑԸ ՄԻՋՈՑ ՉԷ

Հայաստանի վերջին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն ժողովուրդի 23%-ի վստահութիւնը ստացած ընդդիմութիւնը դարձեալ ընտրած է փողոցային մեթոտը ` քաղաքացիական անհնազանդութեան ճանապարհով հասնելու իշխանափոխութեան, պատճառաբանութիւն ներկայացնելով Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման որպէս հնարաւոր վտանգաւոր լուծում, որ գործող իշխանութիւններուն կը ստիպէ Ատրպէյճանի հետ ստորագրել ՙխաղաղութեան համապարփակ պայմանագիր՚ որտեղ Արցախը կը յայտնուի, որեւէ կարգավիճակով, Ատրպէյճանի կազմի մէջ:

Այստեղ, ընդդիմութեան մտահոգութիւնը, որ այդ վերջնական ՙխաղաղութեան պայմանագիրը՚ որտեղ Արցախը կը յայտնուի Ատրպէյճանի կազմի մէջ, համայն հայութեան, եւ ոչ միայն ընդդիմութեան, մտահոգութեան առարկան է եւ այդ ՙլուծումը՚ երբեք չի բխիր Հայաստանի ազգային եւ պետական շահերէն: Այստեղ կայ կարեւորագոյն երեք հարց.

 

1. Ինչու՞ ընդդիմութիւնը չ þօգտագործեր Ազգային Ժողովի հարթակը, որպէս մեր պետականութեան ամենաբարձր օրինական-քաղաքական հարթակ, որպէսզի իր իրաւացի եւ արդար մտահոգութիւնները յայտնէ:

2. Ինչու՞ ընդդիմութիւնը Արցախի հարցով մեր հասարակութեան չի ներկայացնէ իր տեսլականը եւ այդ հարցի հայանպաստ լուծման իր տեսակէտները: Ընդդիմութիւնը պարտաւոր է Արցախի հարցի լուծման ռազմավարական եւ մարտավարական իր ճանապարհային քարտէզը ներկայացնել մեր հասարակութեան եւ իշխանական վերնախաւին ` աւելի ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ, ԽՈՐՔԱՅԻՆ եւ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ քննարկումներ եւ բանավէճեր կազմակերպելով: Ընդդիմութիւնը, ի պահանջեալ հարկին, պէտք է նեռարէ փորձագիտական, պատմագիտական եւ ակադեմական դաշտի մասնագէտները որպէսզի իր մտահոգութիւնները համոզիչ դարձնէ ե՛ւ իշխանութիւններուն ե՛ւ հասարակական  լայն շրջանակներուն:

3. Արդեօ՞ք ընդդիմութիւնը ՙանտեղեակ՚ է, որ Արցախեան հարցի լուծումը մեծ հաշուով կախում ունի նաեւ մեծ խաղացողներու աշխարհաքաղաքական շահերէն: Հարաւային Կովկասը իրողապէս Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի շահերու բախման թատերաբեմ դարձած է:

Հետեւաբար, ինչու՞ իշխանափոխութիւն եթէ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց տուած են մեր ռազմավարական դաշնակիցին եւ լռելեայն հաւանութիւն տուած ` անոր կողմէ Արցախի հարցի որեւէ կարգավիճակի լուծման, ընդհուպ նեռարելով Արցախը Ատրպէյճանի կազմի մէջ: Ինչու՞ ընդդիմութիւնը հրապարակայնօրէն չի մերժեր Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ չի քննադատեր զայն: Ինչու՞, այլապէս ալ բարոյա-հոգեբանական ծանր վիճակի մէջ եղող մեր ժողովուրդը փողոց հրաւիրել: Ո ՞րն է նպատակը այս բոլորին, երբ յայտնի են արտաքին խաղացողները եւ իրավիճակներուն իրատեսական, եւ որպէս ազատ, ինքնիշխան պետութիւն ` ձեռնարկելու ուրոյն եւ անկաշկանդ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու մեր սահմանափակ հնարաւորութիւնները:

Ի՞նչ կարող էինք ընել եւ թերացանք:

Շատեր հարց կու տան, թէ այդ ինչպէս եղաւ որ Ապխազիան, Հարաւային Օսէթիան, Տոնպասը, Խրիմը, Մերձտնեսթրը եւ Քոսովոն անկախացան, իսկ Արցախը որ նախակարապետն էր այս բոլորին, մնաց ձեռնունայն եւ անյոյս: Այս հարցին խորքային պատճառները բազմաթիւ են որոնց բոլորին անդրադառնալու առիթը կþունենաք հետագային, այնուամենայնիւ կþուզենք մի քանի նկատառումներ նշել.

Ա) Հայկական կողմը, որ յաղթող նկատուած էր, 1994-ին ոչ թէ հրադադարի տկար պայմանագիր պիտի ստորագրէր, այլ ` ՅԱՆՁՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ (Capitulation): Ատրպէյճան կիրառեց զայն, 2020-ին իր յաղթանակը օգտագործելով:

Բ) Վերանկախացած Հայաստանի 4 իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութիւնը եղած է ընդհանրապէս ԱՐՁԱԳԱՆԳՈՂ եւ ՈՉ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ: Հայաստանի 4 իշխանութիւններու մեծագոյն սխալը Արցախի հարցով եղած է այն, որ 4 խորհրդարանները կամ անոնցմէ որեւէ մէկը չէ վաւերացուցած կամ չէ վերահաստատած 1989-ի Դեկտեմբեր 1-ի Սովետական Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային Խորհուրդի միացեալ հռչակագիրը որ կþըսէ ՙԼեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի անբաժանելի մասն է՚: Ի միջի այլոց սոյն հռչակագիրը ամրագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան անկախութեան հռչակագրով: Նաեւ պետք է ըսել, որ այս տեսակէտին ընդդիմախօսներ կþառարկեն թէ այդ օրերուն, Հայաստանի այդ հռչակագիրի հաստատումով, Ատրպէյճան կրնար պատերազմ յայտարարել: Այս մօտեցումը սխալ է մի քանի պատճառներով ` նախ այդ օրերուն Ատրպէյճան ի վիճակի չէր պատերազմելու նկատի ունենալով իր ներքաղաքական անկայուն վիճակը, երկրորդ` Ռուսաստանի նպաստաւոր կեցուածքը Հայաստանի նկատմամբ: Նաեւ չենք կարծեր, որ Ատրպէյճանի ենթադրեալ ռազմական պատասխանը այդ օրերուն, աւելի կործանարար եւ մահացու պիտի ըլլար քան 2020-ի 44-օրեան:

Նաեւ պէտք է արձանագրենք որ 1989-էն մինչեւ 1991 Ատրպէյճան չհամարձակեցաւ ներխուժել Արցախի տարածք: Ժամանակին պատմաբան Արա Պապեանի զգուշացումները եւ կանխատեսումները որ Արցախի ՙանկախութիւնը՚ յղի է ապագայի անկանխատեսելի, անորոշ եւ վտանգաւոր զարգացումներով `այսօր իրականութիւն դարձած են: Ըստ Պապեանի, Արցախի հարցի լուծման լաւագոյն տարբերակը անոր ՄԻԱՑՈՒՄՆ է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:  Իսկ գալով մեր օրերուն, արդեօ՞ք միջազգային հանրութիւնը այլեւս համակերպած չէ Հիւսիսային Կիպրոսի, Ապխազիոյ, Հարաւային Օսէթիոյ, Տոնպասի, Խրիմի եւ այլոց իրողապէս (de facto) ՙանկախ կարգավիճակին՚ կամ իրենց հովանաւորեալներու հետ միացման:

Գ) Հայաստանի 4 իշխանութիւնները չկարողացան պատմական-իրաւական անհերքելի փաստերը ներկայացնել միջազգային տարբեր հարթակներ, ինչպիսիք են ՄԱԿ, ԵԱՀԿ, Եւրոխորհրդարան, Եւրոխորհուրդ, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, ապացուցելու որ Արցախը ինչպիսի պայմաններու տակ բռնակցուած է Ատրպէյճանին: Նոյնիսկ այնպիսի փաստեր ինչպիսիք յայտարարուած են վերանկախացած Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ, 1991-ին, երբ Ատրպէյճան պաշտօնապէս յայտարարեց թէ ինք ժառանգորդն է 1918-ի անկախ Ատրպէյճանի եւ ոչ թէ սովետական Ատրպէյճանի: Իսկ պատմական անհերքելի իրողութիւն է որ Արցախը չէ գտնուած Ատրպէյճանի Ա. Հանրապետութեան կազմի մէջ, ինչպէս Նախիջեւանը:

Դ) Իսկ գալով մեր օրերուն, դժբախտաբար մեր քաղաքական գործիչները, իշխանական կամ ընդդիմադիր, տակաւին կը զլանան (գիտակցաբա՞ր) յստակ դիրքորոշում արտայայտել ու այս օրերուն շրջանառուող մեր պետականութեան համար կենսական ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ եւ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՄԱՆ մասին, որ ընթացակարգ պիտի ստանայ գալիք փոթորկալից բանակցութիւններուն , որ գլխաւոր օրակարգի նիւթ պիտի դառնայ հայ-ատրպէյճանական ՙխաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի՚ ծիրէն ներս: Պատմական գիտելիքներու անբաւարարութեա՞ն հետեւանքով, համարձակութեա՞ն պակասի կամ ստորակայութեա՞ն բարդոյթի եւ դիւանագիտական հմտութեա՞ն պակասի պատճառով է այս անտարբերութիւնը մեր իշխանութիւններու եւ ընդդիմադիրներու կողմէ, երբ անհերքելի է այն փաստը 1919-20-ի Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովէն բխող եւ Ազգերու Լիկայի Կանոնադրութեամբ Հայաստանի վարչա- տարածքային քարտէզով Արցախը եւ Զանգեզուրը մաս կազմած են Հայաստանի Հանրապետութեան: Ինչու՞ մեր պատմաբան-դիւանագէտները աւելի քան 30 տարիէ չկարղացան միջազգային հանրութեան ներկայացնել 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի Պայմանագիրներու անօրինականութիւնը:

Դժբախտաբար սակայն, այս օրերուն մեզի կը պարտադրուի սահմանազատում եւ սահմանագծում ըստ սովետական քարտէզներու, ինչ որ յղի է աւելի տարածքային կորուստներով, ոչ միայն Արցախով այլ նաեւ Հայաստանի տարածքներով: Իսկ ի ՞նչ կþընեն հայկական պատուիրակութիւնները Եւրոխորհրդարանի եւ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային հարթակներու եւ կազմակերպութիւններուն մէջ: Ու՞ր է մտաւորականութիւնը որ զինուած է գիտելիքով եւ պատմական փաստերով:

bottom of page