ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 107-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Երեքշաբթի 12 Ապրիլ 2022-ին, Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչումը, ներկայութեամբ մեր վարժարանին հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ Տիար` Պերճ Արապեանի, հիւր բանախօս` Տիար Համբիկ Մարտիրոսեանի, հիւրերու եւ ծնողներու:
Յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Միջն. Գ. դասարանէն` Վալէնթինա Սրապիոնեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ Մեծ Եղեռնի յուշատօնը հանգրուան մըն է, ուր կը կենանք ազգովին, ոչ միայն խոնարհելու համար յիշատակին առջեւ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, այլ խորհրդածելու համար մեր ձախողութիւններուն եւ յաջողութիւններուն տուն տուող պատճառներուն շուրջ:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ՙՄենք ենք իրաւատէրը մեր արդար դատին: Մեր նախահայրերուն ջահը փոխանցուած է մեզի, զայն վառ պահելու եւ փոխանցելու համար գալիք սերունդներ, որպէսզի յաւերժ ապրի հայ ժողովուրդը:՚
Բացման խօսքէն ետք Նախ. Ա. Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները իրենց խրոխտ երգեցողութեամբ ներկայացան ՙԶէյթունցիներ՚ խմբերգով, որմէ ետք Օրդ. Դալար Գէորգեան (շեփոր) եւ Պրն. Ղազար Քէշիշեան (դաշնամուր) հանդէս եկան ՙԱ՜խ, Տունս Տունս...՚ նուագակցութեամբ: Երաժշտական յուզումնալից ելոյթէն ետք Նախ. Ե.-Միջն.Գ. դասարաններու խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան ծաղկաքաղով մը` Տիար Համբիկ Մարտիրոսեանի բանաստեղծութիւններէն, ապացուցելով , որ հայ ազգի բեկորներ ՙԿþուզեն գոռալ խուլ աշխարհին, թէ իրենք կը մերժեն մահը...վճռա՛ծ են ապրիլ...: ՚
Ապա, յաջորդաբար հանդէս եկան Միջն. Գ. դասարանէն` Ալին Գէորգեան ՙՎաղ Թէ Ուշ՚ մեներգով, խումբ մը աշակերտներ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող կենդանի պատկերով մը, իսկ Նախ. Դ. Ե. եւ Զ. Դասարաններու աշակերտներ` ՙԽանի Երգ՚ խմբերգով: Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Միջն. Բ. դասարանէն` Փաթիլ Փափազեանի եւ Անտրէաս Գաբրիէլեանի Վահան Թէքէեանի ՙՊիտի իյնաս` Թուրքին՚ ասմունքով:
Ապա, Տիկ. Ռիթա Թամուկեան ներկայացնելով օրուան հիւր բանախօս` Տիար Համբիկ Մարտիրոսեանի կենսագրութիւնը` զայն բեմահարթակ հրաւիրեց:
Ներկաները ողջունելէ ետք, բանախօսը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ Հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն` իրեն տրուած այս առիթին համար: Ան յայտնեց, թէ իրեն համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է գալ, Արեւմտահայ քերթողութեան իշխանին անունը կրող այս կրթական օճախը եւ սրտի խօսք փոխանակել աշակերտութեան: Ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ.
ՙ Կրթական այս տաք օճախին մէջ փունջ մը նուիրեալներ անտեսած ամէն արգելք` կը ջանան կուրծք տալ տիրող դժուարութեանց եւ պահել հայկական գողտրիկ կառոյցը, որպէսզի դուք չզրկուիք ձեր մայրենի լեզուէն, մկրտուիք Մաշտոցի աւազանին մէջ եւ ապագային բարձրաճակատ ըսէք, թէ շրջանաւարտ էք Մեծ բանաստեղծի անունը կրող այս կրթարանին:՚
Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ Վահան Թէքէեան չունեցաւ զաւակ, սակայն Աստուած լսելով անոր բողոքը` ՙԶաւկի մը շնորհն անգամ, ո՛վ Տէր, զլացար ինծի...՚, անոր նուիրեց ոչ թէ մէկ, այլ հարիւրաւոր զաւակներ...: Մենք, որպէս Թէքէեանի ժառանգորդները հպարտ ենք, որ ունեցած ենք Թէքէեանի նման իմաստուն Սերմնացան, որ հայ գրականութեան պարտէզին մէջ ցանած է բարեբեր հունտեր եւ մենք զանոնք համտեսելով քաղցրացուցած ենք մեր քիմքը՚: Այստեղ բանախօսը սքանչելի ապրումով արտասանեց ՙՏաղ Հայերէն Լեզուի՚ ,ՙԵկեղեցին Հայկական՚, ինչպէս նաեւ` հայաշունչ ստեղծագործութեան եւ Թէքէեանի ապրումներուն հոգեշարժը հանդիսացող Մեծ Եղեռնի նուիրուած ՙԱհաւոր Բան Մը Այնտեղ՚ բանաստեղծութիւններէն տողեր:
Ապա, ան աշակերտներուն դիւրամատչելի ոճով փոխանցեց, թէ ինչպէ՞ս իրագործուեցաւ Մեծ Եղեռնը: Երիտ թուրքեր կոչուած թուրք ազգայնամոլները տարուած նախանձէ եւ ընչաքաղցութենէ իրենց հրէշային ծրագիրը իրագործեցին եւ մենք կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան եւ մէկ ու կէս միլիոն հայ: Ան շեշտեց նաեւ` թէ թուրքը մինչեւ Մեծ Եղեռն, նախապէս ալ ունեցած է իր թրքաբարոյ վարքը` Սուլթան Համիտի օրով: Նոյն թուրք թշնամին, այսօր եւս կը շարունակէ սրել իր ախորժակը եւ գրաւել ու սեփականացընել ամբողջ Հայաստանը: Տակաւին վերջերս Ազրպէյճանին հետ միասնաբար գրաւեցին Արցախի մեծ տոկոսը եւ սպաննեցին հինգ հազար հայ երիտասարդ:
Հուսկ, ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ.ՙ Դուք է որ ձեր ձեռք ձգելիք յաջողութիւններով եւ յաղթանակներով, Ապրիլ 24-ը պիտի դարձնէք Պահանջատիրութեան Օր, Իրաւունքի տիրանալու Օր, Յաղթանակ կերտելու Օր` մնալով հայ ու փարելով ձեր ինքնութեան:՚
Սկսելով Թէքէեանի խօսքով` բանախօսը իր խօսքը աւարտեց Թէքէեանի ՙՀպարտութիւն՚ բանաստեղծութենէն մաս մը արտասանելով, որմէ ետք դիմելով աշակերտներուն յայտնեց, որ իրենք են այդ սպասուած հպարտութիւնը: Իրենցմով երաշխաւորուած է հայուն ապագան:
Բեմահարթակ բարձրացաւ Տնօրէնուհի` Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան:
Տնօրէնուհին իր խօսքը եզրափակեց բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի քերթուածին հետեւեալ խօսքերով.
ՙԿենդանութի՛ւն Հայրենի,
Ո՛վ դուն, մարմի՛ն եւ հոգի՛,
Հուսկ, Տնօրէնուհին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց մեր հիւր բանախօսին, որ ընդառաջեց մեր վարժարանին հրաւէրին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ` այն աշակերտներուն, որոնք մաս կազմեցին սոյն ձեռնարկին եւ այն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք անխոնջ կերպով եւ մեծ եռանդով կազմակերպեցին այսօրուան յուշատօնը:
Տնօրէնուհին բեմահարթակ հրաւիրեց մեր վարժարանին հոգաբարձութեան անդամ` Տիար Պերճ Արապեանը եւ օրուան հիւր բանախօսը` զայն յուշանուէրով մը պատուելու համար:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԹՂԹԱԿԻՑ
Պէյրութ