ՓՐՈՖ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը` Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի սրահին մէջ:
Դասախօսութեան նիւթն էր Ռազմական Օդանաւեր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, իսկ դասախօսն էր յայտնի պատմաբան եւ UCLA-ի Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Հայ Ժողովուրդի Արդի Պատմութեան Ամպիոնի նախկին վարիչ ու Չափան համալսարանի նախագահութեան Վաստակաւոր Գիտնական Փրոֆէսօր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը:
Հանդիսավար Սեւան Տէր Պետրոսեան Մասնաճիւղին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յաջորդաբար հրաւիրեց Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանն ու Արտաշէս Քացախեանը, որ ներկայացնեն իրենց սրտի խօսքերը:
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Պալեան նախ շնորհաւորեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակը եւ ապա նշեց թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը պիտի տօնուի այս տարի Հայաստանի մէջ:
Կլէնտէյլի նորընտիր քաղաքապետ Արտաշէս Քացախեան նախ յիշեց որ Փրոֆէսոր Յովհաննէսեան իր ուսուցիչը եղած է Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի Համալսարանին մէջ եւ ապա ջատագովեց Փրոֆէսորի հեղինակած գիրքերը, Հայաստանին Առաջին Հանրապետութեան մասին: Այդ ժամանակ ալ, շարունակեց Քացախեան, այսօրուան նման` Հայաստան կը դիմագրաւէր համաճարակ մը:
Հուսկ ապա հանդիսավար Տէր Պետրոսեան ներկայացուց Փրոֆէսորի կենսագրականը: Փրոֆ. Յովհաննէսեան իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս Արուեստից տիտղոսները ստացած է Գալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանէն, իսկ Դոկտորոկան տիտղոսը` Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանէն:
Ան հեղինակն է 30-է աւելի գիրքերու` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական գաղութներուն մասին: Իսկ իր վերջին գիրքը եղած է Պարսկաստանի Հայկական Գաղութները, զոր ձօնած է իր նորոգ հանցուցեալ Տիկնոջ` Տոքթ. Վարդիթեռ Յովհաննէսեանի յիշատակին:
Փրոֆէսորը իր օգտաշատ ուսումնասիրութիւններուն եւ դաստիարակչական բեղուն վաստակին համար ստացած է Սրբատար կոնդակներ եւ մետալներ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներէն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներէն: Ան ստացած է նաեւ Հայաստանի Կառավարութեան Մովսէս Խորենացի մետալը:
Փրոֆէսոր Յովհաննէսեան` սահիկներու օժանդակութեամբ, նախ ներկայացուց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան քաղաքական տխուր իրավիճակը: Հոն` դիտել տուաւ Փրոֆեսորը, կը տիրէր թըշնամութիւն իրար հանդէպ:
Վստահութեան պակասը իրար հանդէպ այնքան ակներեւ էր որ` շարունակեց Փրոֆէսորը, Հայաստան Փարիզի համաժողովին կը ներկայանար երկու պատւիրակներով: Պօղոս Նուպար Փաշան նշանակուած էր Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին կողմէ, իսկ Աւետիս Ահարոնեանը` Հայաստանի Հանարապետութեան Վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի կողմէ:
Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան համար Մեծն Բրիտանիոյ Արքայական օդոյժէն ռազմօդանաւեր գնելու փորձին, Վահան Մալէզեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը համաձայնութիւն կնքած է Զօրավար Ալընպիի հետ` որ պատերազմէն մնացած օդանաւերէն հատը 100 անգլիական ոսկիի գնէ եւ Հայաստան ղրկէ:
Վերոյիշեալ համաձայնութիւնը սակայն անմիջապէս չէ վաւերացուած Բրիտանական պետութեան կողմէ որովհետեւ պատերազմական եւ գանձային նախարարութիւնները դէմ արտայայտուած են: Այդ նախարարութիւնները համոզելու ճիգերը ձգձգուեցան մինչեւ 1920 տարուան Նոյեմբերը, երբ արդէն Հայաստան ակամայ միացած էր Սովետ Միութեան:
Հանդիսութեան աւարտին, Միհրան Թումաճան Տիթրոյթի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Թանգարանի հրատարակութիւններէն A Legacy of Armenian Treasures գիրքը նուիրեց Փրոֆէսորին: Հուսկ ապա յարգելի բանախօսը պատասխանեց հարցումներու, ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Կարելի չէ երեւակայել որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան համար, փորձեր կատարուած են ռազմօդանաւեր գնելու` Մեծն Բրիտանիոյ Արքայական Օդուժէն, եւ այդ ալ Եգիպտոսի Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան կողմէ:
Ո՞ւր է հիմա ժամանակի այդ միասնականութեան ոգին, ամէն գնով Հայաստանին օգտակար հանդիսանալու...: