top of page
Baikar Blue logo.png

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

ՄԷԿ ՔԱՅԼ ԱՌԱՋ ԵՐԿՈՒ ՔԱՅԼ ԵՏ

Ինչպէս լիբանանցի, նոյնպէս օտար քաղաքական լուրջ մեկնաբաններ մեծ լաւատեսութիւն եւ դրական արդիւնք չէին ակնկալեր Մայիս15-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն: Այն արհաւիրքը, որուն մէջ կը տուայտի լիբանանցի տառապեալ ժողովուրդը բնականաբար պիտի չանէանայ Խորհըրդարանէն ներս քաղաքական կարգ մը նոր գործիչներու ներկայութեամբ, որոնք պիտի ձայն տան բոլոր այն լիբանանցի քաղաքացիներուն որոնց արդար պահանջները ցարդ ոտնակախուած են աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Լիբանանցի ժողովուրդին կրած ծանր վէրքերը վերջին երկու-երեք տարիներուն պիտի չսպիանան շուտով: Երկրին տնտեսական փլուզումը, որուն ճարտարապետները տակաւին անպատկառ կերպով կը տողանցեն ժողովուրդին առջեւ եւ ելոյթներ կ՛ունենան հեռուստատեսիլէն` իրենք զիրենք չքմեղելու մտահոգութեամբ, ՙՔորոնա՚ ժահրին բերած պատուհասը` տակաւ սաստկացուց ժողովուրդին զրկանքներով առլցուն ամէնօրեայ կեանքը: Տակաւին առաւել ըլլալով նաւահանգիստի պայթումը` լիբանանցին զրկեց իր ամէնէն տարրական իրաւունքներէն եւ նոյնիսկ համեստ կեանք մը ապրելու հնարաւորութենէն: Երկիր մը, որուն դրամանիշը 90 առ հարիւր տոկոսով կորսնցուցած է իր արժէքը, երկիր մը ուր քաղաքացին իր ճակտին քըրտինքով շահած եւ դրամատան մէջ պահ դրած իր դրամը չի կրնար քաշել, երկիր մը, որուն բնակչութեան 75 առ հարիւրը, համաձայն Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան վկայեալ տուեալներուն, չքաւորութեան մէջ կ՛ապրի: Տարօրինակ երկիր: Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական անորոշութեան անդունդին մէջ, կը թուի թէ մայիսեան երեսփոխանական ընտրութեանց իբրեւ անդրադարձ, լաւատեսութեան մեղմ նշաններ կը նշմարուին: Առաջին հերթին եւ առաջին անգամ ըլլալով, 14 երեսփոխաններ մուտք կը գործեն խորհրդարանէն ներս, առանց հարկատու ըլլալու քաղաքական որեւէ մէկ հոսանքի: Լիբանանցի քաղաքացին արդարօրէն կը յուսայ թէ անոնց ներկայութիւնը պիտի խթանէ իրենց իրաւունքներուն վերականգնման: Իբրեւ խմբաւորում, 14-ը պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնէ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացակայութիւնը ընտրապայքարէն` ակնկալուածին չափ հարուած մը չհասցուց սիւննի համայնքին: Իր նախկին հաւատարիմ գործակիցներէն քանի մը հատը իբրեւ անկախ թեկնածու` յաջողեցան աթոռ գրաւել խորհրդարանէն ներս: Քաղաքական վերլուծողներ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէին թէ նախկին վարչապետ Հարիրիի հրաժարումով Լիբանանի քաղաքական կեանքէն, տակաւ պիտի տկարացնէր սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄՆ-ի ազդեցութիւնը Լիբանանի մէջ: Այսուհանդերձ յստակ կերպով կարելի է եզրակացնել թէ Ռիատը պիտի չզիջի Իրանին` Լիբանանի մէջ: Երեսփոխանական ընտրութիւններու վաղորդայնին, Սէուտական Արաբիա իր դեսպանը ղրկեց Պէյրութ երկար բացակայութենէ մը ետք: Դեսպան Պուխարի պաշտօնական եւ անպաշտօն տեսակցութիւններ ունեցաւ լիբանանցի քաղաքական բազմաթիւ գործիչներու հետ: Պարզ է թէ Լիբանանի մէջ Իրանի ազդեցութիւնը սահմանափակելու ամէնէն արդիւնաւոր միջոցը պիտի ըլլար Հըզպալլան զրկել խորհրդարանէն ներս վեթօ ունենալու ոյժէն, գործակցութեամբ դաշնակից նախագահ Աունի խմբակցութեան: Հըզպալլան, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի շարժումը կորսնցուցին քանի մը աթոռներ` անկախ թեկնածուներու, որոնք իրենց կամակատարները պիտի չըլլան: Ներկայ թուաբանութեամբ Հըզպալլան անզօր է իր կամքը պարտադրելու խորհրդարանէն ներս: Միւս կողմէ, թէեւ քրիստոնեայ համայնքը պառակտուած կը մնայ, սակայն Սամիր Ժահժահ յաջողեցաւ անսպասելիօրէն փայլուն յաղթանակ մը արձանագրել: Այս ձեւով, Ժահժահ, փաղանգաւոր եւ այլ քրիստոնեայ կարգ մը երեսփոխաններու հետ, խորհրդարանէն ներս պիտի ունենայ մեծագոյն քրիստոնեայ հատուածը:

 

Ակնյայտ է, արդարեւ, թէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտած է Հըզպալլան` իր քրիստոնեայ դաշնակիցներով, պիտի չյաջողի խոչընդոտել տնտեսական գետնի վրայ ծրագրուած բարենորոգումները: Հորիզոնի վրայ է նաեւ նախագահական ընտրութիւնը եւ Հըզպալլան իր բոլոր դաշնակիցներով պիտի չյաջողի իր նախասիրած թեկնածուն նախագահական աթոռ բարձրացնել` ինչպէս պատահեցաւ ներկայ նախագահին պարագային: Մայրիներու մեր սիրելի հայրենիքը եւ անոր ժողովուրդը արժանի է կառավարութեան մը, որ ներդաշնակութեամբ կը գործէ եւ մէկ կողմ կը ձգէ գձուձ հաշիւներ:

Թէեւ քաղաքական գետնի վրայ երեսփոխանական ընտրութիւնները երկրաշար՞ժ մը չառաջացուցին, այնուհանդերձ աւանդական կուսակցութիւնները, որոնք Լիբանանի քաղաքական կեանքը տիրապետած են տասնամեակներէ ի վեր, տեսան, թէ անկախ թեկնածուներ կրնան խորհրդարան մտնել` ծառայելու համար հասարակ ժողովուրդին:

bottom of page