top of page
Baikar Blue logo.png

ԺՈՒՄԱՆԱ ՀԱՏՏԱՏԻ ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՒԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՙԴԵՐՁԱԿՈՒՀԻԻՆ ԱՂՋԻԿԸ՚ ՎԷՊԸ

Լիբանանահայ հրաժարեալ եւ վերընտրեալ երեսփոխան եւ  Տիկին Փոլա Եագուպեան բուռն փափաք յայտնած է հայացնելու` լիբանանցի գրագիտուհի Ժումանա Հատտատի Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերականութեամբ անգլերէն վէպը` Joumana Haddad, “The Seamstress’ daughter”, Hachette Antoine, 2019, Beirut, Lebanon, 223 pages, որ նաեւ արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ սպաներէնի ալ թարգմանուած է: Այդ գործը իրականացուցած է “Պայքար” շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Պայծիկ Գալայճեան սոյն գիրքը հայերէնի թարգմանելով, որ վերջերս` 24 Ապրիլին լոյս տեսաւ “Դերձակուհիին Աղջիկը” խորագիրով, Տիուօփրինդ տպարան, Պէյրութ, 2022, 240 էջ:

Ժումանա Հատտատ ինքն իր մասին խօսելով կ’ըսէ. “Կէս լիբանանցի եմ, քառորդով հայ, քառորդով չէրքէզ, սակայն ունիմ նաեւ սուրիական ու պաղեստինեան արմատներ: Երբ յայտնաբերեցի թէ իմ երակներուս մէջ տարբեր տեսակներով խառնըւած արիւն կը վազէ, վերջապէս հասկցայ թէ ինչո՞ւ միշտ ինքզինքիս դէմ պայքարի մէջ եղած եմ, ինքս իմ մէջս” (էջ 234): Ինչո՞ւ համար է այդ պայքարը եւ ի՞նչ բանի արդիւնք է: Հայոց Ցեղասպանութեան գործած աւերը առաջին հերթին մարդ արարածին վրայ կ’անդրադառնայ ճըշմարտութեան պրպտումով, գըտնել յանցագործը, այլեւ` ոճրագործը եւ պատժել զայն յանուն արդարութեան, վերականգնել իրաւազրկուածին իրաւունքները:

Ժումանա Հատտատ ի տես այլ ոճիրներու, զորս իր օրերուն կը գործուին կամ նախապէս գործուած են, կը քօղազերծէ հասարակութեան մէջ իբրեւ հերոսներ ճանչցուածները եւ զանոնք իրենց իսկական անունով` ՈՃՐԱԳՈՐԾ կը կոչէ, անկախ անոնց ազգութենէն, կրօնքէն կամ համայնքէն: Հեղինակը արդարօրէն մեծ ընդվզումով հետեւեալ խօսքերը կ’ըսէ. “Ո՞ր չափանիշներով վայրագութիւնը հերոսութեան ձեւ մը կը նկատուի: Մարդը բնազդօրէն չար է փիլիսոփայական գաղափարէն անդին, դժուար թէ չկապել վայրագութեան այս գովասանքը, գոնէ մասամբ, այն իրականութեան` թէ այս Երկրագունդին աստուածներէն շատերը նախապաշարուած են, ոյժով նպատակին հասնելու գաղափարով, ոխակալ եւ արիւնի ծարաւ են” (էջ 237):

Ժումանա Հատտատ իր սրտին ցաւը կը պատմէ ըսելով. “Յաճախ ինքզինքիս հարց տուած եմ, մեծցած ըլլալով եւ տեսնելով այսքան բրտութիւն ու թախիծ շուրջս, թ այս անյոյս շրջանը նախասահմանուած է յաւիտեան ըլլալ վիրաւորանքի գետին մը: Այսօր ծայրայեղականներ ու վարձկաններ վիզեր կը մորթեն իսկ այն ատեն օսմանցի զինուորներ դար մը առաջ սարսափ կը տարածէին: Այս երկուքին միջեւ ի՞նչ փոխուած է, իսկապէս” (էջ 234-235):

Հեղինակին մեծ մայրը` Ժամիլէ (Այնթապ 1912-Պէյրութ 1978) անունով հայուհի մը,  հայրը` Նազար եւ մայրը` Մարինէ, Մեծ Եղեռնի օրերուն կորսնցուցած է իր դերձակուհի մայրը, որուն թուրք աւատապետ ոճրագործ Պեշիր Քիզլար առեւանգած ու իր հարէմը տարած է: Հեղինակը Ժամիլէն Քայեահ կը կոչէ եւ անոր դուստրերուն ու ծոռերուն կու տայ յարմար անուններ, ինչպէս Քայեահի դուստրը` Քանա, Քանայի դուստրը` Քատար եւ Քատարի դուստրը` Քամար:

Ժումանա Հատտատ վէպին տիպարներու կեանքի ներկայացման ընդմէջէն կը բացատրէ ու կ’ընդգծէ Հայասպանութեան ոճիրին ահաւորութիւնը եւ անոր հետեւանքով անոնց վրայ ազդած յետցնցումներու (trauma) երեւոյթը: Ասոնցմէ ամէնէն աչքառուն Քայեահի իր կեանքին վերջ տալն է, այսինքն հեղինակին` Ժումանա Հատտատի մեծ մօր` Ժամիլէի անձնասպանութիւնը Պէյրութի մէջ 1978-ին: Այս հարցը խոր վէրք մը յառաջացուցած է հեղինակին սրտին ու հոգիին մէջ եւ ան հետեւեալ ձեւով կ’արտայայտուի անոր հետեւանքներուն մասին. “Մեծ մօրս անձնասպան ըլլալէն վերջ, մօրմէս խնդրեցի ինծի հայերէն սորվեցնել: Ուզեցի անոր լեզուն սորվիլ ու գիտնալ: Մինչեւ օրս երբ ես հայերէն խօսիմ, կը զգամ որ անոր սիրտը կը բաբախէ կուրծքիս մէջ: Կ’երազէի այս վէպը գրել, իբրեւ իրեն նուէր մը այնքան ատեն որ կը յիշեմ, երկար ատեն` քաջութիւնը կը պակսէր: Այդ կը թուէր ըլլալ ոստում մը կենդանի հրաբուխի մը վրայէն, բան մը որուն չէի պատրաստուած, կամ չէի ուզեր ընել… հարկադրանքը զգացի ինչպէս մէկը սովորաբար կը զգայ թէ ժամանակն է, նախ քան որ ուշ ըլլայ: Եւ այդպէս, ոստումը կատարեցի” (էջ 235): Եթէ ուշադրութեամբ զննենք հեղինակին այս երկար տատամսումը` իր մեծ մօր յուշերը գրելու, ի~նչ ահաւորութիւն ներկայիս` իբրեւ արդիւնք հարիւր տարի առաջ գործուած ոճիրներուն: Հապա այն ատեն` նոյն ա՛յդ ոճիրները որքա~ն ահաւոր էին, տակաւին չենք կրնար պատկերացնել:

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշերը ցաւոտ աւանդի մը վերածուած են, որոնք վերապրող Ժամիլէ կամ Քայեահ իր դստեր կը փոխանցէ, ապա ան` Ժամիլէի թոռնուհիին եւ յետոյ ծոռնուհիին: Այս աւանդը վէպին մէջ խորհըրդանշուած է Քայեահի կուրծքէն կախուած պողպատէ փոքր կղպանք-պահպանակով մը, որ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի: Քայեահ կղպանքը փոխանցած է Քանայի, վերջինս իր դստեր Քատարի եւ այս ալ իր դստեր Քամարի: Հայասպանութենէն հարիւր տարի անց աւանդը կենդանի կը մնայ, խօսող եւ տոկուն` պողպատի նման, սակայն տակաւին արդարութիւնը իր տեղը չէ գտած եւ տառապողներն ալ իրենց հոգեկան հանգիստը:

Ժումանա Հատտատ իր մեծ մօր` Ժամիլէի տիպար Քայեահը ադամանդներու թագուհի կը կոչէ, որովհետեւ կոխկռտուած ցեղին` կոտորածին մէջէն փրկուած ադամանդի կտոր մըն է ան ու հետեւեալ յատկութիւններով կը բնորոշէ. “Ադամանդներու թագուհին տոկուն է, առեղծուածային եւ անձնազոհ: Իր կեանքին մէջ ան կ’ընթանայ բազմաթիւ անցումներէ, բայց կը շարունակէ դիմագրաւել նոր մարտահրաւէրներ: Ան կրնայ հակուած ըլլալ բազմատեսակ յուզումներու, սակայն անոր կ’օգնէ իր կեանքի փորձէն ստացած իմաստութիւնը զուգակցելու բնական կարողութիւնը: Անոր ճակատագիրը կը կառավարուի Հոգիին կողմէ” (էջ 1):

Քայեահը կոտորածներէն ու արհաւիրքէն բռնագաղթի ճամբով Երուսաղէմ կը հասնի: Յարմար տարիքին կ’ամուսնանայ եւ մայր կը դառնայ երեք աղջիկներու, որոնցմէ միայն Քանան է որ կ’ապրի: Ընտանիքը հարաւային Լիբանան կը տեղափոխուի ու անկէ ետք Պէյրութ: Տարիներու այս բոլոր տեւողութեան Քայեահ գերի կը դառնայ իր յուշերուն` որոնց առանցքը կը կազմէ Հայասպանութիւնը: Ան իր մօր տուած պողպատէ կղպանքը կը փոխանցէ Քանայի, իբրեւ յիշատակ Հայոց Հայրենիքին եւ կապոյտ երկինքին: Քայեահ վերապրած էր Հայսպանութեան արհաւիրքէն սակայն ենթարկուած էր զօրաւոր յետցնցումներու, որոնք զայն մղած էին 66 տարեկանին անձնասպան ըլլալու Պէյրութի մէջ: Քայեահ չկրցաւ վերապրիլ Հայասպանութեան յետցնցումները:

Հեղինակը իր մեծ մօր` Ժամիլէի մասին կը խորհրդածէ ըսելով. “Տեսայ զինք որ պառկած էր խոհանոցին յատակը, բերնէն` սպիտակ փրփուր կը հոսէր: Ամէն անգամ որ անոր մասին կը մտածեմ, ան այդ վիճակով կը պատկերանայ աքերուս առջեւ: Զիս իր թեւերով բռնած վիճակով չէ, ինծի պատմութիւն պատմողը չէ, մազերս փայփայողը չէ կամ հազար համբոյրներ դրոշմողը չէ, չէ այն ձեւով որ մեծ մայր մը կը պատկերանայ թոռնուհիին աչքերուն: Ոչ, կը տեսնեմ զայն գետին պառկած, անկենդան, ճչալով իր չըսած ցաւոտ խօսքերը գլխուս մէջ: Ուրեմն ան իսկապէս չվերապրեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Շատ այլ զոհերու նման սպաննուեցաւ, միայն քիչ մը ուշ: Լարուած ռումբ մը ցանուած էր անոր հոգիին ու սրտին մէջ` այդ չարաշուք օրը… Այդ ռումբը պայթեցաւ տասնեակ տարիներ ետք” (էջ 234):

Մարդկային թաքուն զօրութիւններէն մէկն է առանց տեսնելու գիտնալ եւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը: Շատ քիչեր ունին այս յատկութիւնը: Մարդիկ ընդհանրապէս ծանծաղ գաղափարներ որոճացող, երեւոյթներէն դատող, կասկածոտ եւ տկար անհատականութեան տէր են: Այս յատկութիւններով անոնք երկվայրկեանական տատամսումէ մը ետք, կը մերժեն իրականութիւնը, անոր դէմ կը լարուին եւ իրենց անձին հիւանդագին վիճակը ծածկելու նպատակաւ սուտի կը դիմեն: Աւելի ծայրայեղ պարագաներու մէջ այսպիսիներ ոխակալութեամբ կը լեցուին եւ ոճիրներ ալ կը գործեն իբրեւ գոհացում այն հոգեբանական բարդոյթին, որ կը կոչուի հոգեկան անբաւարարուածութեան զգացում: Այսպիսիներ կարողութիւնը չունին գնահատելու զանոնք, որոնք իրենց մէջ ունակութիւն ունին առանց բան մը տեսնելու, գիտնալու, ճանչնալու եւ հաւատալու անոր: Տկարամիտներ զանոնք միամիտ, անխելք եւ դիւրահաւատ կ’անուանեն, պարզապէս անոր համար որ իրե՛նք կորսուած են անորոշութեան եւ սուտի խաւարին մէջ:

Հեղինակը` Ժումանա Հատտատ անոնցմէ է, որոնք առանց տեսնելու գիտեն անցեալը: Այս գծով իբր եզրակացութիւն կը մէջբերենք անոր մէկ խորհրդածութիւնը որ փաստ մըն է վերոյիշեալ ըսուածին. “Այս գիրքը մարտահրաւէրային վարժութիւն մըն է կանխագուշակելու երէկը: Այսուամենայնիւ ան մղեց զիս գիտակցելու թէ ի՞նչպէս երեւակայութիւնը երբեմն աւելի լաւ կենսագրող կրնայ ըլլալ քան յիշողութիւնը: Որովհետեւ, գոնէ ինծի համար, մարդկային փորձառութիւնները եւ զգացումները աւելի իմաստալից են եւ պիտի ըլլան քան դէպքերը, որ զանոնք կը շարժեն” (էջ 238):

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Պէյրութ

bottom of page