ԻՍՐԱՅԷԼ ՍԱՆՁԱՐՁԱԿ ԿԸ ԳՈՐԾԷ
Ալ Ճազիրայի յայտնի լրագրողուհի Շիրին Ապու Ագլէ Մայիս 12-ին, իսրայէլեան զինւորներու կողմէ սպաննուեցաւ, երբ խաղաղ պայմաններու տակ կը զրուցէր պաղեստինցի գաղթականներու հետ: 50-ամեայ Ապու Ագլէն ամերիկեան հպատակութիւն կը կրէ եւ հակառակ այս իրողութեան Իսրայէլ կը շարունակէ քօղարկել այս ոճիրը: Լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով, նախագահ Պայտըն ընդգծեց շուտափոյթ եւ թափանցիկ հարցաքննութեան մը անհրաժեշտութիւնը, մինչ պետական պաշտօնատունը ՙմեղմօրէն՚ կը քաջալերէ Իսրայէլը ոճիրին հեղինակները երեւան հանելու: Անցեալ տարի ԱՄՆ-ը 3.8 միլիառի տնտեսական օժանդակութիւն ընծայած է Իսրայէլի, առաւել ըլլալով մէկ միլիառ տոլարի յատկացում մը երկիրը պաշտպանելու համար պաղեստինցիներու կողմէ արձակուած հրթիռներէ: Լրագրողուհի Շիրին Ապու Ագլէ կու գայ քրիստոնեայ յայտնի ընտանիքէ` պաղեստինցի ծագումով, որուն ելոյթները ՙԱլ Ճազիրա՚-ի հաղորդումներուն ընթացքին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին պաղեստինցի հասարակութեան կողմէ:
Արդեօք կանխամտածուած սպանութիւն մը չէ՞ր այս մէկը, միանգամընդմիշտ խեղդելու համար պաղեստինեան իրաւունքներուն ախոյեան այս արի լրագրողուհիին ձայնը:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Նիւ Եորք
ԾԽ.- Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, ըստ սովորութեան, այս սպանութիւնը կը վերագրեն պաղեստինցիներու կողմէ արձակուած փամփուշտի մը: