top of page
Baikar Blue logo.png

ԹԱՅՄԶ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ

ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Մօտ չորս տասնամեակներէ ի վեր (1985էն սկսեալ) Մեծագոյն Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի հայութիւնը ամէն Ապրիլ 24ին կը հաւաքուի այս մեծ ոստանին կեդրոնական հրապարակը ոգեկոչելու ցեղասպանութեան տարեդարձը եւ բարձրացնելու իր ձայնը որ կը մնայ պահանջատէրը իր իրաւունքներուն ու գրաւեալ հայրենիքին:

Այս տարի եւս, Ապրիլ 24ին ճիշդ օրը նշուեցաւ ցեղասպանութեան 107րդ տարեդարձը, եւ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ երկու տարիներ առաջ արձանագրուած ցեղասպանութեան եզրը, ինչ որ նոր էջ մը բացաւ հայութեան պահանջատիրութեան համար:

Վարդանանց Ասպետներու եղբայրակցութիւնը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, այս տարի եւս նախաձեռնեց այս հաւաքին,  ի մի բերելով շրջանի ազգային կազմակերպութիւնները:  Նշանակալի է որ դարձեալ մեր ժողովուրդի մնայուն բարեկամները` ծանօթ բարձրաստիճան քաղաքական դէմքեր եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին:  Ամերիկայի Ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդը Նիւ Եորքի տեմոքրատ ծերակուտական Չաք Շումըր իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ վերջապէս ընդունուեցաւ ցեղասպանութեան ճանաչումը մարդկութեան ամօթալի երկա՜ր տարիներու լռութենէ ետք:  Յարգըւած ծերակուտականը մի՛շտ ալ ներկայ գտնուած է Թայմզ հրապարակի այս հաւաքներուն եւ յայտնած իր խօսքը:

Դարձեալ, այս տարի ներկայ էր Նիւ Ճըրզիէն տեմոքրատ ծերակուտական Պապ Մենենտէզ որ այդ բեմէն աշխարհին լսելի դարձուց օսմանեան թուրքերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ան պնդեց որ Թուրքիա ճանչնալու է իր կատարած արարքը` ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալու է ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակները:  Ան աւելցուց որ այսօր իսկ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը Արցախի դէպքերու բերումով Ատրպէյճանի գործադրութեամբ:

Նիւ Եորքէն տեմոքրատ գոնկրէսական Թովմաս Սուոզի համեմատական մը ըրաւ մարդկային իրաւունքներու որոնք այսօր կը պատահին Ուքրանիոյ մէջ կրկնելով պատմութիւնը 100 տարիներ առաջ պատահած հայութեան ճակատագրին: 

Արտայայտուեցաւ նաեւ խօսնակը Նիւ Ճըրզիի փոքրամասնութեան ծերակոյտին Թովմաս Քին յայտարարելով որ երբեք պիտի չմոռցուի այն տխուր դէպքերը որոնք պատահեցան հայ ժողովուրդին:  Իր ելոյթով Նիւ Եորք նահանգի ծերակուտական Ճոն Լիու շեշտեց որ 100 տարի ետք տակաւին կը մնայ ցեղասպանութեան պատճառած ցաւը հայութեան մօտ:

Խօսք առին, այնուհետեւ մեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները` Սթիվըն Ատամս (Աւագ սպարապետը Վարդանանց Ասպետներու եղբայրակցութեան), Պրայըն Ատրունի (Ամերիկայի Հայկական Համագումար), Սքաթ Օհանեան (Ամերիկայի հայ փաստաբաններու կազմակերպութիւն), Ալիսա Յովակիմեան, Դոկտ. Շահէ Սանենց (Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն), Նաթալի Կարապետեան (Հ.Բ.Ը.Մ.), Հայկ Խրլոբեան (Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութիւն), Տոքթ. Արա Շալեան (Հայ Դատի Յանձնախումբ), Արամ Արքուն (Թէքէեան Մշակութային Միութիւն):  Ներկայ էին  Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասէն Դաւիթ Քհնյ. Քարամեան, որ կը ներկայացնէր Արեւելեան Ամերիկայի առաջնորդը` Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեան եւ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը:

Հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Էլի Պէրպէրեան. Պրուքլինի Հայ Դպրոցի աշակերտները կատարեցին Հայաստանի եւ Միացեալ նահանգներու օրհներգներով:

Կը շնորհաւորենք կազմակերպիչ յանձնախումբը Տիգրան Սահակեանի եւ Արի Միննեթեանի գլխաւորութեամբ, վերահսկողութեամբը պատուոյ ատենապետին` Հրանդ Կիւլեանի:

Ներկաները խոստացան նոյն օրը դարձեալ հաւաքուիլ յաջորդ տարի նոյն հրապարակին վրայ:

bottom of page